ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐԿՐԱՆՔ

«Եթէ Քրիստոսի հետ մեռանք՝ իրեն հետ ալ պիտի ապրինք։ Եթէ համբերենք՝ իրեն հետ ալ պիտի թագաւորենք։ Եթէ զԻնք ուրացանք՝ Ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ։ Եթէ նոյնիսկ մենք հաւատարիմ չմնանք՝ Ինք հաւատարիմ կը մնայ, որովհետեւ չի կրնար ինքզինքին հակասել» (Բ ՏԻՄ. Բ 11-13)։

Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը բերկրանք կը պատճառէ բոլորիս, քանի որ ան կը հանգստացնէ մեր պարտասած մարմինները, կը մխիթարէ մեր բեկուած սիրտերը, կը խաղաղեցնէ մեր խռոված հոգիները, կը բարձրացնէ մեր ինկած տրամադրութիւնները, կ՚ազնուացնէ մեր մտածումները, կը հոգիացնէ մեր ցանկութիւնները, կը տաճարացնէ մեր անձերը եւ աստուածութեան անհասանելի խորհուրդներուն հաղորդակից կը դարձնէ մեզ։

Բերկրա՜նք է Յարութեան ճշմարտութի՛ւնը։

Թէ ի՛նչ է «յառնել»։ Ի՛նչ է «Յարութիւն»։

Հոգիին եւ մարմինին բաժանումը հանդիսացող «մահ»ով՝ մարդուն մարմինը փտութեան կը մատնուի, մինչ անոր հոգին կ՚երթայ ընդառաջ Աստուծոյ, սպասելով որ վերստին միանայ իր փառաւորեալ մարմինին հետ։ Աստուած Իր Ամենակարողութեամբ անապական կեանքը վերջնականապէս պիտի վերադարձնէ մեր մարմիններուն, միացնելով զանոնք մեր հոգիներուն, զօրութեամբ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան։

Արդարեւ, ոչինչէն ստեղծող ամենակարողն Աստուած, անշուշտ թէ կարո՛ղ է իւրաքանչիւր մարմին միացնել իր հոգիին, եթէ նոյնիսկ փտած ըլլայ այդ մարմինը։ Ոչինչէն ստեղծող Աստուած, արդէն որեւէ կերպով գոյութիւն ունեցող մարմինը կարող է միացնել հոգիին, քանի որ այդ մարմինը այլեւս «փառաւորեալ մարմին» է եղած։

Ուստի, բոլո՛ր մահացած մարդիկը. «Անոնք որ բարին գործած են՝ կեանքին յարութեան համար, իսկ անոնք որ չարը գործած են՝ դատապարտութեան յարութեան համար» (ՅՈՎՀ. Ե 29)։

Քրիստոս յարեաւ Իր իսկ մարմինով. «Տեսէ՛ք ձեռքերս եւ ոտքերս. Ես նո՛յնն եմ» (ՂՈՒԿ. ԻԴ 39). սակայն Քրիստոս չվերադարձաւ իր երկրային կեանքի։ Նոյնպէս, Քրիստոսով «ամէնքը պիտի յառնեն» իրենց այժմու մարմինով, բայց այս մարմինը պիտի «կերպարանափոխուի փառքի մարմինի» (ՓԻԼ. Գ 21), «հոգեղէն մարմինի» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 44)։

«Բայց թերեւս ոմանք հարցնեն. մեռեալները ի՞նչպէս պիտի յառնեն, ի՞նչ մարմինով վերստին պիտի գան։ Անմի՛տ, ինչ որ կը սերմանես, չի վերակենդանանար եթէ նախ չմեռնի։ Եւ քու սերմանածդ վաղուան հասկը չէ, այլ մերկ հատիկը…։ Կը սերմանուի ապականացու, կը յառնէ անապական… որովհետեւ հարկ է որ ապականացու էակը զգենու անապականութիւնը եւ մահկանացուն՝ զգենու անմահութիւնը», (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 35-37, 42, 52-53)։

