ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ ՄԸ (Բ.)
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Վենետիկի միաբանութեան անդամ էր. Փափազեանի վկայութեամբ՝ «բարեհամբոյր ու ազնիւ դէմք մը, որ յետագային կարծեմ աբբահայր եղաւ»:
Մ. ՏԷՐՊԷՏԷՐԵԱՆ.- Ռումանիոյ շրջանան էր, Դաշնակցական: Գրականութեան ու պատմութեան ուսումնասիրութեան սիրահար մըն էր։ Փափազեանի բառերով՝ «Ձեռներէց, հանրային ջիղ ունեցող, Ռումանիոյ մէջ գործօն դեր ունեցած էր»:
ՆԵՐՍԷՍ ԽԱՆ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ.- Ֆրանսայի շրջանէն հարուստ հայ մըն էր, որ կը զբաղէր հնութիւններու եւ ադամանդի գործով։ Փափազեան լաւ արտայայտութիւն մը չ՚ունենար անոր մասին, Ներսէսի գործին ակնարկելով՝ «Ատոնցմէ զատ կարծեմ այլ բանով չէր հետաքրքրուած մինչ այդ»:
Ե. ԱՂԱԹՕՆ.- Կը մասնակցէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շրջանէն։ Պաշտօնով գիւղատնտես էր: Նախապէս եղած էր Նուպար Փաշայի Եգիպտոսի կալուածներու կառավարիչ: Գիւղատնտեսական գիտութիւնը կ՚ուզէր ի գործ դնել Հայաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման ու աճին: Փափազեանի բառերով՝ «Ազգային խնդիրներով շատ հետաքրքրուող, սրտցաւ եւ պատրաստակամ ծառայելու անոր: Բարեհոգի եւ համեստ հին հայերէն էր, մաքուր եւ աւանդապաշտ»:
Մ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ.- Դաշնակցական էր: Եղած էր «Ասպարէզ» թերթի խմբագիրներէն. մասնագիտութեամբ իրաւաբան էր:
Մ. ԶԱՏԻԿԵԱՆ.- Դաշնակցական էր: Հայկական շրջանակներու մէջ գործօն դեր ունեցած էր։ Փափազեանի բառերով՝ «Խոնարհ, պարզ եւ շատ ընկերական մարդ մը»:
Ա. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ.- Դաշնակցական էր: Եղած էր կուսակցական գործիչ, ինչպէս նաեւ զբաղուած էր խմբագրական աշխատանքներով: Գործունէութիւն ծաւալած էր Գալիֆորնիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ:
Ե. ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ.- Կուսակցութեան մը անդամ չէր. մասնագիտութեամբ իրաւաբան էր։ Փափաեանի բառերով՝ «Խելահաս, պատրաստուած մարդ մը, դիտող եւ քննադատող»:
ՓՐՈՖ. Ա. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Դաշնակցական էր: Եղած էր Սանասարեան վարժարանի ուսուցիչ։ Մասնագիտութեամբ հայագէտ-պատմաբան էր:
ՏՔԹ. ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ.- Հալէպէն մասնակցող յայտնի բժիշկ մըն էր, որ Հալէպի մէջ ունէր իր սեփական հիւանդանոցը (մինչեւ օրս գործող):
Յ. ՄՈՍՏԻՉԵԱՆ.- Յունաստանի շրջանէն կը մասնակցէր։ Կուսակցութեան մը անդամ չէր: Նախապէս եղած էր Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի տեսուչ։ Փափազեանի վկայութեամբ՝ «Շատ վայելուչ եւ պատրաստուած մարդ մը. քաղաքականապէս հասուն եւ պարկեշտ»:
Ճ. ՄԱԼՔՈՒՄ.- Էջմիածինի Կաթողիկոսի ներկայացուցիչներէն մին էր։ Փափազեանի արժեւորումով՝ «Պահպանողական, անգլիացած, հայկական գործերէն բացարձակ անտեղեակ եւ ոչ շատ խելացի մարդ մը»:
