ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆՎՐԻՊԵԼԻ
Յաճախ կը կրկնենք, Յիսուս Ի՛նք կը հաստատէ, թէ այս աշխարհի վրայ պիտի ըլլան միշտ նեղութիւններ, քանի որ այս աշխարհը վարդաստան մը չէ՛, այլ պէտք է քաջ ըլլալ եւ պայքարիլ նեղութիւններու դէմ՝ փոխանակ վհատելու եւ յուսալքուելու։ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, քանի որ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Արդարեւ, քաջալերուիլ կը նշանակէ՝ զօրաւո՛ր ըլլալ։ Իսկ «զօրութիւն»ը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններու, նեղութիւններու դէմ կը կանգնի։ Զօրութիւնը նեղութիւններու մէջ կ՚ապահովէ վճռակամութի՛ւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին նկատմամբ։
Քաջալերանքը՝ զօրութիւնը կ՚ամրանցէ առաջադրանքը փորձութիւններուն դիմադրելու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։
Զօրութեան առաքինութիւնը մարդս կարո՛ղ կը դարձնէ յաղթելու վախին, նոյնիսկ մահուան վախին՝ որ սկիզբն է ամէն վախերու, ճակատելու նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ զանազան հալածանքներուն։ Ան, մարդս տրամադիր կը դարձնէ երթալու մինչեւ հրաժարումը եւ զոհաբերումը իր կեանքին՝ պաշտպանելու համար «արդա՛ր դատ» մը։ Սաղմոսերգուն կ՚երգէ.
«Իմ զօրութիւնս եւ իմ երգս Տէ՛րն է» (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 14)։ Ինչ որ կ՚ենթադրէ որդիական վստահութիւնը մարդուն՝ Աստուծոյ նկատմամբ։
Արդարեւ, մարդ «որդիական վստահութիւն»ը կ՚ապրի, եւ ասիկա կը փաստուի նեղութիւններու մէջ։
Գլխաւոր նեղութիւնը կամ դժուարութիւնը կը հայի «խնդրանքի աղօթք»ին՝ կատարուած իր իսկ անձին կամ ուրիշներուն համար՝ բարեխօսութեան միջոցով։ Կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ոմանք նոյնիսկ կը դադրին աղօթելէ, մտածելով, որ «իրենց խնդրանքը ընդունելի չէ եղած…»։
Հոս երկու հարցում կը ծագի։
Նախ՝ ինչո՞ւ կը խորհինք, թէ մեր խնդրանքը ընդունելի չէ եղած։ Ապա՝ ի՞նչ ձեւով մեր աղօթքը ընդունելի՝ արդիւնաւոր կը դառնայ։
Արդեօք մենք համոզուա՞ծ ենք, թէ «չենք գիտեր աղօթել ինչպէս որ պէտք է», ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (ՀՌՈՄ. Ը 26)։ Բարձրա-մըտութեամբ եւ հպարտութեամբ կատարուած աղօթքը կարելի՞ է նկատել «աղօթք», քանի որ հոն կը պակսի խոնարհութիւնը։
Վեր բարձրացուած հոգիով կատարուած աղօթքն է, որ ընդունելի կ՚ըլլայ, եւ մարդ ընդհանրապէս չ՚անդրադառնար այս իրողութեան…։
Շատ մը աւետարանական վկայութիւններ մեզի ցոյց կու տան՝ թէ «հա՛րկ է անցնինք բազմաթիւ նեղութիւններէ, որպէսզի մտնենք Աստուծոյ Արքայութեան մէջ» (ԳՈՐԾ. ԺԴ 22)։ Արդարեւ առանց չարչարուելու, առանց խաչուելու յարութիւն կարելի՞ է սպասել։ Պէ՛տք է անկում ունենալ՝ վե՛ր կանգնելու համար։ Մա՛րդը միայն ստեղծուած է ուղղաձիգ բոլոր կենդանի արարածներու մէջ եւ մարդուն գլուխը հաստատուած է մարմնին վերի մասը։ Այս կը նշանակէ՝ որ մարդ կոչուած է միշտ վե՛ր մնալու, բարձրանալո՛ւ…։
Փոթորիկի պատճառով նաւաբեկութեան ենթարկուած նաւէն փրկուած հայր եւ որդի երկու նաւաբեկեալներ փոքր տախտակի մը կառչած ծովուն վրայ՝ կեանքի մէջ մնալու պայքար կու տան։
Տղան կ՚ըսէ հօրը. «Կեանքի մէջ կա՞յ աւելի մեծ նեղութիւն քան սա պահուս մեր ապրածը»։
Հայրը տրտմալից կը պատասխանէ. «Կա՛յ տղաս։ Հօր մը համար իր զաւկին օգնելու, իր նեղութենէն փրկելու անկարելիութեան մէջ գտնուիլը։ Մէկը եթէ կ՚ուզէ բարիք գործել, ողորմիլ եւ օգնել կարիքաւորի մը եւ չկարենայ իրագործել, ամենամեծ նեղութիւնն է ատիկա…»։ Նեղութիւններ կարելի է մեղմել ամէն պարագայի մէջ, բայց եթէ անկարելիութեան հետ դիմաւորուի մարդ, ահաւասիկ ա՛յդ ամենամեծ նեղութիւնն է, որ կը պատահի կեանքի մէջ։
Յոյսը զէ՛նքն է, որ կը պաշտպանէ մեզ փրկութեան պայքարին մէջ։ Յոյսը մեզի ուրախութիւն կու տայ նոյնիսկ նեղութիւններու մէջ, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը.
«Ուրախ եղէ՛ք յոյսին մէջ, համբերող՝ նեղութեան մէջ» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12)։ Արդարեւ, յոյսը կ՚արտայայտուի, կը սնանի եւ կ՚աճի աղօթքին մէջ, մասնաւորապէս Տէրունական աղօթքին՝ «Հայր մեր»ին մէջ, որ համառօտութիւնն է ամէն բանի՝ որ յոյսը մեզի բաղձալի կը դարձնէ։ Ուստի «Երանութիւններ»ը կ՚ուրուագծեն Յիսուս Քրիստոսի դիմագիծը եւ կը նկարագրեն Անոր սէրը։ Անոնք կ՚արտայայտեն կոչումը հաւատացեալներուն՝ որոնք բաժնեկից ու մասնակից են Անոր նեղութիւններուն, չարչարանքին եւ վերջապէս Յարութեան փառքին։
Երանութիւնները կը լուսաւորեն քրիստոնեայ կեանքին գործերն ու յատկանշական կեցուածքները…։
Անոնք յարակարծիք խոստումներ են, որ թիկունք կը կանգնին յոյսին՝ նեղութիւններու, դժուարութիւններու, տառապանքներու մէջ։ Անոնք կը հռչակեն օրհնութիւնները եւ վարձատրութիւնները, որոնք արդէն տարտամ կերպով շահուած են աշակերտներուն կողմէ։ Անոնք արդէն իսկ սկզբնաւորուած են բոլոր սուրբերուն կեանքին մէջ՝ ուր երբեք չի պակսիր նեղութիւնը, տառապանքը։
Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, պէտք է համոզուինք, պէտք է ընդունինք, որ պիտի պատահին դժուարութիւններ, նեղութիւններ, վիշտեր ու տառապանքներ՝ որոնց մեղմացմանը համար պէտք է որոնել ամէն կարելիութիւն, ամէն միջոց, ամէն կարողութիւն… Բայց երբ յուսալքուած է մարդ, վհատած, անկարելիութեան վիհին մէջ՝ արգելքի մը հանդիպած եւ ճարը սպառած, անօգնական ու ապիկարութեան անգութ ճիրաններուն է յանձնուած, ահաւասի՛կ այդ է ամենէն ծանր նեղութիւնը։
Օգնել ուզել, բայց չկարենալ ձեռք երկարել։ Միայն խորհիլն իսկ տառապա՜նք է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 7, 2015, Իսթանպուլ