ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ
Դարձեալ սեպտեմբեր, դարձեալ վերամուտ եւ դարձեալ աշնանամուտ…։ Եւ սեպտեմբերի յատուկ զգացումներու խտացած տարափ մը, եւ այս տարափին մէջ տատանող՝ յենարան փնտռող անզօր գրիչ մը…
Արդարեւ, վերամուտը ունի զգացական կողմ մը՝ ամէն մէկուս համար տարբեր սաստկութեամբ եւ տարբեր տպաւորութիւններով։ Վերամուտը եւ սեպտեմբերը՝ վերջ մը եւ սկիզբ մըն է. երբեմն դժբախտութիւն, երբեմն ալ երջանկութիւն… բայց միշտ զգացումներու տարափ մը…
«Առաքինի կինը իր ամուսնոյն պսակ է» կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԺԲ 4)։
Վերամուտի այս ոգեւորութեան մէջ գրիչը կը յանձնենք առաքինի եւ բանիմաց կրթական մշակի մը՝ սեպտեմբերի օրուան մը կեանքի կոչուած, սեպտեմբերի վերամուտներ ապրած եւ սեպտեմբերի մը անմահացած եւ անմոռացութեան կոչուած երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի։
ԿԵԱՆՔԸ ԴԵՌ ՆՈՐ ԿԸ ՍԿՍԻ
ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն վերջաւորութիւն հանգրուան մըն է, եւ սկիզբ մը նոր ուղղութեան մը՝ նոր կեանքի մը։
Երբ կը վերջանան մանկութեան օրերը, կը սկսի պատանեկութեան շրջանը եւ երբ վերջանայ պատանեկութեան շրջանը, կը սկսի բուն կեանքը հասուն մարդուն համար։
Սակայն բան մը կայ, որ երբեք չի վերջանար, միշտ կը սկսի. այն է ուսումը։ Եւ ահաւասիկ ամէն վերամուտ խորհրդանիշն է այս անվերջ սկզբնաւորութեան։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է որ վերամուտները միայն ուսանողներու, դպրոցականներու համար չեն, այլ բոլոր անոնց համար, որոնք կը շարունակեն յուսալ եւ վայելել կեանքի անսպառ, անհատնում բարիքները։ Վերամուտը կեանքին համայնապատկերին անբաժան մէկ պահն է։
Իւրաքանչիւր վերամուտ նոր յոյս մը, նոր կեանքի մը աւետաբերն է։
Դպրոցականներ, ուսանողներ երբ կը վերջացնեն իրենց դպրոցական շրջանը եւ ստանան վկայականները, ընդհանրապէս կը կարծեն, թէ վերջացած է իրենց ուսանելու շրջանը, բայց դեռ նոր կը սկսի իրենց ուսանողական շրջանը, քանի որ կեանքը նոր կը սկսի, եւ կեանքը ինք դպրոց մըն է, եւ սորվիլը երբեք վերջ չունի։ Ուրեմն, կեանքը տեւական վերամուտ մըն է՝ վայելք մը, առիթ մը խանդավառութեան։ Եռանդուն, բոցաշունչ պահեր են վերամուտները։
Հասուն է եւ կատարեալ այն անձը որ գիտէ այս իրականութիւնը, թէ՝ ամէն վերջ սկզիբ մըն է, եւ փոխադարձաբար՝ ամէն սկիզբ ունի վերջ մը։ Կատարեալ է այն մարդը, որ ընկերական եւ միանգամայն բարոյական կեանք կ՚ապրի եւ ձեռնհաս՝ աշխարհայինի եւ բարոյականի մենամարտութեան վե՛րջ տալու, եւ ամէն մէկուն իր պաշտօնը նշանակելով՝ հաստատուն քայլերով կը յառաջանայ առաքինութեան շաւիղներուն մէջ՝ բանաւորութեան լոյսով միշտ գիտութեան եւ ուսման օգնութեամբ։
Գիտութեան լոյսը աշխարհի վրայ տարածելու համար անհրաժեշտ է որ ան շողայ դաստիարակութեան եւ կրթութեան մէջ։
Վերամուտը նոր կեանքի մը սկիզբն է, եւ նոր կեանքը բուն իսկ կեանքն է, որուն պէտք չէ երբեք լոյսը, եւ որուն պէտք է միշտ համընթաց ըլլայ ուսումը եւ դաստիարակութիւնը։
***
Որքա՜ն երջանիկ եւ բախտաւոր համարիլ կը պարտինք մենք զմեզ, մեր կրթական մշակներով, ուսուցիչներով եւ դաստիարակներով, մեր նախակրթարաններով եւ վարժարաններով։ Եթէ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք Հին եւ Միջին դարերու վրայ՝ որոնց մէջ մարդը եւ յատկապէս տղան, իր իսկական արժէքով չէ՛ ըմբռնուած եւ շահագրգռութեան առարկայ չէ՛ եղած երբեք։
Միայն քրիստոնէական կրօնքը եւ աշխարհահայեացքը պիտի կարենային տալ արժէքը մարդուն եւ մասնաւորապէս տղո՛ւն, որ անմահ հոգի մը ունի եւ սահմանուած է զարգանալու եւ յառաջդիմելու իբր «բանաւոր էակ», իր իմացական եւ զգացական կեանքը ապրելու, եւ օր մըն ալ, երկինքը յաւիտեան երջանկանալու…
Արդարեւ, կրթական հարցը թէեւ միշտ գոյութիւն ունեցած է, բայց շատ ուշ իր հունին մէջ մտած է եւ այսօրուան հանգրուանին հասած, եւ այն տաժանելի պրպտումներէ, որոնումներէ եւ արդար պայքարներէ վերջ միայն։
Իմացական մշակոյթը, արդարեւ, հոգւոյն ազնուացումը, հոգիին գերիշխանութիւնը, մտքին զարգացումը նպատակ ունենալ է. նկարագիր ունենա՛լ է այս մշակոյթը, տէր ըլլալ է ան իր ցանկութիւններուն, սրտի ախորժակներուն, իր միտումներուն եւ ստորնացող կիրքերուն։
Վերամուտը բոլորիս համար է. շնորհաւոր եւ արդիւնաբեր ըլլայ վերամուտը, քանի որ ան մեր կեա՛նքն իսկ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 9, 2023, Իսթանպուլ