ԳԱՐԵԳԻՆ ՓԱՍՏԸՐՄԱՃԵԱՆ.- Էջմիածինի Կաթողիկոսի նեկայացուցիչներէն մին էր. մասնագիտութեամբ քիմիկոս: Երիտասարդ տարիքէն նուիրուած էր յեղափոխական եւ ազգային գործերու: Ուաշինկթընի մէջ եղած էր Հայաստանի դեսպան:
Առանց մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելու Փափազեան կը յիշէ, որ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ Մ. Տամատեան (գրող, մանկավարժ եւ քաղաքական գործիչ), Ա. Չօպանեան (գրող, քննադատ, բանասէր եւ լրագրող), Կ. Թումանեան, Ա. Հանըմեան եւ ուրիշներ:
Ժողովի ամենէն կարեւոր ներկայացուցիչներէն էին Ա. Ահարոնեան եւ Հ. Օհանջանեան: Ընդհանուր մասնակիցներու թիւը 38 էր: Այս խումբը ընդհանուր ունեցաւ 45 նիստեր:
Մասնակիցները անունով ճանչցուած էին իրենց այս կամ այն գործերով, սակայն մեծ մասամբ իրարու անծանօթ անձեր էին. բոլորն ալ մտապէս զարգացած ու պաշտօններու տէր մարդիկ, սակայն Փափազեանի վկայութեամբ՝ ժողովը սկիզբը այնքան ալ փայլուն պատկեր մը չունէր. Փափազեանի բառերով՝ «Թէեւ բոլորը համակուած էին ազգային միահամուռ գործակցութեան ոգիով, բայց շատ ալ վստահութիւն չունէին իրարու հանդէպ: Գլխաւոր պատճառը՝ դարձեալ արեւելահայ եւ արեւմտահայ հին հակամարտութիւններն էին՝ դրուած թեք մակարդակի վրայ»:
Պէտք է նկատի առնել, որ տակաւին նոր հաստատուած էր Հայաստանի անկախութիւնը եւ անխակ պետութեան մը տակ գործելու գաղափարն ու հասկացողութիւնը շատերու այնքան ալ յստակ չէին։ Հայաստանը ունէր պետականութիւն, սակայն սփիւռքի համար այնքան ալ յստակ չէր այդ անկախութեան ինչութիւնը, այդ իսկ պատճառով Փափազեան կը յայտնէ, թէ մասամբ գոյութիւն ունէր հետեւեալ ըմբռնումը. «Դուք ձեզի, մենք մեզի.- ոչ դուք մեր գործերուն խառնուեցէք եւ ոչ ալ՝ մենք: Դուք, այնու ամենայնիւ մեր եղբայրներն էք, շատ ուրախ ենք, որ դուք ազատ հող ունիք եւ ձեր սեփական իշխանութիւնը. թողուցէք որ մենք ալ ձեռք բերենք մեր հողը եւ այն ատեն կը միանանք ձեզի ու կ՚ունենանք միացեալ Հայաստանը»:
Փափազեան կը յայտնէ, որ այս մտածումով էին ժողովականներէն ոմանք՝ ներառեալ Պօղոս Փաշան եւ իր շուրջինները, ինչ որ շատ անգամ ժողովի ընթացքին վիճաբանութիւններու բռնկման պատճառ կը դառնար:
Յաջորդ յօդուածով կ՚անդրադառնանք նիստերու մանրամասնութիւններուն:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -365-
Լուսահոգի եղբայր Գառնիկը ունէր երկար տարիներու ծառայութիւն ազգային կեանքէն ներս. մասնակցած էր պատերազմի, եղած էր Լիբանանի գաղութի ներկայացուցիչներէն եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցած էր հայկական շրջանակներէն ներս:
Օր մը առաջարկեցի, որ իր բոլոր յուշերը գրի առնէ, որովհետեւ այդ յուշերը ինքնին մեր գաղութներու հայոց պատմութիւնը կը ներառէր. համաձայնեցաւ եւ կէս կատակ կէս լուրջ առաջարկեց, որ ինք պատմէ եւ ես գրի առնեմ: Ինք եւս գիտէր, որ այդ պատմութիւններն ու դէպքերը պէտք է անմահացնել պատմութեան էջերուն մէջ: Սակայն զոհը դարձանք ժամանակին։ Եղբայր Գառնիկ անժամանակ հեռացաւ այս աշխարհէն, իր հետ առյաւէտ տանելով յուշեր, որոնք հատորներ լեցնելու տարողութիւնը ունէին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան