ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԻԱ.)

ՊԱՏԱՆԻՆ, ԾԽԵԼՆ ՈՒ ԽՄԵԼԸ

Վստահաբար ծնողքի մը մեծագոյն մտահոգութիւններէն մին է իր զաւակին շրջապատը, որ կարողութիւնը ունի ամբողջ կեանք մը ջամբուած կրթութիւնը ոտնակոխելու եւ անոր տեղ յոռին սերմանելու:

Մեր զաւակները շատ մը վատ երեւոյթներ, ինչպէս օրինակ, ծխելը, ոգելից ըմպելիք օգտագործելը եւ մինչեւ անգամ թմրամիջոցը իրենց ընկերային շրջանակի մէջ կը սորվին եւ ցաւ ի սիրտ, այդ մէկը շատ անգամ կրնայ սկիզբ առնել պատանեկան տարիքէն, ինչ որ մասամբ ընտանեկան կրթութեան հետ կապ ունի, սակայն նոյնքան եւս չունի:

Բացատրենք. ծնողներու համար այս նիւթը բարդ է, որովհետեւ կայ երկու տեսակի մանուկներ. շատ անգամ ծնողը իր զաւակին կը բացատրէ ծխախոտին, խմիչքին եւ թմրամիջոցին վատ ազդեցութիւններուն մասին. այս բացատրութիւնները սակայն անոնց մօտ իրարու հակառակ երկու ծայրայեղ վիճակներ կրնան ստեղծել: Կայ զաւակ՝ որ իրապէս հասկացողութիւն ցուցաբերելով հեռու կը մնայ այդ բոլորէն, սակայն կան նաեւ ուրիշներ, որոնք աւելիով կը հետաքրքրուին: Կրնայ ըլլալ ծնողքը ամէն ջանք ի գործ դնէ, նախապէս անոնց վատ ազդեցութիւններուն մասին օրերով բացատրէ, սակայն իր զաւակը գտնէ նման վատ մթնոլորտի ու շրջանակի մէջ:

Նախքան լուծումներու մասին խօսիլը, խօսինք պատճառներուն մասին:

Պէտք է հասկնանք, որ պատանիները կ՚ըլլան հետաքրքիր եւ կ՚ուզեն զանազան բաներ ուսումնասիրել. այս մէկը կը հրահրուի մանաւանդ հասակակիցներու շրջանակին մէջ: Այսօր ձեր շուրջ ծխող մարդկանց հարցուցէք եւ պիտի տեսնէք, թէ անոնք առաջին անգամ իրենց հասակակից ընկերներուն հետ սկսած են ծխել:

Ծնողներ յաճախ այսպիսի նիւթերու շուրջ կը դիմեն ծայրայեղութիւններու. կա՛մ մանուկը խեղդելու աստիճան կը զգուշացնեն եւ կամ ամբողջութեամբ «ազատ» ու «անհոգ» վիճակ մը կ՚ունենան, ինչ որ երկու պարագաներուն ալ վնաս կը պատճառէ:

Նման նիւթերու մասին խօսելու ժամանակ պէտք է խուսափիլ տարիքային խնդիր առաջ քաշելէ. շատ մը պատանիներու մօտ ծխելն ու խմելը «մեծ» ըլլալու զգացումը կը յառաջացնէ: Յաճախ կը լսենք, թէ մեծահասակներ կ՚ըսեն «տարիքդ ինչ է», «դեռ փոքր ես» եւ այլն: Պատանեկութիւնը այն տարիքն է, ուր մանուկը կը ձգտի մեծութեան եւ ծխելով կամ խմելով ինքզինք մեծ կրնայ զգալ: Այս է պատճառը, որ պատանիներ իրենց հասակակիցներու մօտ հպարտութեամբ կը խօսին իրենց խմելուն եւ նոյնիսկ ծխելուն մասին, շոյելու համար իրենց եսը: Այս մէկը կապուած է իրենց ինքնութեան ձեւաւորման հետ եւ նման յոռի երեւոյթներու օգտագործումը ձեւով մը «անկախ» ըլլալու հոգեվիճակ մը կը ստեղծէ անոնց մօտ:

Պատկերացուցէք պատանիներու ընկերային շրջանակ մը՝ բաղկացած չորս հոգիէ, որոնցմէ երեքը կը ծխեն. չորրորդին չծխելը կրնայ անոնց կողմէ ծաղրանքի առարկայ դառնալ եւ այդ ծաղրէն խուսափելու համար շատ անգամ անոնք յանձն կ՚առնեն ծխելը եւ կամ խմելը: Այդ իսկ պատճառով շատ կարեւոր կը նկատենք մեր զաւակներուն շրջանակն ու ընկերային կեանքը, որովհետեւ անոնք դպրոցը կը ծանօթանան եւ ընկերներ կը դառնան զանազան խաւէ, մտածելակերպէ եւ կրթութենէ եկած հասակակիցներու հետ: Անոնք ամէն ինչ յանձն կ՚առնեն կապուած մնալու համար այդ ընկերային շրջանակին:

Յայտնենք, որ մերօրեայ աշխարհն ու արհեստագիտութիւնը եւս մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենան անոնց վրայ. մեզմէ ո՞վ չէ տեսած ժապաւէններու մէջ, որ մարդ նեղուելէ ետք կը խմէ ու կը հարբի. մեզմէ որո՞ւ մէջ չեն սերմանած, որ խմելը ցաւերն ու վիշտերը մոռնալու մէկ ձեւ մըն է: Հաւատացէ՛ք, որ պատանիներուն համար ամենէն պարզ խնդիրը անգամ զաւակը կորսնցուցած մօր հոգեվիճակը կրնայ ստեղծել, որովհետեւ մեզի համար պարզ կարծուած նիւթերը իրենց համար տակաւին այնքան ալ պարզ կրնայ չթուիլ: Յուզական զգացումները հաւասարակշռելը սորվեցնելը, ինքնին շատ մը յոռի երեւոյթներէ հեռու պահել կը սորվեցնէ մեր զաւակներուն:

Դարձեալ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել ընտանեկան ներքին կեանքին, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ առաւելաբար կը ծխեն անոնք՝ որոնց հայրը եւ կամ մայրը ծխող են. այս մէկը կարելի չէ ընդհանրացնել, սակայն մեծաւ մասամբ այդպէս է. իսկ եթէ ընտանիքին մէջ ծխող ու խմող չկայ, սակայն զաւակը կը ծխէ, պատճառը վստահաբար շրջապատն ու ընկերային շրջանակն է: Ընտանեկան կեանքին ուշադրութիւն պէտք է դարձնել, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ ծխող, խմող եւ թմրամիջոց օգտագործողներու մեծամասնութիւնը կու գան այնպիսի ընտանիքներէ, ուր կռիւն ու վիճաբանութիւնը անպակաս է:

Բոլորս ալ գիտենք, թէ թմրամիջոցը այնքան ալ աժան բան մը չէ, սակայն վստահ եղէք, որ օգտագործողներու մեծամասնութիւնը զաւակներն են աղքատ ընտանիքի, ուր անպակաս է կռիւը՝ նիւթական եւ կամ այլ պատճառներով:

Վստահաբար շատեր պիտի ըսեն, թէ կան ծխողներ, խմողներ ու թմրամիջոց օգտագործողներ, որոնք ո՛չ նիւթական խնդիրներ ունին եւ ոչ ալ տան մէջ վիճաբանութիւն ու կռիւ տեղի կ՚ունենայ: Այս պարագային կը տեսնենք ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը, ներկայ «զարգացած» երկիրներու երաժշտութիւնն ու յայտնի մարդոց ազդեցութիւնը: Օրինակի համար, մեր զաւակները լաւապէս կը ճանչնան ու շատ անգամ որպէս տիպար կ՚ընտրեն աշխարհի ամենէն հարուստներէն Էլըն Մասքը, որ բացայայտ ձեւով իր թմրամիջոց օգտագործելուն մասին կը բարձրաձայնէ. նոյնը կ՚ընեն բազմաթիւ այլ «տիպար» ներկայացողներ եւ հետեւաբար աշխարհի մէջ «յաջողած»ներու կողմէ անոնց օգտագործումը բնականաբար կը գովազդէ այդ մէկը, ինչ որ պատանիներուն մօտ աւելիով հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, որովհետեւ անոնք ամէն ինչով կ՚ուզեն նմանիլ իրենց «տիպար»ներուն:

