ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԴԻՒՐԻՆ Է…

Քննադատութիւն՝ բան մը, որ անպակաս է մարդկային կեանքին մէջ, մանաւանդ ընկերային-հաւաքական կեանքին մէջ, եւ չկայ օր մը, որ մարդ չքննադատէ ուրիշ մը եւ չքննադատուի ուրիշի մը կողմէ։ Բնական է ասիկա, քանի որ քննադատութիւնը ընկերային յառաջդիմութեան կարեւոր ազդակներէն մին է։ Բայց քննադատութիւնն ալ ունի իր կանոնները եւ սահմանը, ինչպէս մարդկային ամէն արարք եւ արտայայտութիւն։

Արդարեւ, քննադատութիւնը ամենէն դիւրին եւ ամենէն սովորական բանն է, երբ նախա՛նձն է, որ կը ներշնչէ զայն եւ ամենէն դժուարը՝ երբ անկեղծ եւ իրաւացի ըլլալ կ՚ուզէ մարդ, պատշաճութեան սահմանին մէջ մնալով հանդերձ։ Ուստի, քննադատութիւնը ինչպէս սահման մը, նաեւ չափ եւ կշիռ ալ ունենալու, ամէն վիրաւորանքէ հեռու մնալու է։ Եւ չափ եւ սահմանին մէջ կատարուած քննադատութիւնը գովասանքի մը համարժէք է եւ նոյնիսկ անկէ շա՜տ աւելի հաճոյք կը պատճառէ՝ թէ՛ քննադատողին եւ թէ՛ քննադատութեան ենթակայ եղողին։

Ահաւասիկ, այս իմաստով, քննադատութեան մէջ ամենէն շատ պէտք է ուշադրութեան առարկայ ըլլայ «արժանապատուութիւն»ը եւ քննադատութիւնը երբեք արժանապատուութիւն վիրաւորող հանգամանք մը պէտք չէ՛ ունենայ։ Ուրիշ խօսքով, քննադատութիւնը պէտք չէ՛ գործածուի որպէս զէնք՝ որ կը վիրաւորէ մարդս եւ կը սպառնայ կեանքին։

Քննադատութիւններ կան շատ անգամ, որոնց մէջ, ձգենք անձնականութիւնով տոգորուած գձուձ յարձակումները, պատճառաբանութիւնն ալ ա՜յնչափ խեղճ է՝ փըտ-տուկ եւ թերի, որ մարդուս արգահատանքը կը շարժէ։

Եւ դարձեալ կան քննադատութիիւններ՝ եթէ նոյնիսկ մարդ զիջանէր պատասխանել, գէթ կորովի փաստեր խորտակած ըլլալու հաճոյքն ալ պիտի չունենար, ի՛նչ որ պզտիկ եւ անտեսանելի հաճոյք մը չէ եւ գերազանց ո՛ւժ մը կը ստեղծէ եւ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ մարդուս։

Քննադատութիւնը եթէ փոխադարձ արտայայտութիւն մը, արարք մը ըլլայ անձերու միջեւ, կրնայ վերածուիլ «վիճաբանութեան»՝ իր ամենալայն իմաստով։

Փոխադարձ քննադատութիւնը եթէ հասնի վիճաբանութեան վիճակի, այդ վիճաբանութեան մէջ վերջին խօսքը ըսողինը չէ՛ միշտ իրաւունքը։ Այլ խօսքով՝ ճշմարտութիւնը, որ քննադատութեան նպատակն է, ամէն ատեն չի յայտնուիր «վերջին խօսք»ով։ Այլապէս, միշտ պէտք է «բաց դուռ» մը պահել եւ վերջին խօսքը ո՛չ թէ վերջակէտով, այլ երեք կէտով, միշտ փոխադարձ խօսքի մը հաւանականութիւնը նկատի ունենալով պէտք է վարուիլ։

Ընդհանրապէս, վիճաբանութեան ատեն, խեղաթիւրումը եւ փաստարկութիւնը, պատճառաբանութեան տեղ կ՚անցնին, եւ «վերջին խօսք»ը խօսողը յաղթական կը սեպուի։ Բայց վիճաբանութեան նպատակը որեւէ կերպով հակառակորդին յաղթել, պարտել չէ՛, այլ ճշմարտութեան երեւան գալուն օգնել, ճշմարտութիւնը երեւան հանելն է։ Ճշմարտութիւնը երեւան հանել, կրնայ յաղթանակ մը համարուիլ եթէ անիկա հասարակ արժէք մը կը ներկայացնէ, բազմակողմանի աշխատանքի մը արդիւնք է, եւ ո՛չ թէ միայն մէկ անձի մը յաջողութիւնը։

Արդարեւ, խեղաթիւրումը իմաստակ եւ անվերջ նրբաքարշութիւն մըն է քովնտի ճամբաներէ, անուղղակի ուղիներէ ընթացող, մինչդեռ պատճառաբանութիւնը, միանգամ ընդ միշտ եւ ուղղակի՛ նպատակին կը դիմէ եւ ճիշդ կէտին կը զարնէ՛։

Քննադատութեան կամ վիճաբանութեան ժամանակ, առանց իր ըսածին հաւատալու, առանց կատարեալ համոզումի եւ առանց անկեղծութեան՝ միմիայն աղէկ կամ անվնաս երեւալու կամ շահ մը ապահովելու՝ «գործը քշել»ու համար, ուրիշներուն քծնիլը, զանոնք շողոքորթելը՝ երկու խօսքը մէյ մը «ի բնէ եւ չգտնուած պարկեշտ է», «խելացի է», «ջերմեռա՛նդ է», «ամօթխած է», «առաքինի՛ է», «ազնուակա՛ն է», եւ այլն ըսելը, աւելի՛ ամօթալի է եւ վնասաբեր՝ քան թաքուն մոլութիւն մը երեւան հանելը կամ վէնէրախտին վախը ներշնչելու։

Եւ ահաւասիկ, անգամ մը եւս կարեւորութիւնը կը զգացուի անկեղծութեան՝ մարդկային առողջ յարաբերութիւններ մշակելու գործին մէջ։

Արդարեւ, ամէն քննադատութիւն եւ վիճաբանութիւն, ինչպէս ամէն մարդկային արարք եւ յարաբերութիւն, քիչ շատ իր «մեղրոտ» եւ «դառն» կողմերը, ունի, բայց գեղարուեստական գործերը ամենէն աւելի ունին իրենց լեղի եւ անուշ կողմերը։ Բայց ընդհանրապէս, արուեստագէտներ իրենց ասպարէզին միա՛յն լեղին կը ճաշակեն եւ մեղրին երազովը կ՚ապրին։

Գրագէտ մը, արուեստագէտ մը կատարելագործուելու համար պէտք ունի արդար եւ անկեղծ քննադատութեան եւ ժամանակի, ա՛յնքան որչափ բժշկական կամ իրաւագիտական ուսանող մը՝ ուսման եւ փորձառութեան։ Այս իմաստով, քննադատութիւնը մղիչ ուժ մըն է՝ յարատեւ ուսումնասիրութեան, անվերջ ընթերցումի համազօր, որ ուղիղ ճամբան ցոյց կու տայ իրապէս յառաջանալ եւ կատարելագործուիլ ուզողի մը համար։

Քննադատելը եւ մանաւանդ երկկողմանի քննադատութիւնը՝ վիճաբանութիւնը շնորհալի արուե՛ստ մըն է։ Վիճաբանութիւնը պէտք է շնորհալի ըլլայ, ի՛նչ որ ձիրք մըն է, արուեստ մը եւ կենցաղագիտական պահա՛նջք մը, եւ մինչեւ իսկ կրթութիւն մը, դաստիարակութի՛ւն մը։ Վիճաբանութեան ոճը շատ աւելի յստակօրէն երեւան կը բերէ եւ կը յայտնէ «մարդ»ը իր իսկական նկարագրով եւ անոր ընդհանուր հոգեբանութեամբ։ Ուստի, վիճաբանութեան ընթացքին յաճախ անգիտակցօրէն երեւան կը բերուի վիճաբանողներու նկարագրին ամենէն ցայտուն երեսները՝ հպարտութիւն կամ համեստութիւն, ազնուութիւն կամ ինքնահաւանութիւն, մեծամտութիւն, պաղարիւնութիւն կամ դիւրագրգռութիւն եւ բարկութիւն, խոնարհութիւն կամ յամառութիւն եւ կամ նկարագրի ուրիշ զանազան յատկութիւններ։

Որքան վիճաբանութեան մէջ, նոյնքան եւ քննադատութեան մէջ ալ, քննադատութեան ոճը երեւան կը բերէ քննադատողին նկարագրին ընդհանուր գիծերը։ Եւ ըլլա՛յ վիճաբանութիւնը, ըլլա՛յ քննադատութիւնը, զայն կատարողին մտային մակարդակը եւ գիտութեան աստիճանն ալ ցոյց կու տայ։ Բարձր մակարդակի՝ օգտակար եւ շինիչ քննադատութիւններ կրնան կատարուիլ միա՛յն միտքով լեցուն, քննադատուած նիւթին մասին գիտութեան տէր, հմուտ եւ մանաւանդ նկարագրով իրապէ՛ս ազնիւ անձերու միջոցով։

Քննադատութեան նպատակը երբե՛ք դիմացինը վարկաբեկել, վիրաւորել պէտք չէ ըլլայ, եւ անոր հիմը եւ պատճառը նախանձէ հեռո՛ւ, անկեղծ ըլլալու է։ Քննադատութեան կամ վիճաբանութեան ատեն յետին նպատակ ունենալ՝ անոնց ապարդիւն մնալուն եւ նոյնիսկ վնասակար ըլլալուն պատճառ կ՚ըլլայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 8, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018