ԿԵԱՆՔԻ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Այստեղ, այս աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Այսպէս կը պատուիրէ Յիսուս, մատնանշելով թէ կեանքի մէջ միշտ պիտի պատահին նեղութիւններ, դժուարութիւններ՝ որոնց հանդէպ պէտք է քա՛ջ ըլլալ Իր իսկ օրինակով։ Յիսուս դիմադրեց քաջաբա՛ր կեանքի ամէն տեսակ նեղութիւններուն, տոկաց, եւ ի վերջոյ յաղթեց աշխարհին։ Ան նոյնիսկ լքուեցաւ իր աշակերտներուն կողմէ, ինչ որ կրկնապատեց իր նեղութիւնը, բայց չվհատեցաւ, միշտ աւելի եւս զօրացաւ, քաջալերուեցաւ եւ Իր իսկ ուժերով յաղթական դուրս եկաւ ամէն նեղութենէ, դժուարութենէ։ Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով է, որ Ան կ՚ըսէ, թէ «աշխարհի մէջ նեղութիւններ պիտի ըլլան» եւ կը պատուիրէ «քա՛ջ ըլլալ անոնց հանդէպ», Իր իսկ օրինակով։

Արդարեւ, Ան կ՚ըսէ, թէ «Գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին…», (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։

Ուրեմն, կը հետեւի թէ աշխարհի վրայ մարդ կատարեալ եւ տեւական երջանկութիւն պիտի չկարենայ ունենալ։ Այս աշխարհը՝ ուր կ՚ապրի մարդ, վարդաստան մը չէ՛, եւ եթէ նոյնիսկ վարդաստան մը համարուի, վարդերու փուշերն ալ անպակաս պիտի ըլլան եւ գոնէ ատեն ատեն պիտի խայթեն մարդը եւ ցա՛ւ պիտի պատճառեն անոր։

«Ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ։ Ուստի խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս», (ՄԱՏԹ. Ժ 16)։ Ուստի կեանքի մէջ պիտի ըլլան միշտ «գայլանման մարդիկ», որոնց հանդէպ կը զգուշացնէ Յիսուս, պատուիրելով որ խորագէտ ըլլանք անոնց հանդէպ։

Եւ դարձեալ, Յիսուս կ՚ըսէ, թէ «ցորենին հետ պիտի աճի նաեւ որոմը…», (ՄԱՏԹ. ԺԳ 26)։

Այս բոլոր վտանգներուն դէմ, Յիսուս կը պատուիրէ քա՛ջ ըլլալ, չվախնալ եւ միայն հաւատա՛լ, երբ կ՚ըսէ. «Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք», (ՄԱՏԹ. ԺԴ 27), եւ կը յորդորէ թերահաւատ չըլլալ. «Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ կասկածեցար», (ՄԱՏԹ. ԺԴ 31)։ Ուրեմն նեղութիւններու, դժուարութիւններու դիմադրելու համար պէ՛տք է չտարակուսիլ, չկասկածիլ, չերկմտիլ եւ անդրդուելի, անխախտ հաւատք ունենալ։

Այո, նեղութիւններ, դժուարութիւններ անպակաս պիտի ըլլան կեանքի մէջ, աշխարհի վրայ, բայց անոնց ճա՛րն ալ կայ, անել կացութիւններէ ելքի ճամբայ մըն ալ կա՛յ, որն է հաստատ եւ անխախտ հաւա՛տքը։ Արդարեւ, Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Ան որ լալով կը ցանէ, ուրախութիւնով կը հնձէ», (ՍԱՂՄ. ՀԻԶ 6)։ Ուստի նեղութիւն, դժուարութիւն պիտի ըլլայ, որ յաղթանակը իմաստ մը ունենայ եւ յաղթանակի ուրախութիւնը երջանկութեան վերածուի։ Հաւատքով է, որ մարդ կ՚ազատի նեղութիւններէն, կը յաղթէ անոնց եւ կը հասնի ուրախութեան, երջանկութեան։

Հաւատացողը համբերատար պէտք է ըլլայ, նեղութիւնը երբ ժամանակ մը եւս տեւէ, պէտք չէ՛ յուսալքուի, քանի որ ամէն ինչ ժամանակ մը ունի, թէ ոչ հաւատքը իմաստ մը պիտի չունենայ եւ քաջութիւնը որպէս արժէք պիտի չներկայանայ։ Նեղութիւնը, դժուարութիւնը ժամանակ մը տեւելու է, որպէսզի մարդուս քաջութիւնը իրագործուի եւ հաւատքը գործնականի վերածուի։ Հաւատքը միայն զգացում մը, վիճակ մը, մտածում մը չէ, այլ եւ մանաւանդ՝ գործ, շարժո՛ւմ։

