ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ

Սուրբ Աստուածածնի երկրաւոր կեանքի վախճանը «ննջո՛ւմ» եւ ո՛չ թէ «մահ» բառով կ՚անուանուի՝ հասկնալի դարձնելու համար անոր երկինք փոխադրուած ըլլալու իրականութիւնը։ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Հայ Եկեղեցիի հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է եւ կը տօնուի օգոստոս 15-ի մօտակայ, այսինքն՝ օգոստոս 12-էն օգոստոս 18-ի հանդիպող կիրակի օրը։ Այս տարի՝ օգոստոս 12-ին։ Արդարեւ, այս տօնը, Սուրբ Աստուածածնի «ննջման» եւ երկինք փոխադրուելուն յիշատակն է՝ որ կը տօնուի պարզ «Աստուածածին», կամ «Փոխումն» եւ կամ «Ննջումն» անուններու տակ ալ։ Ժողովրդական աւանդութեամբ, այս տօնը կ՚անուանուի ընդհանրապէս «Աստուածածին»։ Այս տօնը ծագած է քրիստոնէութեան հնագոյն ժամանակներէն եւ հաստատուած է 582 թուականին՝ Մաւրիկիոս կայսեր կողմէ։

Եկեղեցին կ՚ընդունի, թէ Քրիստոս Ի՛նք եկաւ իր մայրը փոխադրելու. ուստի տէրունի տօնին յիշատակութիւնը կը կատարուի՝ «Գալուստ ի փոխումն մօրն» բացատրութեամբ։

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը շաբաթապահք, նաւակատիք եւ մեռելոց։ Նախապէս տօնը կը տօնուէր երեք օր միայն, բայց աւելի վերջ Շնորհալիի կարգադրութեամբ ինը օր կատարուիլ սկսաւ՝ կիրակիէն մինչեւ յաջորդ երկուշաբթի։

Արդարեւ, Աւետարանը քիչ բան կ՚ըսէ Սուրբ Աստուածածնի կեանքի մասին. միայն մէկ անգամ կը տեսնենք զինք, Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ՝ ծննդաբերելէն առաջ։ Մարդահամարին մասնակցելու նպատակով երբ կը գտնուէր այդ քաղաքը՝ ան կը ծննդաբերէ Յիսուսը՝ միածին Որդին Աստուծոյ։ Աւելի վերջ զայն կը տեսնենք Կանայի մէջ՝ հարսանիքի մը ընթացքին։ Անգամ մըն ալ երբ կ՚այցելէ Յիսուսի քարոզած վայրը, երբ աշակերտները կը տեղեկացնեն իրեն, թէ դուրսը իրեն կը սպասեն իր մայրը եւ եղբայրները։ Ուրիշ մի քանի առիթներով ալ կարելի է հանդիպիլ Սուրբ Աստուածածնի՝ որ կ՚երեւի Աւետարանի հատուածներուն մէջ զանազան առիթներով։

Բայց ամենայատկանշականը այն է, որ երբ Յիսուս խաչի վրայ էր՝ իր վերջին շունչը աւանդելէ առաջ դարձաւ իր ամենակրտսեր աշակերտին՝ Յովհաննէսին, եւ ըսաւ. «Ահաւասիկ մա՛յրդ» (ՅՈՎՀ. ԺԹ 27), այսինքն՝ ըսել ուզեց, որ տէ՛ր եղիր իմ մօրս։ Արդէն նախապէս ալ ըսած էր իր մօրը. «Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ» (ՅՈՎՀ. ԺԹ 26), ակնարկելով մօրը քով կեցած իր սիրած աշակերտին՝ Յովհաննէսի։

Եւ Աւետարանը կը վկայէ, թէ՝ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ. (ՅՈՎՀ. ԺԹ 27)։

Աւետարանի այս վկայութիւններէն ետք աւանդութիւնն է, որ կ՚ըսէ, թէ Աստուածամայրը երկար, 15 տարիներ ապրեցաւ Յիսուսի աշակերտներու հետ Երուսաղէմի մէջ, եւ յատկապէս Հոգեգալուստի օրը Սուրբ Կոյս Մարիամն ալ աշակերտներու հետ այնտեղ գտնուեցաւ եւ սպասեց Սուրբ Հոգիի այցելութեան, ինչպէս խոստացած էր իր միածինը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Եւ Պենտեկոստէի օրը ինք եւս վկայեց Սուրբ Հոգիին գալուստին՝ աշակերտներու եւ ներկաներու հետ միասին։

Սուրբ Հոգիի այցելութեան ժամանակ, աշակերտներէն Բարթողոմէոս առաքեալ՝ հայոց աշխարհի երկու սուրբ առաքեալներէն մին, կը բացակայէր Աստուածամօր թաղման ժամանակ, եւ երեք օր յետոյ երբ ան վերադարձաւ, լսեց վկայութիւնը մարդոց, որոնք կ՚ըսէին, թէ երեք օր եւ երեք գիշեր հրեշտակներու երգեցողութիւնն է լսուած Աստուածամօր գերեզմանին վրայէն։

Երբ անոնք, աշակերտներուն հետ միասին գացին գերեզմանը բանալու, տեսան, որ Աստուածամայրը այնտեղ չէ՛, այլ ըստ իր Որդիին խոստմանը, երկինք էր փոխադ-րըւած։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ կ՚ըսենք՝ «ննջումն Աստուածամօր» եւ ո՛չ թէ՝ «վախճանո՛ւմը»։ Աստուածամայրը ննջեց եւ իր այդ ննջման մէջ փոխադրուեցաւ դէպի երկինք՝ իր Որդիին մօտ՝ ինչպէս խոստացուած էր իրեն։

Շարանագիրներ եւ մատենագիրներ, Աստուածամայրը յաճախ կը նմանցնեն որթատունկի ողկոյզներուն, որոնցմէ զտուած քաղցրահամ գինին է եւ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցով դարձաւ ամբողջ մարդկութեան փրկութեան միջոցը։

Յիսուս նաեւ կ՚ըսէ. «Ես եմ կենդանի որթը», որ պտուղ կու տայ եւ աշխարհը կը լեցուի քաղցրութեամբ։ Ան կ՚ըսէ նաեւ. «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը, եւ Հայրս մշակն է…», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 1), եւ «Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 5)։

Հայ Եկեղեցին Աստուածամօր Վերափոխման այս տաղաւար տօնին, այս առիթով կ՚օրհնէ խաղողի ողկոյզները՝ որպէս աստուածային օրհնութիւն։ Յիսուս վերջին ընթրիքի պահուն առաւ գինին, օրհնեց զայն, տուաւ իր աշակերտներուն ըսելով. «Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա իմ արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերու թողութեան համար», (ՄԱՏԹ. ԻԶ 28)։

Աստուածամօր Վերափոխման յիշատակի այս տօնը, սիրելի՜ներ, ամբողջ աշխարհի կիներու տօնն է։ Կիներ՝ որոնք այն շրջաններուն կորսնցուցած էին իրենց իրաւունքը եւ ազատութիւնը, եւ դարերէ ի վեր կը տառապէին այս կամ այն անարդարութեան, անիրաւութեան պատճառով. կիներ, որոնք իրազրկուած եւ հալածական, կը չարչարուէին եւ նեղութիւններու կ՚ենթարկուէին, Քրիստոսի շնորհիւ, Քրիստոսի օգնութեամբ, Քրիստոսի քարոզութեամբ ազատագրուեցան իրենց կապանքներէն։

Եւ Աստուածամայրը՝ իր կեանքով, իր պարկեշտութեամբ, հաւատարմութեամբ ճշմարիտ տիպար մը եւ ուղեցոյց մը հանդիսացաւ կիներու, ցոյց տալով անոնց զօրութիւնը, վեհանձնութիւնը, բարձր նկարագիրը նոյն ինքն իր կեանքով, իր օրինակով։

Այսօր երբ կը տեսնուի «իգապաշտ» շարժում մը համայն աշխարհի մէջ, արդէն սկիզբ առած էր Աստուածամօր անձին յայտնութեամբ։ Կ՚ըսուի, թէ «իգապաշտ», այսինքն «féminisme» բառը ֆրանսերէն լեզուի մէջ առաջին անգամ 1837 թուականին է, որ մուտք գործած է։ Բառը կը բացատրուի՝ կիներու ընկերութեան մէջ խաղացած դերը եւ իրաւունքը աւելի ընդլայնելու նախատեսութիւն ունեցող վարդապետութիւն՝ «doctrine», մեկնաբանութեամբ։

Անկեղծ ըլլանք եւ իրատես. Աստուածամայրը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ, իր կեանքով, իր ապրելակերպով, իր առաքելութեամբ եւ իր զօրաւոր նկարագրով, 21 դար առաջ արդէն չէ՞ր նախատեսած կիներու՝ իգական սեռի ընկերութեան մէջ ունեցած կարեւոր դերին եւ անոնց արդա՛ր իրաւունքին ճանաչումը։

Եւ եթէ «այր-մարդ»ը «հայր» է, կինն ալ՝ «մա՛յր»։ Եթէ «այր-մարդ»ը «տէր» է ընտանիքին մէջ, «կին-մարդ»ն ալ՝ «տիրուհի՛»։

Դարերէ ի վեր միշտ պաշտպանուած է արական սեռի գերադաս դիրքը ընկերութեան մէջ եւ նաեւ՝ ընտանիքէն ներս։ Այր-մարդը զօրաւոր է, տիրական է, աւելի՛ կարող է եւ կրնայ շա՜տ աւելին ընել քան իգական սեռի պատկանող կիները։ Այր-մարդու տիրապետութիւնը աւանդական ճշմարտութիւն մըն է ընդունուած միշտ։ Ըսելիք չկա՛յ, բայց կէտ մը կը մոռցուի. այո՛, այր-մարդը ամէն բանի կարող է, ամէն բանի ձեռնհաս… սակայն բան մը չի՛ կրնար ընել՝ բան մը չի կրնար ըլլալ, որ միա՛յն կին-մարդուն յատուկ է - մայր չի՛ կրնար ըլլալ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 6 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018