Այսօր մեր պատանի-երիտասարդները կը լսեն երգեր, որոնց մէջ բացայայտ ձեւով կը գովաբանուի ծխելը, խմելն ու թմրամիջոցի օգտագործումը:

Մեր զաւակները նման բաներէ հեռու պահելու առաջին եւ կարեւոր կէտը առողջ հաղորդակցութիւնն է ծնողքին եւ զաւակին միջեւ: Եթէ ծնողքը այդ առողջ երկխօսութիւնն ու հաղորդակցութիւնը չշինէ, երբեք պիտի չկարենայ գիտնալ իր զաւակին ներաշխարհն ու մտածումները: Երկխօսութեան ճամբով միայն դուք կրնաք քննել անոնց շրջանակը, ընկերային կեանքն ու համոզումները: Հաղորդակցութեան քով կարեւորութեամբ կը շեշտենք երկխօսութիւն բառը, որովհետեւ ծնողքը խօսողի դերին չափ եւ աւելի լսողի դերին մէջ պէտք է գտնուի՝ այդ բոլորը հասկնալու համար:

Պէտք է գիտնալ, որ ծեծը եւ վախը մեր զաւակները հեռու չի պահեր նման երեւոյթներէ, այլ պարզապէս պատճառ կ՚ըլլայ, որ այդ բոլորը գաղտնի վիճակի մէջ կատարուին: Ծեծէն շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի այդ բոլորին մարդոց վրայ գործած ազդեցութիւնը: Այսօր համացանցի մէջ կարելի է գտնել բազմաթիւ հարցազրոյցներ ու ժապաւէններ, ծխելուն, խմելուն եւ թմրամիջոց օգտագործելու վնասներուն մասին խօսող՝ նոյնինքն օգտագործողներու կողմէ, որ շատ աւելի դաստիարակիչ է, քան ծեծը: Այդ քաոսին մէջ գտնուող անձի մը խոստովանութիւնն ու փորձառութիւնները շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ անձին վրայ՝ քան մեր սպառնալիքները:

Պէտք է հետեւիլ պատանիներուն կեանքին՝ առանց զգացնելու եւ բացայայտ ձեւով միջամուխ ըլլալու, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ իրենց եսասիրութիւնը վիրաւորել՝ մանաւանդ հասակակիցներու մօտ: Ի հարկին, պէտք է ծանօթանալ իրենց ընկերներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ, աւելիով գաղափար մը կազմելու համար ձեր պատանիին շրջանակին մասին:

Նման նիւթերու համար իւրաքանչիւր զաւակ տարբեր դրսեւորում կ՚ունենայ եւ հետեւաբար պէտք է ըլլալ արթուն եւ միաժամանակ վստահ, որ ամէն բան սկիզբ կ՚առնէ ընտանիքէն եւ առողջ ընտանեկան կապն ու դաստիարակութիւնը իրականութեան մէջ ո՛չ մէկ շրջանակ կրնայ խորտակել:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Կախարդութիւնները իրականութի՞ւն են՝ թէ սուտ:

Պատասխան.- Կախարդութիւնը, մանաւանդ գերբնական եւ առեղծուածային ուժերը՝ որոնք կը հակասեն բնութեան ու գիտութեան օրէնքներուն, իրականութիւն չեն: Աշխարհի մէջ ամէն երեւոյթ սովորաբար կը բացատրուի գիտական սկզբունքներով եւ օրէնքներով: Սակայն ներկայիս կախարդութիւն բառը կը գործածուի աճպարարութեան համար, որոնք զուարճութիւն պատճառելու համար կը կատարուին: Աճպարարները գերբնական ուժեր չունին, այլ պարզապէս կախարդական պատրանք ստեղծող ներկայացումներ կը կատարեն:

Բանահիւսութեան, դիցաբանութեան եւ գեղարուեստական գրականութեան մէջ կախարդութիւնը տարածուած նիւթ մըն է եւ այնտեղ ներկայացուցած պատմութիւնները եւ կամ կերպարները յաճախ կը ներկայացուին կախարդական տեսքով: Անոնք ինչքան ալ գրաւիչ ու զուարճացնող ըլլան, իրականութեան չեն համապատասխաներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2023