ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ՝ Ո՛Չ ԵՐԲԵՔ
Մարդ մը որ մեծ խնամքով իր պարտէզը տնկեր, տունը կանգներ է տարիներու տքնութեամբ, համբերութեամբ եւ ապագայի ապահովութեան վստահութեամբ, երբ հեղեղները իջնեն եւ իրենց աւերը գործեն՝ յուսահատութեան կը մատնուի մարդ։ Սակայն պէտք չէ յուսահատի ան, քանի որ Աստուած երկինքի երեսը կը դնէ իր բարի խոստումներուն կնիքը գունազարդ աղեղով մը։
Արդարեւ, ոչ մէկ խաւար կարծուածին չափ խաւար եւ մութ է, քանի որ ամէն խաւարի մէջ կայ լոյսի նշոյլ մը, որ ի վերջոյ կը յայտնուի եւ կը փարատէ խաւարը, կը ցրուէ մութը եւ կը ծագի լոյսը։
Լոյսի նշոյլը նոր յոյսերու, նոր լոյսերու, նոր ծրագիրներու եւ նոր կեանքի հաւաստիքն է. ուրեմն յուսահատութիւնը պէտք չէ տեղ գրաւէ մարդուս կեանքին մէջ, ինչ որ բոլորովին ներհակ է իր կոչումին։
Մարդ, սակայն պէտք է գիտնայ, թէ աշխարհը, որուն մէջ կը բնակի, միայն «լոյս», միայն դրախտ մը չէ։ Աշխարհ ունի նաեւ մութ եւ խաւար կողմ մը եւ որքան ալ ժամանակաւոր ըլլայ այդ խաւարը, ի վերջոյ կը գործէ իր ազդեցութիւնը մարդուս կեանքին վրայ։ Ահաւասիկ, այդ ժամանակաշրջանին է, որ մարդ պէտք է հաստատակամ համբերութեամբ, զօրաւոր կամքով եւ հանդուրժողութեամբ դիմաւորէ խաւարը եւ մութը, առանց յուսահատելու ակնկալէ լոյսը, որ կը կայանայ իր յոյսին մէջ։
Արդարեւ, Աստուծոյ «բարի խոստում»ները անոնց համար է՝ որոնք նեղութիւններու, դժուարութիւններու, աղէտներու փլատակին ներքեւ չե՛ն թաղուիր, այլ իրենց աչքերը հեռուն՝ հորիզոնին վրայ, լուսաւոր եւ աւետաբեր գիծին վրայ զԱստուած կը փնտռեն եւ Անոր կը վստահին, Անոր օգնութիւնը կը խնդրեն…։
Իրաւ է որ աշխարհի վրայ որքան կայ ժպիտ, յաջողութիւն, հաճոյք, վայելք, նոյնքան ալ կայ արցունք, ձախողութիւն, կորուստ, ցաւ, վիշտ, տառապանք եւ յուսախաբութիւն։ Բայց կեանքի նեղութիւնները, ցաւերը, վիշտերը, տառապանքները կը յաղթահարեն միայն անոնք՝ որոնք կը մերժեն յուսահատութիւնը եւ կ՚ըսեն.- յուսահատութիւն՝ ո՛չ երբեք։
Ուրեմն մարդ ո՞ւր պիտի փնտռէ եւ գտնէ օգնութիւն՝ երբ կը շլմորի, կը մոլորի, եւ կամ խաւարը կը պատէ իր ամբողջ էութիւնը՝ հոգին, երբ վախերու, կասկածներու վիհի մը մէջ կը գլտորի, երբ «տուն»ը կը քայքայուի, երբ «մինակ», միս մինակ կը զգայ ինքզինք, առանձնութիւնն ալ չի մխիթարեր զինք, անօգնական, անոք եւ վհատ… ահաւասիկ, այդ պահուն պէտք է հեռո՜ւն նայի, լուսաւոր հորիզոնը տեսնելու՝ Աստուծոյ յաւիտենականութեան, անվախճանութեան խորհրդանի՛շը։
Յոյսն է այդ լուսաւոր հորիզոնը, անվերջ, մշտնջենաւոր լոյսը, որ կը փարատէ ամէն խաւար, ամէն նեղութիւն։
Յոյսը, արդարեւ, աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է, որով մարդ կը բաղձայ իբր իր երանութիւնը ունենալ՝ երկինքի Արքայութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը, իր վստահութիւնը դնելով Քրիստոսի խոստումներուն վրայ եւ ապաւինելով ո՛չ թէ իր ուժերուն, այլ Սուրբ Հոգիին շնորհքին օգնութեան։
