ՎԵՐԱՑԱԿԱՆԸ ԵՒ ԻՐԵՂԷՆԸ

«Իմաստութիւնը կեանքով կը վարձատրէ իրեն ապաւինողները եւ ապահովութիւն կու տայ անոնց՝ որոնք իրեն կը կռթնին՝ որպէս Տիրոջ» (ԱՌԱԿ. Գ 18)։

Հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ. քանի որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց իմաստութեամբ։ Այս ուղղութեամբ կարգ մը վերացական արժէքներ՝ խորհուրդներ հասկնալու համար, ընդհանրապէս կը գործածուի այլաբանական ոճ, մանաւանդ եւ հոգեւոր մարզի մէջ՝ որ կը նշանակէ վերացականը ներկայացնել իրեղէն արժէքներով, այսինքն թանձրացեալ կերպով։ Եւ ասիկա կը գործածուի նաեւ Սուրբ Գիրքի մէջ, յատկապէս Հին Կտակարանի մէջ, ուր վերացական արժէքներ կը ներկայացուին թանձրացեալ կերպով, այսինքն իրեղէն արժէքներու նմանութեամբ։

Եւ ահաւասիկ Սուրբ Գիրքէն նմոյշներ՝ ուր վերացական արժէքներ կը ներկայացուին տեսանելի եւ շօշափելի արժէքներու միջոցով։

ԱՐԲԵՑՈՒԹԻՒՆ. նշանակ է մեղքերու յիմարութեան. «Բաբելոն Տէրոջը ձեռքին մէջ բոլոր երկիրը գինովցնող ոսկի գաւաթ մը եղաւ. անոր գինիէն ազգերը խմեցին, ատոր համար ազգերը յիմարացան» (ԵՐԵՄ. ԾԱ 7), եւ Թմրութիւն որուն մէջ կը ձգէ մարդը Աստուծոյ բարկութիւնը. «Ապշեցէ՛ք եւ զարմացէ՛ք, շլացէ՛ք եւ թմրեցէ՛ք. անոնք արբած են, բայց գինիէն չէ. անոնք կ՚երերան, բայց ցքիէն չէ. քանզի Տէրը ձեր վրայ թմրութեան ոգի թափեց եւ ձեր աչքերը գոցեց. մարգարէները եւ ձեր գլխաւորները, որոնք տեսիլք կը տեսնէին կուրցուց» (ԵՍ. ԻԹ 9-10)։

ԲԱԲԻԼՈՆ. կը նշանակէ Եկեղեցւոյ կռապաշտ եւ հալածիչ թշնամի. «Ես իմ ժողովուրդիս բարկացայ, իմ ժառանգութիւնս պղծեցի, զանոնք քու ձեռքդ տուի. դուն անոնց գթութիւն չցուցուցիր, ծերին վրայ քու լուծդ խիստ ծանրացուցիր» (ԵՍ. ԽԷ 6)։ Նաեւ «Անոր ճակտին վրայ անուն մը դրուած էր. Խորհուրդ՝ Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու եւ երկրի պղծութիւններու մայրը։ Տեսայ այն կինը, որ սուրբերուն արիւնովը եւ Յիսուսին վկաներուն արիւնովը գինովցած էր։ Երբ տեսայ զանիկա, մեծ զարմանքով զարմացայ… Վասնզի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն եւ միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին։ Եւ կինը որ տեսար, այն մեծ քաղաքն է, որ կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ» (ՅԱՅՏ. ԺԷ 5-6, 17-18)։ «Babel - Babilon = La porte de Dieu». Աստուծոյ դուռը։

ԲԱԶՈՒԿ. կը նշանակէ զօրութիւն կամ կարողութիւն. «Ամբարշտին բազուկը կոտրէ, եւ չարին անօրէնութիւնը փնտռէ մինչեւ որ ալ չգտնես» (ՍԱՂՄ. Ժ 15), եւ «Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ով Տէրոջը բազուկը, զօրութի՛ւն հագիր։ Արթնցի՛ր հին օրերուն պէս, անցած դարերուն պէս։ Դուն անիկա չե՞ս, որ Ռահաբը ջարդեցիր եւ վիշապը վիրաւորեցիր» (ԵՍ. ԾԱ 9)։

«Մերկացած բազուկ» կը նշանակէ՝ ի գործ դրուած կարողութիւն. «Տէրը իր սուրբ բազուկը մերկացուց բոլոր ազգերուն աչքին առջեւ եւ երկրին բոլոր ծայրերը Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը պիտի տեսնեն» (ԵՍ. ԾԲ 10)։

ԲԱՆԱԼԻ. կը նշանակէ՝ իշխանութիւն, բանալու եւ գոցելու պաշտօն. «Դաւիթին տանը բանալին անոր ուսին վրայ պիտի դնեմ, որպէսզի անիկա բանայ եւ գոցող չըլլայ եւ գոցէ եւ բացող չըլլայ» (ԵՍ. ԻԲ 22)։ «Ես կենդանի եմ եւ ես ա՛ն եմ որ մեռայ եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ես ունիմ մահուան եւ դժոխքին բանալիները» (ՅԱՅՏ. Ա 18), «Եւ Ֆիլատելֆիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ.- Այսպէս կ՚ըսէ այն Սուրբը, այն Ճշմարիտը որ Դաւիթին բանալին ունի, որ կը բանայ եւ մէ՛կը չկայ որ գոցէ եւ կը գոցէ եւ մէ՛կը չկայ որ բանայ» (ՅԱՅՏ. Գ 7), «Յետոյ հրեշտակ մը տեսայ, որ երկինքէն կ՚իջնէր եւ անդունդին բանալին եւ մեծ շղթայ մը ունէր իր ձեռքը» (ՅԱՅՏ. Ի 1)։

