ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԻԳ.)
Մեր թուականէն 136 տարի առաջ՝ 1887-ին, Գրիգոր Զօհրապ կը գրէր Զմիւռնիոյ մասին եւ այդտեղ ապրող հայոց համար հետեւեալը կ՚արձանագրէր. «Հայ լեզուն սիրողն ու (ափսո՜ս) հայ լեզուն խօսելէ ամչցողն»:
Այսօրուան մեր երիտասարդութեան անգլերէն եւ օտար լեզուներով խօսելուն պատճառն է, որ իրենք ամօթը ունին մայրենի լեզուն չգիտնալու. անոնք կը վախնան բառերը սխալ ու անտեղի արտասանելէ, կը վախնան խօսակցութեան մէջ սխալներ գործելէ, հետեւաբար աւելի յարմար կը նկատեն օտար լեզուով արտայայտուիլ ու սխալ չընել՝ քան սեփական լեզուով սխալիլ եւ ծիծաղելի վիճակի մը մատնուիլ:
Հայը հայերէն խօսելէ պիտի ամչնայ… որովհետեւ անոր լեզուամտածողութիւնը դադրած է հայերէն ըլլալէ. ան կը մտածէ անգլերէն եւ իր անգլերէն մտածածը կը փորձէ թարգմանել հայերէնի եւ այդ թարգմանութեան մէջ կատարուած սխալներուն համար կ՚ամչնայ:
Օրինակներով խօսինք. Սուրիա եւ այլ արաբական երկիրներու բնակիչ շատ մը հայեր կը գործածեն «վրադ կը փնտռեմ» դարձուածքը՝ փոխան «քեզ կը փնտռեմ»ի, որովհետեւ արաբերէն տարբերակին մէջ բառացի թարգմանութիւնը այդպէս է, հետեւաբար արաբերէն մտածելով բառացի թարգմանութիւն կը կատարեն: Այլ օրինակ մըն է «ինքզինք գետին թափեց»ը, որովհետեւ արաբերէնի մէջ այդպէս կը գործածուի: Յունահայերը, ինչու չէ նաեւ շատ անգամ պոլսահայերը, զանգելու փոխարէն կը գործածեն «քեզ փնտռեցի» տարբերակը, որովհետեւ թրքերէն տարբերակը բառացիօրէն կը թարգմանուի որպէս «փնտռել»:
Նման ձեւով խօսողներէն աւելի մեզ կը մտահոգեն անոնց ապագայ սերունդները, որովհետեւ այս սխալները պիտի իւրացուին ու պիտի գան ճիշդերուն տեղը գրաւելու եւ անոնց ապագայ սերունդները եւս պիտի խօսին այնպէս՝ ինչպէս իրենց մեծահասակները ու անոնք եւս, իրենց կարգին, շատ մը բաներ փոխելով անընդհատ պիտի աղաւաղեն լեզուն:
Գուցէ այս է պատճառը, որ Յովսէփ Մալէզեան ժամ առաջ կ՚ուզէր օտար բառերու ճշգրիտ հայերէնը սորվեցնել, որովհետեւ հետզհետէ պիտի վերածուի սովորութեան եւ պիտի դառնայ բնական՝ այնպէս, ինչպէս որ է այսօր:
ԿԷ.- ՄԱՍԱԼ
«Մասալ» բառին առաւելաբառ պոլսահայ գրողներու մօտ կը հանդիպինք։ Օրինակի համար, Գրիգոր Զօհրապ այդ բառը կը գործածէ «Լուռ ցաւեր» աշխատութեան մէջ, ուր կ՚ըսէ. «Պառաւին բոլորը կը հաւաքուինք, ուշադիր, խելօք կեցած տղոց նման, որոնց մասալ մը խոստացուած է»:
Այս բառը չակերտաւոր ձեւով կը տեսնենք նաեւ Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականներուն մէջ. օրինակի համար ան իր «Ճպուռները կը ճրճռան» յօդուածին մէջ կը գործածէ այդ մէկը: Ան կը գրէ. «Անողոք իրականութիւն, զոր չեն կրնար պարտկել ոչ պառաւական «մասալ»ներով, ոչ ալ զանազան»:
Այս բառը կը գործածեն Արշակ Ալպօյաճեան, Մատթէոս Զարիֆեան, Արփիար Արփիարեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Յովսէփ Մալէզեան «մասալ» բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել առասպել բառը:
ԿԸ.- ՄԱՍԼԱՀԱԹ
Այս բառը թէեւ ոչ շատ տարածուած, սակայն տեղ գտած է մեր գրականութենէն ներս. գործածողներէն մին եղած է Նահապետ Քուչակ՝ իր «Հայրէններու բուրաստանը» աշխատութեան մէջ:
Այս բառը կարելի է գտնել գրողներ Յարութիւն Քիւրտեանի, Արբահամ Կրետացիի, Գարեգին Սրտուանձտեանցի եւ բազմաթիւ ուրիշներու գրածներուն մէջ:
Յովսէփ Մալէզեան «մասլահաթ» բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել գործ բառը, թէեւ բառացի թարգմանութիւնը ճշգրիտ իմաստը չէ, որ կու տայ: «Մասլահաթ»ը աւելի սեփական շահերէ մղուած գործի մը կատարումն է:
ԿԹ.- ՄԱՍԽԱՐԱ
Այս բառը եւս շատ տարածում գտած չէ գրականութեան մէջ, սակայն խօսակցական հայերէնի մէջ մինչեւ օրս կը գործածուի: Զայն գործածողներէն մէկն է Սիմէոն Լեհացի «Եւ տեսաք այլ աղբիւր մի. եւ մէջ եւ բոլորն բազում հանգանակք եւ մասխարա բաներ»:
Ինչպէս Սիմէոն Լեհացիի պարագային, նոյնպէս ուրիշներ գրաբարի մէջ եւս գործած են «մասխարա» բառը. հայկական հին բանաստեղծութեան մը մէջ կը կարդանք.
«Ու լինի ի նայ նետաձիգ,
Նայ զայն մասխարա դնէ,
Ու թքնէ զերդ զխմաճիք:»
Յովսէփ Մալէզեան «մասխարա» բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել ծաղր բառը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -339-
Եկեղեցական եղած ժամանակ հոգեւոր վերին իշխանութեան տնօրինութեամբ երիտասարդական համագումար մը կազմակերպեցինք. երիտասարդներ առիթ ունեցան արտայայտուելու, խօսելու իրենց հարցերուն մասին եւ հարցուցին գրեթէ ամէ՛ն բանի մասին:
Հարցումներէն մէկն (ինչպէս ամէն առթիւ) էր՝ ինչո՞ւ համար եկեղեցւոյ մէջ գրաբար արարողութիւն կը կատարուի՝ երբ գրաբար հասկցող գրեթէ չկայ:
Պատասխանը պարզ էր. ինչպէ՞ս մեր երիտասարդութիւնը առանց դադարի օտար երգեր կը լսեն՝ նոյնիսկ առանց անոնց բառերը հասկնալու, սակայն չեն հանդուրժեր պատարագը, որ պարզապէս հայերէ՛ն է. ո՞ր երիտասարդը չի գիտեր «Կանկնամ սթայլ» երգը. անոնցմէ քանի՞ն գիտէ անոր բառերուն իմաստը:
Փաստօրէն խնդիրը հասկնալու կամ չհասկնալու մէջ չէ, այլ ուզելու կամ չուզելու մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան