ՄԱՅՐԸ՝ ԻՐ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՎ

Այն մայրը՝ որ գիտակցութիւնը ունի «մայր ըլլա՛լ»ու բարձրագոյն պարտականութեան, գիտէ, թէ մայր մը իր կենսական ուժերով շատ աւելի զօրաւոր է եւ արժէքաւոր քան որեւէ իշխանութիւն. բայց իր պարտականութեան մեծութիւնը եւ փառքը չէ որ կը հրապուրեն զինք եւ կը կապեն անոր, այլ սէ՛րն է որ կը հրդեհէ զինք.- ի՛նչ կը նշանակէ մարդ մը հասցնել եւ մա՛րդ մը նուիրել ընկերութեան։

Արդարեւ մօր մը գործը ապագայ սերունդի մը տարր մը հասցնել՝ ապագայ սերունդի մը կազմութեան մասնակցի՛լ է։ Մօր գործը, այս իմաստով էականապէս եւ գլխաւորաբար մանուկին հետ է։ Ուստի ուրիշ ամէն տնական գործ եւ յարաբերութիւն երկրորդական են իր այս առաջնակարգ պարտականութեան նկատմամբ։

Մանուկը սնուցանել, մանուկը կրթել, մանուկը կեանքի պատրաստել, ա՛յս է մօր կոչումը՝ որուն ո՛չ մէկ դիրք, ո՛չ մէկ պաշտօն, ո՛չ մէկ պարտականութիւն կը հաւասարի։

Այս պատճառով է որ մայրը կոչուած է «ստեղծագործ էակ»՝ ո՛չ թէ որովհետեւ ան զաւակ կը ծնի, այլ մանուկին մէջէն մա՛րդը՝ բարի, շնորհալի, օգտակար, ազնուական մարդը հասցնելուն համար։ Մայր ըլլալ, ուրեմն չի նշանակեր միայն զաւակ ծնիլ. ան շատ աւելին է էականին մէջ։ Մայրը կ՚իրագործէ իր մայրութիւնը ի գին ամէն բանի, ինչպէս կ՚ըսէ John Bunyan. «Որոշած եմ ես յառաջանալ. վազելով՝ եթէ կրնամ վազել. քալելով՝ եթէ չեմ կրնար վազել. եւ սողալով՝ եթէ չեմ կրնար քալել»։ Արդարեւ այս որոշումն է, որ մարդս կը հասցնէ իր նպատակին, ամէն մարզի մէջ։

«Մայրութիւն»ը, արդարեւ իգական սեռի, այսինքն կին-մարդուն ազնուականութեան գագաթնակէ՛տն է։

«Մայրութիւն»ը, նաեւ իր ստեղծագործութեան եւ նախախնամութեան հանգամանքներով կին-մարդուն «աստուածանա՛լ»ն է. մարդուն Աստուծոյ նմանութեամբ եւ Աստուծոյ պատկերով արարչուած ըլլալէն ալ աւելի՛։ Մայրութիւնը, մարդկութեան ամենաբարձր դիրքը եւ աստիճանն է՝ Աստուծոյ աւելի մօտ եւ աւելի «աստուածանմա՛ն»։ Մայրութիւնը, արդարեւ «մարդ»ուն ամենամերձ վիճակն է՝ Աստուծոյ անմիջական գործակիցը՝ մարդ ստեղծելու տեսակէտով։ Մայրը Աստուծոյ գործակալը եւ գործակիցն է իր մարդ ծնելու առանձնաշնորհեալ կարողութեամբ։

Եւ ա՛յն է ճշմարիտ «մայր»ը՝ որ գիտակցութիւնը ունի իր աստուածատուր պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան՝ որ կը նշանակէ մարդ ծնիլ եւ ծնած մանուկին խնամատարը ըլլալ մինչեւ վերջ, եւ զայն հասցնել որպէս «մա՛րդ»՝ միշտ կատարելագործելով, միշտ բարելաւելով զայն…։

Իրաւամբ է որ մօր կոչումը ամենէն բա՛րձր նկատուած է մարդկային բոլոր կոչումներուն հետ բաղդատմամբ։

Եւ որպէսզի մայրը կարող ըլլայ իր այս սրբազան գործը ըստ արժանւոյն կատարել, պէտք է որ նա՛խ ինքզինք ճանչնայ, եւ ապա ճանչնայ իր ծնած մանուկը։