ԳԱԶԱՆՆԵՐ. կը նշանակեն բռնաւոր եւ յափշտակիչ զօրութիւն կամ սոսկ աշխարհային զօրութիւն. «Ու ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան, որոնք իրարմէ տարբեր էին» (ԴԱՆ. Է 3), «Այս չորս գազանները չորս թագաւորներ են, որոնք երկրէն պիտի ելլեն» (ԴԱՆ. Է 17), «Անոնք անգամ մըն ալ ազգերէն պիտի չյափշտակուին եւ երկրի գազանները զանոնք պիտի չուտեն. այլ ապահովութեամբ պիտի բնակին եւ վախցնող մը պիտի չըլլայ» (ԵԶԵԿ. ԼԴ 28)։

Գազաններ՝ զոր օրինակ.

ԱՌԻՒԾ. կը նշանակէ՝ իշխանութիւն եւ ազդեցութիւն ունեցող. «Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ։ Տէր Աստուած խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ» (ԱՄՈՎՍ. Գ 8)։ «Առաջինը առիւծի պէս էր եւ արծիւի թեւեր ունէր։ Երբ կը նայէի՝ անոր թեւերը փրցուեցան եւ երկրէն վերցուեցաւ եւ մարդու պէս ոտքերու վրայ կայնեցաւ եւ անոր մարդու սիրտ տրուեցաւ» (ԴԱՆ. Է 4)։ «Եւ երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի.- Մի՛ լար, ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին Արմատը, յաղթեց եւ որ այն գիրքը պիտի բանայ եւ անոր եօթը կնիքները պիտի քակէ» (ՅԱՅՏ. Ե 5)։ «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թըշ-նամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ» (Ա ՊԵՏՐ. Ե 8)։

ԱՐՋ. նշանակ է յիմար եւ գազանաբարոյ թշնամիի. «Աւելի աղէկ է ձագերը գողցուած արջին առջեւ ելլել, քան թէ յիմարի մը՝ անոր յիմարութեան ատենը» (ԱՌԱԿ. ԺԷ 12)։ «Կովը արջին հետ պիտի ճարակի, անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ» (ԵՍ. ԺԱ 7)։ «Երկրորդ գազանը արջի նման էր եւ մէկ կողմը կայնեցաւ։ Բերանը՝ ակռատներուն մէջ՝ երեք կողի ոսկոր կար եւ անոր այսպէս ըսին.- Ելի՛ր շատ միս կե՛ր» (ԴԱՆ. Է 5)։ «Այդ գազանը ինձի պէս, ինձի նման էր, իր ոտքերը արջու ոտքերու պէս, իր բերանը՝ առիւծի բերնի պէս։ Վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը եւ մեծ իշխանութիւն» (ՅԱՅՏ. ԺԳ 2)։

ԻՆՁ. ինձ, այսինքն՝ կատուազգի գիշատիչ եւ վայրի անասուն՝ ընձառիւծ, յովազառիւծ, կը նշանակէ՝ անգութ եւ նենգաւոր հակառակորդ. «Գայլը գառին հետ պիտի բնակի եւ ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթը եւ առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին եւ զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ» (ԵՍ. ԺԱ 6)։

«Անոր համար անտառին առիւծը պիտի մեռցնէ զանոնք։ Անապատներուն գայլը պիտի սատկեցնէ զանոնք, անոնց քաղաքներուն վրայ ինձը պիտի հսկէ, անոնցմէ դուրս ելլողը պիտի գիշատուի. վասնզի անոնց յանցանքները շատցան եւ անոնց ապստամբութիւնները բազմացան» (ԵՐԵՄ. Ե 6)։ «Անկէ ետքը տեսայ, ահա ինձի նման ուրիշ մը, որուն կռնակին վրայ թռչունի չորս թեւեր կային։ Այս գազանը չորս գլուխ ունէր։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ» (ԴԱՆ. Է 6)։

«Անոր ձիերը ինձերէն աւելի արագաշարժ են եւ գայլերէն աւելի կատաղի։ Անոր ձիաւորները պիտի ցատկեն, անոր ձիաւորները հեռուէն պիտի գան, կերակուրի վրայ սուրացող արծիւի պէս պիտի թռչին» (ԱՄԲԱԿՈՒՄ. Ա 8)։

«Այդ գազանը ինձի նման էր, իր ոտքերը արջու ոտքերու պէս, իր բերանը առիւծի բերնի պէս։ Վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը եւ մեծ իշխանութիւն» (ՅԱՅՏ. ԺԳ 2)։

Ուստի Սուրբ Գիրքը լա՛ւ հասկնալու համար պէտք է լաւ մեկնաբանուին բառերը, որոնք այլաբանական կերպով գործածուած են…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 9, 2020, Իսթանպուլ 

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2020