ԲՆԱՏՈՒՐ ՇՆՈՐՀՔԸ
Ոչ մէկ արդար գեղագէտ կրնայ գեղեցիկը գեղեցիկէն զանազանել եւ դասաւորել՝ մէկը կա՛մ միւսը նախապատուութեան որեւէ պայմանադրական օրէնքով կա՛մ չափանիշով։
Գեղեցկութիւնը, եթէ գեղեցկութիւն է, բնութեան մէջ բացարձակութիւն մըն է՝ «norme» մը, որ չի՛ կրնար բաղդատութեան եզր մը ըլլալ։ Եւ եթէ կարգ մը արժէքներու միջեւ բաղդատութիւն կ՚ըլլայ, տարբերութիւնը՝ անոնց ընդունած խնամատարութեան, հոգածութեան տարբերութի՛ւնն է։ Զոր օրինակ, կարելի չէ սա ծաղիկը կամ միւս ծաղիկը բաղդատել գեղեցկութեան տեսակէտէ. ծաղիկներ իրարմէ աւելի գեղեցիկ չեն. բայց մէկը միւսէն աւելի խնամուած է։ Ոմանք լքուած, ինքնաբաւ թողուած, միւսները աւելի հոգածութեան արժանացած են։ Ոմանք աւելի տոկուն, ոմանք աւելի «շփացած» են, բայց ասիկա երբե՛ք անոնց գեղեցկութիւնը բաղդատելու համար պատճառ մը չէ։ Գեղեցկութիւնը բացարձակ արժէք մըն է, եւ բացարձակը երբեք բաղդատութեան եզր մը չ՚ունենար։ Բնութեան ծոցը, առանց տեսանելի որեւէ պաշտպանութեան եւ հոգածութեան, հաւասարութեան ամբողջութիւն մըն է։ Հարցը կամ տարբերութիւնը՝ բնական եւ հարազատ կամ արուեստական, անբնական ըլլալու մէջ է։ Գեղեցկութիւնը անոնց բնութեան մէ՛ջ է։
Արդարեւ, բացարձակ գեղեցկութիւնը (normal) բնատուր շնորհք մըն է։ Ուստի, ի՛նչ որ գեղեցիկ է եւ հմայիչ, համակրելին մարդկային նկարագրին մէջ էապէս ա՛յն է, զոր Աստուած Ի՛նք դրած է։ Ասիկա բնատուր է, եւ ոչ՝ ստացական։ Անկարելի է շահիլ զայն որեւէ միջոցով՝ ո՛չ դաստիարակութեամբ, ո՛չ արուեստական յարդարանքով, վրագիր եւ անցաւոր փայլով, այլ որպէս «պարգեւ» շնորհ ընդունելով ուղղակի՛ Աստուծմէ։
Աստուծմէ ստացուածը բացարձակ է։ Աստուծոյ տուածը մարդ չի կրնար տալ, եւ երանելի՜ են անոնք, որոնք Աստուծմէ ընդունած են ի՛նչ որ ունին եւ ի՛նչ որ են նկարագրով, ինքնութեամբ։ Մարդ կրնայ ուսեալ ըլլալ, բայց նաեւ տակաւին թերութիւններ ունենալ ուսանելու, սորվելու մէջ, քանի որ գիտութիւնը՝ բնութիւնը ճանչնալ կը նշանակէ, եւ բնութիւնը սահման չունի՛։ Նաեւ մարդ կրնայ «կարդացած» ըլլալ, շատ բան գիտնալ, բայց ստեղծագործական կարողութենէ զուրկ ըլլալ՝ որեւէ տաղանդ չունենալ։ Արդարեւ, գիտութիւնը չի փոխեր մտքին տարողութիւնը. պզտիկ միտքը չի մեծնար, այլ՝ քիչ մը կը յարդարուի, կը կարգաւորուի։
Այս ուղղութեամբ, տաղանդը եւ արուեստական դաստիարակութիւնը իրարու հետ պէտք չէ՛ շփոթել։
Քարոզիչ մը՝ «քարոզիչ» չ՚ըլլար, որովհետեւ ճեմարանի մը դասընթացքը աւարտած է, եթէ նոյն ատեն Սուրբ Հոգիին կրակը չի վառեր անոր հոգիին մէջ, եւ եթէ չունի իսկական կոչո՛ւմ։ Նոյնպէս, գրագէտը եւ բանաստեղծը գրագիտութեան դպրոցի մը մէջ չեն պատրաստուիր, եթէ բնատուր չէ այդ իրենց։ Աշխարհի մեծագոյն մարդիկը բնատուր տաղանդով է, որ հասած են իրենց դիրքին։
Մարդիկ յարդարիչներ են. Աստուած է ստեղծիչը եւ արարիչը։ Մարդ չի կրնար գոյացնել որեւէ բան՝ որ արդէն գոյութիւն չունի։ Եւ կեանքի փորձառութիւնը ընդհանրապէս ցոյց կու տայ մեզի, թէ «սրտի մաքրութիւն»ը չի շահուիր, այլ՝ բնածին է, ուրիշ խօսքով՝ մարդ կա՛մ «կեղծաւոր» կը ծնի կամ անկեղծ եւ պարկեշտ։ Մարդուն հիմնական կարողութիւնը՝ դատողութիւնը ա՛յս հետեւանքը ցոյց կու տայ։ Կեղծաւորներու մէջ ապրիլ տանջա՛նք է։
Ճշմարիտ բարեկամութիւն անկարելի՛ է կեղծաւորներու միջեւ, նոյնիսկ երբ մէկ կողմը անկեղծ է եւ միւսը՝ կեղծաւոր, դժոխային կեանք մը կը ստեղծուի։ Հոն կայ խաբէութիւն, նենգութիւն, խարդախութիւն եւ ամէն տեսակ խաղ։ Այսպիսի միջավայրի մէջ ապրիլ չարչարա՛նք է։ Սէրը չ՚իյնար երբ անոր աղբիւրը Աստուծոյ սիրտն է։ Աստուծոյ սրտէն բղխած սէրը հարազատ եւ բացարձակ սէրն է մարդուս մէջ, միշտ վստահելի՛։ Արդարեւ, վստահութիւնը անկեղծութենէ կը ծնի եւ վստահութիւնը խաղաղութիւն կը ստեղծէ։
Բայց մարդուս սէրը պայմանաւոր է. երբեմն՝ ըստ պարագաներու եւ պայմաններու պահանջին՝ կը սիրէ, երբեմն ալ՝ կ՚ատէ, սիրոյ հետքը իսկ չի տեսնուիր անոր քով։ Ո՞վ անկեղծ է սիրոյ մէջ, ո՞վ լման սէր ունի, այսինքն՝ միշտ սիրով լեցուն է, որոշել դժուա՛ր է։
Սէրը զոհողութիւն կը պահանջէ՝ վաստակ, աշխատանք կ՚ուզէ. առանց յոգնութեան սէր չ՚ըլլար։ Մարդ թէ՛ սիրող է եւ թէ ատող։ Այս իմաստով, մարդուս նկարագիրը «միագոյն» չէ, այլ՝ «բազմագոյն»։ Մարդ միայն սպիտակ չէ՛, այլ սպիտակին վրայ կայ սեւ բիծեր միշտ։ Այնքան զանազանութիւն կայ «գոյներ»ու մարդկային նկարագրին մէջ՝ որքան կ՚երեւին գարնանային կամ աշնանային համայնապատկերի մը մէջ։ Մարդուս հոգին տխուր պատկեր մըն է «Բաբելոնական խառնակութեան», ո՛չ թէ՝ սրբութեան, պարզութեան, անկեղծութեան, կամ տիրականապէս «աստուածային նկարագրին» տիպարին։
«Սրբանալ» կը նշանակէ ներքնապէս խաղաղ ըլլալ՝ անկեղծ, հեռու՝ ամէն յետին նպատակներէ, պարզ եւ անմեղ։ Մարդ ե՞րբ անկեղծ կ՚ըլլայ։ Մարդուս խորհուրդները, խօսքը եւ գործը երբ համապատասխան են՝ անկե՛ղծ է։ Մարդուս լեզուն երբ չի հակասեր մտքին եւ գործը՝ հակադրել չէ խօսքին, ան անկեղծ է, եւ անկեղծ մարդիկ միշտ վստահութիւն կը ներշնչեն։ Անկեղծութիւնը անշուշտ հաւատարմութիւն կ՚ենթադրէ։ Աստուած բացարձակապէս ամենավստահելին է, քանի որ Ան բնութեամբ պարզ եւ սուրբ է. աննենգ, անխառն, հարազատ եւ ջի՛նջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 10, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/17/2025
- 02/17/2025