ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԸ

Յաճախ կը խորհրդածենք համբերութեան մասին, քանի որ ան շատ անգամ կը պակսի, մինչդեռ անիկա է նեղութիւններու ճշմարիտ հակաթոյնը։ Նեղութեան մէջ գտնուող մէկու մը համբերատար ըլլալ կը յանձնարարուի։ Բայց ամենէն դիւրին բանն է յանձնարարութիւններ ընել, բայց ո՛րքան դժուար՝ յանձնարարութիւնները կիրարկել, գործնականի վերածել եւ կամ ուղղակի օրինակ ըլլալ՝ ձեռքը երկարել եւ նեղութեան մէջ գտնուողին օգնել։

Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ համբերութիւնը կեա՛նք է, բայց յետոյ կ՚աւելցնէ, շատն ալ տանջա՛նք է։ Եւ իրապէս, ի՞նչ է սա համբերութիւնը. իրապէս կեա՞նք է ան, թէ տանջանք։ Ան հակաթո՞յնն է նեղութիւններու, թէ նեղութիւնները բարդող խաբկանք մը։ Ի՞նչ է սա «համբերութիւն» կոչուածը։ Որո՞նք են անոր հոմանիշները, հաւասարազօր նշանակութիւնները կամ մերձիմաստները։

«Համբերութիւն» բառը մերձիմաստ գոնէ հինգ տարբեր նշանակութիւններ կրնայ թելադրել՝ կեանքի զանազան պարագաներու, տարբեր ապրումներու համեմատ։

«Համբերութիւն» բառին ֆրանսերէնը՝ «patience», կու գայ լատիներէն «patientia» բառէն, որուն արմատը «pati» է, որ կը նշանակէ տառապիլ, տանջուիլ։ Այս իսկ ցոյց կու տայ՝ թէ «տառապիլ» կամ «տանջուիլ» ներքին յարաբերութիւն մը ունին համբերութեան հետ։ Կարելի է ըսել, թէ համբերութեան սկիզբը տառապանք է։

Համբերութիւնը ուրեմն, ինչպէս առածին մէջ կը յիշուի, տառապանքի, տանջանքի գաղափարին հետ սերտ կապ մը ունի եւ այդ գաղափարը կը թելադրէ. նուրբ տառապանք մըն է՝ ներքին մխացող կրակ մը՝ որուն բոցը չի տեսնուիր սակայն։

«Համբերութիւն»ը, նախ կը նշանակէ՝ համբերել իր տառացի իմաստով, այսինքն՝ համբերութեամբ, սպասումով եւ տոկալով տանիլ, կամ համբերատար ըլլալ, բարոյապէս դիմադրել, դիմադրելու տրամադրութիւն ունենալ նեղութեան կամ դժուարութեան, ինքնազսպել, չխռովիլ, «ակռայ սեղմել» առանց դառնութեան։

Երկրորդ, ան կը նշանակէ անհաճոյ կամ ցաւառիթ վիճակներու, պատահարներու դիմաց տոկալ, դիմանալ, չարքաշ ըլլալ, խուճապի չմատնուիլ՝ ամուր մնալ, խաղաղութիւնը պահել պաղարիւնութեամբ։

Այս ուղղութեամբ համբերութիւնը կրնայ ընդգրկել նաեւ յարատեւութեան գաղափարը։

Երրորդ իմաստն է՝ նեղացուցիչ անձի մը հանդէպ երկայնամիտ ըլլալ՝ հանդուրժել, ներողամիտ գտնուիլ սիրոյ հոգիով։ Եւ մանաւանդ հասկնալ ջանալ դիմացինը, որ ինքզինք արտայայտելու մէջ դժուարութիւններ, նեղութիւններ ունի։

Չորրորդ՝ ցաւ մը, նեղութիւն մը կամ դժուարութիւն մը կրելու պարագային՝ չգանգատիլ, չտրտնջալ, չդժգոհիլ, ընդունիլ առանց ձայն բարձրացնելու եւ կամ ակռայ կրճտելու. նո՛յնիսկ համակերպիլ, իւրացնել կը նշանակէ համբերութիւնը։

Հինգերորդ, համբերութեան նշանակութիւնն է. սպասել՝ բայց յո՛յսով սպասել, այն յոյսով, որ կրնայ բարեփոխուի՛լ ներկայ կացութիւնը, հաւատալ որ ան ժամանակաւոր է եւ ի վերջոյ պիտի փոխուի պարագան, վիճակը եւ եթէ խնդրոյ առարկայ է՝ մա՛րդը։ Արդարեւ, յոյսը ողնայա՛րն է համբերութեան, կանգո՛ւն եւ հաստատ կը պահէ զայն, ա՛յնքան դիւրաբեկ եւ փխրուն է համբերութիւնը առանձինն։ Առանց յոյսի համբերութիւնը որեւէ գործնական արժէք չի ներկայացներ։ Յոյսը օգնութեան կը հասնի համբերութեան, ա՛յնպէս ինչպէս փարոսը՝ ալեկոծեալ նաւուն, որ աղջամուղջին մէջ ուղեկորոյս կը խարխափի…։

«Յոյսով ուրախ եղէք, նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք», կը յորդորէ Պօղոս առաքեալ, (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12)։

Արդարեւ, յոյսը տրտմաբեկ հոգիին ուրախութեան թռիչք կու տայ։ Եւ ո՞վ չի գիտեր, թէ յոյսը ուրախութիւն կը պատճառէ եւ մարդս կարող կը դարձնէ նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ զանազան արգելքներու փուշերուն եւ բոցերուն դիմադրելու, տոկալու ե՛ւ համբերելու։

«Յոյսը ամօթով չի ձգեր» (ՀՌՈՄ. Ե 5)։

Ուստի, նեղութիւններէն ձեռք ձգած կեանքի փորձառութիւնը միացնելով իր յորդորին, Պօղոս առաքեալ կը հաւաստիացնէ՝ թէ յոյսը երբեք չի սխալեցներ այն՝ որ յոյսով կը համբերէ։ Յոյսը միշտ իրաւացի կը հանէ այն՝ որ իրեն կ՚ապաւինի։

Եւ նեղութիւններու, տառապանքներու եւ տանջանքներու ծովը ինկած հաւատացեալին համար, յոյսը ապահով ազատարար գօտին կամ ապահովութեան լաստը պիտի դառնայ, որուն վստահողին համբերութիւնը ի դերեւ պիտի չելլէ։

Ուստի, համբերութիւնը, յոյսը եւ ուրախութիւնը «երրորդութիւն» մը պէտք է դառնան նեղութեան, տառապանքի, փոթորիկի մատնուած հաւատացեալին, որպէսզի անոր ալեկոծութեան մէջ չընկղմի, չխեղդուի եւ չկորսուի՛ ինք։

Այս զանազան սահմանումներէն կը հետեւի, թէ «համբերող մարդ» կը նշանակէ այն անձը, որ համբերատար է. հոգեպէս տոկուն եւ չարքաշ, երկայնամիտ եւ կը հանդուրժէ, բարկութեան չի գրգռուիր, չի ջղայնանար, ներողամիտ կը գտնուի, համակրական հասկացողութեամբ կը մօտենայ մարդոց. չի գանգատիր, չի տրտնջեր եւ խաղաղութեամբ ե՛ւ յոյսով կը սպասէ, եւ երբեմն կը սպասէ նոյնիսկ առա՛նց յոյսի…։

- Մեծ մասամբ օգտուեցանք Ժագ Ս. Յակոբեանի «Նեղութիւններու հակաթոյնը» յօդուածէն, փետրուար 2008։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 26, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2019