ՍԵՒԸ ՃԵՐՄԱԿԸ ԵՒ ՄԻՒՍ ԳՈՅՆԵՐԸ
Մարդկային կեանքը եւ ամբողջ բնութիւնը գունաւոր է, աւելի ճիշդ՝ գոյնզգո՛յն է. բայց տիրականը սեւն ու ճերմա՛կն է, քանի որ կեանքը եւ բնութիւնը բոլորովին հակադիր արժէքներու վրայ հաստատուած իրողութիւններ են՝ որոնց գոյապահպանումը եւ գոյատեւումը կախում ունի այդ հակադիր արժէքներուն ներդաշնակութենէն։ Խորհեցէ՛ք, սիրելինե՜ր. մութը եւ լուսաւորը, բարին եւ չարը, ցերեկը եւ գիշերը, սէրը եւ ատելութիւնը, յաջողութիւնը եւ ձախողութիւնը, եւ տակաւին ի՜նչ հակադրութիւններ չե՞ն որ կը տիրեն մարդկային կեանքին եւ բնութեան։
Մարդ իր կեանքին մէջ կ՚ապրի ուրախութիւններ եւ նաեւ՝ տրտմութիւններ, կ՚ապրի երջանկութիւններ եւ նաեւ՝ ապերջանկութիւններ, ինչպէս նաեւ կ՚արժանանայ փառաբանութիւններու, բայց նաեւ կ՚ենթարկուի պարսաւանքներու, մեղադրանքներու, խաղաղութիւն կ՚ունենայ, սակայն խռովութիւններ ալ կ՚ապրի, եւ մարդուս կեանքը կը նմանի սեւին եւ ճերմակին տիրապետած մրցադաշտի մը։
Բնութիւնն ալ նոյնն է. ինչպէս ըսինք, գիշեր ու ցերեկ, ցուրտ եւ ջերմ, մրրկայոյզ եւ հանդարտ բնութիւնն ալ միշտ կը տարուբերի հակադիր վիճակներու եւ պայմաններու ազդեցութեան մէջ։
Այս երկու ծայրերը կարելի է խորհրդանշել ահաւասիկ, երկու գոյներով՝ սեւով եւ ճերմակո՛վ։
Բայց եկէ՛ք, սիրելիներ, սեւը եւ ճերմակը եւ անշուշտ միւս գոյները անգամ մըն ալ դիտենք հոգեւոր աչքով, եւ տեսնենք, թէ ինչ կը խորհրդանշէ իւրաքանչիւր գոյն։ Անշուշտ, այս դիտաւորութեան գլխաւոր աղբիւրը պիտի ըլլայ՝ Սուրբ Գիրքը։
Սուրբ Գիրքի մէջ «գոյն»ը ցոյց կու տայ զանազան բնութիւններ, զոր օրինակ՝ ՍԵՒ գոյնը՝ խորհրդանիշն է. «թշուառութեան» եւ «սուգ»ի. «Ու սիրտս գաղտնօրէն հրապուրուեցաւ ու բերանս ձեռքս համբուրեց, որ այս ալ պատիժի արժանի անօրէնութիւն մըն է, քանի որ վերը բնակող Աստուածը խաբած կ՚ըլլայի, եթէ զիս ատողին թշուառութեանը վրայ ուրախացայ, կամ անոր փորձանքի հանդիպելուն ատեն խնդացի…» (ՅՈԲ. ԼԱ 27-29)։ Ահաւասիկ, մէկ կողմը՝ թշուառութիւն, միւս կողմը՝ խնդութիւն։ Այս ալ մարդկային կեանքին «սեւ»ը եւ «ճերմակ»ը չէ՞։
Շարունակենք դարձեալ ՅՈԲԻ Գիրքէն։
«Սեւցած պտըտեցայ, բայց՝ ո՛չ արեւէն։ Ելայ եւ ժողովուրդին մէջ աղաղակեցի։ Չագալներուն՝ եղբայր, եւ ջայլամներուն ընկեր եղայ։ Մորթիս վրայ սեւցաւ ոսկորներս տաքութենէն այրեցան։ Ատոր համար իմ քնարը սուգի փոխուեցաւ ու իմ սրինգը՝ լալկաններու ձայնի» (ՅՈԲ. Լ 28-31)։ Եւ դարձեալ Յովհաննէս Առաքեալի Յայտնութեան Գիրքէն օրինակ մը.
«Երբ երրորդ կնիքը քակեց, երրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ՚ըսէր.- Եկուր եւ տե՛ս։ Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր։ Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կ՚ըսէր.- Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի եւ երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին եւ գինիին մի՛ վնասեր։ Երբ չորրորդ կնիքը քակեց, չորրորդ կենդանիէն ձայն մը լսեցի, որ կ՚ըսէր.- Եկուր եւ տե՛ս։ Տեսայ դեղին ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողին անունը Մա՛հ էր եւ Դժոխքը անոր ետեւէն կ՚երթար եւ անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ երկրին չորրորդ մասին վրայ, որ սրով ու սովով եւ մահով եւ երկրի գազաններով սատկեցնեն։ Երբ հինգերորդ կնիքը քակեց, սեղանին տակ տեսայ այն մարդոց հոգիները, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին համար եւ անոր վկայութեանը համար՝ որ իրենք տուած էին։ Եւ մեծ ձայնով աղաղակեցին.- Ո՛վ սուրբ եւ ճշմարիտ Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ մեր արեան վրէժը չլուծես երկրի բնակիչներէն։ Ճերմակ հանդերձներ տրուեցան անոնց եւ ըսուեցաւ անոնց, որ քիչ մը ատեն ալ հանգչին, մինչեւ անոնց ծառայակիցները եւ անոնց եղբայրները լման ըլլան՝ որոնք իրենց պէս պիտի սպաննուէին։ Տեսայ, երբ վեցերորդ կնիքը քակեց, մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, արեւը սեւցաւ մազեղէն քուրձի մը պէս, լուսինը բոլորովին արիւնի պէս եղաւ…» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ Զ 5-12)։
Ուստի ԴԵՂԻՆ գոյնը՝ մահաբեր սատակման, այսինքն՝ չարաչար մահուան, բնաջնջման խորհրդանիշն է։
ԱՇԽԷՏԸ (=կարմիր դեղմագոյն).(ձի) եւ ՇԱՌԱԳՈՅՆը (=կրակի կարմիր, հրակարմիր) խորհրդանիշն է՝ արիւնահեղութեան կամ յաղթութեան. «Առաջին կառքին աշխէտ ձիեր լծուած էին, երկրորդ կառքին՝ սեւ ձիեր…» (ԶԱՔ. Զ 2)։ Նաեւ նոյնը յիշուած է Յայտնութեան Գիրքին մէջ (ՅԱՅՏ. ԺԲ 3)։
ԿՐԿՆԱԿԻ եւ ՈՐԴԱՆ ԿԱՐՄԻՐ (=Հայաստանի որդ՝ կիսաթեւ, յօդաւոր երեք թաթերով, ոսպնաձեւ, որմէ կը հանեն կարմիր ներկը) կը խորհրդանշէ՝ «անջնջելի, մնայուն, յաւիտենական բանի» մը գոյութիւնը։ «Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ՚ըսէ Տէրը. եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան» (ԵՍ. Ա 18)։ («Ասր»=ոչխարի բուրդ՝ խուզուած եւ մաքրուած)։
Եւ ՃԵՐՄԱԿ գոյնը՝ խորհրդանիշն է «գեղեցկութեան» եւ «սրբութեան»։ «Հանդերձներդ ամէն ատեն ճերմակ թող ըլլան ու գլխուդ վրայէն իւղը պակաս թող չըլլայ» (ԺՈՂՈՎՈՂ Թ 8)։ Նաեւ՝ բաղդատել՝ Յայտնութեան Գ 3-4 համարները։
Նաեւ ՃԵՐՄԱԿը եւ ԿԱՊՈՒՏԱԿը խորհրդանիշ են թագաւորական եւ քահանայական աստիճանի։ Արդարեւ այս գոյները Հրեաներու մէջ թագաւորական եւ քահանայական գոյներ էին։ Կապոյտ գոյնը ի՛նչ որ էր Հրեաներու մէջ, նո՛յնն էր ԾԻՐԱՆԻն Հռոմայեցիներու մէջ, ուստի «ծիրանի» արքունական կարմիր զգեստ էր։
«Մուրթքէն ելաւ թագաւորին առջեւէն՝ կապուտակէ ու ճերմակ բեհեզէ թագաւորական զգեստով եւ ոսկիէ մեծ թագով ու բեհեզեղէն ու ծիրանի պատմուճանով եւ Շուշան քաղաքը ուրախացաւ ու ցնծութիւն ըրաւ» (ԵՍԹԵՐ Ը 15), նաեւ՝ «Զինուորներն ալ փուշերէ պսակ հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին եւ անոր ծիրանի հանդերձ մը հագցուցին» (ՅՈՎՀ. ԺԹ 2)։
Այսպէս գոյները կարեւոր են կեանքի մէջ…։
- Սկզբնաղբիւր.- «Ներածութիւն Սուրբ Գրոց ուսման», Տոգ. Անկըսէ, 1892, Կ. Պոլիս։
«Dictionnaire de la Bible», André-Marie Gerard - Andrée Nordon-Gerard, 1989, Paris։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 1, 2016, Իսթանպուլ