ԱՆՎԵՐՋ ՅՈՅՍՈՎ ԱՊՐԻԼ

Խոր­հա՞ծ էք եր­բեք, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ե­թէ մար­դիկ չու­նե­նա­յին ակն­կա­լու­թիւն­ներ, նպա­տակ­ներ, կեան­քը ի­մաստ մը կ՚ու­նե­նա՞ր, եւ թէ դիւ­րա­տար կ՚ըլ­լար. նե­ղու­թիւն­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ կա­րե­լի կ՚ըլ­լա՞ր յաղ­թա­հա­րել…։

Ու­րեմն մար­դուս կեան­քի ըն­թաց­քը, կեր­պով մը կ՚ո­րո­շուի իր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով եւ նպա­տակ­նե­րով։ Իսկ նպա­տակ­նե­րը եւ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը ի­րա­կա­նա­լէ ա­ռաջ մար­դուս կը տպա­ւո­րուին եւ ա­նոնց ի­րա­կա­նա­ցու­մի նկատ­մամբ վստա­հու­թիւն կը ներշն­չուին՝ յոյ­սով։ Այս ի­մաս­տով, յոյ­սը, ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն մը, հա­ւա­տա­լիք մըն է։ Յոյ­սը՝ տա­կա­ւին չի­րա­կա­նա­ցած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հաս­տատ հա­մո­զում մըն է։ Յոյս ու­նե­ցող մէ­կը, վստահ կը զգայ ինք­զինք՝ իր ակն­կա­լած­նե­րուն եւ նպա­տա­կին հաս­նե­լու նկատ­մամբ։ Յոյ­սը՝ ա­պա­ւէն մըն է կաս­կա­ծոտ եւ երկ­միտ մար­դուն հա­մար։

Եւ քա­նի որ մարդ ա­ռանց նպա­տա­կի եւ ա­ռանց ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու չ՚ապ­րիր, այ­լա­պէս ա­նոր կեան­քը ա­նի­մաստ կ՚ըլ­լայ, ա­պա ու­րեմն ա­ռանց յոյ­սի ալ չի կրնար հաս­նիլ եւ տի­րա­նալ ա­նոնց։

Երբ նպա­տա­կը կամ ակն­կա­լուա­ծը ա­նո­րոշ է, յոյսն է որ կը յայտ­նէ զա­նոնք յստակ կեր­պով։ Ան որ յոյս ու­նի, ա­պա ու­րեմն ա­պա­հո՛վ է։

Քա­նի որ մարդ իր կեան­քի ըն­թաց­քին ու­նի բազ­մա­թիւ ակն­կա­լու­թիւն­ներ եւ նպա­տակ­ներ, ու­նի նաեւ ան­վերջ յոյ­սեր, սպա­սում­ներ՝ ո­րոնք կը փնտռեն վերջ­նա­կան նպա­տակ մը։ Ան­վերջ, ան­սահ­ման «եր­ջան­կու­թիւն» կը փնտռէ մարդ, եւ չի կրնար գտնել զայն։ Այս պատ­ճա­ռով, մարդ դո՛ւրս կը ցատ­կէ իր սահ­մա­նէն եւ կ՚ու­զէ հաս­նիլ ան­սահ­մա­նին։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այդ «Ան­սահ­ման»ը, կա­տա­րեա­լը, բա­ցար­ձա­կը, ան­հա­սա­նե­լին, ան­բա­ւե­լին, ան­թե­րին կը կո­չուի՝ «Աս­տուած»։

­Քա­նի որ սէ­րը ան­սահ­ման է, ա­պա ու­րեմն Աս­տուած սէր է եւ ա­մէն ան­հա­տա­կան-մարդ­կա­յին սէր ի վեր­ջոյ կ՚եր­կա­րի դէ­պի Աս­տուած, քա­նի որ սէ­րը եւ Աս­տուած նոյն բնու­թիւ­նը ու­նին։ Սէ­րը հո­գիի կը վե­րա­բե­րի եւ ի­րե­րու՝ նիւ­թի վրայ չի հիմ­նուիր։ Սէ­րը քա­նի որ հո­գիի կը պատ­կա­նի, այս կը նշա­նա­կէ, թէ՝ սէ­րը ան­ձի յա­տուկ ար­ժէք մըն է։ Ան­ձը՝ հո­գե­ւոր էակ մը միայն կրնայ սէր զգալ եւ սի­րով ար­տա­յայ­տուիլ, սի­րով պա­տաս­խա­նել։

Մարդ­կա­յին անձն է որ կը լրաց­նէ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը, քա­նի որ ան աս­տուա­ծան­ման է եւ ու­նի սի­րոյ զգա­ցում եւ գի­տակ­ցու­թի՛ւն։

Սի­րոյ նման խի՛ղճն ալ ազ­դակ մըն է, որ մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի Աս­տուած։ Եւ կ՚ը­սուի, թէ՝ խիղ­ճը մար­դուս մէջ Աս­տու­ծոյ ձայնն է, որ տե­ւա­պէս կը զգու­շաց­նէ զայն, եւ կը յի­շեց­նէ իր կո­չու­մը։ Այս ի­մաս­տով, խիղ­ճը ու­ղե­ցոյց մըն է մար­դուս հա­մար։ Ա­նոնք որ կ՚անդ­րա­դառ­նան այդ աս­տուա­ծա­յին ձայ­նին, կը վստա­հին ա­նոր, կը հաս­նին ի­րենց նպա­տա­կին եւ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ ի­րենց ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։

Մարդ խղճին շնոր­հիւ կ՚ընտ­րէ բա­րին եւ ճշմա­րի­տը եւ կը տես­նէ, թէ չի՛ կրնար ը­նել՝ ի՛նչ որ կ՚ու­զէ, ան­շուշտ ե­թէ չ՚ու­զեր վնա­սա­կար ըլ­լալ ինք­նի­րեն եւ կամ իր շուր­ջին­նե­րուն։

Պահ մը խոր­հինք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ե­թէ գո­յու­թիւն չու­նե­նար ար­դար Դա­տա­ւոր մը, այ­լա­պէս մարդ ին­չո՞ւ ու­նե­նար ա­մօ­թի զգա­ցու­մը, յան­ցան­քի գի­տակ­ցու­թիւ­նը, իր ին­չո՞ւ զգար պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան մը ծան­րու­թիւ­նը իր ու­սե­րուն վրայ… ու­րեմն բա­նա­կա­նու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ՝ կա՛յ «ԱՆՁ» մը, կայ մէ­կը, ո­րուն պա­տաս­խա­նա­տու կը զգայ ինք­զինք եւ կը տար­բե­րի ո­րե­ւէ ի­րէ մը, եւ կամ ան­բան ա­նա­սուն կեն­դա­նի էա­կէ մը։ Ե­թէ չըլ­լար մար­դուն մէջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան եւ խղճա­հա­րու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ զգա­ցու­մը՝ պի­տի չտար­բե­րէր միւս ա­րա­րած­նե­րէն, ո­րոնց կը պակ­սի այս յատ­կու­թիւն­նե­րը եւ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը։

Ու­րեմն գո­յու­թիւն ու­նի «ԱՆՁ» մը՝ ի­մաս­տուն, խոր­հող, դա­տող, ո­րո­շող եւ այն ա­մէն յատ­կու­թիւն­նե­րը, զորս ու­նի մարդ։ Բայց այդ «ԱՆՁ»ին յատ­կու­թիւն­նե­րը բա­ցար­ձակ են, ա­մե­նա­կա­տա­րեալ, ան­թե­րի, եւ ա­մէն բա­նի գա­գաթ­նա­կէ­տը՝ զե­նի­թը, որ ո՛չ մէկ զօ­րու­թիւն կրնայ հաս­նիլ ու հա­ւա­սա­րիլ։

Ա­հա­ւա­սիկ, ա՛յս է Աս­տուած…։

Եւ ե­թէ Ան «Անձ» չըլ­լար, մարդ ի­րեն նկատ­մամբ պա­տաս­խա­նա­տու պի­տի չզգար ինք­զինք, քա­նի որ միայն ան­ձը ան­ձի մը հան­դէպ զգա­ցում կ՚ու­նե­նայ, պա­տաս­խա­նա­տու կը զգայ ինք­զինք ա­նոր նկատ­մամբ։ Այ­լա­պէս տես­նուած է՞ որ մարդ ա­մօթ զգայ ան­կեն­դան ի­րի մը եւ կամ ան­բան ա­նա­սու­նի մը նկատ­մամբ…։

Աս­տուած ա­մէ­նու­րեք՝ ան­սահ­ման, ան­ժա­մա­նա՛կ է։ Այս կը նշա­նա­կէ, որ մարդ ա­մէն տեղ, ա­մէն պահ կրնայ հան­դի­պիլ Աս­տու­ծոյ. նաեւ կեան­քի սահ­ման­նե­րու մէջ՝ ցա­ւե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու, հի­ւան­դու­թեան, ա­ռանձ­նու­թեան մէջ եւ վեր­ջա­պէս մա­հուա՛ն պա­հուն…։

Մարդ աշ­խար­հի վրայ կեանք մը կ՚ապ­րի՝ ժա­մա­նա­կա­ւոր, հու­նա­ւոր, սահ­մա­նա­ւոր եւ կը շա­րու­նա­կէ իր ըն­թաց­քը՝ իր կեան­քը եւ կը հաս­նի սահ­մա­նի մը՝ որ իր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն ներ­հակ է՝ ան­փա­փա­քե­լի՛։

Չկա՛յ մարդ՝ որ չցա­ւի մա­հուան ան­խու­սա­փե­լի ի­րո­ղու­թեան վրայ։ Մարդ կը ցա­ւի, քա­նի որ մա­հը «կո­րո՛ւստ» կը նշա­նա­կէ ի­րեն հա­մար, եւ ա­մէն կո­րուստ ցա՛ւ կը պատ­ճա­ռէ…։

Մար­դուս ցաւ կը պատ­ճա­ռէ այս ան­խու­սա­փե­լի կո­րուս­տը, քա­նի որ մար­դուս մէջ ըն­դո­ծին ուժ մը, զօ­րու­թիւն մը կայ՝ որ սահ­ման չի ճանչ­նար, եւ մա­հուան «սահ­ման»ին գա­ղա­փա­րին դէմ կու գայ, ըն­դու­նիլ չ՚ու­զեր։

Բայց ի՞նչ է մար­դուս մէջ գտնուող այս զօ­րու­թիւ­նը, բնա­ծին ու­ժը։

Ո­մանք «դի­պուա՛ծ» կ՚ը­սեն, ո­մանք՝ ո­րե­ւէ պա­տա­հար, ու­րիշ­ներ «բախտ» կ՚ա­նուա­նեն այս ու­ժը։

Եւ սա­կայն ճշմա­րիտ եւ գի­տա­կից հա­ւա­տա­ցեա­լը գի­տէ, որ «Անձ» է, միա՛կ Ան­ձը՝ որ ա­մե­նա­տես, ա­մե­նա­հաս, ա­մե­նա­կա­րող, ա­մե­նա­տի­րող է. Աս­տուա՛ծ է Ա­նի­կա։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, պարզ օ­րի­նա­կով՝  երբ գի­տուն մը նոր մե­քե­նայ մը շի­նէ, եւ ու­րիշ մը որ մաս­նա­գէտ չէ, այդ մե­քե­նա­յին մա­սին բա­ւա­րար տե­ղե­կու­թիւն չու­նի, ա­ռան­ձին կտոր­ներ տես­նե­լով եւ մա­կե­րե­սա­յին գի­տու­թեամբ չի կրնար ա­ռողջ գա­ղա­փար մը կազ­մել եւ հասկ­նալ մե­քե­նա­յին կազ­մուած­քը։ Բայց երբ տես­նէ յա­տա­կա­գի­ծը եւ մե­քե­նան պատ­րաս­տե­լու ծրա­գի­րը, եւ ե­թէ ու­նի նախ­նա­կան գի­տե­լիք այդ մա­սին, կրնայ հասկ­նալ եւ գա­ղա­փար կազ­մել ա­ռան­ձին մա­սե­րուն նշա­նա­կու­թիւ­նը մե­քե­նա­յին։

Ա­ռանց գի­տու­թեան գա­ղա­փա­րը «գա­ղա­փար» չէ՛…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 8, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2016