ԱՊՏԱԿՈՂԻՆ ՄԻՒՍ ԵՐԵՍՆ ԱԼ ԴԱՐՁՆԵԼ ԵՒ ՍԻՐԵԼ ԹՇՆԱՄԻՆ

«Մեր պատերազմը մարմնի եւ արիւնի դէմ չէ՛, այլ՝ երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ…», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներու գրած իր նամակին մէջ. (ԵՓԵՍ. Զ 12)։

Ուստի, «մարմնի եւ արիւնի դէմ» խօսքը պէտք է հասկնալ՝ «մարդոց հետ չէ…»։ Ուստի, տեսանելի պատերազմէն աւելի վտանգաւոր է անտեսանելի պատերազմը։ Այդ պայքարին մէջ մարդկային զէնքերը, աշխարհի զէնքերը եւ միջոցները զօրութիւն չունին, քանի որ պատերազմը հոգեւո՛ր է, իսկ զէնքերը՝ մարմնաւոր։ Պօղոս առաքեալ այդ զէնքերը կ՚անուանէ «լոյսի զէնքեր»՝ ի տարբերութիւն «խաւարի զէնքերու»։

Սուրբ Գիրքի մէջ նկարագրուած են հետեւեալ հոգեւոր զէնքերը։

Ճշմարտութեան գօտին, արդարութեան զրահը, խաղաղութեան Աւետարանի պատրաստութիւնը, հաւատի վահանը, փրկութեան սաղաւարտը, Հոգիի սուրը։

Աստուծոյ Խօսքը այն ազդեցիկ զէնքն է, որ կը ջախջախէ թշնամին, օտար ամէն գաղափար, լոյս սփռելով խաւարին եւ բանալով մարդոց ծածկուած շատ մը խորհուրդները։ Արդէն հասկնալի է, որ քրիստոնեայի համար զէնքերը միա՛յն պաշտպանական բնոյթ կը կրեն։ Սա ալ կը նշանակէ, որ պատերազմողը Աստուած է։

Աւետարանի բերած սէրը, ներողամտութիւնը ամէն մէկ ընտանիքի, ժողովուրդի ամրութեան, անխափանութեան, յաւիտենականութեան եւ անբաժանելիութեան գրաւականն է։ Չարին բարիով պատասխանելը, բարիով յաղթելը սկզբունքային եւ բնորոշ մեկնակէտներն են քրիստոնէութեան։ Արդարեւ, ա՛յս է ընդունուած որպէս ապահովութեան երաշխիքը։ Սէրը մերձաւորի, ընկերոջ, մտերիմի նկատմամբ՝ ժողովուրդի միասնութեան երաշխիքն է։ Ներողամտութիւնը՝ ընտանիքի եւ ժողովուրդի կայունութեան չափանիշն է։

Սակայն մարդկային բնութեան բերմամբ, կարելի չէ վերջնականապէս արգելք ըլլալ կռիւներու։

Երբ կարելի չէ արգելք ըլլալ կռիւներու, պատերազմներու, ապա ուրեմն նպատակ ունենալու է յաղթական ելլել այդ պատերազմէն։ Բայց ո՞րն է ճշմարիտ եւ ամենաշահաւոր յաղթանակը։

Ամենամեծ եւ ամենաշահաւոր յաղթանակը թշնամիի նկատմամբ, անիկա բարեկամ դարձնելն է։

Ուստի, ճշմարիտ յաղթանակը՝ հաշտութեան տիրապետութիւնն է, որ կ՚ենթադրէ սիրոյ յաղթանակը։ Առաջին հերթին, անհատական եւ հաւաքական տեսակէտէ գոյատեւելու միակ ճիշդ բանաձեւն է ասիկա։ Եւ եթէ այդ նոյն բանաձեւը տարածուի համազգային՝ ազգերէ դուրս՝ կատարեալ յաղթանակ է այդ։ Բայց անկարելի է ամէն ինչ նոյնացնել։ Մարդ կրնա՞յ սիրել իր թշնամիները իր մերձաւորները եւ բարեկամները սիրածին նման։ Ըստ էութեան դժուա՛ր կը թուի ատիկա, եթէ ոչ՝ անկարելի։

Ուրեմն, թշնամին սիրելու համար պէտք է «Վերստին ծնիլ», այսինքն՝ «նոր մարդ» ըլլալ եւ թօթափել, վրայէն նետել «հին մարդ»ու կերպարը։ Աւետարանի լոյսով լուսաւորուիլ եւ Քրիստոսի մէջ մնալ։ Եւ այն ատեն է, որ կարելի կ՚ըլլայ մեզ ապտակողին միւս երեսը դարձնել, եւ այդ տեսնելով, ապտակողը կը պարտաւորուի պահ մը կանգ առնել, ինչ որ Քրիստոսի Խօսքին համաձայն, պարտուած կ՚ըլլայ ապտակողը եւ ապտակուողը յաղթական դուրս կու գայ, եւ երկրորդ ապտակը ապտակողը ինքն իրեն կը զարնէ։ Ուստի, «ապտակողին միւս երեսը դարձնել» երբեք տկարութիւն չէ, ինչպէս շատեր կը կարծեն, այլ եւ մա՛նաւանդ՝ քաջութիւն եւ զօրութիւն։

Եւ երեսը դարձնելու արարքին մէջ կայ նաեւ ինքնազսպութեան կարողութիւն, այսինքն՝ ինքզինք զսպելու՝ սանձելու կարողութիւն, ինքզինքին տիրելու, իշխելու զօրութիւն, որ ինքնին յաղթանակ մըն է արդէն, քանի որ շատերը կը պակսի այդ կարողութիւնը, եւ նախ կը պարտուին իրենց «Ես»ին։

Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ եղած են ոմանք, որոնք նուաստացուցած են Վարդանը եւ գովաբանած Վասակը։ Բայց ժողովուրդի տուած գնահատանքը դարերու ընթացքին ապացուցած է իր ճշտութիւնը։ Ուստի, Վարդանը կարիք չունի որեւէ պաշտպանութեան եւ չեն կրնար նուաստացնել զայն «վայ իմաստուններ»։ Վարդանի գործը համեմատել Վասակի գործին հետ անօգուտ է եւ անշահ։ Եւ ինչպէս կը նկարագրէ Փարպեցի, Վարդանը դժուարութեամբ համաձայնուեցաւ իշխաններու խորհուրդին։ Եւ միա՛յն Սուրբ Գիրքէն բերած վկայութիւնները համոզեցին Վարդանը երթալ արտաքին այդ ուրացութեան՝ ժողովուրդին փրկութեանը համար։ Այս վկայութիւններ կարգին էին.

«Որովհետեւ Աստուած մեզի համար մեղքի պատարագ ըրաւ Քրիստոսը, ան՝ որ բնաւ մեղք չէր գործած…». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 21)։

«Պիտի ուզէի ես ինքս նզովուած ըլլալ Քրիստոսէ՝ իմ արենակից եւ ազգակից եղբայրներուս համար…». (ՀՌՈՎՄ. Թ 3)։

Արդարեւ, Սուրբ Գիրքի մէջ կան ուրիշ օրինակներ՝ որ գտնուած են մարդիկ, որոնց նուիրումը, նահատակութիւնը, անձնազոհութիւնը փրկութեան տարած է ժողովուրդը։

Եւ Կայափիայի խօսքը. «աւելի լաւ է որ մէկ հոգի մեռնի ժողովուրդին համար». (ՅՈՎՀ. ԺԸ 14)։

Ինչպէս կ՚երեւի, Վարդանը, որ քաջատեղեակ էր Սուրբ Գիրքին, այդքան ալ հեշտ չէր համոզել։ Բայց բերուած փաստեր եւ վկայութիւններ դրդեցին զինք անձնազոհութեան եւ նահատակութեան գնով ժողովուրդին փրկութեան եւ գոյատեւման առաջնորդել։ Ուստի, շարականագիրը կ՚ըսէ. «Այլ Վարդանայ ընկած երկիր, պիտի ծաղկի հաւատ»։

Ո՛վ որ ճշմարտութեամբ միացած է Քրիստոսի սիրոյ հետ, հոգիի աչքերով կը տեսնէ իմանալի Արեգակը՝ Լոյսը՝ Քրիստոսը, Անոր ճառագայթներուն անտեսանելի յստակ լո՛յսը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2023