ՅՈՌԻ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մարդը երբ կը գործէ «ինքնակամ» կերպով, ան, այսպէս ըսելու համար. «հա՛յրն է իր արարքներուն»։ Մարդկային արարքները, որոնք ազատօրէն ընտրուած եւ գործադրութեան պատրաստ են յետ խղճի քննութեան, որակաւորելի են ըստ բարոյականի։ Ուստի անոնք «բարի» են կամ «չար»։
Մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը կախում ունի. ընտրուած առարկայէն, հետապնդուած նպատակէն կամ դիտաւորութենէն եւ գործելու պարագաներէն։ Մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը նկատի առնելով՝ բարոյական առարկան, դիտաւորութիւնը եւ պարագաները կը հանդիսանան անոր «աղբիւրներ»ը կամ «բաղադրիչ տարրեր»։ Նկատի առնենք «դիտաւորութիւն»ը։
Առարկային դիմաց՝ «դիտաւորութիւն»ը կը կանգնի գործող ենթակային կողքին։ Դիտաւորութիւնը, որ կը նշանակէ «նպատակ», «մտադրութիւն» իր լայն առումով, քանի կապուած է գործին կամաւոր աղբիւրին եւ կը յատկանշէ զայն իր վախճանով, էական տարրն է գործին բարոյական որակաւորումին։ Արդարեւ, վախճանը՝ նպատակակէտը եւ հետեւանքը, առաջին նպատակն է դիտաւորութեան եւ ցոյց կու տայ գործին հետապնդած նպատակը։ Այս ուղղութեամբ, դիտաւորութիւնը «շարժում» մըն է կամքին դէպի վախճանը. ան կը հայի գործելու վախճանին։
Դիտաւորութիւնը հայեցակէ՛տն է նախաձեռնուած գործէն սպասուած բարիքին։ Ան չի սահմանափակուիր մարդուս անհատ գործերուն, արարքներուն ուղղութեամբ, այլ ան կարող է բազմազան գործեր դասաւորել դէպի միեւնոյն նպատակը. ան կարող է ներշնչուիլ Աստուծոյ սէրէն իբր վերջնագոյն նպատակ մարդուս բոլոր գործերուն։ Ուստի, նոյն արարքը կրնայ ներշնչուիլ բազմաթիւ դիտաւորութիւններէ, ինչպէս որ ծառայութիւն մը կարելի է մատուցանել՝ շնորհք մը ընդունելու համար եւ կամ անկէ սնապարծութիւն քաղելու համար…։
Ընդունուած իրողութիւն մըն է, թէ՝ նպատակը միջոցը չ՚արդարացնե՛ր։ Niccolo Machiavelli կ՚ըսէ, թէ՝ նպատակի մը հասնելու համար ամէն միջոց արդարացի է եւ ներելի, ինչ որ կարելի չէ հաշտեցնել որեւէ բարոյական դրութեան եւ մանաւանդ մարդկային անհատական խղճին։ Եթէ նպատակը՝ դիտաւորութիւնը բարի է, անոր միջոցը եւ առարկան ալ պէտք է բարի՛ ըլլայ, թէ ոչ կը խաթարուի նպատակը եւ կը շեղի իր նպատակէն։ Աւելորդ կը նկատենք օրինակներ տալ այս մասին, քանի որ մարդկային կեանքի մէջ յաճախ կարելի է հանդիպիլ, եւ թէ բոլորս ալ հանդիպած ենք եւ կը հանդիպինք դէպքերու՝ որոնց նպատակը թէեւ առերեւոյթ «բարի» է, սակայն միջոցը «չար» եւ հետեւաբար ան ի վերջոյ «չար» գործ մը կ՚ըլլայ։ Մէկ խօսքով «բարիք գործել»ու համար «չարիք գործել» ներհակ է բարոյականութեան եւ բնական օրէնքին։ Բարիին հասնելու միա՛կ ճամբան՝ բարութեան լուսաւոր ճամբայէն ընթանալն է։ Լոյսին հասնելու համար լոյսի մէջ՝ լուսաւոր ճամբաներու մէջ լոյսին հետեւելով պէտք է քալել եւ ո՛չ թէ խաւար եւ մութ ճամբաներ ընտրել։ Այն որ լոյսէն կը խուսափի եւ խաւարը կ՚ընտրէ, եթէ նոյնիսկ իր դիտաւորութիւնը լոյսին հասնիլ ըլլայ, երբեք լոյսին չի կրնար հասնիլ եւ կը մնայ խաւարին մէջ՝ դատապարտուած մութին։ Ուրեմն բարի դիտաւորութիւն եւ բարի միջոց, բարի առարկայ, բարի ճամբայ։ Չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ «Ես եմ ճանապարհը», եւ Ինք Լո՛յս է, եւ ուրեմն Լոյսին հասնելու միակ ճամբան բարի եւ լուսաւոր ճանապարհն է եւ ո՛չ մէկ կասկած…։
Ան որ կ՚ուզէ Լոյսը, անոր՝ որ դիտաւորութիւնը Լոյսն է, ուրեմն պէտք է հետեւի Լո՛յսին։
Բարի դիտաւորութիւն մը, զոր օրինակ՝ մերձաւորին օգնելը, ո՛չ բարի եւ ո՛չ ալ չար կը դարձնէ վերաբերմունք մը, որ յինքեան անբարեկարգ է, ինչպէս սուտը եւ կամ չարախօսութիւնը։ Կրկնենք. վախճանը չ՚արդարացներ միջոցները։ Այսպէս, ուրեմն, արդարանալի չէ՛ անմեղի մը դատապարտութիւնը իբրեւ օրինաւոր միջոց ժողովուրդը փրկելու։ Եւ ընդհակառակը, աւելցուած յոռի դիտաւորութիւն մը, զոր օրինակ՝ սնապարծութիւնը, ինքնահաւանութիւնը կամ մեծամտութիւնը յոռի կը դարձնէ արարք մը՝ որ ինքնին կրնայ բարի ըլլալ, զոր օրինակ, ողորմութիւնը, ինչպէս կ՚արձանագրէ Աւետարանը. (ՄԱՏԹ. Զ 2-4)։
Բարոյապէս բարի արարքը կ՚ենթադրէ միանգամայն լաւութիւնը առարկային, նպատակին եւ պարագաներուն։ Խորհեցէ՛ք սիրելի՜ բարեկամներ, ինքնահաւան, մեծամիտ մէկու մը տուած ողորմութիւնը, որուն մէջ կայ ստորադասելու, նախատելու արտայայտութիւն մը որքա՞ն «ողորմութիւն» կրնայ կոչուիլ եւ ծառայել իր նպատակին։ Ուստի, հմուտ մէկը երբ իր հմտութիւնը կը գործածէ հպարտանալու, պարծենալու համար եւ ուրիշները կը ստորադասէ, որքա՞ն արժէք կ՚ունենայ իր կարծեցեալ հմտութիւնը…։
Առակով մը վերջացնենք մեր խորհրդածութիւնը։
Կը պատմուի, որ օր մը չափազանց յաւակնոտ, մեծամիտ եւ ինքնահաւան, ինքզինք «ամենագէտ» կարծող մէկը, լիճին մէկ լճափէն դիմացի լճափը անցնելու համար նաւակ մը կը վարձէ։ Նաւակին թիավարին կը սկսի տեւական հարցումներ հարցնել։ Համեստ գիտութեան տէր խեղճ թիավարը անպատասխան կը թողու հարցումները։ Եւ ամէն անգամ որ պատասխան չ՚առներ ինքնահաւան կարծեցեալ «ամենագէտ»ը, թիավարին կ՚ըսէ.- Աս ալ չե՞ս գիտեր, ուրեմն դուն մեռեալ մըն ես…։ Եւ խեղճ թիավարը անձայն կը շարունակէ թիավարել…։ Յանկարծ ահաւոր փոթորիկ մը կը սկսի ալեկոծել լիճը, այնքան որ նաւակը նաւաբեկութեան վտանգի հետ դէմ յանդիման կու գայ։ Հարցում հարցնելու հերթը թիավարինն է այլեւս, եւ կը հարցնէ «ամենագէտ» ճամբորդին.- Լողալ գիտե՞ս։ Եւ երբ ան կը պատասխանէ.- Ո՛չ, թիավարը կ՚ըսէ.- Ահաւասի՛կ հիմա դո՛ւն մեռեալ մըն ես…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 21 2022, Իսթանպուլ