ԵՐԲԵՔ «ԵՐԲԵՔ» ՄԻ՛ ԸՍԵՐ

Երբեք «երբեք» մի՛ ըսեր. «Never say never»։

Կեանքը անակնկալներով լեցուն է եւ չենք գիտեր, որ քիչ յետոյ ի՛նչ պիտի պատահի։ Ուստի, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդ շատ բան կը ծրագրէ, շատ բաներ կ՚երեւակայէ, բայց անոնցմէ միայն մէկ մասը կ՚իրականանայ։

Ուստի, մարդ պէտք չէ՛ վճռական ըլլայ իր որոշումներուն մէջ. եթէ այդպէս ըլլար, արդէն ամէն մարդ երջանիկ կ՚ապրէր այս աշխարհի վրայ։ Բայց կեանքը նեղութիւններով, ձախողութիւններով, կորուստներով, դժբախտութիւններով եւ յուսախաբութիւններով, հիասթափութիւններով լեցուն է։

Չէ՞ որ Յիսուս իսկ կ՚ըսէ, թէ՝ այս աշխարհի վրայ նեղութիւններ պիտի ըլլայ, եւ ասիկա անխուսափելի՛ է։ Եւ այս պայմաններուն ներքեւ, մարդ երբեք վճռական չի կրնար ըլլալ, քանի որ ամենակարող չէ, թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի, մէկ խօսքով՝ անկատար է։ Մարդ, ընդհանրապէս չի կրնար ամբողջովին կատարեալ ըլլալ։

«Երբեք երբեք մի՛ ըսէք» խօսքը սա տեսանկիւնէն ալ կրնանք մեկնաբանել։ Մարդ, երբ մեղք մը, յանցանք մը գործէ, կը զղջայ եւ ինքն իրեն կը խոստանայ երբեք չկրկնել այդ յանցանքը, բայց կրկին կը գործէ նոյն յանցանքը։ Եւ այս կը նշանակէ, որ մարդ պէտք չէ՛ ըսէ «երբեք», քանի որ հաւանաբար պիտի չկարենայ իր խոստումին հաւատարիմ մնալ։

Ուստի, ընդհանրապէս, խօսքին վերջաւորութեան, փոխանակ վերջակէտի՝ աւելի նպատակայարմար է գործածել կախման կէտ…

Ապագան միշտ անորոշ է. Աստուած կրնայ զայն յայտնել Իր մարգարէներուն կամ նաեւ ուրիշ սուրբերու։ Քրիստոնեայ ուղիղ կեցուածքը սակայն կը կայանայ ապագային նկատմամբ ինքզինք վստահութեամբ Նախախնամութեան ձեռքերուն յանձնելու մէջ եւ այս մասին մէկդի դնելով ամէն վատառողջ հետաքրքրութիւն։

Բայց մարդ իր կարողութիւններուն ներած չափով պէտք է հեռատես ըլլայ, պայմանով որ ամէն անակնկալի հաւանակութեան պատրաստ ըլլայ։ Առհեռատեսութիւնը, որովհետեւ կրնայ պատասխանատուութեան պակաս մը գոյացնել։

Ապագային անորոշութեան եւ անակնկալներու յանձնուիլը երբեք պէտք չէ ճակատագրապաշտութիւն համարուի. այսինքն՝ ապագան մարդուս համար անծանօթ ըլլալուն պատճառով ան պէտք չէ բոլորովին անտարբեր ըլլայ ապագային նկատմամբ, այլ պէտք է կարելին ընէ, բայց եւ այնպէս, պատրաստ ըլլայ անակնկալներու։

Արդարեւ, կեանքի նկատմամբ անտարբերութիւնը հակառակ է մարդկային կեանքին իմաստին եւ նպատակին. ան ներհակ է նաեւ մարդուն արժանապատուութեան, քանի որ մարդ բանականութեամբ օժտուած արարած մըն է։ Մարդ կրնայ Աստուծոյ դէմ մեղանչել զանազան կերպերով անտարբերութեամբ՝ որ կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ նկատի առնել աստուածային սէրը եւ կամքը։ Կ՚անգիտանայ Անոր կանխահաճութիւնը եւ կը ժխտէ Անոր զօրութիւնը եւ կ՚ապաւինի, կը վստահի միայն իր ուժերուն։

Մարդ երբեմն ապերախտութեամբ զանց կ՚ընէ կամ կը մերժէ ճանչնալ Աստուած եւ կը շարժի բոլորովին ինքնակամ։ Հոգեւոր ծուլութեամբ կը մերժէ Աստուծոյ բարիքները։ Աստուծոյ դէմ այս անտարբերութիւնը կու գայ հպարտութենէն։ Ան կը հակառակի Աստուծոյ կամքին, կը ժխտէ Անոր նախախնամութիւնը եւ համարի ուրանալ զԻնք իբրեւ այն անձը՝ որ կ՚արգիլէ չարը եւ կը կանոնաւորէ կեանքը։

Ուրեմն, հմտութիւն է զգոյշ ըլլալ ապագային նկատմամբ՝ բոլորովին անտարբեր չըլլալ անոր հանդէպ, կարելին ընել, բայց գիտնալ եւ ընդունիլ նաեւ, թէ ամէն ինչ իրմէ կախում չունի՝ կան բաներ իր կարողութենէն եւ զօրութենէն վեր է եւ ինք չի կրնար տիրել անոնց։

Ինչպէս ադրադարձանք, ասիկա երբեք ճակատագրապաշտութիւն չէ՛. աստուածային օրէնք, թէ մարդուն կարողութիւնները սահմանաւոր են եւ կրնայ միայն իրեն սահմանուած չափով տիրել կեանքին եւ ապագային։ Անցեալը անցած է, իսկ ապագան՝ անծանօթ, եւ ուրեմն մարդ կ՚ապրի միայն ներկան, եւ կրնայ տէր կանգնիլ ներկային՝ իր կարողութիւններուն սահմանին մէջ միայն։

Եւ ուրեմն, պէտք չէ ըսել երբեք «երբե՛ք», քանի որ անծանօթ է ապագան եւ մարդ տէրը չէ՛ ապագային։

Ուստի, մարդ խուսափելու է «երբե՛ք», «բնա՛ւ», «բացարձակապէ՛ս» բառերը գործածելէ, քանի որ աշխարհի վրայ՝ կեանքի մէջ բացարձակ, անփոփոխ ո՛չինչ կայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 10, 2024, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024