ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ ՍՐՏԻ ՄԷՋ
«Ողջախոհութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ զգաստութիւն, պարկեշտութիւն։ Ողջախոհ՝ ողջամիտ մարդը խոհեմ է, գիտակից, լուրջ, բանական, եւ իր խօսքերուն եւ գործերուն մէջ չափաւոր՝ ժուժկալ, անկեղծ, մաքրամի՛տ։ Եւ այս իմաստով ողջախոհութիւնը առաքինութի՛ւն մըն է եւ ուղիղ նկարագրի մը արտայայտութի՛ւնը։
Մարդը՝ որպէս բանաւոր էակ պէտք է իր ամբողջ գործերը կատարէ ողջախոհութեամբ՝ ողջամտութեամբ։
Արդարեւ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Բաց քու բերանդ համր մարդուն համար եւ բոլոր անխնամ մնացածներուն դատին համար։ Բաց քու բերանդ եւ արդարութեամբ դատէ եւ աղքատին ու տնանկին դատը տես» (ԱՌԱԿ. ԼԱ 8-9)։ Ուստի մեզի պատուիրուած է ողջախոհ ըլլալ՝ ողորմած, արդար եւ ճշդապա՛հ։
«Այլ միայն գրել անոնց՝ որ ամբողջութեամբ հեռու մնան կուռքերու ընծայուած պիղծ կերակուրներէն, պոռնկութենէ, խեղդուած կենդանիներու միսէն եւ արիւնէ» (ԳՈՐԾ. ԺԵ 20), ինչպէս կ՚ըսէ նաեւ Պօղոս առաքեալ. «Ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ ու պղծութեամբ, կամ նախանձով ու հակառակութեամբ ապրելու» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 13)։ Այս պատուէրին նը-ման է նաեւ Առակախօսին խօսքերը. «Քու զօրութիւնդ կիներուն մի՛ տար, ո՛չ ալ քու ճամբաներդ՝ թագաւորներ բնաջինջ ընողներուն» (ԱՌԱԿ. ԼԱ 3)։
«Ողջախոհութիւն»ը կը նշանակէ մարդկային անձին բոլոր հանգամանքներուն, անոր մարմինին եւ հոգիին միութեանը մէջ համարկումը։ Ան կը համակէ մարդկային անձին՝ մարմնի, հոգիի եւ մտքի բոլոր հանգամանքները։
Ողջախոհութեան առաքինութիւնը ուրեմն իր մէջ կը բովանդակէ ամբողջականութիւնը անձին եւ ամբողջականութիւնը շնորհքին։ Ուստի ողջախոհ անձը գիտէ իր մէջ պահել ամբողջականութիւնը կեանքի եւ սիրոյ ուժերուն՝ որոնք զետեղուած են իր մէջ։ Այս ամբողջականութիւնը կ՚ապահովէ «ներքին միութիւն»ը անձին, կը հակառակի զայն վիրաւորող ամէն վերաբերմունքի։ Ան չ՚արտօներ ո՛չ կրկնակի կեանք, ո՛չ ալ կրկնակի բարբառ. (ՄԱՏԹ. Ե 37)։ Ողջախոհութիւնը կը բովանդակէ մանաւանդ «ինքնատիրացումի վարժեցում»ը՝ որ մարդուն ազատութեան կրթանք մըն է։ Երկընտրանքը հոս յստակ է, մարդը կա՛մ կ՚իշխէ իր կիրքերուն եւ ձեռք կը ձգէ խաղաղութիւնը, եւ կա՛մ անոնց ստրուկ կը դարձնէ ինքզինք եւ կ՚ըլլայ դժբա՛խտ։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս ողջախոհութեան մասին կ՚ըսէ. «Ողջախոհութիւնը մեզ կը վերակազմէ, ան կը տանի մեզ այն ներքին միութեան, զոր մենք կորսնցուցած էինք տարտղնուելով»։ (Խոստովանութիւննը. «Confessiones»)։ Ողջախոհութեան առաքինութիւնը կը համընթանայ «ժուժկալութեան» բարոյական առաքինութեան հետ, որ կը ձգտի մարդկային զգայնակութեան կիրքերը եւ ախորժակները իմացականութեամբ թրծելու։ Արդարեւ, «ինքնատիրացում»ը երկար յարատեւութեան աշխատանք է։ Պէտք չէ երբեք համարիլ, թէ զայն ձեռք կը ձգենք մի անգամ ընդ միշտ։
Ինքնատիրացումը կեանքի բոլոր տարիքներուն մէջ վերսկսուած ճի՛գ մը կ՚ենթադրէ։ Պահանջուած ճիգը կրնայ աւելի սաստկանալ որոշ շրջաններու մէջ, ինչպէս անձնականութեան կազմաւորման շրջանին՝ մանուկին եւ պատանիին մէջ։ Այս իմաստով, ողջախոհութիւնը ունի «աճումի օրէնք»ներ՝ որոնք կ՚անցնին անկատարութենէն եւ շատ յաճախ մեղքով դրոշմուած հանգրուաններէ։ Ողջախոհութիւնը կը ներկայացնէ նկրտում մը գերազանցօրէն անձնական, ան կ՚ենթադրէ նաեւ մշակութային ճիգ մը, որովհետեւ անձին կատարելութեան եւ նոյնինքն ընկերութեան բարգաւաճումին միջեւ գոյութիւն ունի «փոխադարձ ներքին կախեալութիւն» մը։
Ողջախոհութիւնը կ՚ենթադրէ յարգանքը անձին իրաւունքներուն, ազատութեան եւ յատկապէս արժանապատուութեան։ Յատկապէս՝ կրթութիւն եւ ուսում ստանալու իրաւունքին՝ որ յարգեն բարոյական եւ հոգեւոր եզրերը մարդկային կեանքին։
Ողջախոհութիւնը բարոյական առաքինութիւն մըն է. ան նաեւ պարգեւը, շնորհն է Աստուծոյ, ան «շնորհք» է՝ պտուղ է հոգեկան գործին։ Ուստի Սուրբ Հոգին մկրտութեան ջուրէն վերստին ծնած մարդուն շնորհքը կու տայ նմանելու Քրիստոսի անբծութեան. (Ա ՅՈՎՀ. Գ 3)։ Այս իմաստով, Քրիստոս տիպա՛րն է ողջախոհութեան։ Ուստի ամէն հաւատացեալ, ամէն մկրտեալ կոչուած է վարելու «ողջախոհ կեանք» մը՝ իւրաքանչիւրը ըստ իր գոյավիճակին։
Սէրը «ձեւ»ն է բոլոր առաքինութիւններուն։ Անոր ազդեցութեան տակ, ողջախոհութիւնը կը յայտնուի իբրեւ «դպրոց» մը ինքնանուիրումի։ Ինքնատիրացումը ուղղուած է ինքնանուիրումին։ Ողջախոհութիւնը զինք կիրարկողին կ՚առաջնորդէ մերձաւորին մօտ վկան դառնալու Աստուծոյ հաւատարմութեան եւ գուրգուրանքին։ Ուստի ողջախոհութիւնը ապահով ճամբայ մըն է դէպի Աստուած, դէպի կատարելութի՜ւն։
Ողջախոհութեան առաքինութիւնը կը ծաղկի ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամութեան մէջ։ Ան ցոյց կու տայ աշակերտին ինչպէս հետեւիլ եւ նմանիլ Անոր՝ որ մեզ ընտրեց իբր Իր յատուկ «բարեկամներ»ը (ՅՈՎՀ. ԺԵ 15), ինքզինք մեզի ամբողջովին տալէն ետք, մեզ մասնակից կ՚ընէ Իր աստուածային վիճակին։ Արդարեւ, ողջախոհութիւնը խոստո՛ւն մըն է անմահութեան։ Ողջախոհութիւնը կ՚արտայայտուի մանաւանդ բարեկամութեան մէջ մերձաւորին հետ։ Մարդոց միջեւ մշակուած բարեկամութիւնը բոլորին համար մեծ բարիք մը կը հանդիսանայ։
Ողջախոհութիւնը կ՚առաջնորդէ հոգեւոր հաղորդութեան։ Ուստի ամէն հաւատացեալ կոչուած է ողջախոհութեան, քրիստոնեան «զգեցած է Քրիստոսը» (ԳԱՂ. Գ 27), տիպար՝ ողջախոհութեան։ Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալները կոչուած են «ողջախոհ կեանք» մը ապրելու ըստ վիճակին իրենց անհատական կեանքին։ Իր մկրտութեան վայրկեանին, քրիստոնեան յանձնառու եղած է իր զգայնութիւնը ողջախոհութեա՛մբ ապրելու։
Ողջախոհութիւնը անձերը կ՚որակաւորէ ըստ իրենց կեանքի տարբեր վիճակներուն։ Արդարեւ, ինքնատիրացումը եւ ինքնանուիրումը ապահով եւ գերազանց կերպերն են աւելի դիւրաւ յանձնուելու Աստուծոյ՝ անբաժան սրտով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 5, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024