Ուստի մայրը, նախ եւ առաջ պէտք է ճանչնայ իր մարմինը։ Ծնային-ժառանգականութեան օրէնք մը կայ, որ կը սորվեցնէ թէ՝ մանուկը կ՚առնէ մօրմէն իր ֆիզիքական-մարմնական կազմը. իր մկանները, ոսկորները, ջիղերը, արիւնը։ Հետեւաբար առաջին բանը որ մայրը կու տայ մանուկին՝ իր մարմինէն է։ Եթէ մօրը կազմը տկարակազմ է, ջիղերը թոյլ, արիւնը անմաքուր, ոսկորները անուժ, բնականաբար զաւկին պիտի փոխանցէ իր տկարութիւնները եւ թերութիւնները։

Մօր կենսական ուժերը պէտք է ըլլան բեղուն եւ կեանքոտ, որպէսզի կաթին մէջէն տայ իր զաւկին մարմինին առոյգ եւ կորովի կեանք։ Հետեւաբար, անհրաժե՜շտ է, որ ամուսնութենէն առաջ «մայրանալու ասպարէզ» մտնող օրիորդը եթէ հարկ է բժշկական քննութեամբ որոշապէս հասկնայ իր մարմինին թէ՛ տեսանելի եւ թէ՛ ներքին անտեսանելի գործարաններուն վիճակը, եւ եթէ ֆիզիքական որեւէ ծինային-ժառանգական եւ կամ ստացական տկարութիւն մը, թերութիւն կամ խանգարում մը գտնուի վրան զգոյշ ըլլայ, հակառակ պարագային կը մեղանչէ իր մանուկին դէմ։ Անշուշտ այս կէտը ունի նաեւ իրաւական, մարդկային իրաւունքի եւ ազատութեան տեսանկիւնէ հարցեր, զոր օրինակ՝ այդպիսի պարագայի մը պէ՞տք է ետ կենայ նոյնիսկ ամուսնութենէ. այդ անջատ ուսումնասիրութեան նիւթ կը կազմէ, որ պէտք է դիտել անհատական օգտի կամ բարիքի եւ հաւաքական-հասարակաց օգտի կամ բարիքի նախասիրութեան եւ ներդաշնակութեան տեսանկիւններէն։ Արդարեւ, կեանքի շատ մը փորձառութիւններ կը վկայեն, թէ ո՜րքաններ կան որ իրենց ֆիզիքական տկարութիւնները եւ թերութիւնները ծինային ճամբով եւ ժառանգականօրէն ստացած են իրենց ծնողքէն, եւ մինչեւ իրենց կեանքին վերջը թշուառ ապրած են։ Եւ այս իմաստով, մայրեր պատասխանատո՛ւ են իրենց մանուկներուն մարմնական ե՛ւ հոգեկան տկարութիւններէն՝ եթէ առանց կատարելապէս դարմանուելու ամուսնական կեանքի մէջ կը մտնեն։

Եւ այս ալ ի վերջոյ իրաւական հարց մը կը ստեղծէ՝ թէ կարելի՞ է կաշկանդել ամուսնութեան իրաւունքը եւ ազատութիւնը առողջապահական պատճառներով…։

Յետոյ, մայրը կու տայ մանուկին իր միտքէն՝ զանազան մտային կարողութիւններ եւ հակումներ։ Արդարեւ, մայրը գիտութիւն եւ խորհուրդ չի կրնար փոխանցել իր մանուկին, բայց կրնայ տալ անոր «զարգացած մտքի մը խորհողութեան կարողութիւն»ը։

Իրաւ է թէ երբեմն ամենէն քիչ զարգացած մայրերու զաւակները հանճարեղ եղած են, սակայն այդ պատճառ չէ որ աննկատ ընենք ծինային-ժառանգական օրէնքը մանուկին իմացական կեանքին մէջ ալ։

Արդարեւ, հարց է թէ՝ ի՞նչ է «զարգացած միտք» ունենալու չափանիշը. վկայեալ անուսներ ըլլալ, թէ ուսեալ՝ առանց վկայականի…։

Ուստի, սա բացայայտ է, որ կեանքի մէջ ամէն հարց նոր հարցի մը ստեղծման պատճառ է, եւ խնդիր մը պէտք է ուսումնասիրել բազմակողմանի տեսանկիւններէ դիտելով, մանաւանդ մայրութեան պէս կենսական եւ սերունդներ հետաքրքրող կարեւոր նիւթ մը…։ Հետեւաբար, մանաւանդ ներկայ ժամանակներու պայմաններու մէջ, մայրը պէ՛տք է ըլլայ գիտակից, խորհիլ գիտցող, հմտութիւն ունեցող, եւ իր իսկական իմաստով «զարգացած» մտքի տէր, իր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող «անձ», որպէսզի փոխանցէ իր զաւկին մտաւոր ձգտումներ, մտային լայն եւ լուսաւոր հորիզոն, եւ դիւրացնէ անոր իմացական գործը եւ հոգեմտաւոր կեանքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 29, 2019, Իսթանպուլ 

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019