ՆԵՐՈՒՄ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

«Կը ներեմ բայց չե՛մ մոռնար»։ Nelson Mandela։

Արդարեւ, երբ հինը կը մեռցուի եւ անոր տեղ նորին ծնունդ չի տրուիր, այդ արարքը ոչինչ կ՚արժէ։ Այս բանաձեւը մեզ կը մղէ մտածելու երկու հիմնական արժէքներու վրայ՝ ներում եւ ազատութի՛ւն։ Ընկերութիւնը կը կազմեն անհատներ, եւ այս անհատները, բացի իրարու հետ ունեցած յարաբերութիւններէն, անհրաժեշտ պահանջէ մղուած, ստիպուած են շփում ունենալ եւ այն մարդոց եւ խմբակցութիւններու շրջաններու հետ, որոնք համախոհ չեն իրենց հաւատալիքներուն։ Կանոններ եւ օրէնքներ գործադրուելով մարդկային հասարակութեան մէջ, կը ստեղծեն անհատներու յարաբերութիւններ, զանազան անձերու շահերու մրցումներ, բազմատեսակ կամքերու շփումներ եւ այսպէս զուտ գաղափարական-բարոյականէն կ՚անցնին գործնականին, որմէ եւ կը ծագի «իրաւունք»ի խնդիրը։ Այս իմաստով, օրէնքը կամայականութիւններու առաջքը կ՚առնէ, արմատախիլ կ՚ընէ ամէն անձնական քմահաճոյքները եւ կանոններով կ՚որոշէ իւրաքանչիւր անհատի պարտքը եւ իրաւունքը իրարու հանդէպ եւ հասարակութեան նկատմամբ։ Եւ այս կերպով կը սահմանուի ամէն մէկ անհատի եւ ամբողջութեան հիմնական իրաւունքներու սահմանները։

Ուստի «ներում»ը եւ «ազատութիւն»ը պէտք է ուսումնասիրել եւ հասկնալ այս տեսանկիւնէն։

Մարդկային կեանքը պարտի յարգուիլ եւ բացարձակ կերպով պաշտպանուիլ յղութեան վայրկեանէն սկսեալ։ Իր գոյութեան առաջին րոպէին իսկ, պէ՛տք է մարդկային էակը «անձ» ըլլալու իրաւունքները վայելէ, որոնց շարքին՝ ամէն անմեղ արարածի կեանքի անբռնաբարելի իրաւունքը։

Ներողութիւնը եւս պարտք մը եւ իրաւունք մըն է ըստ էութեան։ Ներողութիւնը մասնակի է կամ լիակատար՝ ըստ յանցանքի, այսինքն օրէնքի դէմ թերացումի պատճառած ժամանակաւոր պատիժին մասնակի կամ ամբողջական արձակումին։ Ուստի, ոեւէ անձ կարող է ներողութեան արժանանալ՝ ըլլա՛յ իր անձին համար, ըլլա՛յ զայն յատկացնելով հաւաքականութեան։ Օրինաւոր եւ չափաւոր ներումը եւ հաշտութեան վերահաստատումը յառաջ կը բերէ յանցանքին վերջնական ջնջումը։ Կը մնան սակայն յանցանքին ժամանակաւոր պատիժները։ Արդարեւ, հաշտութիւնը եւ խաղաղութիւնը էական են եւ հիմնական։ Բայց կարեւոր է ներումի տեղին եւ յարմարագոյն կերպով գործադրութիւնը։

Ներումը բնական հետեւանքն է ազատութեան։

Ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ուստի, ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէր է իր անձին։ Մարդուն մէջ ազատութիւնը զօրութի՛ւն մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։

Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մեր երանութի՜ւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 10, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2023