ՆԵՐՈՒՄԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ

Նե­րե­լը ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ազ­նուու­թիւն է, ըն­տիր մար­դու գործ է։ Բայց նե­րե­լու, նե­րո­ղա­միտ ըլ­լա­լու ի­մաս­տը ի՞նչ է։ Ար­դա­րեւ նե­րե­լը, իր լայն ի­մաս­տով, կը նշա­նա­կէ՝ ժա­մա­նա­կա­ւոր պա­տի­ժի մը կամ հատու­ցու­մի մը թո­ղու­թիւն տալ՝ ո­րոնց պատ­ճառ ե­ղած յան­ցան­քը ջնջուած է։

Այ­սինքն՝ նե­րե­լը, յան­ցանք մը ջնջուած նկա­տել կը նշա­նա­կէ, եւ այս պատ­ճա­ռով ալ այդ յան­ցան­քին հա­մար հա­տու­ցում չի պա­հան­ջուիր։ Բայց կա­րե­ւոր կէտ մը կայ. յան­ցան­քին նե­րուած մէ­կը պէտք է լա՛ւ տրա­մադ­րուած ըլ­լայ, որ­պէս­զի այդ թո­ղու­թիւ­նը կա­րե­նայ ըն­դու­նիլ ո­րոշ պայ­ման­նե­րու մէջ՝ ան­կեղ­ծօ­րէն զղջա­լով իր ը­րա­ծին։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ ան­գամ մը եւս կը դի­մա­ւո­րուինք «ան­կեղ­ծու­թեան» եզ­րին, որ ա­մէն մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռողջ մշա­կու­մին հա­մար անհ­րա­ժե՛շտ է։

Նե­րո­ղու­թիւ­նը լիա­կա­տար է կամ մաս­նա­կի՝ ըստ յան­ցան­քին պատ­ճա­ռած ժամանա-կաւոր հատուցման լիակատար կամ ամբող-ջական թո­ղու­թեան։ Մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ նե­րում խնդրել ա­մէն յան­ցան­քի հա­մար եւ նե­րել ա­մէն յան­ցան­քի, ե­թէ խնդրան­քը ան­կե՛ղծ է եւ ի­րա՛ւ զղջու­մի մը վրայ հաս­տա­տուած։

Ուս­տի նե­րո­ղամ­տու­թեան գա­ղա­փա­րը սրտանց, ան­կեղծ զղջու­մի գա­ղա­փա­րին հետ սեր­տօ­րէն կա­պուած է։

Նե­րե­լու նա­խա­պայ­մա՛նն է ան­կեղծ զղջո՛ւմ։

Բայց զղջում-նե­րում երբ սո­վո­րու­թեան կը վե­րա­ծուի, եւ տե­ւա­կան կրկնուի՝ ա­մուլ շրջան մը կը ստեղ­ծուի, ինչ որ ան­տար­բե­րութ­եան պատ­ճառ կը դառ­նայ։ Ու­րեմն զգոյշ պէտք է ըլ­լալ, որ յան­ցանք-զղջում-նե­րում սո­վո­րա­կա­նու­թեան չվե­րա­ծուի։ Ան­շուշտ հոս եւս ան­կեղ­ծու­թիւ­նը կա­րե­ւոր դեր մը կը խա­ղայ։ Ան­կեղծ զղջու­մը պէտք է միշտ նկա­տի ու­նե­նալ։ Կա­րե­ւո­րը՝ ներ­ման պատ­շաճ կեր­պով օգ­տա­գոր­ծումն է, այ­սինքն, ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք, թէ նե­րու­մը դե­ղա­հատ մը ըլ­լայ՝ դար­մա­նուե­լու հա­մար պէտք է զայն գոր­ծա­ծել չա­փա­ւոր եւ պէտք ե­ղա­ծին պէս, ո՛չ ա­ւե­լի, ո՛չ պա­կաս։ Իսկ ե­թէ ա­ւե­լին գոր­ծա­ծուի վնաս կը պատ­ճա­ռէ փո­խա­նակ օ­գու­տի, իսկ ե­թէ պա­կաս գոր­ծա­ծուի ո­րե­ւէ օ­գուտ չ՚ա­պա­հո­վեր, ե­թէ նոյ­նիսկ վնա­սա­կար չըլ­լայ։ Չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը եւ պատ­շա­ճու­թիւ­նը հոս ալ կա­րե­ւոր են եւ անհ­րա­ժե՛շտ։

Գի­տէք, սի­րե­լի­ներ, բա­նա­ձեւ մը կայ, ուր կ՚ը­սուի. «աչ­քի դէմ աչք եւ ակ­ռա­յի դէմ ակ­ռայ»։ Ու­րիշ­ներ ինչ­պէս կը մեկ­նա­բա­նեն, ինչ­պէս կը հասկ­նան չեմ գի­տեր, բայց ես կը հասկ­նամ սա­պէս այս բա­նա­ձե­ւը. «աչ­քի դէմ աչք, եւ ո՛չ թէ ակ­ռայ» եւ կամ աչ­քի մը փո­խա­րէն աչք մը միայն կա­րե­լի է պա­հան­ջել եւ ո՛չ ամ­բողջ գլու­խը եւ կամ ամ­բողջ մար­մի­նը։ Նոյնն է պա­րա­գան ակ­ռա­յին­ հա­մար՝ ակ­ռա­յի մը փո­խա­րէն կա­րե­լի չէ՛ պա­հան­ջել աչք, կամ գլուխ, կամ ամ­բողջ մար­մին մը եւ կամ մար­դուս բո­լոր ակ­ռա­նե­րը։ Ու­րեմն ար­դա­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ՝ մէկ «աչք»ի դէմ մէ՛կ աչք եւ մէկ «ակ­ռայ»ի փո­խա­րէն միա՛յն մէկ ակ­ռայ հա­տու­ցում ը­նել։ Եւ նե­րու­մի պա­րա­գա­յին ալ պէտք է ու­շադ­րու­թիւն ը­նել ներ­ման չա­փա­ւո­րու­թեան։ Ե­թէ ա­մէն բա­նի, ա­մէն ժա­մա­նակ նե­րե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը հաս­տա­տուի, ա­պա այս կը վե­րա­ծուի ան­տար­բե­րու­թեան, ինչ որ կը նշա­նա­կէ՝ ամ­լու­թի՛ւն։

Նե­րու­մը, ու­րեմն բծախնդ­րու­թիւն եւ ու­շադ­րու­թիւն պա­հան­ջող ըն­կե­րա­յին «դեղ» մը ու «դար­մա՛ն» մըն է։

Պահ մը երբ աչ­քե­րը դարձ­նենք Սուրբ Գիր­քին եւ տես­նենք, թէ Սուրբ Գիր­քը ի՛նչ կը գրէ ներ­ման մա­սին.

«Հի­մա ե­կէք վի­ճա­բա­նինք, կ՚ը­սէ Տէ­րը. ե­թէ ձեր մեղ­քե­րը կրկնա­կի կար­մի­րի պէս են, ձիւ­նի պէս պի­տի ճերմկ­նան եւ ե­թէ որ­դան կար­մի­րի նման են, աստ­րի պէս ճեր­մակ պի­տի ըլ­լան» (Ե­ՍԱ­ՅԱՅ. Ա 18)։ Ի՞նչ կը հե­տե­ւի այս տո­ղե­րէն. «ե­կէք վի­ճա­բա­նինք». խօս­քը փո­խա­դար­ձու­թիւն մը կ՚ար­տա­յայ­տէ, այ­սինքն նե­րու­մը միա­կող­մա­նի ա­րարք մը չէ, այլ նախ պէտք է, որ յան­ցան­քին նկատ­մամբ զղջում մը ըլ­լայ, եւ ինչ­պէս նա­խա­պէս ը­սինք, այդ զղջու­մը ան­կեղծ պէտք է ըլ­լայ եւ ա­նոր փո­խա­րէն նե­րում պա­հան­ջուի։

Յի­շեց­նենք, որ «որ­դան կար­միր» կը նշա­նա­կէ՝ շի­կա­կար­միր, իսկ «աստր» կը նշա­նա­կէ՝ սպի­տակ, ազ­նիւ բուրդ, մաք­րուած ճեր­մակ բուրդ. «եա­փա­ղը»։ Ի՛նչ որ կա­րե­լի է մեկ­նա­բա­նել, թէ յան­ցան­քը որ­քան ալ ծանր ըլ­լայ, ե­թէ ան­կե՛ղծ զղջում կայ, կա­րե­լի է նե­րե՛լ։ Եւ Մար­գա­րէին տո­ղե­րէն այս կը հասկ­ցուի։ Ու­րեմն կա­րե­ւոր ո՛ր­քան ան­գամ յան­ցանք գոր­ծել, ո՛ր­քան զղջալ եւ ո՛ր­քան նե­րե­լու հար­ցը չէ՛, այլ՝ զղջու­մին ան­կեղծ ըլ­լա՛լն է։ Ար­դէն ան­կեղ­ծու­թեամբ զղջա­ցող մէ­կը, կեան­քի բնա­կան ըն­թաց­քին մէջ իր սխա­լը կամ յան­ցան­քը չի կրկներ, գո­նէ ա­ւե­լի զգոյշ կը վա­րուի։

Բայց երբ գի­տակ­ցա­բար կը կրկնուի եւ կը շա­րու­նա­կուի յան­ցանք գոր­ծել, ա­տի­կա մո­լու­թիւն մըն է, եւ նե­րու­մի ո՛չ ար­ժա­նի՝ ստա­ցա­կան կամ բնա­կան սո­վո­րու­թիւն մը։

Նե­րու­մի մա­սին ը­սած էինք նա­խա­պէս, թէ ան ջնջուած նկա­տե­լու ար­դիւնք է յան­ցանք մը, ո­րուն մա­սին Մար­գա­րէն կ՚ը­սէ. «…Վասն­զի ա­նոնց ա­նօ­րէ­նու­թիւ­նը պի­տի նե­րեմ ու ա՛լ ա­նոնց մեղ­քը պի­տի չյի­շեմ» (Ե­ՐԵ­ՄԵԱՅ. ԼԱ 34)։

­Յի­սուս ալ ա­պաշ­խա­րու­թեան կոչ կ՚ը­նէ բո­լոր ա­նոնց՝ որ մե­ղա­ւոր են։ Ա­պաշ­խա­րու­թիւ­նը, այ­սինքն ան­կեղ­ծօ­րէն զղջու­մը նե­րու­մի նա­խա­պայ­մա՛նն է Յի­սու­սի հա­մար։

«Յի­սուս ը­սաւ ա­նոնց.- Կը կար­ծէ՞ք թէ այն Գա­լի­լիա­ցի­նե­րը բո­լոր Գա­լի­լիա­ցի­նե­րէն ա­ւե­լի մե­ղա­ւոր էին, ո­րոնք այս­պի­սի բա­ներ քա­շե­ցին։ Ձե­զի կ՚ը­սեմ.- Ո՛չ. հա­պա ե­թէ չա­պաշ­խա­րէք, ա­մէնքդ ալ նո՛յն­պէս պիտի կոր­սուիք։ Կամ թէ այն տաս­նութ հո­գին, ո­րոնց վրայ Սե­լո­վա­մի աշ­տա­րա­կը ին­կաւ ու զա­նոնք մեռ­ցուց. կը կար­ծէ՞ք թէ ա­նոնք Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ բնա­կած բո­լոր մար­դո­ցէմ ա­ւե­լի՛ պար­տա­ւոր էին։ Ձե­զի կ՚ը­սեմ.- Ո՛չ. հա­պա ե­թէ չա­պաշ­խա­րէք, ա­մէնքդ ալ նոյն­պէս պ՝ի­տի կոր­սուիք» (ՂՈՒԿ. ԺԳ 2-5)։ Ու­րեմն, նե­րու­մի հա­մար պայ­մա՛ն է ա­պաշ­խա­րիլ, այ­սինքն յայտ­նել զղջում։

Ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ Յի­սուս նե­րու­մի հա­մար ո­րոշ սահ­ման չէ դրած։ Եւ որ­պէս ա­պա­ցոյց կը ներ­կա­յաց­նեն Յի­սու­սի սա խօս­քը. «Ե­թէ քու եղ­բայրդ քե­զի դէմ մե­ղան­չէ, յան­դի­մա­նէ զա­նի­կա։ Ե­թէ ա­պաշ­խա­րէ, նե­րէ ա­նոր։ Ե­թէ օ­րը եօ­թը ան­գամ քե­զի դէմ մե­ղան­չէ ու օ­րը եօ­թը ան­գամ դառ­նայ քե­զի ու ը­սէ.- Կ՚ա­պաշ­խա­րեմ, պէ՛տք է նե­րես ա­նոր» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3-4)։ Հա­մե­մա­տե­լով նաեւ՝ (ՄԱՏԹ. ԺԸ 6-7) եւ (ՄԱՐԿ. Թ 41) հա­տուած­նե­րուն, կ՚ը­սեն ո­մանք, թէ նե­րու­մի հա­մար Յի­սուս սահ­ման չէ դրած։ Սա­կայն այն­պէս խոր­հող­ներ կ՚ան­տե­սեն մե­ղա­ւո­րին կամ յան­ցա­ւո­րին «ա­պաշ­խա­րու­թեան» եւ կամ «զղջում»ի նա­խա­պայ­մա­նը՝ որ Յի­սուս ինք եւս բա­ցա­յայ­տօ­րէն կ՚ը­սէ։ Ու­րեմն ա­ռանց զղջու­մի եւ ա­ռանց նե­րում խնդրե­լու՝ նե­րել, ի վեր­ջոյ ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նայ եւ յան­ցա­ւոր­ներ կրնան սա­պէս խոր­հիլ.- սխալս, յան­ցանքս ո­րե­ւէ հա­տու­ցու­մի պատ­ճառ չհան­դի­սա­ցաւ, ո­րե­ւէ պա­տի­ժով չփո­խա­րի­նուե­ցաւ, ու­րեմն ը­րածս բնա­կան է եւ սո­վո­րա­կան, ա­ռանց ան­պա­տե­հու­թեան կրնամ շա­րու­նա­կել…։

Թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ ըն­կե­րա­յին կեան­քի խա­ղաղ ըն­թաց­քը կը պա­հան­ջէ, որ ա­մէն յան­ցանք, որ կը վի­րա­ւո­րէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը եւ ա­մէն ա­րարք, որ հա­կա­ռակ է ընդ­հա­նուր, տիե­զե­րա­կան բա­րո­յա­կա­նու­թեան՝ ու­նե­նայ իր փո­խա­րէ­նը, հա­տու­ցու­մը, որ­պէս­զի ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­վուի ու պահ­պա­նուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 6, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015