ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱ՜Ն ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Մոլորած եւ դժբախտ աշխարհի մը վրայ, ամէն մարդ իր անիմաստ ու աննպատակ երազներէն տարուած՝ անորոշ կեանք մը կ՚ապրի։ Երջանկութեան կեղծ երեւոյթին տակ, ցանկասիրութիւնը իր ետեւէն կը քաշէ բազմաթիւ խաբուած ու մոլորած մահկանացուներ։
Մարդ ինքզինք լոյսի մէջ կը կարծէ, մինչդեռ ահաւո՜ր խաւարի մը մէջ խարխափելով ուղղութիւն մը գտնել կը ջանայ՝ կը տատանի եւ երբեմն ալ կը տապալի։ Խաւարը եւ մութը խաբէական է՝ կեղծ եւ անորո՛շ։ Եւ մարդ չ՚անդրադառնար իր վիճակին, մութի մէջ կարծեցեալ լոյսի մէջ կ՚ապրի, աւելի ճիշդ է ըսել՝ կը կարծէ, թէ կ՚ապրի…։
Զգայութեան դժբախտ տիրապետութեան ենթակայ, մարդ ինքզինք կը մատնէ եւ դժբախտութեան լուծին տակ կը մտնէ՝ հետզհետէ հեռանալով ամէն մաքուր մտածումներէ եւ տրամադրութիւններէ, որոնք պիտի փրկէին զինք եւ առաջնորդէին յաւիտենական երջանկութեան։ Մինչդեռ մարդուն կոչումը կատարելութիւն է, ինչպէս իր Արարիչը կատարեալ է։ Իսկ կատարելութիւնը երջանկութիւն է, եւ ուրեմն մարդ կոչուած է երջանիկ ըլլալու։ Բայց մարդ իր երկրային կեանքին մէջ ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի դժբախտ ըլլայ, եւ եթէ այդպէս չըլլար, աշխարհի վրայ ինչո՞ւ այսքան դժբախտ մարդ ըլլար։ Մարդ իր դժբախտութիւնը ի՛նք կը պատրաստէ, քանի որ փոխանակ երջանկութեան տանող ճամբան նախընտրելու՝ դժբախտութեան տանող ճամբան կը նախընտրէ, եւ իր ընտրութեան կերպով պատասխանատու կ՚ըլլայ իր խղճին եւ իր Արարիչին հանդէպ։
Մարդ իր Արարիչին աղօթելու է, որ ազատէ իր հոգին իր զգայարաններու պատրանքներէն, հեռացնէ իրմէ անհամար խռնումը տեսանելի եւ հրապուրող իրերու, ցնորքներու՝ որոնք տեւական մտացրումի պատճառներ են, եւ այս կերպ հոգին ինքզինք օտարութեան մէջ կը զգայ։ Մարդ աղօթելու է նաեւ, որ իր Արարիչը պայծառութիւն տայ իր բանականութեան, իմացականութեան, որպէսզի որոշումները եւ նախընտրութիւնները նպաստաւոր ըլլան եւ համաձայն՝ աստուածային իմաստութեան։ Մարդուս խորհուրդները եթէ համաձայնին Աստուծոյ կամքին, այլապէս որեւէ արգելք չ՚ըլլա՛ր իր երջանկութեան։
Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ի՞նչ է մարդը։ Ոչինչէն ստեղծուած արարած մը՝ ճանչնալու եւ սիրելու համար իր Արարիչը, յաւիտենական եւ անսահման Էակը՝ որ արարիչն է համայն տիեզերքին։ Համայն տիեզերքը, բոլոր արարածները ժամանակաւոր բաներ են մարդուն համար։ Ո՜րքան ժամանակ կրնայ մնալ երկրի վրայ մարդ, քանի որ ինք ալ ի վերջոյ անցողական է։
Մարդ ո՛րքան ժամանակ որ կ՚ապրի երկրի վրայ, պէտք չէ որ երկիրը ամբողջապէս տիրապետէ իր վրայ, եւ ո՛չ իսկ երկրային հոգերը եւ մտածութիւնները տեւապէս գրաւեն եւ զբաղեցնեն ու կլանեն զինք։ Մարդ աշխարհ կու գայ եւ զինք շրջապատող իրերու հրապոյրները մոռցնել կու տան իրեն անհո՜ւն գեղեցկութիւնը եւ իսկական ճշմարտութիւնը եւ բարիքը՝ որոնք կը պատրաստեն իր երջանկութիւնը՝ որուն կոչուած է եւ իրեն կը սպասէ։
