ԲՈՅՍԵՐ՝ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ - Գ -
ԽՆՁՈՐ. Թերեւս այս անունով կը հասկցուի սերկեւիլ կամ կիտրոն որ ոսկեգոյն պտուղ է. (ԱՌԱԿ. ԻԵ 11), (ՅՈՎԵԼ. Ա 12), (ԵՐԳ. Բ 3-5, Է 8)։
ԽՈՒՆԿԵՂԷԳՆ. (ԵԼՔ. Լ 33), (ԵԶԵԿ. ԻԷ 19), (ԵՍ. ԽԳ 24), (ԵՐԵՄ. Զ 20)։ Կ՚ըսուի նաեւ՝ «եղէգնախունկ». այս տունկին կարելի է հանդիպիլ Հնդկաստանի եւ Եգիպտոսի մէջ. բունը եւ տերեւները շատ անուշ հոտ կը բուրեն, մանաւանդ եթէ ճմլուին։ Կը կարծուի թէ միջին Ասիոյ Հիմալայա կոչուած լերան մէջ գտնուած մէկ տեսակն է, որ կը գտնուի Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուածին նմանը։ Այն որ կը յիշուի (ԵՐԵՄ. Զ 20) թէ «հեռու երկրէ կու գար»։
ԽՈՒՆԿԻ ՓԱՅՏ. (ՅԱՅՏ. ԺԸ 12). Հռոմայեցիներու մէջ շատ յարգի էր այս մէկը, եւ կ՚ան-ւանուէր «Կիտրոնի փայտ»։ Այս ծառը կը բուսնի Ափրիկէի մէջ միայն, Ատլաս լերան մօտ, եւ ասկէ կ՚ելլէ վաճառականութեան մէջ ծախուած ջնարակի ռետինը, որ շատ իւղային եւ հոտաւէտ է։ (Ջնարակ=ծառէ յառաջ եկած խէժ. «sandaraque»)։ (=Վէրնիկ)։
ԽՈՏՈՐ. Կը յիշուի միայն (ԹՈՒ. ԺԱ 5)ի մէջ։
Ըստ Հերոդոտոսի, այս էր Եգիպտոսի մէջ բուրգերը շինող գործաւորներուն տրուած կերակուրներէն մին։
ԾԱՂԻԿ. (ԵՐԳ. Բ 1)։ Բնագրին բառը որ հոս թարգմանուած է «ծաղիկ», երբ իր կազմութեան նայուի, յայտնի կ՚երեւի, թէ կը նշանակէ «սոխի նման արմատ» մը կամ կոճղէզ ունեցաղ «կաղաբոյս» ծաղիկ, եւ հաւանաբար «ներգէս»ն է որ կը գտնուի բոլոր Ասորւոց երկրին մէջ եւ շատ գեղեցիկ եւ անուշահոտ ծաղիկ մըն է։ «Վարդ» բառը երբեք յիշուած չէ Սուրբ Գիրքին մէջ, թէպէտ այս ծաղիկը Ասորւոց երկրին մէջ շատ ծանօթ է «Դամասկոս»ի անունով։
ԿԱՂԱՄԱԽ. (ԾՆՆԴ. Լ 37), (ՈՎՍ. Դ 13)։ (=Գարա կիւրկէն)։ Ոմանք կը կարծեն թէ այս համարներուն մէջ բնագրին բառը, որ թարգմանուած է «կաղամախ»՝ «շեր» կամ, յունարէն բառով, ստիւրակ ծառին անունն էր։ Եօթանասուններու Ծննդոց Գիրքին մէջ «ստիւրակ» կը թարգմանեն յիշեալ բառը։ Իսկ Ովսեայ մէջ՝ «կաղամախ»։
Այս երկու համարներուն մէջ ըսուածը կը յարմարի թէ՛ կաղամախի եւ թէ՛ ստիւրակի։ Վերջինէն, այն է ստիւրակէն, կ՚ելլէ կնդրկի անուշահոտ ռետինը։
ԿԱՂՆԻ. (ԾՆՆԴ. ԼԵ 8), (ԵՍ. Բ 13), (ԵՍ. Զ 13), (ԵՍ. ԽԴ 11), (ԵԶԵԿ. ԻԷ 6), (ՈՎՍ. Դ 13), (ԱՄՈՎՍ. Բ 9), (ԶԱՔ. ԺԱ 2)։
