ՀԻՆԸ ԵՒ ՆՈՐԸ ԸՆԴԵԼՈՒԶԵԼ

Ընդհանրապէս իրենք զիրենք յառաջադէմ եւ լուսամիտ կարծողներ, չեն ախորժիր, «հին»էն՝ հինի մասին խօսուելէն, եւ կը ձգտին միշտ «նոր»ին, եւ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ ըսել՝ մի՛շտ այդպէ՛ս երեւիլ կ՚ուզեն։

Մինչդեռ յառաջդիմութիւնը եւ լուսաւորումը՝ ո՛չ թէ ինքզինք այդպէս կարծելով եւ իր շուրջիններուն այդպէս երեւելով, այլ՝ յառաջդիմելո՛վ եւ լուսամիտ ըլլալով կարելի է իրականացնել։

Բնական օրէնք մը կայ. յառաջ ոստնելու՝ ցատկելով յառաջ նետուելու համար, պայմա՛ն է՝ մի քանի քայլ ե՛տ երթալ, պահ մը անշարժ մնալ եւ յետոյ վազել ու ցատկել։ Այս օրէնքը որքան մարմնական, նո՛յնքան կիրարկելի է մտային գործունէութեան մէջ, եւ մտապէս յառաջանալու համար պէտք է պահ մը անցեալին վերադառնալ, եւ յետոյ յառաջանալ։ Չէ՞ որ յառաջանալու համար պէ՛տք է ետ մնացած ըլլալ, եւ կամ բարձրանալու համար պէ՛տք է ցածը գտնուիլ, եւ լուսաւորուելու համար խաւարը եւ մութը ճանչնալ նախապէս։ «Նոր» ըլլալու համար ալ «հին»ը անհրաժեշտ է։ Կարծեցեալ եւ ինքնակոչ լուսամիտներ եւ իրենք զիրենք արդիական եւ յառաջադէմ անուանողներ, կը կարծեն, թէ «արդիականութիւն»ը մերժե՛լ է հինը, անցեալը եւ «լուսամիտ» ըլլալու համար պէտք է ուրանա՛լ մութը եւ խաւարը։ Այլապէս, մութը եւ խաւարը չճանչցողը ինչպէ՞ս կրնայ գնահատել լոյսին արժէքը, նո՛յնպէս՝ հինին մասին տեղեկութիւն չունեցող մը ինչպէ՞ս պիտի հասկնայ նորին նորութիւնը։ Եւ ուրեմն, պէտք է ընդունիլ որ հինն ալ, մութն ու խաւարն ալ գոյութիւն ունին եւ անոնց հետ համեմատելով՝ բաղդատելով է որ նորին եւ լոյսին արժէքը եւ յարգը կարելի կ՚ըլլայ ստուգել։ Արդարեւ, արժէք չափելու ամենակարճ եւ ստոյգ կերպը բաղդատե՛լն է, համեմատել, որով կարելի է արդիւնքի մը հասնիլ։

Արդարեւ, ամէն յառաջդիմական շարժում երբեք չ՚ուրանա՛ր հինը, նախորդը եւ հինը կամ նախորդը սկզբնակէտ առնելով կը յառաջդիմէ։

Ուստի «հին»ը ո՛չ թէ մերժել, այլ սրբագրել եթէ կայ սխալ կէտեր եւ նորոգել այն՝ որ հինցած է՝ գործադրելի դարձնել այն մասերը, որոնք անգործածելի են դարձած։ Անշուշտ որ պիտի ըլլան ժամանակավրէպ՝ ժամանակի բարքերուն եւ սովորութիւններուն չհամապատասխանող, անպատշաճ, այլեւս անգործածելի, անտեղի գործածութիւններ, անոնք միայն պէտք է պատշաճեցնել նոր ապրելակերպին հետ, բայց ո՛չ բոլոր հինը՝ անցեալը։ Անշուշտ ասիկա եւս հմտութիւն կը պահանջէ. զտել հինին անգործածելի մասերը եւ փոխանցել այն մասերը՝ որոնք գործածելի են նորին մէջ ալ եւ կը համապատասխանեն «նոր»ին պահանջքներուն։ Ամբորջ կեանքը տեւական ընթացք մըն է՝ անցեալին, ներկային եւ ապագային մէջ անվերջ ճամբորդութի՛ւն մը։

Կրօնական տեսակէտէ ալ հինը չի՛ մերժուիր, այլ կը սրբագրուի, կը բարեփոխուի, բայց էապէս մի՛շտ գործադրելի կ՚ըլլայ։ Ուստի Յիսուս Քրիստոս իր առաքելութեան ընթացքին «հին»ը երբեք չուրացաւ, չմերժե՛ց. բայց պայքարեցաւ որպէսզի սրբագրէ եւ նորոգէ զանոնք. «Մի կարծէք թէ Օրէնքը եւ Մարգարէները ջնջելու եմ եկած, չեմ եկած ջնջելու, այլ՝ լրացնելո՛ւ» (ՄԱՏԹ. Ե 17)։

Ուրեմն՝ հինը ո՛չ թէ մերժել կամ ուրանալ բոլորովին, այլ նորոգել՝ նոր ձեւ տալ, ձեւաւորել, եւ չհասկցուածները, թիւրիմացութեան պատճառ եղած կէտերը կամ սխալ մեկնաբանուած սկզբունքները ուղղել, շտկել եւ ճիշդ բացատրութիւններ տա՛լ։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, թէ՝ աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր մարդ տարբեր կարծիք ունի իրողութեան մը մասին։ Եւ ասիկա բնական է, քանի որ մարդ՝ բանաւոր էակ մըն է՝ խորհող, դատող եւ որոշում տուող եւ ուրեմն ամէն մէկուն տարբեր կարծիք ունենալը, տարբեր գաղափար գոյացնելը՝ մարդուս իւրայատուկ խորհելու կարողութեան եւ ազատ կամքին բնական հետեւա՛նքն է։

Բայց մարդոց միջեւ կա՛յ սա տարբերութիւնը, որ ոմանք բոլորովին կառչած մնացած են «հին»ին վրայ եւ ո՛չ մէկ նորութիւն կ՚ընդունին։

Ուրիշներ՝ յառած իրենց աչքը ապագային՝ կը մերժեն, կ՚անտեսեն, կ՚ուրանան «հին»ը, անցեալը։ Անոնք ո՛չ անցեալը կ՚ապրին, ոչ ալ ներկան, իրենց համար ապագան է կարեւորը, ա՛յդքան։

Երկուքն ալ, երկու կարծիքն ալ կը սխալին, քանի որ մարդ կ՚ապրի ո՛չ անցեալին մէջ եւ ոչ ալ ապագային մէջ, այլ՝ ներկա՛ն։ Ուրեմն խոհեմ մարդը աչքին մէկ ծայրով կը նայի անցեալին՝ հինին եւ աչքը կը սեւեռէ, կը յառէ ապագային, առանց մոռնալու, թէ կ՚ապրի ներկան՝ պա՛հը։ Եւ ողջախոհ մարդը ներկան կ՚ապրի անցեալին փորձառութեամբ եւ յոյս կը դնէ ապագային վրայ։ Եւ դարձեալ, խոհեմ մարդը կը ջանայ անցեալէն՝ հինէն օգտակար տարրեր փոխանցել ապագային, որպէսզի մարդկային սերունդը կարենայ գոյատեւել ապագայի մէ՛ջն ալ։

Ուրեմն կը հետեւի, թէ՝ ապագան կարենալ ապրելու համար անհրաժե՛շտ է անցեալ մը ունենալ՝ հինը ապրիլ, գոյութիւն մը ունենալ։

Եւ կեանքի փորձառութիւնը եւ վկայութիւններ ցոյց կու տան, թէ՝ կարգ մը հնութիւններ առաւել արժէք կը ստանան, քանի որ հոն կա՛յ՝ փորձառութիւն, զտուած ճշմարտութիւն, հարազատ գիտելիք, ստուգութիւն, քանի որ հնագոյնը անապական է եւ չունի արդիականին արուեստականութիւնը, արուեստական խառնուրդը։

Մարդկային կեանքի կեդրոնը հոգի՛ն է, եւ անվիճելի է, թէ՝ հոգին չունի հինը կամ նորը, ան չի հիննար, չի նորոգուիր, միշտ նո՛յնն է՝ ազնիւ եւ ընտիր, եւ կը ձգտի միշտ կատարեալին, ուստի հետզհետէ կ՚ազնուանայ, բայց միշտ նո՛յնն է, ինչպէս «հին»ը, «ներկայ»ն ե՛ւ «ապագա՛յ»ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 7, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017