ԱՊՐԵԼՈՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ
Ամէն առիթով կը կրկնենք, թէ՝ կեանքը, մշտատեւ պայքա՛ր մըն է եւ կեանքը ապրիլ՝ քաջութիւն կը պահանջէ։ Եւ դարձեալ այս մասին յաճախ կը յիշենք Յիսուսի խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Եւ Յիսուսէ մօտաւորապէս 19 դար յետոյ՝ 1901 թուականին, Տքթ. Ալեքս Քառէլ «ապրելու քաջութեան» մասին սապէս կ՚ըսէ. «Այնպէս կ՚երեւի, թէ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու մէջ ապրելու քաջութիւնը հետզհետէ կը նուազի։ Գրեթէ ամէն երկրի մէջ ալ տաղանդաւոր անհատներու թիւը կը պասկի։ Այս երեւոյթը ահաբեկիչ նշանակութիւն մը ունի։ Անցեալին հին քաղաքակրթութիւնները այս պատճառով է որ փշրուեցան, քանդուեցան։ Ջղային դիւրագրգռութիւն, մտային տկարութիւն, բարոյական ապականութիւն, խելագարութիւն աւելի՛ վտանգաւոր են քաղաքակրթութեան ապագային համար, քան ծաղկախտը, ժանտատենդը եւ խլիրդը (քանսէր)։ Այս վտանգներուն ճարն ու դարմանը պիտի ըլլայ բովանդակ աշխարհի մէջ հաստատել մարդուն միտքը եւ մարմինը խորապէս քննող եւ հասկցող ճշմարիտ գիտութիւնը՝ որ կարող ըլլայ ճանչնալու մարդը ֆիզիքապէս-մարմնապէս, մտաւորապէս եւ հոգեւորապէս՝ ամբողջութեամբ, լման կերպով»։
Արդարեւ այս մշտնջենաւոր «կեանքի պայքար»ին մէջ, շատ մը անձնայատուկ նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ «պարարտ հող» կը պատրաստեն վերին աստիճանի պրկումին զարգացմանը՝ երբեմն քիչ եւ երբեմն ալ շատ։ Եւ ահաւասիկ, հոս եւս կարեւորութիւնը եւ անհրաժշտութիւնը կը յայտնուի «ինքնաճանաչութեան»։ Յաճախ կ՚ըսենք, կրկնենք՝ որ ինքնաճանաչութիւնը ընտիր յատկութիւն մը, առաքինութիւն մըն է, որ պէտք է իւրաքանչիւր անհատ մշակէ իր մէջ՝ կեանքի պայքարին մէջ յաղթական ելլելու համար։ Եւ եթէ կեանքի պայքարին համար անհրաժեշտ է քաջութիւնը, քաջութեան համար ալ պէտք է՝ ինքնաճանաչութիւնը, որուն կը յաջորդէ «ինքնավստահութիւն»ը։
Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ վստահիլ մէկու մը՝ որ չի ճանչնար, ապա ուրեմն մէկը որպէսզի ինքնավստահութիւն ունենայ, պէտք է որ ծանօթանայ ինքն իրեն, այսինքն ճանչնայ ինքզինք։ Եւ ինքզինք ճանչնալ, իր իսկ «Ես»ին հետ ծանօթանալ ո՜րքան դժուար է եւ երբեմն ո՜րքան անկարելի՛…։
Ուրիշներ ի՛նչ կ՚ըսեն կամ ի՛նչ կը խորհին, ի՛նչպէս կը ճանչնան մեզ, ի՛նչ համոզում ունին մեր մասին, ասիկա չէ՛ կարեւորը, կենսականը։ Մարդոց գովեստները կամ պարսաւանքները կրնան բանաւոր ըլլալ կամ բոլորովին անտեղի, այդ ալ չէ՛ կարեւորը։
Մարդ, նախապէս պէտք է ճանչնայ ինքզինք՝ իր իսկութեամբը, անկեղծ կերպով, այն՝ ի՛նչ որ է, ճիշդ ինչպէս որ «Ք» ճառագայթը կը յայտնէ մարդուս ներքին գործարանները՝ ոսկորներուն մէջ եղած ճեղքը կամ փտութիւնը, այնպէս ալ ներհայեցողութեամբ կարելի է գիտնալ, թէ ի՛նչ է մարդ՝ ի՛նք եւ ինչ չէ՛, ի՛նչ ունի եւ ի՛նչ կը պակսի, ի՛նչ չունի։ Եւ այս ինքնաճանաչման համեմատ պէտք է վարուի ու պայքարի կեանքի դժուարութիւններուն հետ։
Այս ինքնաճանաչումը կ՚ենթադրէ ինքնագիտակցութիւն, որը իր բանաւոր սահմանին մէջ մարդս ապահով գետնի վրայ կը դնէ, որ ո՛չ «խոշորացոյց»ով մարդ իր ունեցածները չափազանցելով ու մեծցնելով՝ պարծենկոտ, ինքնահաւան ու յաւակնոտ ըլլայ, եւ ո՛չ ալ ստորնագոյնի կամ ստորակայութեան զգացումներ ունենայ՝ ինքզինք նուաստ զգայ եւ ուրիշներու հետ բաղդատէ զինք։ Այս զգացումով, մարդ ուրիշներու առաւելութիւններէն զուրկ կը գտնէ ինքզինք։ Ուստի միշտ մտաբերելու է իմաստուն խրատը. «ԾԱՆԻ՛Ր ԶՔԵԶ»։ Ինքզինք ճանչցողը ինքնավստահ է եւ քա՛ջ՝ կեանքի պայքարին մէջ։
Արդարեւ մարդ իր յոյսը եւ վստահութիւնը պէտք է դնէ բոլորովին իր անձնական ուժերուն վրայ եւ նախապէս վստահի ինքն իրեն։
Սնափառութեան հովեր առնելով ո՛չ քաջութիւն եւ ո՛չ ալ յաղթանակ կարելի է ձեռք բերել, քանի որ «հովերը» կը քշուին ու կ՚երթան, մարդ դարձեալ ինքն իրեն հետ առանձին կը մնայ։
Կեանքի պայքարէն յաղթական դուրս գալու պայմաններէն մէկն ալ՝ սեփական ուժերու խնայողութիւնն է, ուրիշ խօսքով՝ սեփական ուժերը լա՛ւ տնտեսել։ Ուստի ինչպէս ճարտարարուեստի կամ առեւտրական ձեռնարկութիւններու մէջ, նոյնպէս եւ բարեսիրական ու եկեղեցական գործառնութիւններու մէջ յաջողութեան եւ արդիւնաւորութեան էական պայմա՛նն է ուժի խնայողութիւնը եւ կեդրոնացումը։ Արդարեւ, ինչպէս շատ մը գործառնութիւններ, բարեսիրական ու եկեղեցական աշխատանքն ալ «կեանքի պայքար»ի մասը չի՞ կազմեր, քանի որ աշխարհի վրայ ապրող եւ ընդհանուր կեանքի պայքարին մէջ գտնուող մարդը կը հետաքրքրէ։ Անոնք որքան ալ բարոյական եւ հոգեւոր մարզի պատկանին, վերջապէս աշխարհային միջավայրի մէջ կ՚աճին եւ պէտք ունին աշխարհի պատկանող արժէքներու՝ գոյապահպանուելու եւ գոյատեւելու համար…։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ կարգ մը ձեռնարկներ անյաջողութեան կը մատնուին շատ անգամ սա պարզ պատճառով, որ ժողովուրդը, առհասարակ հաւաքականութեան հոգեբանութեամբ կը մօտենայ հարցին, եւ կը պակսի «անհատական գիտակցութիւն»ը՝ որ արդիւնք է՝ «ինքնաճանաչութեան» ե՛ւ «ինքնավստահութեա՛ն»։
Ուստի մարդ երբ շարունակ ուրիշի մը վստահի եւ իւրաքանչիւր անձ վարժուի միշտ «ուրիշ»ի մը վստահելով գործել, ապա հետզհետէ կ՚ամլանայ «ինքնավստահութիւն»ը՝ որ յաջողութեան եւ «կեանքի պայքար»ի մէջ անհրաժեշտ պայման մը, նկարագիր մըն է։ Եւ այսպէս, անգիտակցաբար կատարուած ձեռնարկներ, որքան ալ բարեսիրական ըլլան, ի վերջոյ պատճառ կ՚ըլլան դրամի վատնումի եւ յուսախաբութեա՛ն։ Բայց աւելի ցաւալին այն է, որ այս մասին գործուած սխալներուն անդրադառնալով հանդերձ, սխալներուն դառն հետեւանքները տեսնելէ վերջն ալ, տակաւին «ուժի խնայողութեան» եւ «կեդրոնացման ուղիղ ճամբան» չեն բռներ շատեր։ Ուստի կարեւորը մարդուս «ունեցած»ը չէ՛, այլ՝ «տուած»ը, եւ դարձեալ բարեգործութեան «քանակ»ը չէ՛, այլ՝ «որա՛կ»ը։
Եւ անցնող, սահող, սուրացող ժամանակն ալ «ո՛ւժ» մըն է, որը պէ՛տք է խնայողութեամբ օգտագործել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 3, 2016, Իսթանպուլ