Կաղնին հազուագիւտ է Պաղեստինի մէջ։ Թէպէտ Բասանի մէջ կան մեծամեծ կաղնիներ, բայց կա՛մ «մշտադալար» կոչուած կաղնի են եւ կա՛մ սղոցի։ Սուրբ Գիրքի մէջ չի յիշուիր «սղոցին» (=փալամուտ. վայրի կաղնի՝ տերեւը սղոցի ձեւով), այլ անոր տերեւներուն վրայ գտնուած որդէն կամ ճճիէն շինուած կարմիր ներկը. (ԵԼՔ. ԻԵ 4), (ՂԵՒՏ. ԺԳ 4-6, եւ այլն)։ Այս որդը կը գոյանայ յիշեալ ծառին տերեւներուն վրայ, եւ սկիզբէն կը կարծուէր, թէ ծառին տնկային մէկ մասն է։ Գոյնն է շատ կարմիր, ուստի հինէն անկէ կ՚առնուէր «կրկնակի կարմիր» կոչուած ծիրանի ներկը։
ԿԱՍԻԱ. (ԵԼՔ. Լ 24), (ԵԶԵԿ. ԻԷ 19)։ Կինամոնի մէկ ստորին տեսակն է այս. կեղեւէն կ՚ելլէ առատ եւ կծուհամ իւղ մը, թէպէտ կինամոնի չափ համեմային չէ։ (Կասիա=դարչին. «կակժիրակ» ալ կը գործածուի տարբեր տունկերու համար. ինչպէս փենունայ, խաչափայտ, ասփուր կամ կանճրակ, վարունակ)։
ԿԻՆԱՄՈՆ. (ԵԼՔ. Լ 23), (ԱՌԱԿ. Է 17), (ԵՐԳ. Դ 14), (ՅԱՅՏ. ԺԸ 13)։ (Կինամոն=Կինամոմոն=կասիա=դարիճենիկ)։ Հնդկաստանի եւ Չինի մէջ գտնուած տունկի մը կեղեւէն է. ազնուագոյն տեսակը կու գայ Մալապարէ եւ Սէյլան կղզիէն։
ԿՆԻՒՆ եւ ՊՐՏՈՒ. (ՅՈԲ. Ը 11)։ «Կնիւն»ը՝ խոտ մը որ կը բուսնի ջրարբի տեղեր (ԵՍ. ԼԵ 7). Թրքերէն «սազ» կը կոչուի։ «Պրտու»ն (ԵԼՔ. Բ 3) Եգիպտական «պապիր»ն է, որ ութ կամ տասը ոտք բարձր կ՚ըլլայ. ծղօտն է եռանկիւնաձեւ եւ առանց տերեւի, բայց լայն եւ թփանման ծայրը թաւ է եւ ասուեղ։ (Ոտք=ոտնաչափ=«foot» 30,48 սանթիմետր), (ծղօտ=բոյսին եղէգնիկը, ծիլի պէս, յօդ)։ Այս տունկէն կը շինուէին նաւակ (ԵՍ. ԺԸ 2), փսիաթ (=Հասըր), չուան եւ ուրիշ ասոնց նման բաներ. իսկ ցօղունէն կը շինուէին Եգիպտոսի հռչակաւոր թուղթերը հետեւեալ կերպով։ Ցօղունին ներքին մասը խաւ խաւ կը կտրուէր. եւ այն խաւերը տախտակի մը վրայ իրարու քով դրուելէ ետքը՝ սոսնձով կը փակցուէին։ Յետոյ այնպէս փակչած թերթերը մամլոյ տակ դնելով եւ չորցուելով իբրեւ գրի թուղթ կը գործածուէին։ Ահաւասիկ ա՛յս էր Եգիպտոսի պապիրը կամ պապիրոսը։ («Papier»)։
«Պրտու»ն կը գտնուի Նեղոս գետին կողմերը, Բաբելոնի մօտ եւ Հնդկաստան. (ՅՈԲ. Ը 11)։
ԿՈՐԵԱԿ. (ԵԶԵԿ. Դ 9)։ Մանրահատ արմտիներէն է, եւ հասարակ է արեւելքի մէջ։ (Կորեակ=սիզատեսակներու ընտանիքէն. «տա-րը». «millet»)։ (Սեւ կորեակ=«քէնէվիր»)։
ՀԱԼՈՒԷ. Այս ծառը կայ տակաւին Հնդկաստան եւ կը կոչուի «Ակիլ». փայտը շատ անուշահոտ է (ՍԱՂՄ. ԽԵ 8)։ Ըստ արեւելեան աւանդութեան, այս ծառը Դրախտին ծառերէն մին (ԹՈՒ. ԻԴ 6) է։ Փայտը շատ ծանրագին էր եւ կը գործածուէր մեռելի պատանի անուշահոտութիւն տալու համար։ (=Էօտ աղաճը)։
- Պիտի շարունակուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 8, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024