Երկրի գեղեցկութիւնները եւ բարիքները ժամանակի մը համար կ՚ոգեւորեն միայն մարդը՝ որ Աստուած իրեն կը շնորհէ, որպէսզի զօրանայ եւ առոյգ ու շտապ, հաստատ քայլերով դէպի Իրեն սուրայ։
Իսկական առաքինի մարդը՝ ճշմարիտ իմաստուն մա՛րդն է։ Իմաստուն մարդը ամէն բանէ առաջ կը ճանչնայ ինքզինք, գիտէ իր տեղը՝ չափը եւ սահմանը, օտար չէ իր կարողութիւններուն, իր իրաւունքին եւ պարտաւորութեան, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կը շարժի եւ ուղղամիտ է՝ անկեղծ ու անայլայլելի՛։ Իմաստուն է այն մարդը՝ որ սրբութեան անպարտելի կառոյցով շրջապատուած՝ հանդարտօրէն, ինքնավստահ կ՚ընդդիմանայ աշխարհի փոթորկալի յեղաշրջումներուն, դիպուածներուն եւ արկածներուն։
Այս կէտին՝ ինքնաբաւ կը զգայ ինքզինք իմաստուն մարդը, եւ ամէն ժամանակաւոր եւ մահկանացու երեւոյթ գձուձ կ՚երեւի իր աչքին։
Արդարեւ, բարձր գաղափարներ, փառահեղ խօսքեր, եթէ ասոնց ուրիշ երեւոյթ մը չընկերանայ, միայն երեւակայութիւն են, քան ճշմարտութիւն։
Եւ ո՜րքան գեղեցիկ է առաքինութիւնը, եւ ի՜նչքան փայլուն է վայելչութիւնը, եւ ասոնց «աստուածային պատկեր»ը՝ աստուածանմանութիւնը կ՚առինքնէ, կը զմայլեցնէ մարդս։
Իմաստութեամբ հաստատուած առաքինութիւնը «ազնիւ քաջութիւն» մը կը ներշնչէ մարդուս։ Իմաստուն մարդը շատ լա՛ւ կը զանազանէ ինքնավստահութիւնը եւ ինքնահաւանութիւնը իրարմէ։ Ան գիտէ՝ թէ ինքնավստահութիւնը օգուտ է իրեն, բայց ինքնահաւանութիւնը՝ վնա՛ս։
Ուստի կրօնը, մարդկային իմաստութեամբ անգտանելի, երկինքէն իջաւ՝ որ մարդուս երջանկութիւն պատճառէ։ Մարդ պէտք է բարձրացնէ իր մտածումները եւ տեսնէ տարբերութիւնը՝ տկար մահկանացուի մը եւ անսահման, ամենակարող Էակի մը գործերուն մէջ։
Մարդ պէտք է անդրադառնայ ճշմարիտ իմաստութեան, որ աստուածատուր շնորհ մըն է, եւ շարժի ըստ այնմ՝ իմաստութեամբ, բանականութեամբ եւ առաքինի վարքով։
Յաւիտենական կեանքը կը վայելէ մարդ, երբ իմաստութեամբ կ՚ապրի իր երկրային կեանքը։
Արդարեւ, յաւիտենական կեանքը գերագոյն Բարիքին՝ ամենաբարձր Էակին ծոցին մէջ յաւիտենական ուրախութեան վայելք մըն է, որ անսահման իմաստութեամբ օժտը-ւած է։
Եւ եթէ անսահման իմաստութեան ընկերակցի անեզր սէր, ապա մարդ կը ստանայ երկինքի ժառանգը։ Ուստի ուղիղ է, շիտակ է ի՛նչ որ մարդուս խիղճը կ՚ըսէ. առաքինի մարդը արժանի է երջանիկ ըլլալու, քանի որ առաքինութիւնը կը ծնի իմաստութենէն։ Եւ իմաստութիւնը բնածին է մարդուն մէջ, կը բաւէ որ անդրադառնայ իր իմաստութեան, առաքինի կեանք վարէ այս աշխարհի վրայ եւ արժանանայ երկնային անվերջ երջանկութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 8, 2017, Իսթանպուլ