ԵՐԿՐԱՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ
Երկրաւոր կեանքը մեզի շնորհուած «ժամանակամիջոց» մըն է միայն. այնպէս պէտք է օգտագործել զայն, որ Աստուծոյ ներկայանալ կարելի ըլլայ արժանիքներով, որոնց համար մարդ, անանց, անժամանակ յաւիտենական երջանկութեամբ պիտի վարձատրուի։ «Խաւար»ի տիրապետութենէն ետք, երբ լոյսի իշխանութիւնը երեւի եւ այդ լոյսի իշխանութեան հասնինք, անդին՝ Աստուած, մեր գերագոյն Բարիքը, պիտի ճանչնանք եւ պիտի տեսնենք ինչպէս որ է Ան։ Անոր անհո՜ւն սէրը մեզի համար պիտի ըլլայ քաղցր անհրաժեշտութիւն։
Մեր երկրաւոր կեանքին՝ հոս, մեր աչքերուն ծածկուած կը մնայ Ան։ Անոր մասին ա՛յնքան գիտենք, որքան հաւատքը, զգայարանները մեզի կը սորվեցնեն։
Մարդ կը փնտռէ Աստուած, կը սիրէ զԱյն, թէպէտ անտեսանելի՝ բայց մի՛շտ ներկայ. կը սիրէ զԱյն, երբ դեռ միայն յուսալով կարելի կ՚ըլլայ ստանալ զԻնք։ Ծանօթութիւնը եւ սէրը մեր Արարչին հանդէպ, մեզ անմահութեան հասցնող կերակուրն է, որ անհրաժեշտ է մեզի, որքան ատեն որ մարդ ենք։ Ուստի իւրաքանչիւրին կարողութեան եւ տարողութեան համաձայն, ա՛յս է մեծ զբաղումը մարդու հոգւոյն եւ սրտին թէ՛ այս ժամանակաւոր մահկանացու կեանքին մէջ եւ թէ՛ գերեզմանէն անդին։
Հաւատքի այս փառաւոր լոյսը մի՛շտ մեր մէջ կենդանի պահել, այս «աստուածային կրակ»ը մի՛շտ մեր մէջ սնուցանել, այս՝ մեր գերազանց զբաղումը պիտի ըլլայ հոս, դժուարին զբաղում, որ սակայն մեզի, մեր կեանքին վերջաւորութեան անմահութեան պսակը կ՚ապահովէ։ Արդարեւ, անծանօթ գեղեցկութիւն մը՝ միայն տկար կերպով կ՚ազդէ մեր վրայ։ Ո՛րչափ միտքը իր սիրած առարկային արժէքը լաւ կշռէ, ա՛յնքան աւելի կը լեցուի սիրտը անոր սիրով։ Մարդ, իր ամբողջ զօրութեամբ՝ զԱտսուած, Գերագոյն Գեղեցկութիւնը սիրելու համար ստեղծուած է, ջանանք փորձել կարելին եւ Աստուծոյ անսահման արժէքը լա՛ւ ճանչնալ։ Այս կերպով Աստուծոյ սէրը՝ ո՛չ միայն մեր սիրտը կը գրաւէ, այլ նաեւ՝ մեր միտքը եւ երկուքն ալ կ՚երջանկանան Անոր ծառայելով։
Մարդ միայն ա՛յդ ժամանակ ճշմարտապէս կ՚ապրի, երբ իր մտքով երկնքի անհո՜ւն վայրերը մեզի իբր առաջնորդ տրուած է եւ յարաճուն՝ շարունակ եւ հետզհետէ աճող սիրով՝ հաւատքի լոյսին հետքերուն կը հետեւի։
Զգայարանները եւ արտաքին իրերը պէտք չէ՛ մեզ ցրուեն, այլ տեւապէս մեզ աստուածութեան անտեսանելի մեծութեան խորերը տանին։
Մարդ պէտք է հաւատքո՛վ ապրի։
Երկնքի անհունութիւնը, որ մեզ ա՛յնքան կը զարմացնէ, տեսանելի կերպով մեր առջեւ կը դնէ անչափելի զօրութիւնը Աստուծոյ, որ հաւատքը՝ անտեսանելի ձեւով կը ծանուցանէ մեզի։
Օրուան եւ գիշերուան մշտատեւ շրջանը, տարւոյն եղանակները, որոնք Բարձրեալին ակնարկով միշտ կը փոխուին, մեր աչքերուն՝ իրենց տեսանելի արդիւնքով, կը պատկերացնեն այն վսեմ իմաստութիւնը, որ մեր հաւատքը կը սորվեցնէ, որ դեռ քօղարկուած է սակայն մեր աչքերէն։ Շողացող աստղերը, արեւը, որուն գալուստը «վարդագոյն արշալոյս»ը կը ծանուցանէ, եւ զուարթադէմ ցերեկը՝ արեւշող երկնքի հորիզոնին վրայ կ՚իշխէ։
Ոսկին, ադամանդները, գոհարեղէնները շատ տկար, եւ սակայն, յայտնաբերող նշաններ են յաւիտենական գեղեցկութեան, որուն մասին հաւատքը կը վկայէ, որ սակայն միշտ անթափանցելի խաւարի մէջ ծածկուած է։ Ուստի, գաղափարը, միտքը, հոգին կարող են ա՜յնքան մեծ բաներ դիտել, եւ ա՛յնպէս վեր բարձրանալ։
Աչքերը, որոնց միջոցով այսքան զարմանալի արարածներու կը ծանօթանանք, առողջութիւնը, կեանքը, օդը որ կը շնչենք, ջուրը որ մեզի համար ժայռերու երակներէն կը հոսի, երկիրը որ մեզ հարուստ գանձերով կը սնուցանէ, բոլորը ակներեւ պարգեւներն են անսահման բարութեան, որուն, մեր հաւատքին համաձայն, մեր սիրտը նուիրելու ենք, զԻնք, օր մը, դէմ յանդիման, երես առ երես տեսնելէ առաջ։
Երկրի վաղանցիկ առարկաներն անգամ մեր շուրջը՝ այնպիսի ճշդապահ կանոնաւորութեամբ եւ անշեղ ընթացքով կը շարժին, որ մեր միտքը եւ սիրտը՝ մեծագոյն Արարչի՛ն կ՚առաջնորդեն…։
- Օգտուեցանք Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի (354-430) «Գիշերային խորհրդածութիւններ»էն՝ թարգմանութեամբ Հ. Միքայէլ Վրդ. Ագեանի, 1993։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 19, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024