ԱՏԵԼՈՒԹԵՆԷՆ ԿՈՒՐԱՑԱԾ…
Մարդիկ, գրեթէ մոռցած են սէրը, ողորմածութիւնը եւ ներողամտութիւնը՝ կուրացած են կիրքերէ եւ ատելութենէ։ Մարդիկ այս մղումներով կ՚ապրին ընդհանրապէս ինքնակեդրոն կեանք մը՝ հոգեպէս կղզիացած, որքան որ մաս կը կազմեն ընկերութեան։ Ստիպողական կամ պարտադրական պայմաններ եթէ նկատի չառնուի, մարդիկ մոռցած կ՚երեւին իրենց էական կոչումը՝ իրերօգնութիւնը, եւ անոնք, ամէն մէկը կ՚ապրին միա՛յն իրենց համար, միա՛յն իրենց կեանքը։ Եթէ ի պաշտօնէ չէ՛, այլապէս ո՛չ մէկը ուրիշին ձեռք կ՚երկարէ վեր վերցնելու համար, կամ ազատելու համար անկեալ վիճակէն։ Մարդիկ ո՛չ եսասէր, այլ ինքնամոլ կեանք մը կը վարեն այնպէս, թէ աշխարհի վրայ միա՛յն իրենք ըլլային, միայն իրենք ապրէին…։
Ընկերակցութիւն, գործակցութիւն, իրերօգնութիւն՝ միայն «բառ»եր են ոմանց համար, ա՛յդքան…։
Հեգնօրէն կը մատնանշուի ամէն զոհողութիւն, հոգածութիւն, մտահոգութիւն ուրիշի մը նկատմամբ, որոնք կը համարուին ժամանակավրէպ եւ անիմաստ վարմունքներ։ Մարդիկ կ՚ապրին հեռացած կեանք մը իրենց պապերուն հաւատքէն, աւանդութիւններէն եւ օտարացած նուիրական արժէքներէ, հոգեւոր եւ բարոյական ապրումներէ։ Այս կերպով հեռացա՜ծ սէրէ եւ ողորմածութենէ՝ կիրքով ու ատելութեամբ լեցուած եւ անոնցմով կուրացած՝ ժամանակի, տեղի եւ անձի ամէն նուիրականութիւն սրբապղծուած, ինքնամոլ կեանքի մը հոսանքով կը տարուին։
Բանաւոր էակը՝ մարդը, անբան անասուն էակէն գեր ի վեր էակ մը հանդիսացնողը անոր կեանքին եւ հոգիին մէջ գոյութիւն ունեցող «աստուածային տարր»ն է. եւ մարդուն մէջ այս տարրը անմա՜հ է երկրի վրայ եւ շիրիմէն ալ անդին կը պահպանէ ու կը տեւականացնէ իր էութիւնը։ Եւ ահաւասիկ, այս տարրն է որ կը կարողացնէ մարդը ապրիլ՝ բնազդներէ վե՛ր, եւ հոգեկան ու մտային անսահմա՜ն կարելիութիւններու մէջ։
Եւ ա՛յս է նաեւ մարդուն իրակա՜ն չափանիշը։
Մարդ մեծ ու անմա՜հ է իր աստուածային հանճարին ու նկարագրին, զոհողութեան եւ սիրոյն չափովը։
Եւ մարդուն հոգին ու միտքը որ կը ծնի, յարութիւն կ՚առնէ եւ կ՚անմահանայ, այն հոգին է, որ կրնայ իշխել իր ստորին բնազդներուն վրայ, այն հոգին եւ այն միտքը՝ որ կարող է մահացնել եւ թաղել ի՛նչ որ երկրաքարշ է եւ մեղապա՛րտ. այն հոգին եւ այն միտքը՝ որուն մէջ կը փթթին բարութեա՜ն եւ առաքինութեա՜ն եդեմաբոյր ծաղիկները։
Եւ ահաւասիկ, ա՛յս մարդուն կոչումը, արարչութեան պատճառն ու նպատակը, կեանքին ընդհանուր իմաստը՝ յարութիւնն ու անմահութի՛ւնը։
Բայց այն որ չ՚անդրադառնար իր իսկ էութեան պատճառին ու նպատակին, անտարբերութեան մէջ կը դիմաւորէ իր կոչումը որպէս մա՛րդ, չի հաւատար անմահութեան, այլապէս ի զուր կ՚ապրի՝ աննպատակ եւ անիմա՛ստ։ Բայց կեանքին իմաստին անդրադառնալ՝ այս է որ էակին «մա՛րդ» հանգամանքը կու տայ։
Արդարեւ խորհող եւ բանականութեամբ օժտուած մարդ էակը գիտէ՝ որ տիեզերքի մէջ «նիւթ»ը երբեք չի՛ կորսուիր, այլ կը ձեւափոխուի։ Եւ այս ճշմարտութեան եւ սկզբունքին առջեւ կը խոնարհի ամէն ողջախոհ մարդ՝ ըլլա՛յ հաւատացեալ, ըլլա՛յ թերահաւատ, ըլլա՛յ բոլորովին անհաւատ եւ ոչնչապա՛շտ։
Ուստի պատմութիւնը զանազան դէպքերով կը վկայէ, թէ մտաւորը, մեծը եւ վսեմը չի՛ մեռնիր, անմա՛հ է։ Եւ այս ճշմարտութիւնը, Տէքարթ սա խօսքով կ՚արտայայտէ. «Կը մտածեմ՝ ուրեմն գոյութիւն ունիմ»։ Արդարեւ հոգին եւ միտքը՝ բանական էակին կեանքի աղբիւրը, պատճա՛ռն է, այն որ կը խորհի, գոյութիւնը կ՚ապացուցանէ որպէս «մա՛րդ»։ Ապա թէ ո՛չ ի՜նչ տարբերութիւն կ՚ունենայ անբան էակէ մը մարդ, երբ բանականութեան առաւելութիւններէն չ՚օգտուիր, բանականութեամբ չի շարժիր, ինք ի՛ր մասին որոշումներ տալու կարողութենէն զո՛ւրկ է, եւ վերջապէս բանականութեան բարիքներէն իր բաժինը չ՚առներ, չի վայելեր զայն։
Մարդկային ընդհանուր փորձառութիւնը կը հաստատէ այս իրողութիւնը՝ որպէս ճշմարտութի՛ւն։ Պատմութիւնը եւ ներկան լեցուն են այս ճշմարտութեան յայտնութիւններով։ Եւ մարդ երբ ե՛տ կը նայի հին շրջաններու, հին դարերու վրայ եւ կը տեսնէ անմահացած եւ մարդկային կեանքի վրայ իրենց դրոշմը դրած «միտք»եր՝ Հոմերոսը, Տանթէն, Ռաֆայէլն ու Միքայէլ Անճէլոն, Տէքարթը, Նիչէն, Մոնթէյնը՝ Դաւիթը, Պօղոսը, Ս. Օգոստինոսը եւ շատե՜ր, որոնք կեանքին ընթացք տուած, երբեմն փոխած եւ իմաստ տուած են անոր։
Արդարեւ, վսեմ-իմաստալից խօսք մը, վսեմ երաժշտութիւն մը՝ նուագ մը, վսեմ արարք մը՝ զոհողութիւն մը, անձնուիրութիւն մը, վսեմ խորհուրդ մը, գաղափար մը, սկզբունք մը եւ զգացում մը՝ այս բոլորը իրենց ազդեցութիւնը կը յաւերժացնեն, եւ զայն կը փոխանցեն սերունդներու եւ դարերու։ Եւ ժամանակը՝ որ մարմարն ու կրանիթն ալ կը մաշեցնէ եւ կ՚ուտէ, անզօր է վսեմութեան ազդեցութիւնը բնաջինջ ընելու համար։
Ուստի մեր պապերէն իբր աւանդ մեզի ձգուած, աւանդուած կենդանի հաւատքը պահելու ենք բծախնդրութեամբ, ուշադրութեամբ եւ մեծ գուրգուրանքով, եւ այդ կենդանի հաւատքը պահենք հաւատարմութեամբ, եւ ապա իբր անկորնչելի եւ թանկագին ժառանգութիւն մը՝ մեր յաջորդներուն, յաջորդ սերունդներուն աւանդենք նո՛յնքան գուրգուրանքով, հաւատարմութեամբ։
Մարդ կրնայ ձեւափոխուիլ, բարեփոխ-ւիլ՝ յառաջդիմութեան ոգիին հետ, բայց հաստա՛տ կը մնայ՝ անփոփոխ ու մշտնջենաւոր, հաւատքը եւ հաւատարմութի՛ւնը՝ իր հաւատալիքներուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 2, 2017, Իսթանպուլ