Այս «ինչպէս»ը կը գերազանցէ մարդուս երեւակայութիւնը եւ իր հասկացողութիւնը, ըմբռնումը. ան մարդուս մատչելի կը դառնայ միա՛յն հաւատքով։

Սակայն Սուրբ Պատարագի խորհուրդին մեր մասնակցութիւնը մեր մարմինին կերպարանափոխութեան նախաճաշակը կու տայ մեզի Յիսուս Քրիստոսով։ Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ. «Ինչպէս որ երկրէն եկող հացը, Աստուծոյ ոգեկոչումը ստանալէ ետք, այլեւս հասարակ հաց չէ, այլ երկրային եւ երկնային երկու տարրերէ կազմուած Սուրբ Հաղորդութիւն, նո՛յնպէս ալ Սուրբ Հաղորդութեան մասնակցող մեր մարմինները այլեւս ապականացու չեն, քանի որ յարութեան յոյսը ունին»։

Ինչպէս որ ճիշդ է, թէ Քրիստոս պիտի յարուցանէ մեզ «վերջին օրը», ճի՛շդ է նաեւ թէ մենք կերպով մը արդէն յարուցեալներ ենք Քրիստոսի հետ։ Արդարեւ, շնորհիւ Սուրբ Հոգիին, քրիստոնեայ կեանքը այժմէն իսկ երկրի վրայ մասնակցութի՛ւն մըն է Քրիստոսի մահուան եւ Յարութեա՛ն։

Յառնելու համար Քրիստոսի հետ, հարկ է մեռնիլ Քրիստոսի հետ, հարկ է «թողուլ այս մարմինը եւ երթալ բնակիլ Տիրոջ մօտ» (Բ ԿՈՐՆ. Ե 8)։ Այս «մարմինով մեկնում»ը, որ մա՛հն իսկ է, հոգին կը բաժնուի մարմինէն։ Ան պիտի վերամիանայ իր մարմինին՝ մեռեալներու յարութեան օրը։

Մահուան դիմաց՝ մարդկային գոյութեան առեղծուածը կը հասնի իր գագաթնակէտին։

Մարմնական մահը որոշ իմաստով բնական երեւոյթ է, սակայն հաւատքի աչքով՝ ան իրականին մէջ «մեղքին թոշակն է» (ՀՌՈՄ. Զ 23), (ԾՆՆԴ. Բ 17)։ Մահը աւարտն է երկրաւոր կեանքին՝ որ սահմանաւորուած է ժամանակի չափով, որուն ընթացքին մարդ փոփոխութիւն կը կրէ, կը ծերանայ եւ ինչպէս երկրի բոլոր միւս կենդանի էակներուն մօտ՝ մահը կը ներկայանայ իբրեւ բնական վերջաւորութիւնը երկրային կեանքին։

«Յիշէ՛ Արարիչդ պատանեկութեան օրերուն … փոշին հողին՝ շունչն ալ զայն տուող Աստուծոյ տակաւին չվերադարձած» (ԺՈՂ. ԺԲ 1-7)։ Յիսուս, Աստուծոյ Որդին, Ի՛նքն ալ կրեց մարդկային վիճակը բնորոշող մահը։ Բայց, հակառակ Իր մահուան դիմաց զգացած սոսկումին, զայն յանձն առաւ։ Իր Հօր կամքին ամբողջական եւ ազատ հնազանդութեամբ։

Յիսուսի հնազանդութիւնը մահուան անէծքը փոխակերպեց օրհնութեան։

Շնորհիւ Քրիստոսի, քրիստոնեայ մահը դրական իմաստ ունի։ «Ինծի համար կեանքը Քրիստո՛ս է եւ մեռնիլը՝ շա՛հ» (ՓԻԼ. Ա 21)։

«Ճշմարիտ է այս խօսքը. եթէ մեռանք Անոր հետ, Անոր հետ ալ պիտի ապրինք», (Բ ՏԻՄ. Բ 11)։

Ահաւասիկ, ա՛յս է «քրիստոնեայ մահ-ւան» էական նորութիւնը. Մկրտութեամբ, քրիստոնեան արդէն խորհրդենականօրէն «մեռած է Քրիստոսի հետ», ապրելու համար «նոր կեանք»ով։

Հրապարակային կեանքին սեմին՝ Մկրտութիւնը, իսկ Զատիկին սեմին՝ Պայծառակերպութիւնը. Յիսուսի Մկրտութեամբ «կը յայտնուի մեր առաջին վերածնունդին» խորհուրդը՝ մեր Մկրտութիւնը։ Իսկ Պայծառակերպութիւնը «սուրբ խորհուրդն է երկրորդ վերածննդեան». մեր սեփական յարութեան։

Այժմէն իսկ մենք կը մասնակցինք Տիրոջ Յարութեան՝ Սուրբ Հոգիով, որ կը ներգործէ Քրիստոսի Մարմինին սուրբ խորհուրդներուն մէջ։

Յիսուս ինչո՞ւ յարեաւ։

Շա՜տ աւելի բանաւոր պիտի ըլլար հարցնել. - Յիսուս ըլլալով ի՛նչ որ էր - Աստուծոյ Որդին, - ինչո՞ւ չի յառնուր, ինչո՞ւ Յարութիւն չ՚առներ։

Արդարեւ, ո՛չ թէ Յիսուսի Յարութիւնն է զարմանալին, տարօրինակը եւ անակըն-կալը ուստի եւ «անհաւատալի»ն, հապա՝ հակառա՛կը, այսինքն Անոր Յարութիւն չառնելը։ Ինչ որ գիտենք Յիսուս Քրիստոսի մասին, միթէ կը թոյլատրէ՞ մեր մտքին խորհիլ եւ եզրակացնել, եւ մեր բերնին՝ ըսել.- Քրիստոս մատնուեցաւ, դատուեցաւ, խաչուեցաւ, մեռաւ եւ թաղուեցաւ։ Անկարելի՛ է։

Անկարելի է. այլապէս մեր ամբողջ քրիստոսաբանութիւնը, ամբողջ հաւատքը բոլորովին կը քայքայուի, կը փլչի…։ Առաքելական հանգանակը կ՚ըսէ. «Խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, եւ երրորդ օրը յարեաւ…»։ Ա՛յս է Նիկիական Հանգանակին վկայութիւնը ահաւասիկ.- Խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ։

Աստուածորդին ինչպէս որ եկեր էր աշխարհ, անիմանալի, անբացատրելի եւ խորհրդաւոր հրաշքով մը, նո՛յնպէս ալ, դարձեալ անիմանալի, խորհրդաւոր հրաշքով մը պիտի մեկնէր աշխարհէն։

Ահաւասիկ, ա՛յս է Յիսուս Քրիստոսը քրիստոնեայ հաւատացեալին համար, ո՛չ պակաս եւ ո՛չ աւելի…։

Մեր նպատակը չէ սակայն «փաստել» Քրիստոսի Յարութիւնը, այլ՝ «ընդունիլ» զայն եւ բացատրել ըստ կարելւոյն, թէ «ինչո՞ւ» համար աստուածային փրկութեան ծրագրին համար անհրաժեշտ էր «Յարուցեալ Քրիստոս»ը եւ ո՛չ թէ «Մեռեալ Քրիստոս» մը։

Սա անվիճելի իրականութիւն մըն է, որ Քրիստոս աշխարհ չեկաւ մարդկային ընդհանուր պատմութեան մէջ «տեղ» մը գրաւելու, տեղ մը ունենալու համար, պատմական եւ պատուական դէմք մը միայն, կամ թերեւս աւելի յստակ բացատրութիւնով, Քրիստոս «պատմական» սոսկ դէմք մը չեղաւ, այլ՝ անժամանակ յաւիտենականութեան մէջ յարակենդան եւ գործօն անձնաւորութի՛ւն մը։ Կենդանի Աստուծոյն Որդին Ի՛նք կենդանի Աստուած է. «Հայրը եւ ես մէկ ենք», հաւաստեց Ան։ Ահաւասիկ ճշմարտութի՛ւնը, անվիճելին՝ շիտա՛կը։

Եւ այս միութիւնը՝ Հօր եւ Որդւոյն այս նոյնութիւնը, ի՛նչ որ էր երկրի վրայ՝ կը շարունակէ ըլլալ նաեւ յաւիտենականութեան մէջ։

Ուրեմն Աստուած չի կրնար «մեռնիլ» եւ չի կրնար թաղուիլ։ Արդարեւ, Աստուած միշտ կ՚ապրի ուր ալ դրուի՝ խաչի մը վրայ կամ գերեզմանի մը մէջ։ Աստուած միշտ «Է՛», ամէնուրեք եւ անժամանակ։

Քրիստոսի Յարութիւնը թէ՛ նշանակը, խորհրդանիշն էր եւ թէ՛ ապացոյցը Անոր աստուածային բնութեան եւ էութեան։ Քրիստոս Յարութիւն առաւ, քանի որ Ան Աստուա՛ծ է…։

Քրիստոս կա՛մ Աստուած էր կա՛մ չէր, եւ եթէ կը հաւատանք - անշո՛ւշտ որ կը հաւատանք - թէ Աստուած էր, ուրեմն, Իր աստուածային բնութեան յատուկ «անխափանելի կեանք» ունենալու էր։ Ան Յարութիւն առաւ, որովհետեւ Աստուած է, եւ այս իմաստով Յարութիւնը Անոր Աստուածութեան բացայայտ ապացո՛յցն է։ Քրիստոսի աստուածայնութեան եւ Յարութեան միջեւ կապը բացայա՛յտ է։

Դարձեալ հարցնենք.- Ինչո՞ւ յարեաւ։

Ուրիշ բացատրիչ պատճառ մըն ալ սա՛.- թէ մարդկային չարութիւնը Աստուծոյ բարութեան վրայ վճռական յաղթանակ չի կրնար տանիլ երբեք։

Այո՛, մարդիկ կրնան չարչարել, խաչել, կրնան սպաննել եւ իրենց սպաննածը նետել գերեզմանի մը մէջ, բայց չարաչար կը սխալին, եթէ կը խորհին, թէ աստուածային սէրը եւ բարութիւնը կրնան գերեզմանի մը մէջ բանտարկուած պահել։

Լոյսը եւ յոյսը երբեք կարելի չէ բանտարկել եւ խափանել, քանի որ անոնք աստուածային են եւ Աստուած կը ներկայացնեն։

«Չար»ը՝ Սատանան՝ երբ ապստամբեցաւ Աստուծոյ դէմ՝ ճիշդ այդպէս խորհեցաւ, եւ անշուշտ յուսախաբուեցա՛ւ։

Մահը վճռական չէ յաւիտենականութեան համար։ Աստուծոյ կեանքը ո՛չ Ալֆա ունի եւ ոչ իսկ Օմէկա. ան անսկիզբ է եւ անվախճա՛ն։ Անժամանակ է ան։

Յարութիւնը, այս իմաստով Աստուծոյ վճի՛ռն է մահուան «անզօրութեան»՝ Իր կամքին եւ ծրագրին եւ թէ նպատակներուն դէմ։

Ո՛չ դժոխքին եւ ոչ ալ գերեզմանին դռները պարտութեան պիտի կարենան մատնել Աստուծոյ միտքը եւ սիրտը, որոնք իրենց արժանի յայտնութիւնը գտան Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով իսկ Յարութիւնը բերկրանք մըն է՝ անսահման ուրախութիւն մը համայն մարդկութեան համար։

Ժամանա՛կն է վայելելու լիուլի այս բերկրանքը…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 2, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020