Արդարեւ Յիսուսի ամէն խօսքը խոր տպաւորութիւն եւ ազդեցութիւն կը թողու հաւատացեալին վրայ։ Անոր մխիթարիչ եւ խրախուսիչ, քաջալերող, վհատութիւնը փարատող խօսքը արդէն բաւարար է, որ մարդ լաւ տրամադրութեան մէջ դիմադրէ ամէն նեղութիւն եւ ամէն դժուարութիւն։ Անոր ամէն մէկ խօսքը վստահութիւն կը ներշնչէ, մարդ ինքզինք ապահով կը զգայ եւ երբեք չի պարտուիր չարին ներգործութենէն։ Մարդ ինքզինք զօրացած, ոգեւորուած կը զգայ եւ կարծես ապագային համար Յիսուսի յայտնած նպաստաւոր կարծիքները իրեն կը պատշաճեցնէ՝ կը մխիթարուի, կը քաջալերուի, կը զօրանա՛յ։

Յիսուս իր զօրաւոր եւ քաջալերական խօսքերը կ՚ընէ մանաւանդ իր «կտակ»ին մէջ, որ կը փակէ հետեւեալ խօսքերով.

«Դեռ նոր կը հաւատա՞ք, դեռ նոր կը համոզուի՞ք, եւ այս նոր հաւատքով է՞ որ այլեւս ինէ չբաժնուելու խրախոյսով կը խօսիք։ Չէ, սիրելիներ, այս բանը պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսի, այլ ո՛չ հիմա… մինակ մնացած չեմ ըսուիր, քանի որ Երկնաւոր Հօր պաշտպանութիւնը իմ վրաս է, եւ ես Երկնաւոր Հօր հետ միացած եմ։ Սակայն վերջին ըլլալով, անգամ մըն ալ ըսեմ, որ այս ամէն բաները ձեզ յուսահատութեան մէջ չթողուն», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 25-31)։ Հոս պէտք է յիշել, որ Յիսուս կ՚ըսէ իր աշակերտներուն նաեւ, թէ անոնք շփոթած եւ շուարած մէկ մէկ կողմ պիտի փախչին, եւ զինք մէկ մինակ պիտի թողուն, քանի որ իրեն հասնելիք փորձանքները սկսելու վրայ են, եւ իր տագնապներու ատենը մօտ է եւ արդէն հասած։ Եւ կը շարուակէ Յիսուս. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց ինծի հետ միաւորուած ըլլալով, սրտի խաղաղութիւն եւ հոգւոյ ուրախութիւն կ՚ունենաք։ Աշխարհի փորձանքները ձեզ չվհատեցնեն, աշխարհի բռնութիւնը ձեզ չշփոթեցնէ, անոր փորձանքները անցաւոր են, անոր բռնութիւնը զօրաւոր չէ, քա՛ջ եղէք, ոգեւորուեցէ՛ք, ինչպէս ես աշխարհի կը յաղթեմ, անանկ դուք ալ աշխարհի պիտի յաղթէք», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 32-33)։ Այս զօրաւոր եւ քաջալերական խօսքերով կը փակէ Յիսուս Իր կտակը։ Վերջին խրատը եւ վերջին յորդորն է, զոր Ան իր հետեւորդներուն կը խօսի, եւ Իր խօսքերը, եւ ինչպէս ամբողջ կտակը, թէեւ աշակերտներուն ուղղուած են, բայց միջնորդաբար եւ ընդհանրաբար բոլոր Աւետարանի հետեւորդներուն ուղղուած են։ Անոնք որպէս նուիրական պատուէր, մեր սրտին վրայ տպաւորուած պահելու ենք։ Եւ մանաւանդ մեր նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու պահերուն, անել վիճակի մատնուած ատեն, Յիսուս Քրիստոսի բերնէն ելած սա վերջին պատուէրը երբեք մեր միտքէն պիտի չհեռացնենք եւ ոչ միայն նեղութիւններու ժամանակ, այլ միշտ պիտի յիշենք. «Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մեզի կը մնայ հաստատ հաւատքով քա՛ջ ըլլալ նեղութիւններու հանդէպ՝ կարենալ տոկալու եւ դիմադրելու համար անոնց…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 5, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2018