«Պահե՛նք անսասան մեր դաւանութիւնը յոյսին հանդէպ, որովհետեւ ան որ խոստացաւ՝ հաւատարի՛մ է» (ԵԲՐ. Ժ 23)։
«Հայրը՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, առատօրէն զեղուց այս Հոգին մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի արդարացած շնորհքովն Քրիստոսի, յոյսով ընդունինք ժառանգութիւնը յաւիտենական կեանքին» (ՏԻՏ. Գ 6-7)։
Աստուած երբ մարդուն կը յայտնուի եւ կը կանչէ զայն, մարդը չի կրնար իր սեփական ուժերով լիօրէն պատասխանել աստուածային սիրոյն։ Ան պէտք է յուսայ, թէ Աստուած իրեն կարելիութիւնը պիտի տայ զԻնք փոխադարձաբար սիրելու եւ գործելու սիրոյ պատուէրներուն համաձայն։
Յոյսը՝ վստահութեամբ սպասումն է աստուածային օրհնութեան եւ Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան։
Յոյսը նաեւ երկիւղն է Աստուծոյ սէրը վիրաւորելու եւ պատիժը գրգռելու։
Յոյսին դէմ գործուող մեղքերն են՝ յուսահատութիւն եւ ինքնահաւանութիւն։
Արդարեւ, յուսահատութեամբ, մարդը կը դադրի Աստուծմէ յուսալէ իր անձնական փրկութիւնը, հոն հասնելու օգնութիւնները կամ իր մեղքերուն ներումը։ Ան կ՚ընդդիմանայ Աստուծոյ Բարութեան, Անոր Արդարութեան, քանի որ Տէրը հաւատարի՛մ է Իր խոստումներուն մէջ, եւ ան կ՚ընդդիմանայ նաեւ՝ Աստուծոյ Ողորմութեան, Ամենագթութեան։
Ուստի յոյսին առաքինութիւնը կ՚ընդառաջէ երանութեան տենչանքին, զոր Աստուած դրած է ամէն մարդու մէջ, ամէն սրտի մէջ։ Ան կը ստանձնէ յոյսերը, որոնք կը ներշնչեն մարդոց գործունէութիւնները, կը մաքրէ զանոնք եւ կը հունաւորէ դէպի երկինքի Արքայութիւնը։ Ան մարդը կը պաշտպանէ վհատութենէն, ան որ անոր թիկունք կը կանգնի լքումի վայրկեաններուն մէջ, կ՚ընդարձակէ սիրտը դէպի սպասումը յաւիտենական երանութեան։
Յոյսին տուած թափը մարդս զերծ կը պահէ եսասիրութենէն եւ կ՚առաջնորդէ սիրոյ երանութեան։
Քրիստոնեայ յոյսը կը վերադարձնէ եւ իր լրումին կը հասցնէ ժողովուրդին յոյսը, որ իր ծագումը եւ տիպարը ունի Աբրահամին յոյսին մէջ՝ որ Աստուծոյ խոստումներուն լիացումը գտաւ Իսահակի մէջ եւ մաքրուեցաւ զոհի փորձութեամբ (ԾՆՆԴ. ԺԷ 4-8, ԻԲ 1-18)։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Յուսալով հակառակ ամէն յոյսի, ան հաւատաց եւ եղաւ հայր բազմաթիւ ժողովուրդներուն» (ՀՌՈՄ. Դ 18)։
Տիեզերքի մէջ մարդկային փորձառութիւններէն եւ ո՛չ մէկը վճռական կամ «ճակատագրական» է։
Մեզի ի՛նչ որ պատահի երկրորդական նշանակութիւն ունի, որքան ատեն որ Աստուած կա՛յ եւ կը մնա՛յ Իր իմաստութեամբը, բարութեամբը եւ վեհապետական անպարտելի զօրութեամբը։
Արդարեւ, Աստուծոյ ապաւինիլ կեանքը լեցուն ապրիլ կը նշանակէ։
Ան որ Աստուած ունի՝ ամէն ինչ ունի, երբ ո՛չինչ ունի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 8, 2020, Իսթանպուլ