ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Իմաստութիւն» իր ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ հմուտ, խոհեմ, հեռատես ըլլալ, հանճար, մտացիութիւն։ Իմաստութիւնը, այս իմաստով կ՚ենթադրէ ծայրագոյն գիտութիւն, հմտութիւն եւ փորձառութիւն, որոնց միջոցով մարդ կրնայ ուղիղ գործել, կատարեալ ըլլալ եւ լուծումներ գտնել հարցերու, յաղթահարել դժուարութիւնները, տոկալ նեղութիւններու։

Հոգեւոր կեանքի մէջ Աստուծոյ ստորոգելիներէն մէկն է իմաստութիւնը. «Իր իմաստութեամբ էր որ Աստուած երկրին հիմերը դրաւ, գիտութեամբ հաստատեց երկիրները։ Իր հանճարով է որ երկրի ընդերքներէն ջուրերը կը ժայթքեն եւ ամպերը անձրեւ կը թափեն։ Ո՛րդեակ, իմաստութենէն մի՛ բաժնուիր բնաւ…» (ԱՌԱԿ. Գ 19-21)։

«Ալ ասկէ յետոյ հպարտութիւնով մի՛ պարծենաք, ու ձեր բերնէն ամբարտաւանութիւն թող չելլէ։ Քանզի Տէրը գիտութեան Աստուած է եւ անիկա ամէնուն գործը կը կշռէ» (Ա ԹԱԳ. Բ 3)։

«Անիկա սրտով իմաստուն եւ ուժով կարող է. ո՞վ անոր դէմ իր սիրտը խստացուցեր եւ յաջողութիւն գտեր է» (ՅՈԲ. Թ 4)։

Արդարեւ, Աստուծոյ իմաստութիւնը կատարեալ է. «Իրաւցընէ իմ խօսքերս սուտ չեն։ Գիտութեամբ կատարեալ մէկը քու քովդ է» (ՅՈԲ. ԼԶ 4)։ «Գիտե՞ս ամպերուն հաւասարակշռութիւնը եւ իմաստութեամբ կատարեալ եղողին սքանչելիքները» (ՅՈԲ. ԼԷ 16)։

Աստուծոյ իմաստութիւնը ընդհանրական է. «Քանզի մինչեւ երկրի ծայրերը կը դիտէ ու բոլոր երկնքի տակ եղածը կը տեսնէ։ Երբ հովին կշիռ կը դնէր եւ ջուրերը չափով կը չափէր, երբ անձրեւին օրէնք ու որոտումներուն ճամբայ կ՚որոշէր, այն ատեն տեսաւ զանիկա եւ յայտնեց պատրաստեց զանիկա եւ նաեւ քննեց եւ մարդուն ըսաւ.- Ահա Տէրոջը վախն է իմաստութիւնը եւ չարութենէ ետ քաշուիլը հանճարն է՛» (ՅՈԲ. ԻԸ 24-28)։

«Խորունկ եւ ծածկուած բաները ինք կը յայտնէ, մութի մէջ եղածը գիտէ եւ լոյսը անոր քով կը բնակի։ Ես քեզի գոհութիւն եւ փառք կը մատուցանեմ, ո՛վ իմ հայրերուս Աստուածը, որ ինծի իմաստութիւն եւ զօրութիւն տուիր եւ հիմա ինծի գիտցուցիր ինչ որ քեզմէ խնդրեցինք, քանզի թագաւորին բանը մեզի գիտցուցիր» (ԴԱՆԻԷԼ Բ 22-23)։

Աստուած, ինչպէս նիւթեղէն օրհնաբեր անձրեւովը օդակուտակ ծուխը եւ փոշին կը մաքրէ, բնութիւնը կը լուայ եւ երկիրը կ՚ոռոգէ եւ պտղաբեր կը դարձնէ, ա՛յնպէս ալ իմանալի հոգեւոր անձրեւովը կը փարատէ մեր ներսիդին կուտակուած չարամուխ խորհուրդներու ժանտաբեր եւ հեղձուցիչ ամպերը, կը սրբէ մարդկային մեր բնութեան մէջ տեղ գտած թունալից կեղտերը եւ վարակայարոյց ժահրերը եւ մեր սրտի, մտքի եւ հոգիի անդաստանները Հոգիին բղխումով ոռոգելով՝ կը դարձնէ պտղաբեր՝ իր կամքին, խօսքին եւ գործին համար։ Աստուած մարդս դուրս կը բարէ մարմնաւոր թանձր մտածողութեան կապանքներէն եւ սահմանափակումներէն, եւ հոգեւոր կատարելութեան կը բարձրացնէ մարդուս միտքը՝ բանալով իմանալի եւ երկնային իմաստութեան ճոխ գանձերուն ակնաղբիւրին։

Աստուծոյ իմաստութիւնը ընդհանրակա՛ն է, որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ, եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ «Այն օրը պիտի վերադառնամ ու վերաշինեմ Դաւիթի ինկած տունը, պիտի վերաշինեմ անոր աւերակները եւ պիտի վերականգնեմ զայն, որպէսզի մնացեալ մարդիկը եւ բոլոր ազգերը, որոնց ես իմ անունս տուած եմ՝ զիս փնտռեն, կ՚ըսէ Տէրը եւ որ այս բոլորը կ՚իրականացնէ։ Արդարեւ յայտնի են Աստուծոյ բոլոր գործերը, աշխարհի սկիզբէն ի վեր» (ԳՈՐԾ. ԺԵ 16-18)։

Աստուծոյ իմաստութիւնը նաեւ զօրաւոր է. «Ահա Աստուած հզօր է, բայց մէ՛կը չ՚արհամարհեր, անիկա հզօր է իր սրտին զօրութիւնովը» (ՅՈԲ. ԼԶ 5)։ Իմաստութիւնը կը պահանջէ խոհեմ ըլլալ, ողջամիտ եւ չափաւո՛ր։

Աստուծոյ իմաստութիւնը անհուն է, սահման չունի. «Մեծ է մեր Տէրը ու իր զօրութիւնը շատ է. անոր իմաստութիւնը անհուն է», (ՍԱՂՄ. ՃԽԷ 5)։

«Օ՜, ի՜նչ խորունկ են Աստուծոյ առատ ողորմութիւնը, իմաստութիւնն ու գիտութիւնը։ Որքա՜ն անքննելի են անոր վճիռները, եւ անզննելի են անոր ճամբաները» (ՀՌՈՄ. ԺԱ 33)։ Եւ ուրեմն անքննելի եւ անզննելի է Աստուծոյ իմաստութիւնը. «Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Տէրը, երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, չի յոգնիր եւ չի թուլնար. անոր իմաստութիւնը չի քննուիր» (ԵՍԱՅ. Խ 28)։

Զարմանալի է Աստուծոյ իմաստութիւնը. «Այս գիտութիւնը ինծի խիստ զարմանալի է, բարձր է եւ չեմ կրնար հասկնալ զանիկա» (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 6)։

Մարդուն համար անհասկնալի, անիմանալի եւ անըմբռնելի է Աստուծոյ իմաստութիւնը՝ որովհետեւ մարդուս իմաստութենէն վե՛ր է անիկա։

«Բարձր է եւ չեմ կրնար հասկնալ զանիկա» (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 6)։

Անհամեմատ է անիկա. «Քեզմէ ո՞վ պիտի չվախնայ, ո՛վ ազգերու թագաւոր, քանզի քեզի կը վայելէ, վասնզի ազգերու բոլոր իմաստուններուն մէջ եւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ քեզի նման մէ՛կը չկայ» (ԵՐԵՄ. Ժ 7)…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 6, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2020