ԱԶՆՈՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՐՕՆՔ

Յաճախ կը խօսինք մտքի զարգացման եւ հոգիի ազնուութեան մասին, որոնք կ՚ամբողջացնեն, կը կատարելագործեն մարդը՝ որ աւելի շատ կարեւորութիւն եւ ուշադրութիւն կ՚ընծայէ մարմնական-ֆիզիքական կեանքին։ Եւ դարձեալ, մտքի զարգացումը կը սկսի ընտանիքէն, նոյնիսկ ծնունդով եւ հետզհետէ կը կատարելագործուի կեանքի զանազան հանգրուաններուն մէջ՝ դպրոց, ընկերային կեանք, նորակազմ ընտանեկան կեանք, գործի կամ աշխատանքի կեանք, բոլորն ալ կը զարգացնեն մարդը։ Այս իմաստով մտային զարգացումը վերջ մը չունի, կը շարունակուի ամբողջ կեանքի տեւողութեան։

Բայց, ինչպէս յիշեցինք, կա՛յ նաեւ հոգիի ազնուութեան պահանջքը մարդուն համար։ Մտքի զարգացման հետ համընթաց ըլլալու է հոգիի ազնուութիւնը, որպէսզի արժէք մը ստանայ մտաւոր զարգացումը։ Խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մտապէս զարգացած մէկը, երբ զուրկ է հոգիի ազնուութենէ, ո՞րքան վստահութիւն կը ներշնչէ իր շուրջիններուն, եւ ո՞րքան յարգ եւ պատիւ կը վայելէ ան։ Հակառակը խորհինք. հոգիով ազնիւ մէկը, եթէ նոյնիսկ համեստ մտային զարգացում ունենայ, յարգանքի կ՚արժանանայ։ Քանի որ հոգիով ազնիւ մէկը աւելի՛ համակրելի ըլլալ կը թուի, քան անազնիւ՝ կոշտ, անփափկանկատ, շուրջը արհամարհող, մեծամիտ, յաւակնոտ եւ համակրական հասկացողութենէ զուրկ, բայց մտային զարգացում ունեցող մէկը։ Անշուշտ, կարելի է, որ ոմանք հակառակ տեսակէտ մը ունենան այս մասին, կրնան ըսել ոմանք, թէ կարեւորը մտային զարգացումն է, ամէն մարդ նկարագիր մը, բնաւորութիւն մը ունի, ասիկա չենք կրնար փոխել, բայց զարգացումը մարդուս կարողութիւնը ցոյց կու տայ, ուրեմն պէտք է նախամեծար սեպել մտային զարգացում ունեցողը՝ առանց նկատի ունենալու անոր հոգիի ազնուութիւնը՝ որ ի վերջոյ բնատուր յատկութիւն մըն է, իսկ մտքի զարգացումը՝ ստացական։ Այդպէս խորհողներ կրնան իրաւացի ըլլալ, եթէ չուսումնասիրեն, չքննեն կեանքի իրականութիւնները՝ գործնական կեանքը, կեան-քի ընդհանուր փորձառութիւնը։

Եւ դո՛ւք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, դուք ի՞նչպէս կը դիմաւորէք զարգացած բայց կոշտ եւ կոպիտ, անքաղաքավար մէկը։ Չմոռնանք որ «դաստիարակութիւն» եւ «կրթութիւն» բոլորովին տարբեր արժէքներ են եւ յանգանքի արժանի է եւ կատարեալ այն՝ որ կրնայ ներդաշնակել եւ համադրել, բաղադրել այս երկու արժէքները իր կեանքին մէջ։

Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ, «կատարեալ մարդ» ըլլալու համար իբր կարեւոր ազդակ, թող ներուի մեզի աւելցնել «գործնական կրօնք»ը, ազնուութեան՝ հոգիի ազնուութեան զարգացումին մէջ կարեւոր եւ յատուկ դեր մը ունենալու է սահմանուած։

Այս կէտին՝ խոնարհաբար պիտի խնդրէի իմ շա՜տ սիրելի, իրապէս ազնիւ աշխարհիկ ընթերցող բարեկամներէս ոմանք՝ իրենց երեսը չթթուեցնէին այս բառը գործածած ըլլալնուս համար, եւ մանաւանդ անվախօրէն, իրենց խղճի ձայնը լսելով եւ աննախապաշարօրէն՝ առանց կանխակալութեան, բոլորովին առարկայօրէն, ազատ միտքով նայէին բուն իսկ իրողութիւններուն վրայ։ Ուստի նկատի ունենալով կեանքի փորձառութիւնները, զանազան շրջաններու ապրուածները, եւ ամենավստահելի վկան՝ աշխարհի ընդհանուր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ կրօնքը՝ անջատաբար անոր խոստացած եւ պարգեւած յաւիտենական երանութենէն, որպէս ընկերային կեանքի անուրանալի եւ անմերժելի երեւոյթ մը, ընկերահոգեբանական իրողութիւն մը՝ հզօր ազդակ մըն է բարքերու ազնուացման։ Եւ մարդուս ներաշխարհը մեծ մասամբ կը կառավարուի կրօնական զգացումներով, օրէնքներով եւ կանոններով։ Արդարեւ, շատ անգամ կ՚ազդէ նաեւ մարդուս արտաքին աշխարհին, բայց աւելի զգալիօրէն՝ անոր ներաշխարհի՛ն։ Եւ ո՞վ կրնայ ըսել, թէ իր կեանքի ընթացքին, գոնէ մէկ անգամ ականջ չէ տուած իր խղճի ձայնին եւ ըստ այնմ որոշած՝ իր վարմունքը…։

Եթէ չենք կրնար ուրանալ եւ մերժել, թէ ունինք «ներաշխարհ» մը՝ հոգեկան կեանք մը, ապա չենք կրնար ուրանալ «կրօնք»ի իսկութիւնը եւ ազդեցութիւնը մեր կեանքին մէջ։

Եւ աշխարհ տեսաւ, վկայեց եւ հաւատաց, թէ Յիսուս Քրիստոսի կրօնքը երեւան բերաւ եւ զարգացուց, ազնուացուց ի՛նչ որ անազնիւ, ապականած եւ ստորին էր։ Բարեփոխեց կեանքը՝ ազնուացուց մա՛րդը։

Եւ դարձեալ, մարդկային պատմութիւնը կը վկայէ եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը կ՚ապացուցանէ, թէ ո՛չ ոք աւելի ազնուականութիւն եւ վեհանձնութիւն ցոյց կու տայ, որքան ճշմարիտ կրօնքի մը պահանջները իրենց կեանքով գործնականացնողները։ Ահաւասիկ, երբ գործածեցինք «գործնական կրօնք» ասացուածքը, այս ըսել ուզեցինք, այսինքն կեանքի վերածել, գործադրել, իրականացնել կրօնքի պահանջները։ Եւ այս իրողութիւնը, վստա՛հ ենք, ո՛չ սկեպտիկը եւ ո՛չ նոյնիսկ հակակը-րօնը պիտի կրնայ հերքել։ Որովհետեւ, ընդունինք կամ ո՛չ, իր լայն առումով «կրօնք»ը միշտ մեզի հետ է եւ մեր մէ՛ջը։

Եւ այս գարնանասկիզբի կամ ամառնամուտի օրերը պէտք է առիթ մը՝ բարեպատեհ առիթ մը նկատել խորհելու, խորհրդածելու հոգեւոր ազնուութեան մասին, քանի որ հոգեւոր ազնուութիւնը վերանորոգո՛ւմ է, վերածնունդ, վերակենդանացո՛ւմ. ինչպէս գարնանային կամ ամառնամուտի շրջանը՝ ժամանա՛կն է նոր կեանք ստանալու, քունէն սթափելու, արթննալու եւ անդրադառնալու, թէ ունինք ներաշխարհ մը՝ հոգի՛ մը, որ պատրաստ է ազնուանալու եւ ազնուացնելու մեր կեանքը։

Ազնիւ հոգին է, որ մարդս կը կատարելագործէ, մարդուս արտաքինը իր ներքին աշխարհին հայելին է, ցոլացումն է, եւ ուրեմն, եթէ մարդուս ներքին աշխարհը՝ հոգին ազնիւ է, արտաքնապէս ալ ան ազնիւ է, իսկ եթէ չէ՝ արտաքնապէս ազնիւ երեւիլ պարզապէս ինքնախաբէութիւն է եւ կեղծի՛ք։

Ուստի, մարդկային ընկերութեան ոեւէ անդամ, կրնայ անգթօրէն զրկուած ըլլալ կարգ մը առաւելութիւններէ, հարստութիւն կամ ուսում եւ այլ ստացական արժէքներէ, բայց կրնայ ազնիւ ըլլալ իր ապրուստը պատուաւոր կերպով հոգալու իր համեստ աշխատանքին եւ ջանքին մէջ։ Ահա, նոյն ընկերութեան ուրիշ անդամները՝ երեւութապէս տէր այն ամէն առաւելութիւններուն, զորս համայն աշխարհ գերազանցօրէն եւ իրաւացի՛ կերպով կը գնահատէ. առողջութիւն, գեղեցկութիւն, երիտասարդութիւն, զօրութիւն, հարստութիւն, եւ այլն։

Բայց արդարացի չէ՛ անծանօթներուն նկագրին դէմ աննպաստ դիտողութիւն ընելու, իրաւունք չունի՛նք զանոնք դատելու եւ դատապարտելու։ Արտաքին երեւոյթին, տեսքին, դիրքին նայելով, եւ թող սիրելի՜ ուսեալ բարեկամներ ներող ըլլան, նոյնիսկ մտային զարգացման՝ ուսումի նայելով կարելի չէ՛, արդարացի ալ չէ՝ ենթակային ազնուութեան մասին որոշում տալ, այլ պէ՛տք է ճանչնալ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 26, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018