ՄԵՐ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ ՄԱՅՐ ՊԻՏ՛ ԸԼԼԱՆ
Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գործունէութեան հաւատացող մը չեմ, պարզապէս այն պարզ պատճառով, որ հեռու են «արդարութիւն» ըսուած ամենէն կարեւոր սկզբունքէն, որովհետեւ արդարութիւնը իր մէջ խտրականութիւն չ՚ունենար: Խաղաղութիւնն ու իրաւունքը չի՛ կրնար տարբեր գոյներ ունենալ. անոր միա՛կ գոյնը անաչառութիւնը պարտի ըլլալ: Այս յուսախաբութիւնը արդիւնքն է այն դժբախտութեան, որ անոնք յաճախ կը դաւաճանեն այս սկզբունքները՝ որուն պաշտպան կը փորձեն հանդիսանալ: Սակայն մեր այսօրուան նիւթը անոնց գործունէութիւնը քննադատել եւ կամ ուսումնասիրել պիտի չըլլայ, որովհետեւ հակառակ ամէն տեսակի քննադատութեանց անոնք պիտի շարունակեն ընել այն՝ ինչ որ իրենց սեփական շահերուն կը ծառայէ՝ նոյնիսկ ոտնակոխելով բոլոր այն արժէքները, որոնց «պաշտպան» ըլլալ կը ձեւանան. մեզ կը հետաքրքրէ անոնց բովանդակութիւն չունեցող վերնագիրերը. ինչպէս օրինակ՝ այսօրուանը.- այսօր՝ 11 հոկտեմբեր, Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կողմէ որոշուած է որպէս «Աղջիկ երեխաներու միջազգային օր»:
Յունիսի 1-ը կը յիշատակուի որպէս «Երեխաներու միջազգային օր», սակայն տարբերութիւն մը կայ այս երկուքին միջեւ. պարզապէս աղջիկ երեխաները աւելի ուշադրութեան կարիք ունին, որովհետեւ եթէ ոչ «զարգացած» երկիրներու մէջ, ապա այլուր՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ անոնց ճակատագիրը ամբողջութեամբ տարբեր է մանչերէն։ Աղջիկ երեխաներն են, որոնք առաւելաբար «մնաս բարով մանկութիւն» ըսելով կ՚ապրին այն բոլորը, որ դէմ է մարդկային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան ընդունած ու քարոզած իրաւունքի հասկացողութեան:
Այս մէկը կը կարեւորենք, որովհետեւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ աղջկան եւ մանչ երեխաներու տարբերութիւնը պարզապէս հնարաւորութիւններու խնդիր չէ. այդ մէկը գոյատեւման հետ աղերս ունի. հո՛ն է, որ տակաւին շատ մը աղջիկ զաւակներ զուրկ կը մնան կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն, հո՛ն է, որ անոնք կ՚ենթարկուին վաղ ամուսնութեան եւ կ՚ապրին այնպէս՝ ինչպէս պիտի ապրէին ստրուկները աւելի քան մի քանի դարեր առաջ:
Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը կը յայտարարէր, թէ 18 տարիքը չլրացուցած աւելի քան 12 միլիոն աղջիկ երեխայ կ՚ամուսնանայ եւ այս ամուսնութիւններու մեծամասնութիւնը ընտրութեան խնդիր ըլլալէ աւելի մշակութային եւ աւանդութեան, ինչպէս նաեւ սեռական խտրականութեան արդիւնք է: Ամուսնութիւն՝ որ աղջիկ երեխաներուն համար կը դառնայ առողջական լուրջ խնդիրներու վտանգ, ինչպէս նաեւ զանոնք կ՚առաջնորդէ բռնութեան եւ մեկուսացման. անոնցմէ քանինե՜ր կը մահանան երեխայ վիճակով յղիանալու եւ նոյնիսկ ծննդաբերելու պատճառով:
Այս բոլորը առաւելաբար կը տեսնենք տնտեսապէս աղքատ երկիրներու եւ շրջանակներու մէջ. հոն՝ ուր բացակայ է կրթութիւնն ու ուսումը՝ մանաւանդ քաղաքականապէս անկայուն երկիրներու մէջ, ուր ժողովուրդը կը շարունակէ մնալ նիւթապէս խոցելի վիճակի մէջ: Սակայն «զարգացած» երկիրներու մէջ եւս կը տեսնենք նոյնը, ուր անչափահաս աղջիկ երեխաներ հիւանդագին մարդոց կիրքերուն գերի դառնալով սեռական շահագործման կ՚ենթարկուին:
Այս բոլորը նկատի ունենալով Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը իր յայտարարագրին մէջ կ՚ըսէ. «Իւրաքանչիւր երեխայ ունի կեանքի, կրթութեան, բռնութենէ պաշտպանուելու եւ խտրականութենէ ազատուելու իրաւունք». անշուշտ, խօսքերը յաճախ անարձագանգ լոզունգներ են, որովհետեւ իրողութիւնը շատ հեռու է իտէալականէն:
Այսպէս պէտք է հպարտութեամբ յիշել, որ մեր ժողովուրդը ի սկզբանէ՝ նոյնիսկ «զարգացած» Եւրոպայէն առաջ կը գիտակցէր աղջիկ երեխաներու ուսում ստանալու եւ զարգանալու կարեւորութեան. կարդացէ՛ք Խրիմեան Հայրիկ, եւ այդտեղ պիտի գտնէք, թէ ինչքանով Հայրիկ կողմնակից էր, որ աղջիկ երեխաները եւս արժանի ըլլան կրթութեան. բացէ՛ք պատմութիւնը եւ պիտի տեսնէք, թէ ինչքա՜ն աղջկանց վարժարաններ ունեցած է հայ ժողովուրդը՝ նոյնիսկ հեռու գաւառներու մէջ. Գրիգոր Զօհրապ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Մեր աղջկանց դպրոցներուն մէջ մանչերու համանման, եթէ ոչ բոլորովին յար եւ նման, կրթութիւն մը կը տրուի. ո՛չ սեռի, ո՛չ կոչման տարբերութիւնը նկատողութեան առնուած է երբեք»։ Մեր մտաւորականները ունեցած են գիտակցութիւնը հասկնալու, որ այսօրուան աղջիկ երեխան վաղուան մայրն է եւ մօր դաստիարակութեամբ կարելի է մարդ պատրաստել. Այս գիտակցութեամբ է, որ Եղիա Տէմիրճիպաշեան իր արտասանած ճառերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Ես ժիմնաստիկի դասատու չեմ ուզեր մեր աղջկանց դպրոցներուն մէջ. մեր աղջիկները ճանպազ ըլլալու չեն. մեր աղջիկները մայր պիտ՛ ըլլան, տիկին պիտ՛ ըլլան, Հայ ընկերութեան հիմունքը պիտ՛ ըլլան»։ Այսօր կրթութեան ու դաստիարակութեան դժուարութիւնները յաղթահարած ենք ազգովին, սակայն մեր նոր սերունդի աղջիկները ինչքանո՞վ մայր ըլլալու պատրաստ են. եւ կամ մանչերը նոյնպէս. ինչքանո՞վ լաւ հայրեր պիտի յաջողին ըլլալ. կարծես տեղ մը պէտք է դարձեալ Տէրմիճիպաշեանի մասին մտածել, որովհետեւ ապագայ տիպար սերունդ պատրաստելը շատ աւելի կարեւոր է քան թուաբանական հաշիւներն ու աշխարհագրական չնչին ու անկարեւոր տեղեկութիւնները:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Շատ մը հայեր դէմ են օտար ամուսնութիւններու. համաձա՞յն ես:
Պատասխան. Շատ մը հայերու դէմ են օտար ամուսնութեան մշակութային աւանդութիւնները, լեզուն եւ ազգային արժէքները պահպանելու համար: Կարեւոր է պահպանել այս բոլորը, սակայն օտար ամուսնութեան դէմ ըլլալը կ՚անտեսէ բազմազանութեան եւ փոխըմբռնման, ինչպէս նաեւ անձնական ընտրութեան հասկացողութիւնները: Սէրն ու համատեղելիութիւնը կրնան անցնիլ սահմանները, իսկ օտար ամուսնութիւնները կրնան հարստացնել մշակոյթները, ստեղծելով ամուր կապեր երկու ազգերու միջեւ: Սակայն վերջապէս պէտք է յարգել անձնական որոշումները միաժամանակ խրախուսելով մշակութային փոխանակումն ու աճը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան