ԻՐԱՐ ՀԱՍԿՆԱԼ
Բնաւ խորհա՞ծ էք սիրելի՜ բարեկամներ, երբ ամէն օր կը խօսինք բազմաթիւ անձերու հետ, զիրար ո՞րքան կը հասկնանք, խօսակցութիւններու ո՞րքանը կը հասնի իրենց նպատակին։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, դժբախտաբար, որ ընդհանրապէս զիրար չենք հասկնար եւ կամ սխալ կը հասկնանք։ Եւ ահաւասիկ այդ «սխալ հասկնալ»ու պատճառով է, որ կը սկսին անհամաձայնութիւններ, թիւրիմացութիւններ եւ շատ անգամ կը վնասուին բարեկամական կապեր, ընկերութիւններ…։
Փորձեցէ՛ք, սիրելիներ, խօսակցութեան ատեն ընդհանրապէս մտածումը եւ խօսքը չեն համեմատիր եւ կամ խօսքը չի փոխանցուիր իր բուն իմաստով։ Ինչո՞ւ, քանի որ խօսքերու ընթացքին մտածումներ, ըմբռնումներ, կանխակալութիւններ կը կանխեն խօսքը։ «Ես այդպէս ըսել չէի ուզած…»։ Այս խօսքը, կամ արդարացումը յաճախ կը լսենք խօսակցութիւններու ընթացքին։
«Ես այդպէս ըսել չէի ուզած…» արդարացումին պատասխանը սա է ընդհանրապէս. «Բայց ես ա՛յդպէս հասկցայ…»։ Ուրեմն «հասկնալ»ու հարց մը կայ մարդոց խօսակցութեան մէջ։ Կը խորհի մարդ, յետոյ խորհածը խօսքով կ՚արտայայտէ եւ կը փոխանցէ խօսակիցին։ Իսկ եթէ մտածումը եւ խօսքը չեն համաձայնած, բնական է, որ խօսակիցը կը հասկնայ միայն ըսուածը, քանի որ մտածումը, խորհուրդը հասկնալ կարելի չէ։ Զոր օրինակ, եթէ «սեւ» խորհիք, բայց «ճերմակ» ըսէք, ձեր խօսակիցը այդ կը հասկնայ՝ ճերմա՛կ։ Այս օրինակը ամենէն պարզ օրինակն է խօսակցութեան։ Աւելի բարդ խօսակցութիւններու մէջ, համեմատաբար հարցն ալ բարդ եւ երբեմն անլուծելի վիճակ մը կը ստանայ՝ աւելի՛ կնճռոտ, աւելի՛ խրթին։
Ուրեմն կարեւոր է՝ խօսակցութեան մը ընթացքին պարզ եւ հասկնալի բառեր ընտրել՝ որոնք կը համապատասխանեն մտքին եւ խորհուրդին։
Երբ մէկը մտքին եւ խօսքին անհամաձայն, անհամեմատ բառեր կը գործածէ՝ այնպիսի երեւոյթ մը կը գոյանայ, որ բառեր իրարու կը խառնուին եւ կը շփոթեն խօսակիցները։ Այս վիճակը կարելի է նմանցնել՝ «salade de mots»ի, այսինքն «բառերու աղցան»ի՝ ուր ամէն ինչ իրարու մէջ խառնուած է եւ կարելի չէ՛ մէկը միւսէն զանազանել։
Ուրեմն խօսակցութեան ատեն հարկ է բառերը բծախնդրութեամբ ընտրել, իմաստներուն տեղեակ ըլլալ, կարենալ ըսել՝ ի՛նչ որ մտածած է մարդ՝ ճիշդ եւ ուղիղ կերպով։ Յաճախ կը կրկնենք սիրելի՜ներ, շատ եւ երկար խօսելով որեւէ նիւթ կարելի չէ յստակ կերպով բացատրել, քանի որ խօսքը որքան երկարի, որքան շատ ըլլայ, իմաստը եւ նպատակը անոնց մէջ կը կորսուի, հասկնալն ու ըմբռնելը կը դժուարանայ։ Եւ ճիշդ այս պատճառով է, որ յաճախ կ՚ըսենք, թէ՝ մարդ կա՛յ, որ շատ կը խօսի եւ ո՛չինչ կ՚ըսէ, եւ մարդ ալ կայ, որ քիչ կը խօսի շա՜տ բան կ՚ըսէ։ Արդարեւ ասոր համար ալ՝ խօսիլը արուեստ մըն է, որ կարելի է գործել յարմար գործիքով, նպատակայարմար գործածութեամբ։
Վերը ըսինք, թէ՝ իրարու հետ կապ չունեցող, իրարմէ անջատ, զատ բառեր իրարու կցելով, միացնելով, մարդ ամբողջական նախադասութիւն մը չի՛ կրնար կազմել՝ որ իմաստ ունենայ, նպատակ ունենայ, այլ միայն բառերով «աղցան» մը կը պատրաստուի՝ ուր ո՛չ մէկ բառ իր իմաստը կը ներկայացնէ, բայց միայն խառնուրդ մը՝ տարբեր նիւթերու բաղադրութիւն մը՝ ուր ո՛չ «սեւ»ը սեւ է, եւ ոչ ալ «ճերմակ»ը՝ ճերմակ, բայց միայն «մոխրագո՛յն»։ Այս կերպով կը ստեղծուի անիմաստ նկար կամ գրութիւն, խօսք մը. «gribouillage»։ Ուրեմն մարդ պէտք է յստակ կերպով ըսէ այն՝ ի՛նչ որ կը մտածէ եւ ըսել կ՚ուզէ, այն՝ ի՛նչ որ կը ներկայացնէ իր մտածումը։
Հասկնալի խօսիլ որքան որ հարկաւոր է, խօսակիցը լա՛ւ ընտրելն ալ անհրաժեշտ է, խօսակցութեան նիւթին համեմատ։ Զոր օրինակ, իրեն բոլորովին անծանօթ նիւթի մը շուրջ եթէ խօսիլ փորձէք, եթէ գործածէք մասնագիտական յատուկ բառեր, ձեր խօսակիցը որքան ալ զարգացած ըլլայ, չի հասկնար, թերեւս որպէս փափկանկատ՝ նուրբ վարմունք ունեցող մարդ մտիկ կ՚ընէ, բայց ձեր խօսակցութիւնը ապարդիւն կը մնայ՝ աննպատակ կը վերջանայ։
Անշուշտ կենցաղագիտութեան՝ բարեկրթութեան եւ նիստուկացի պատշաճութիւններու ծանօթութեան հետեւանք՝ մարդ մտիկ կ՚ընէ, բայց կարելի չ՚ըլլար որեւէ օգուտ քաղել։
Ի զուր ջանք կ՚ընէ, ճիգ կը թափէ մարդ՝ երբ խօսակիցին համար անհասկնալի բառերով կամ ըսենք, ոճով կը խօսի։ Բայց երբ հասկնալի ձեւով խօսուի հարց չի ծագիր եւ կարելի կ՚ըլլայ զիրար հասկնալ։ Ուրեմն, ինչպէս ըսինք, խօսիլը հմտութիւն կը պահանջէ, արուեստ մըն է ան, կամ գործիք մը՝ որ մարդիկ թէ՛ կը մօտեցնէ, թէ՛ կը հեռացնէ իրարմէ։ Եւ զիրար չհասկնալ իրապէ՛ս չարչարանք է եւ տանջանք՝ թէ՛ խօսողին, թէ՛ մտիկ ընողին համար։
Երկսայրի սո՛ւր մըն է անհասկացողութիւնը։
Ուստի թէ՛ ընտանեկան, թէ՛ ընկերային կեանքի մէջ խուսափելու համար յանդուգն դատողութիւններէ, իւրաքանչիւր անձ զգոյշ պիտի ըլլայ որքան կարելի է՝ նպաստաւոր իմաստով մեկնաբանելու իր մերձաւորին՝ ընտանեկան անդամներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն, աշխատակից եւ գործակիցներուն մտածումները, խօսքերը եւ գործերը։ Եւ եթէ այս երեքը զիրար կը լրացնեն եւ յաջորդաբար միակերպ ու համաձեւ ըլլան, ամէն մարդ զիրար կը հասկնայ ամբողջութեամբ, անթերի կերպով։
Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլա կ՚ըսէ.
«Ամէն բարի քրիստոնեայ պարտի ըլլալ աւելի փութկոտ մերձաւորին խօսածը փրկելու քան թէ դատապարտելու մէջ։ Եթէ կարելի չէ փրկել զայն, հարց տանք անոր, թէ ինք ինչպէ՛ս կը հասկնայ զայն։ Եթէ գէշ կը հասկնայ, ուղղենք զինք սիրով, իսկ եթէ ասիկա չբաւէ, փնտռենք ամէն ատակ միջոց, որպէսզի ան ճի՛շդ ըմբռնելով ինքզինք փրկէ»։ Կ՚երեւի, ուրեմն, թէ մարդ երբ դժուարանայ հասկնալ խօսքը, պէտք է լաւատես ըլլայ, խօսքին լաւ կողմը տեսնէ եւ խուսափի անարդար դատողութիւններէ եւ անիրաւ մեկնութիւններէ։ Եւ պէտք չէ մոռնալ, որ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ թիւրիմացութիւնը անդարմանելի չարիքներու եւ անել կացութիւններու պատճառ կ՚ըլլայ։
Ուստի մարդ կը ջանայ մեկնաբանել ու հասկնալ փորձառութեան տուեալները եւ երեւոյթները՝ խորհուրդները, խօսքերը եւ գործերը, շնորհիւ խոհեմութեան ու խոհականութեան առաքինութեան, շնորհիւ բանիմաց եւ իմաստուն մարդոց խրատներուն եւ յորդորներուն, Սուրբ Հոգիին եւ Անոր անսպառ պարգեւներուն օգնութեամբ։
Ուրեմն զիրար հասկնալ ջանանք, սիրոյ անկեղծ զգացումներով մօտենանք իրարու, եւ պիտի տեսնենք՝ մեր մերձաւորը շա՜տ աւելի մօտ է մեզի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 7, 2015, Իսթանպուլ