ՀԱՅ ԱԶԳԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ՄԱՐԴ Կ՚ԱՆՈՒԱՆԷ

Կեանքը՝ տեւողութիւնը ուրախանալու, ըմբոշխնելու եւ վայելելու կա՞րճ է թէ երկար՝ չենք գիտեր, սակայն գիտենք որ քի՛չ է անոր համար, որ ծարաւը ունի ընթերցանութեան եւ գիտութեան: Ինչքան ժամանակը յառաջանայ, այնքան աւելիով կը նկատենք, որ մեր դիմաց ունինք ծո՜վ մը գրականութիւն ու աշխատութիւններ, որոնցմէ միայն մի քանի կաթիլը հասցուցած ենք սերտել եւ ուսումնասիրել:

Այդ ծարաւը ստիպեց, որ մեր ձեռքը առնենք 1881 թուականին լոյս տեսած Մատթէոս Մամուրեանի «Անգլիական նամականի կամ Հայու մը ճակատագիրը». առաջին հերթին տարօրինակ թուեցաւ խորագիրը. ի՞նչ կապ ունի անգլիացին հայու ճակատագրին հետ. այս հարցին պատասխանը կարելի է ստանալ մի միայն ընթերցելով այս հրաշալի աշխատութիւնը, որ լրջօրէն կը խօսի մեր ազգի ապագային ու դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն մասին: Աշխատութեան մէջ Մատթէոս Մամուրեան ստեղծած է երեւակայածին անգլիացի մը, որ սէր ունեցած է պատմութեան մէջ ուսումնասիրելու հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, փափաք ունեցած է մօտէն ուսումնասիրել այս ազգը, մանաւանդ զարմանալով, որ բազմաթի՜ւ հսկայական պետութիւններ պատմութեան ընթացքին ոչնչացան, սակայն այս ազգը՝ հայութիւնը յաջողեցաւ իր գոյութիւնը պահել՝ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու:

Աշխատութիւնը նամականի մըն է. անգլիացի Նելսոնը՝ որ լաւապէս կը տիրապետէ հայերէն լեզուին, իր տպաւորութիւններուն մասին նամակ կը գրէ իր բարեկամին եւ կ՚ուզէ համեմատական մը կատարել պատմութեան մէջ արտացոլացող հայուն եւ իր օրերու հայուն միջեւ:

Նելսոն օտար ըլլալով յուսախաբութիւն մը կ՚ապրի, որովհետեւ կը տեսնէ, թէ պատմութեան մէջ իր ուսումնասիրած հայն ու իր օրերու հայը ամբողջութեամբ տարբեր անձեր են. այս անտրամաբանական տարբերութեան վրայ Նելսոնի քննադատական նամակները շատ սուր եւ ծանր կ՚ըլլան. Անգլիայէն հայ ժողովուրդը ուսումնասիրելու եկած Նելսոն տեսնելով հայ ազգի վիճակը, կը գոչէ.

«Երա՞զ թէ իսկութիւն է տեսածս: Միթէ անոր յուղարկաւորութեան հանդիսատես լինելո՞ւ եկայ հոս: Ինչպէս այս Արամեան վեհ ազգը Մասեաց սարերէն այս անդունդը ընկեր թաղուեր է. ո՞ւր են անոր Հայրենիքը, քաղաքական սահմանադրութիւնը, ամբողջ մարմինը եւ ինքնաբուն գլուխը՝ ո՞ւր են»: Ինչքա՜ն ցնցիչ է անոր «յուղարկաւորութիւն» բառը. այլ խօսքով՝ Մամուրեան ներկայ հայը համեմատելով անցեալի պատմութեան հայուն հետ զինք մահացած կը նկատէ. մահացած ո՛չ միայն մարմնով, այլ՝ հոգիով, սկզբունքներով, հայրենասիրութեամբ եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչով՝ որ հայը կը յաջողէր հայ պահել:

Նման միտք մը արտայայտելու համար Մամուրեան ինչո՞ւ անգլիացի Նելսոնը կը գործածէ. մեր կարծիքով՝ հեղինակը կը փորձէ ամբողջութեամբ չէզոք, օտարի մը աչքով ուսումնասիրել հայ ազգը, ամենայն արդարութեամբ խօսելու այդտեղ տեղ գտնող սխալներուն մասին:

Նելսոն իր նամակը կը շարունակէ հետեւեալ խօսքերով.

«Ճշմարիտ հայութեան դրոշմական նշանները գտնելու համար պինդ եւ պինդ նայեցայ այս ազգին երեսէն վար եւ հազիւ հազ անոր քանի մը երակները Հայկայ արիւնով վազուն գտայ: Իսկ միւս մասերը ամէն տեսակ խառնուրդ կը պարունակեն»: Գուցէ շատեր շատ խիստ ու չափազանցուած գտնեն Մատթէոս Մամուրեանի բողոքներն ու օրինակները, սակայն, անոր տողերուն մէջ մենք չափազանցութենէ աւելի խոր ցաւ մը կը տեսնենք. ցաւ՝ ազգի ու հայրենիքի հանդէպ:

Նելսոն պարզապէս յուսախաբութիւն մը կ՚ապրի. Խորենացիի ճամբով կ՚ուսումնասիրէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ տեսնելով հայերը հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ինչպէ՞ս Խորենացին առաջնորդ առնում ինձ ծանօթանալու համար ժողովրդեան մ՚որ նոյն ինք չճանչեր այն ալեւոր ծերունին». Մամուրեան ըսել կ՚ուզէ, որ հայը իր արժէքները չի՛ ճանչնար. Նելսոն կը շարունակէ. «Ինչպէ՞ս խօսակցիմ հետը՝ երբ նոյն ինք անոր լեզուն չհասկնար»: Այսօր, այս գրութենէն 143 տարիներ ետք ճշմարտութիւնը կը փաստէ, որ մենք մեր հայութենէն մէկ օրուան մէջ չէ՛ որ մերկացանք։ Մեր հայաթափումը եղաւ գրեթէ ամէ՛ն օր. մենք բոլորս երէկ աւելի հայ էինք՝ քան այսօր եւ այսօր աւելի հայ պիտի ըլլանք՝ քան վաղը: Այս բոլորին դիմաց Մամուրեան հայ ազգը կը նմանեցնէ «կիսամեռ մարմին»ի մը:

Նելսոն պատմութեան մէջ կարդացած էր, որ հայը խիզախ է ու չյանձնուող. կարդացած ու հաւատացած էր, թէ հայու հոգին անթափ ու անյաղթ է եւ հոգիին զօրութիւնը աննուաճելի. Նելսոնի բառերն են դարձեալ. «Ինչո՞ւ այսպիսի հիւանդ ու վշտաբեկ մարմին մ՚է հագեր, ինչո՞ւ գերի է եւ ինչո՞ւ դարձեալ ազգ կը կոչուի...»:

Նելսոն առիթ մըն է համեմատական մը դնելու մերօրեայ հայուն եւ պատմութեան մէջ նկարագրուած հայուն միջեւ՝ որ յաջողեցաւ հազարամեակներ գոյատեւել: Նելսոն պահ մը այս բոլորը երազ կը կարծէ, սակայն յետոյ կ՚ըսէ. «Ես չեմ երազողը եւ թիւրաբանողը, այլ հայ ազգը, որ ՄԱՐԴ կ՚անուանէ ինքզինք...». մեր նախնիներու հանդէպ մեր ունեցած անտարբեր պահուածքին եւ սրբազան արժէքներուն տէր չդառնալուն համար իրաւունք ունի՞նք մարդ կոչուելու՝ չեմ գիտեր...:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար շատեր կը սարսափին մահէն, իսկ ուրիշներ կ՚ուզեն մահանալ:

Պատասխան. Մահուան վախը եւ գոյատեւելու ցանկութիւնը մարդկային բնազդին մաս կը կազմէ. անձեր, որոնք կը վախնան մահէն, իրենց մէջ կ՚ունենան վախը մահէն ետք գոյութիւն ունեցող անորոշութեան, ինչպէս նաեւ ցաւ ու կորուստի խոր զգացում. անոնք, որոնք կ՚ուզեն մահանալ, մեծ հաւանականութեամբ իրենց վրայ կը զգան ցաւ ու տառապանք, հոգեկան առողջութեան հետ կապուած խնդիրներ կամ յուսահատական զգացում, որ կեանքը անտանելի կը դարձնէ: Անհատական համոզումները, փորձառութիւններն ու հոգեկան առողջութիւնը մեծապէս կ՚ազդեն մարդուն վրայ, մարդուն մէջ ձեւաւորելով մահուան գաղափարը՝ որպէս ազատում կամ որպէս սպառնալիք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024