ԿԱՌԱՏԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԸ
Կէս գիշերը անցած էր, երբ մարդ ու կին անգամ մը եւս վերսկսան արդէն իսկ աւանդական դարձած իրենց կռիւը. կինը յուսահատութեամբ նոյն յանկերգը կը կրկնէր, մինչ ամուսինը հոգոց մը հանելով դժգոհելով կը խոստանար կատարելապէս ի գործ դնել կնոջ կողմէ բարձրաձայնուած բոլոր հրահանգները:
Հաշիւը կարելի չէր պահել, թէ քանի՜ քանի անգամ կինը հրահանգած էր մաքրել տան կառատունը, ուր ի պահ կը դրուէր իր սկեսուրի եւ գուցէ նաեւ սկեսուր մօր գոյքեղէնը՝ որ ամուսինը որպէս յիշատակ օր մը նետած էր այդտեղ:
Ամուսնոյն համար յիշատակ հոտող այդ գոյքեղէնը կնոջ համար թափթփուկ մըն էր պարզապէս՝ հինցած ու մաշած աղբակոյտ մը պարզապէս: Կեանքի օրէնքը դաժան էր. կնոջ մրճահարող խօսքերուն տակ սրբազան խորան թուացող այդ գոյքերը եւս սկսած էին աղբակոյտ թուիլ նաեւ ամուսնոյն համար, որ կենաց մահու ներքին պայքար մը կը մղէր կնոջ եւ իր մօր յիշատակներուն միջեւ, սակայն կնոջ խօսքը աւելի՛ զօրաւոր է՝ քան միւս բոլոր արժէքները. վկայ՝ Ադամի օրինակը:
Կնոջ ամենօրեայ պնդումներուն վրայ այդ սրբազան արժէքները կամաց կամաց կորսնցուցին իրենց յարգը ու այնպէս ինչպէս տնեցիներուն, նոյնպէս ալ Մայքըլին համար դարձան կուտակուած անպէտք խճողում մը եւ ձմրան առաւօտ մը համոզուեցաւ, թէ ժամանակն է ազատուելու այդ անօգուտ կոյտէն: Արդէն լրջօրէն ինք ալ սկսած էր հարցականի տակ առնել այն տարօրինակ երեւոյթը, որ մէկու մը յիշատակը վառ պահելու համար մարդիկ աշխարհէն առյաւէտ հեռացողին իրերը կը պահեն՝ սակայն այդ անձին հետ միասին իրենց մէջ կը մեռցնեն անոնց բարոյական անգնահատելի արժէքները: Մօրը մահէն տարիներ ետք, գուցէ կնոջ հրահանգներուն ազդեցութեամբ սկսած էր զգալ, որ այդ իրերը ոչ մէկ անգամ այնքան կարեւորութիւն ունեցած են՝ ինչքան ինք կը կարծէր. մի քանի անգամ պատահական կառատան մէջ տեսած էր զանոնք՝ փոշիներու մէջ թաղուած, սակայն երբեք չէր մտածած անոնց հետ ժամանակ անցընել ու ատեն մը սրբազան թուացող այդ իրերը այժմ խորթ ներկայութիւն էին՝ անծանօթ ու ամբողջովին օտար:
Մեր մարդկային կեանքն ալ այդ իրերուն ճակատագիրը չունի՞ արդեօք. անկում եւ ստուերացում եւ օր մըն ալ մոռացութիւն ու գրեթէ կեանքին անծանօթ պիտի անցնի՛նք ու անհետանանք:
***
Անձրեւոտ առաւօտ մըն էր, գուցէ կիրակի օր մը՝ որովհետեւ բոլորը տանն էին եւ այդ օրը Մայքըլ որոշեց, որ եկած է ժամանակը ձերբազատելու այդ բոլորէն, որ մօրը յիշատակէն աւելի կռիւ ու վէճ կը յիշեցնէր արդէն:
Մայքըլ իր հետ առնելով տակաւին նոր տասը տարին լրացուցած որդին՝ Հենրին մտաւ կառատուն. տուփերու քաոս մը պարզապէս: Փոշիներուն մէջէն հատ առ հատ սկսաւ դուրս հանել իրեր՝ որոնք ժամանակ մը կեանք, իսկ հիմա մահ կը բուրեն պարզապէս. անոնք արդէն իսկ կորսնցուցած էին իր լուսահոգի մօրը յիշատակը կրելէ եւ վերածուած էին սովորական առարկայի մը՝ ժամանակավրէպ ու աւելորդ:
Տուփերէն մէկուն մէջէն դուրս բերաւ սանտր մը եւ հայելի մը՝ որուն դիմաց տասնամեակներ առաջ մայրը շպարտուած ու զարդարուած էր. հայելի մը՝ որուն մէջ նայած էին աչքեր՝ որոնք հիմա յաւիտենականութեան մաս կը կազմեն. Մայքըլ խղճահարութեան զգացում մը չունեցաւ, այլ առանց երկվայրկեան մը մտածելու որպէս աղբ մէկ կողմ դրաւ զանոնք. անոնց վրայ եկաւ աւելնալ բազմաթիւ իրեր՝ որոնք ժամանակին երիտասարդ՝ սակայն հիմա մահամերձ ծեր, որպէս գունաթափ: Ինչքան Մայքըլ, նոյնքան եւ աւելի անտարբեր ձեւով այդ իրերը աղբին մէջ կը դնէր Հենրի, որուն համար տակաւին յիշատակ, բարոյական արժէք ու նման հասկացութիւններ անծանօթ էին:
Ի՜նչ մղձաւանջ. կեանքի մը ամբողջ պատմութիւնը տերեւ առ տերեւ կ՚աշունէր ու մարդ պահ մը կը շուարէր խղճալ մեռնողնե՞րը՝ թէ իրենց գոյութիւնը մինչեւ այդ օր կառատան մէկ անկիւնը քաշքշող իրերը:
Մայքըլ թեթեւ խղճահարութիւն մը կը զգար, սակայն միաժամանակ կը զգար նաեւ, թէ կը վերաշահէր կառատունը եւ այդ կառատունէն աւելի կարեւոր՝ կնոջ սիրտը, որուն համար գուցէ չգտնուէր աւելի հաճոյալի զբաղմունք՝ քան այդ բոլորը առյաւէտ մէկ առ մէկ թափելը:
Լուռ կատարուող յիշատակներու թաղման արարողութիւնը յանկարծ կանգ առաւ Հենրիի մէկ հարցով. պատանին ձեռքը գիրք մը բռնած զարմացած հարց կու տար հօրը. Կապոյտ կողքով գիրք մըն էր՝ հնամաշ ու տանջուած, իսկ աւելի կարեւորը՝ անհասկնալի լեզուով. Հենրի նկատեց, որ բացի այդ գիրքէն ուրիշ մի քանի գիրքեր ալ կան փոշիներուն տակ՝ դարձեալ անհասկնալի լեզուով:
Մայքըլ իր որդիին ձեռքէն վերցնելով գիրքը խորագիրը կարդալու անյաջող փորձ մը ըրաւ։ Տառերը ծանոթ էին կարծես. իր կեանքի մէկ հանգրուանին փորձած էին սորվեցնել, նոյնիսկ գոված էին, սակայն կեանքի մտահոգութիւնները մոռցնել տուած էին բոլորը։ Առաջին տառը յաջողեցաւ կարդալ եւ այդ մէկ տառի յաջողութիւնը նոյնիսկ թաքուն հրճուանք մը պատճառեց, սակայն ամբողջ բառը կարդալը քիչ մը ժամանակ խլեց իրմէ։
Հենրի տակաւին կը փորձէր հասկնալ լեզուն, երբ վերջապէս հայրը յաջողեցաւ «աղօթագիրք» բառը հայերէնէ հեռու ոճով մը կարդալ։ Պահ մը յիշեց, որ ինք հայ էր. սակայն իրապէս անցեալ կատարեալի մը վերաւած էր իր հայութիւնը, մոռցուած, ինչպէս մօր յիշատակները։ Հարազատ որդիին անծանօթ էր իր ազգութեան լեզուն եւ այդ օտար շրջանակին մէջ ի՛նք եւս մոռցած էր իր հայութիւնը։
Հենրի կը շարունակէր հարցնել, երբ ներս մտաւ կինը եւ հրահանգեց աճապարել։ Մայքըլ առանց մտածելու՝ բնազդաբար աղբերուն մէջ նետեց նաեւ աղօթագիրքը եւ շարունակեց իր մաքրութիւնը։
Այդ էր ճակատագիրը հայութեան՝ կառատան մէկ անկիւնը մահուան օրը սպասել։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -314-
Կը հաւատամ, որ բնաւորութիւնը եւ ըմբռնումը մարդուն մէջ կարելի է փոխել՝ նոյնիսկ եթէ անդրդուելի կը թուին ըլլալ։
Դպրեվանքի մէջ ունէինք աշակերտ մը, որ յատուկ սէր մը ունէր օտար գրականութեան հանդէպ եւ երբեք հայերէն գործ մը ընթերցել չէր փափաքեր։ Բազմաթիւ անգամներ փորձած էինք հայերէն գիրք մը տալ որպէսզի կարդայ, սակայն հաստատ մնացած էր այն համոզումին, որ հայերէն գործերը աւելորդաբանութիւններ են։
Օր մըն ալ ինչ հրաշքով չեմ գիտեր, տեսանք որ հայերէն կը կարդայ։ Կարդաց եւ իր համոզումին հակառակ՝ սիրեց...։ Ժամանակ մը ետք տեսանք, որ հայերէն գրականութիւնը չսիրող այդ տղան ջատագովը դարձած է հայ լեզուին ու գրականութեան։
Հայ գրականութիւնը չհամտեսուած ճաշի պէս է, պէտք է ճաշակել՝ հասկնալու համար համը, որովհետեւ երեւոյթն ու ճշմարտութիւնը կրնան տարբեր ըլլալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան