ՎԱԽԸ ԱՄՕԹ ՄԸ ՉԷ

Մարդկային կեանքին մէջ շատ մը յոյզեր կը ձեւաւորուին ժամանակի ընթացքին՝ հիմնուելով փորձառութեան վրայ, սակայն կան անդին այլ յոյզեր, որոնք ի բնէ մարդուն մէջ գոյութիւն ունին. այդ յոյզերէն մէկն է վախը, որ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ մեր ամբողջ կեանքին վրայ: Վախը մարդկային ամենէն բարդ եւ բազմակողմանի յոյզն է:

Նախքան վախի բացատրութեան մէջ խորանալը՝ յայտնենք, որ կը հաւատանք, թէ աշխարհի վրայ «անվախ» հասկացողութիւնը գոյութիւն չունի։ Վախը իւրաքանչիւր մարդու մէջ գոյութիւն է եւ անոր շուրջ կը ձեւաւորուի մեր ընկալումներն ու վարքագիծը. վախը ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով մարդուն գոյութիւնը կ՚ապահովէ, մարդը մի՛շտ զգօն պահելով թէ՛ մարմնական եւ թէ հոգեկան վնասներէ։ Կրնայ ըլլալ երեւոյթ մը, որ ինծի վախ չպատճառէ, սակայն քեզի պատճառէ եւ կամ հակառակը, սակայն ամբողջութեամբ «անվախ» ըլլալու հասկացողութիւնը վերացական է: Ի դէպ, վախ ըսելով պէտք չէ լոկ հասկնալ արտաքին աշխարհի հետ առընչուող վախեր. վախը միայն ծեծէն, անասունէն եւ կամ մարմնական վտանգներէն չէ՛ որ մարդ կ՚ունենայ. վախ է նաեւ կարօտի զգացումը, սիրելի մը դարձեալ չտեսնելու մտահոգութիւնը եւ նման հոգեկան բազմաթիւ յոյզեր:

Իրականութեան մէջ վախը ինչքան ալ որպէս բացասական յոյզ նկատուի, իրականութեան մէջ ունի իր դրական կողմերը, մանաւանդ հոգեբանականօրէն զարգանալու կարեւոր գործընթացին մէջ։ Ան մարդու կեանքին մէջ կը ստեղծէ ճկնութիւն՝ խուսափելու վտանգէն. այդ իսկ պատճառով վախը կը բաժնենք երկու մասերու՝ «հիւանդ վախ» եւ «առողջ վախ»։ Մարդու բնութենէն կախեալ է վախը վերածել բարիքի եւ կամ խոչընդոտի:

Նկատենք թէ ոչ, իրականութեան մէջ վախը մեր կեանքի անբաժան մէկ մասն է. օրինակ առնենք պետութիւններու օրէնքները, որոնց դիմաց սահմանուած են պատիժներ. պետութիւններ իրենց ժողովուրդները կը կառավարեն այդ անուղղակի վախով, որովհետեւ իւրաքանչիւր օրէնք ունի իր պատճառները եւ չգործադրելու պարագային իր պատիժները, ինչ որ մարդիկը զգաստ կը պահէ: Նկատենք թէ ոչ, ամէ՛ն կրօնի մէջ եւս գոյութիւն ունի վախը. գրեթէ բոլորին մօտ բարին երանաւէտ կեանքի, իսկ չարը գեհենի պիտի արժանանայ: Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք մարդկային պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ մինչեւ իսկ նախամարդը լաւապէս գիտակցած է վախի ազդեցութիւնը եւ ըստ այնմ սկսած է իր կեանքը կարգաւորել՝ օրէնքներու եւ պատիժներու համեմատականով:

Վախը կարեւոր է մարդկային կեանքը կարգաւորելու համար, սակայն ինչպէս միշտ պէտք է խուսափիլ ծայրայեղութիւններէ, որովհետեւ սաստիկ վախը կը կորսնցնէ իր դրական կողմը եւ կը դառնայ բացասական. չափէ դուրս վախը մարդուն մօտ կը յառաջացնէ տագնապներ եւ զինք անկարողութեան կը մատնէ: Նման ծայրայեղ վախեր մարդուն մէջ կը խթանեն բռնութիւնը, ատելութիւնը. այդ իսկ պատճառով վախը կրնայ թէ՛ պաշտպան եւ թէ վնաս դառնալ. հաւասարակշռութիւնը կարեւոր է:

Վախը կարեւոր է, սակայն մարդ արարած իր բնազդէն մղուած մի՛շտ կը ձգտի հասնիլ «անվախ»ութեան. գուցէ այն պատճառով, որ մեր հասարակութեան մէջ վախի իմաստը շա՛տ ժխտական հասկացողութիւն ունեցած է. մէկը միւսին անտեսած է «վախկոտ» ըսելով, մոռնալով՝ որ վախը պարզապէս նպատակներու եւ ձգտումներու հասնելու ճամբան կը հարթէ: Վախը միջոց է աւելի գիտակից ձեւով նաւարկելու կեանքի փոթորիկներուն դէմ. այդ վախերը լաւապէս քննողն ու հասկցողն է խելացին ու քաջը եւ ո՛չ թէ ան՝ որ ինքզինք անվախ նկատելով անխոհեմ մօտեցում կ՚ունենայ կեանքին եւ վերջաւորութեան այդ անվախութեան գինը ծանր կը վճարէ: Վախը կ՚օգնէ հաւասարակշռելու կեանքը՝ դառնալով աւելի խորաթափանց:

Շատ մը փիլիսոփաներ վախը նկատած են մարդու մեծագոյն պաշտպանը՝ զանազան սպառնալիքներու եւ վտանգներու դիմաց պաշտպանուելու համար. վախն է, որ կ՚իշէ մեր ազատութեան վրայ: Շատեր կը հաւատան, որ վախն ու ժամանակը իրարու հետ համագործակցելով կը կազմեն կեանքը, որովհետեւ վախը իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ, իսկ ժամանակը ընթացքին այդ վախը փորձառութեան հիման վրայ կը փոխէ, փոխազդեցութիւն մը ստեղծելով: Շատ մը մտածողներ վախի հականիշը անվախութեան փոխարէն նախընտրած են քաջութիւնը, առաքինութիւնը՝ որպէս անվախութեան եւ վախկոտութեան միջին: Վախը քարացած զգայնութիւն մը չէ. անոր տրուած է մեր վարքագիծը ձեւաւորելը, դառնալով խթանիչ. վախն է, որ մարդուն կու տայ շուտ կողմնորոշուելու ունակութիւն եւ անոր հիման վրայ մարդ կ՚ընտրէ իր քայլերը. վախն է, որ մարդը հեռու կը պահէ նոյն սխալները դարձեալ կրկնելու սխալէն եւ այդ վախին շուրջ կը կազմուի հասարակութեան մը ապրելակերպը. այլ խօսքով՝ անհատականի կողքին ունի նաեւ իր ընդհանուր հաւաքական ազդեցութիւնը:

Պէտք չէ վախնալ վախէն. պէտք է ունենալ քաջութիւնը ուսումնասիրելու, քննելու եւ վախը բացասական երեւոյթ որպէս տեսնելու փոխարէն տեսնել որպէս դաստիարակ, յառաջիկայ մարտահրաւէրները գիտակցութեամբ դիմաւորելու համար:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ է աշխարհի ամենէն անվախ մարդը։

Պատասխան. Աշխարհի ամենէն անվախ անձը ընտրելը յարաբերական է, որովհետեւ անվախութիւնը ունի իր տարբեր բացատրութիւններն ու ձեւերը: Սակայն որպէս օրինակ կարելի է յիշել Մալալա Եուսաֆզային (Malala Yousafzai), որ կանանց կրթութեան համար պայքարող փաքիստանցի մըն է։ Մալալան 2012 թուականին գնդակահարուելով նահատակուած է կանանց կրթութեան իրաւունքը պաշտպանելուն համար. ան լաւապէս գիտակցելով վտանգներուն, անսասան նուիրուածութեամբ քարոզած է կանանց կրթութեան իրաւունքը եւ դարձած՝ անվախութեան խորհրդանիշ մը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2024