ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ - Ա -
«Իրաւաբանութիւն»ը անհրաժեշտ տարրն է՝ ընկերութեան եւ ընկերային-հասարակական կեանքին բարւոք եւ խաղաղութեամբ գոյատեւման եւ բարձր մակարդակի վրայ՝ մարդկային արժանապատուութեան համապատասխան եւ համաձայն ընթացքը ապահովելու կարեւոր հարցին մէջ։
Այս իմաստով, իրաւաբանութիւնը յատուկ ուսում եւ մասնագիտութիւն պահանջող գիտութիւն մըն է։ Օրէնսգիտութիւն, իրաւագիտութիւն՝ ընկերային կեանքը դիւրատար ընող կանոններու, աւելի եւս դրութիւններու մասին գիտական, մասնագիտական, մեկնաբանական, մէկ խօսքով՝ իր ամենալայն առումով՝ «օրէնք»ը հասկնալու, գործադրելու եւ միշտ մարդուն ի նպաստ, մարդուն օգտին գործածող արձերու տրուած ուսում եւ իրաւասութեան միջոց մըն է։
Յաճախ կրկնելու պահանջքը կը զգանք, որ ընկերային կեանքի համերաշխութեան մէջ՝ ներդաշնակ եւ խաղաղ ընթանալը կախում ունի այդ ընկերութիւնը կազմող անհատ եւ անդամներէն ամէն մէկուն, իր իրաւասութեան, մասնագիտութեան, ուսման եւ կրթութեան սահմաններուն մէջ շարժիլը, ամէն մէկուն իր չափը ու կշիռը գիտնալը, իրաւասութեան գիտակցութեան տէր ըլլալը։
Բայց ընդհանրապէս, կը տեսնուի որ ընկերային կեանքի մէջ, եւ նաեւ եկեղեցական կեանքի մէջ՝ որ ընկերային կեանքին կարեւոր եւ ազդու մէկ մասն է, ամէն մարդ, առանց նայելու իր մասնագիտութեան եւ իրաւասութեան, «ամէն բան է», մասնագէտ եւ ամենագէ՛տ։ Եւ ընկերային կեանքի մէջ շատ մը հարցեր, ահաւասիկ այս անգիտակից վարմունքին պատճառով կը ստեղծուին։
Սիրելի՜ բարեկամներ, ընկերութեան մէջ ե՛ւ եկեղեցիի մէջ, եթէ իւրաքանչիւր անհատ ո՛չ թէ իր դիրքին ու աստիճանին, այլ իր մասնագիտութեան համեմատ իրաւասու նկատուի, վստահ ենք, որ շատ մը հարցեր, արդէն չծագած կը լուծուի, կը կարգադրուի…։
Սա, սահմանաւոր իրաւասութիւնը անսահման իրաւասութիւն ընդունելու եւ գործադրելու ունակութենէն, վատ սովորութենէն անգամ մը որ ազատինք, վստահ ենք, շատ մը խնդիրներ, հարցեր տակաւին սկիզբ չառած արդէն պիտի չքանան։ Դիրք, աստիճան, բոլոր ընկերային վիճակներ, որոշ իրաւասութիւններու համար են, իսկ եթէ որոշուած սահմանը անցնին, ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառեն ամբողջ հասարակութեան։ Ընկերային ներդաշնակութիւնն ու համաձայնութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէ։
Ամէնագէտ հովեր առնել, առնելով՝ այդ հովերէն տարուիլ մեծամտութի՛ւն է. ինքնահաւանութիւն, սնափառութիւն, հպարտութի՛ւն։ Մինչդեռ այս մոլութիւններէն ո՛չ մէկը որեւէ օգուտ կ՚ապահովէ ո՛չ ենթակային եւ ոչ ալ պատկանած միջավայրին։
Չափը եւ սահմանը գիտնալ առաքինութիւն է՝ ազնուութիւն եւ կատարելութի՛ւն։
Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ, ընդհանրապէս իրենց տրուած իրաւասութիւններու չափով ու սահմանով չեն գոհանար, միշտ աւելի շատը եւ ընդարձակը կ՚ուզեն ունենալ եւ ըստ այնմ կը շարժին եւ իրենց շուրջիններուն հետ այդպէս կը վարուին։ Եւ մարդիկ, ընդհանրապէս «պաշտօն»ի գիտակցութեամբ չեն վարուիր, իրենց ստանձնուած պարտականութիւնը, դիրքը եւ աստիճանը՝ տիրապետելու՝ եւ երբեմն ալ իրենց նիւթական կամ բարոյական, բայց միշտ անձնական շահերուն եւ օգտին համար կը շահագործեն։
Սիրելի՜ներ, ո՞վ հացագործէն միս, եւ ո՞վ մսավաճառէն հաց կը գնէ, եւ կամ ո՞վ բժիշկէն կը պահանջէ որ իր իրաւունքները պաշտպանէ եւ կամ փաստաբանէն կը պահանջէ, որ իր հիւանդութիւնը դարմանէ եւ բժշկէ զինք։ Հապա ուրիշ մարզերու մէջ ինչո՞ւ իւրաքանչիւր անձ իր իրաւասութեան, մասնագիտութեան, պաշտօնին սահմաններուն մէջ՝ անոնց համաձայն չի վարուիր։ Դարձեալ կ՚ըսենք. իր սահմանը գիտնալ, իր մասնագիտութեան համաձայն գործել՝ վեհանձնութիւն է, առաքինութիւն է ե՛ւ ազնիւ մարդու գործ է։
Որոշ, մակերեսային գիտութեամբ մարդ երբեք մասնագէտ եւ մանաւանդ իրաւասու չի՛ կրնար ըլլալ, այլապէս թէ՛ ինքզինք եւ թէ իր շուրջինները կը խաբէ, ինչ որ թէ՛ ենթակային եւ թէ ընկերութեան վնաս կը պատճառէ։ Մինչդեռ իսկական գիտունը՝ իր չգիտցածին անդրադարձողն է՝ չգիտցածը գիտցո՛ղն է, եւ ուրեմն չափաւոր է, համեստ է եւ խոնա՛րհ։ Բայց ոմանք, եւ ընդհանրապէս համեստ մարդոց կարեւորութիւն չեն ընծայեր, այլ ուր որ մեծամիտ, սնափառ, պոռոտախօս, մեծխօսիկ, յոխորտախօս մարդիկ կան՝ անոնց կը հետեւին եւ ուշ կամ կանուխ յուսախաբ կ՚ըլլան։
Այս է ահաւասի՛կ ընկերային կեանքի ընդհանուր տեսարանը՝ այս եղած է անցեալի մէջ եւ կը շարունակէ այս վատ սովորութիւնը, ըսենք. ինքնախաբէութիւնը, սխալը։ Մինչդեռ հացը՝ հացագործէն, եւ միւսը՝ մսավաճառէն պէտք է գնել, առնել։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնն ալ ա՛յս ցոյց կու տայ։
Թող ներուի մեզի, սակայն Եկեղեցիի մէջ ալ պարագան նո՛յնն է. ուրիշ բան է աստիճան, դիրք եւ ի պաշտօնէ իրաւասութիւն ու իշխանութիւն ունենալ, եւ ուրիշ բան՝ յատուկ նիւթի մը մասին մասնագիտութիւն եւ մասնագիտական իրաւասութիւն ունենալ։ Եւ երբ ամէն մարդ՝ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան սահմանին մէջ՝ փոխադարձ հասկացողութիւն, հանդուրժողութիւն, եւ յարգանք ցոյց տալ գիտնայ, իւրաքանչիւրը իր «գիտցած»ին գիտակցութիւնը ունենայ, վստահ եղէ՛ք, ընկերային կեանքի մէջ ե՛ւ Եկեղեցիին մէջ, ամէն ինչ անսայթաք եւ անսխալական ժամացոյցի մը կանոնաւորութեամբ կ՚ընթանայ։
Մարդիկ կը շինեն մեքենաները, բայց եւ դժբախտաբար իրենք իրենց շինած մեքենաներուն չափ ճշդապահ չեն գտնուիր։ Երբ ձեռակերտ մեքենայ մը սայթաքի, անմիջապէս կը միջամտեն, շտկել, ուղղել եւ նորոգել կ՚ուզեն իրենց շինած մեքենան, բայց իրենց սայթաքումներուն, սխալանքներուն չեն անդրադառնար իսկ, կամ թերեւս կ՚անդրադառնան, բայց նկատի չեն առներ, քանի որ իրենք զիրենք «անսխալական» կը կարծեն, այդպէս կը ծանօթացնեն եւ երբեք չեն ընդունիր իրենց սխալը։ Մինչդեռ խորհիլ իսկ չեն ուզեր, որ իրենց սխալը ի՜նչ վնասներու պատճառ կ՚ըլլայ ընկերային կեանքի մէջ։ Ահաւասի՛կ, ինքնիրմով հպարտ, ինքնահաւան, յաւակնոտ, սնափառ մարդու մը ընդհանուր դիմագիծը, ընկերային կեանքի համայնապատկերը։ Եւ այս համայնապատկերը կարելի է տեսնել պատմութեան մէջ, եւ կեանքի ամէն շրջանին՝ ուր որ հաւաքականութիւն մը, ընկերութիւն մը գոյութիւն ունեցած է եւ գոյութիւն ունի։
Եւ «իրաւաբանութիւն»ը, իրաւագիտութեան ընծայուած արժէքին, ցուցաբերուած յարգանքին համեմատութեամբ կարելի է վայելել ընկերային կեանք մը, եւ նաեւ «Եկեղեցի՛» մը…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 1, 2016, Իսթանպուլ