ԼԱՒԸ, ԲԱՐԻՆ ԵՒ ՕԳՏԱԿԱ՛ՐԸ

Մարդ, շատ բնական է որ կը ձգտի լաւին եւ բարիին, բայց նոյն չափով ու եռանդով կը ձգտի՞ արդեօք օգտակարին։

Արդարեւ, հարց է, թէ՝ ամէն լաւ եւ ամէն բարի, օգտակա՞ր է նաեւ։ Խնդրական է, քանի որ լաւը եւ բարին եթէ բացարձակ արժէքներով չեն ներկայացներ՝ յարաբերական են, անշուշտ կարելի չ՚ըլլար անոնց օգտակարութիւնը ստուգել։ Լաւը եւ բարին եթէ բացարձակ չեն, այս կը նշանակէ՝ որ մէկուն համար ի՛նչ որ բարի՛ է, կրնայ ուրիշի մը համար բարի չըլլալ, մինչեւ իսկ՝ չա՛ր։ Նոյնը կարելի է ըսել լաւին համար, եթէ բացարձակ չէ՛ լաւը, այն ատեն, մէկուն համար լաւ չէ՛ այն՝ ի՛նչ որ ուրիշի մը համար լա՛ւ է։

Ուրեմն, կը հետեւի, թէ՝ որեւէ արժէքի մը «օգտակար» ըլլալը կախում ունի այդ արժէքին բացարձակ եւ առարկայական հանգամանք ունենալէն։

Կեանքի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, թէ ի՜նչ «բարի» կարծուած անձեր, ուրիշ մէկու մը համար «չա՛ր» են եղած եւ ի՜նչ «բարիք»ներ եթէ մէկու մը համար «բարիք» են եղած, ուրիշի մը համար ալ «չարի՛ք» եղած են։

«Լաւ» ճանչցուած արարք մը, գործ մը կրնայ ուրիշի մը տեսանկիւնէն «պատուհաս» կամ կատարեալ «փորձանք» ըլլալ։ Եւ կամ բարի նպասակով գործ մը կրնայ վնաս պատճառել, լաւ արարք մը աննպաստ արդիւնք տալ։

Ուրեմն որեւէ արարքի «լաւ» կամ «բարի» ըլլալը ենթակայական է՝ անձէ անձ կը փոխուի եւ հանգամանք կը փոխէ։ Ուստի «լաւ»ը եւ «բարի»ն յարաբերական են եւ փոփոխական, եւ այս պատճառով ալ, կարելի չէ վճռականօրէն ըսել՝ ամէն բարի եւ ամէն լաւ օգտակա՛ր է։ Բայց կարեւորը նպատակը անկեղծ կերպով յայտե՛լն է։ Ինչպէս ամէն մարզի մէջ, հոս ալ, կարեւորը բարի եւ լաւ նպատակ ունենալն է՝ չարը առանց քօղարկելու բարիով եւ փորձանքը առանց ներկայացնելու որպէս լաւ, անկեղծօրէն մօտենա՛լն է հարցին։

Ուստի կարեւորը «ինչպէ՞ս»ը չէ՛, այլ՝ «ի՛նչ»ը։ Քանի որ լաւ եւ բարի արարքներ անպայմա՛ն բարձրագոյն գաղափարականի մը, նուիրումի մը եւ կամ զոհողութեան արդիւնք չե՛ն։ Անձնական շարժառիթներ, ենթակայական մտածումներ, անարգ նկատումներ կրնան ստեղծել «օգտակար» գործունէութիւններ եւ շողշողուն բարեգործութիւններ։ Այս կը նշանակէ, թէ լաւ եւ բարի գործ մը կատարել ուզողի մը եթէ կը պակսի անկեղծութիւնը, նուիրումի եւ կոչումի գիտակցութեան եւ պարտաճանաչութեան տարրը՝ իր գործը որքան ալ լաւ արդիւնքներ ունենայ, չի՛ կրնար ուրիշ որեւէ ասպարէզի գործէն տարբեր նկատուիլ, եթէ իր աշխատանքը միա՛յն նիւթական նկատումով եւ ապրուստի հոգով ի գործ կը դրուի, եւ այն նուիրական արարքը կը կորսնցնէ իր վեհ նշանակութիւնը եւ հանգամանքը։

Ամէնուն կողմէ գիտցուած իրողութիւն է, թէ՝ բարեգործական շա՜տ կոթողներ բարձրացած են «անձնական փառք»ի հիմերուն վրայ, այս տեսակ շատ հաստատութիւններ համբաւի համար վճարուած սակերու հանգամանք կ՚ունենան ընդհանրապէս։

Եւ ա՛լ աւելին կայ։

Երբեմն «բարեսիրակա՛ն» մեծաշռինդ արարքներ ուրիշ բան չեն, այլ կաշառք՝ հանրային կարծիքը գնելու համար շատ անգամ, որպէսզի հանրութիւն մը բռնաբարում մը եւ կամ այլապէս այպանելի արարք մը՝ զոր այդ «բարեսէր» անձը գործած է։ Բայց ուղղադատ եւ արդար միտքը եւ արթուն ու մաքուր խիղճը այս կարգի «վճարում»ներով երբեք չե՛ն կաշառուիր։

Միւս կողմէն, այս նոյն ուղղադատ ու արդար միտքը եւ արթուն ու մաքուր խիղճը եթէ բոլորովին չեն արդարացներ, մեծ մասամբ կը չքմեղացնեն իր հիւանդ զաւկին համար դեղագործին խանութէն տուփ մը դեղ գողցող աղքատ հօր, կամ տան մը սովամահ ըլլալու վիճակին հասնող տղոց համար հաց մը գողցող անգործ որդեսէր մօր մը արարքը։ Ուստի, արդարութեան եւ մահուկեանքի հարցերու միջեւ նախընտրութիւն մը ընել, երկու հակադիր արժէքներու մէջ ներդաշնակութիւն մը կազմել՝ իրապէս նուրբ եւ միանգամայն բարդ խնդիր մըն է, որ հմտութիւն կը պահանջէ…։

«Բարի» եւ «չար», «լաւ» եւ «գէշ», եւ այս վիճակներու հետեւանք՝ «օգտակար» եւ «վնասակար» անուանուած արարքներու վրայ խօսուած ատեն՝ կարելի չէ՛ անտեսել նաեւ կարգ մը ազդակներ՝ զորս հարկ է նկատի առնել եղանակաւորելու համար դատաստանը՝ այս արարքներու հեղինակներուն նկատմամբ։

Այս իմաստով, «ժառանգականութիւն» եւ «միջավայր» զօրաւոր ազդակներ են՝ որոնք յաճախ կ՚իշխեն մարդուս վրայ եւ կը կազմաւորեն ու կը ձեւակերպեն անոր ընթացքը։ Եւ ասիկա երբեմն այնքան ազդու եւ տիրական կ՚ըլլայ, որ ենթական անոնց ձեռքը խաղալիկ մը կը դառնայ հակառակ իր փափաքին եւ կամքին։ Եւ արդար պիտի չըլլայ, զոր օրինակ, «առաքինութեան մրցանակ»ը շնորհել մարդու մը, որովհետեւ իր կեանքին մէջ ոգելից ըմպելի չէ՛ գործածեր. մինչդեռ ո՛չ ոք իր ընտանիքէն խմելու եւ գինովնալու սովորութիւն ունեցեր է, եւ խմելը իրեն համար ո՛չ հաճոյք, ո՛չ ալ փորձութիւն մը կը ներկայացնէ։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել այն դժբախտ գինեմոլին՝ որ իր մեծ հօրմէն եւ հօրմէն ժառանգեր է խմողի գեղձեր կամ ծիներ, եւ այդ մոլութիւնը իր արիւնին եւ ծուծին մէջ է մտեր իր ծնունդէն իսկ։ Կարելի՞ է մեղադրել այդպիսին…։

Գիտնականներ, մարդոց ունակութիւնները եւ տրամադրութիւնները ընդհանրապէս կը վերագրեն «ժառանգականութեամբ ստացուած ծին»երու՝ որոնց համար ենթական պատասխանատու չէ՛։

Ուստի, ինչպէս բարի արարք մը վարձատրելու ժամանակ, շարժառիթը նկատի առնելով աւելի՛ արդար դատաստան մը կատարել կարելի կ՚ըլլայ, մարդկային ամէն տեսակ գէշ՝ յոռի արարքներն ալ դատապարտելու ատեն պէ՛տք է նկատել ժառանգականութեան, ծինային, նաեւ միջավայրի՝ ընտանեկան եւ ընկերային, եւ դաստիարակութեան, կրթութեան նման զօրաւոր ազդակներ։

Եւ սակայն թիւրիմացութեան պատճառ չդառնանք։

Ակնարկուած ազդակները երբ նկատի առնենք, անոնց հետեւանքով յոռի, գէշ արարքներու հանդէպ մեղմ եւ կարեկից դիրք մը երբ կը յանձնարարուի, բոլոր գինեմոլները, անբարոները, ծոյլերը, գողերը, եւ կամ ուրիշ անարգ եւ ծայրայեղ զգացումներ ունեցողները կարելի չէ՛ անշուշտ արդարացնել բոլորովին։

Այս կարեւոր կէտը պէտք է նկատի ունենալ՝ ենթակաները դատելու ատեն՝ աւելի արդա՛ր ըլլալու համար։ Մարդ որքան ալ ապրի աննպաստ ազդակներու ներքեւ, իր արարքներուն եւ ընթացքին պատասխանատո՛ւն է, եւ բանականութիւնը ա՛յս կը պահանջէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 7, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2017