ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔԸ
«Տասնաբանեայ»ն, այսինքն «Տասը խօսքեր»ը կը համառօտեն եւ կը հռչակեն Աստուծոյ Օրէնքը։ «Տասնաբանեայ» բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «տասը խօսքեր»։ Այս տասը «խօսքեր»ը Աստուած Իր ժողովուրդին յայտնեց սուրբ լերան վրայ։ «Ասոնք այն խօսքերն են, զորս Տէրը ուղղեց ձեզի երբ ամէնքդ խմբուած էիք լերան վրայ։ Ան խօսեցաւ ձեզի կրակին մէջէն, ամպին եւ խաւարին մէջէն հզօր ձայնով։ Ան անոնց ոչինչ աւելցուց, այլ գրեց զանոնք քարեղէն երկու տախտակներու վրայ եւ ինծի տուաւ զանոնք» (Բ ՕՐ. Ե 22)։ Այս իսկ պատճառով այս երկու տախտակները կոչուած են «Վկայութիւն» (ԵԼՔ. ԻԵ 16)։ Արդարեւ անոնք կը բովանդակեն ուխտին պայմանները, որ կնքուեցաւ Աստուծոյ եւ Անոր ժողովուրդին միջեւ։ Այս «Վկայութեան տախտակները» (ԵԼՔ. ԼԱ 18, ԼԲ 15, ԼԴ 29) զետեղուելու են «տապանակ»ին մէջ (ԵԼՔ. ԻԵ 16, Խ 1-3)։
Այս «տասը խօսքեր»ը Աստուած գրեց «Իր Մատով» (ԵԼՔ. ԼԱ 18), (Բ ՕՐ. Ե 22), տարբերելով միւս պատուիրաններէն, զորս Մովսէս գրեց։ Անոնք կը կազմեն Աստուծոյ խօսքերը՝ գերազանց չափով։ Անոնք փոխանցուած են մեզի Ելքի եւ Օրէնքին Երկրորդ գիրքին մէջ։ Սկսելով Հին կտակարանէն սուրբ գիրքերը կ՚ակնարկեն «տասը խօսքեր»ուն. զոր օրինակ՝ (ՈՎՍ. Դ 2), (ԵՐՄ. Է 9), (ԵԶԿ. ԺԸ 5-9), բայց միա՛յն Նոր ուխտին մէջն է որ անոնց ամբողջական իմաստը պիտի յայտնուի Յիսուս Քրիստոսով։
«Տասնաբանեայ»ն նախ եւ առաջ կը հասկցուի Ելքին շրջագիծին մէջէն, որ Աստուծոյ փրկագործ մեծ եւ հրաշալի դէպքն է՝ Հին ուխտին կեդրո՛նը։
«Տասը խօսքեր»ուն իբրեւ ժխտական պատուէրներ, արգելումներ կամ իբրեւ դրական պատուիրաններ. «Պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ» բանաձեւուած ըլլալը՝ ցոյց կու տայ «մեղքի ստրկութենէն ազատագրուած կեանք»ի մը պայմանները։ Այս իմաստով «Տասնաբանեայ»ն կեանքի ուղի մըն է.
«Եթէ սիրես քու Աստուածդ, եթէ քալես Անոր ուղիներէն, եթէ պահես Անոր օրէնքները եւ աւանդութիւնները, պիտի ապրիս եւ պիտի բազմանաս» (Բ ՕՐ. Լ 16)։
Տասնաբանեային փրկագործ ուժը կը յայտնուի օրինակի համար՝ շաբաթ օրուան հանգիստին պատուիրանին մէջ՝ որ սահմանուած է հաւասարապէս օտարներուն եւ ստրուկներուն.
«Յիշեցէ՛ք. դուք ստրուկներ էիք օտար երկրի մը մէջ։ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, հզօր աջով եւ տարածուած բազուկով ձեզ հանել տուաւ անկէ» (Բ ՕՐ. Ե 15)։
Արդարեւ, երբ Յիսուսին կ՚ուղղեն հարցումը. «Ո՞րն է Օրէնքին ամենամեծ պատ-ւիրանը» (ՄԱՏԹ. ԻԲ 36), Ան կը պատասխանէ. «Սիրէ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր անձովդ եւ բոլոր մտքովդ, այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Իսկ երկրորդը՝ ասոր նման. սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս։ Այս երկու պատուիրաններուն վրայ հիմնուած են բոլոր Օրէնքը եւ Մարգարէները» (ՄԱՏԹ. ԻԲ 37-40)։ Ուստի Տասնաբանեան պէ՛տք է մեկնաբանուի այս կրկնակի եւ մի՛ակ պատուիրանին՝ սիրոյն լոյսին տակ, որ լրումն է Օրէնքին. «Պատուէրը՝ մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, մի՛ ցանկար եւ մնացեալները կը համառօտուին այս խօսքերուն մէջ. պիտի սիրես քու մերձաւորդ քու անձիդ պէս։ Սէ՜րը երբեք վնաս չի պատճառեր մերձաւորին։ Սէրն ուրեմն օրէ՛նքն է իր լիութեան մէջ» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 9-10)։
Ուստի «Տասը խօսքեր»ը արտասանուած են Ատսուծոյ կողմէ աստուածայայտնութեան մը ծոցին մէջ. «Լերան վրայ, հուրին ընդմէջէն, Տէրը խօսեցաւ ձեզի՝ դէմ առ դէմ» (Բ ՕՐ. Ե 4)։ Տասը պատուիրանները կ՚արտայայտեն փնտռտուքը Աստուծոյ եւ մերձաւորին սիրոյն։ Անոնց երեք առաջինները կը վերաբերին առաւելապէս Աստուծոյ սիրոյն, իսկ միւս եօթն՝ մերձաւորին սիրոյն։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս այս մասին կ՚ըսէ.
«Ինչպէս որ սէրը կը բաղկանայ երկու պատուիրաններէ, որոնց Տէրը կը կցէ Օրէնքը եւ Մարգարէները, այնպէս ալ «տասը պատուէրները բաժնուած են երկու տախտակներու։ Երեքը գրուած են մէկ տախտակի վրայ՝ եւ եօթը՝ միւս տախտակին վրայ»։
Այս իմաստով, «Տասնաբանեայ»ն կը կազմէ «անբաժանելի ամբողջութիւն» մը։ Իւրաքանչիւր «խօսք» կ՚առաքէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին եւ ամբողջութեան. անոնք փոխադարձաբար զիրար կը պայմանաւորեն։ Երկու տախտակները փոխադարձաբար զիրար կը լուսաւորեն. անոնք «օրկանական» կամ անդամական միութիւն մը կը կազմեն։ Ուստի, օրինազանցել պատուիրան մը, կը նշանակէ դրժել միւս բոլորը։ Մարդ չի կրնար պատուել ուրիշը առանց օրհնելու Աստուած, անոր Արարիչը։ Կարելի պիտի չըլլայ պաշտել Աստուած առանց սիրելու բոլոր մարդիկը՝ Անոր արարածները։ Տասնաբանեան իրարու կը միացնէ մարդուն աստուածաբանական եւ ընկերային կեանքը։ Ուստի «Տասը պատուիրան»նե-րը կ՚ուսուցանեն մեզի միաժամանակ «ճշմարիտ մարդկութիւն»ը մարդուն։
«Տասը պատուիրան»ները լոյսի տակ կը դնեն մարդկային անձին էական պարտականութիւնները, ուստի եւ անուղղակիօրէն անոր հիմնական իրաւունքները՝ որոնք յարակից են անոր բնութեան։
Տասնաբանեան կը բովանդակէ «բնական օրէնք»ին առանձնաշնորհեալ արտայայտութիւն մը։
«Սկիզբէն իսկ, Աստուած մարդոց մէջ՝ անոնց սրտին մէջ արմատաւորած էր բնական օրէնքին պատուէրները։ Ան բաւարարուեցաւ նախ զանոնք անոնց վերյիշեցնելով։ Այսպէս ծնաւ Տասնաբանեան», կ՚ըսէ Սուրբ Երանոս Լիոնցի։
Մենք կը ճանչնանք Աստուծոյ պատուիրանները աստուածային յայտնութեամբ, որ մեզի առաջարկուած է Եկեղեցւոյ մէջ. զանոնք կը ճանչնանք նաեւ «բարոյական խղճմտանք»ին ձայնովը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 10, 2019, Իսթանպուլ