ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողը եւ մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ», (ԱՌԱԿ. ԻԸ 13)։ Մարդ, Աստուծոյ առջեւ արդարանալու պահանջքը ունի։ Բայց ան ինչպէ՞ս կրնայ արդարանալ եւ սրբանալ։ Արդարեւ Քրիստոսի միջոցո՛վ է, որ կարելի է Աստուծոյ հետ հաշտուիլ եւ հասնիլ սրբութեան։ Արդարանալու եւ սրբուելու համար եթէ միջոցը Քրիստոսն է, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է երթալ Անոր։ Ուստի, նպատակի մը հասնելու համար, պէ՛տք է նախ «ճամբայ» գիտնալ, ինչպէս տեղ մը հասնելու համար պէտք է ուղիղ եւ շիտակ ճամբան որոշել։

Այս մասին շատեր շուարած կը հարցնեն. «Ի՞նչ պէտք է ընել», եւ կամ «Ինչպէ՞ս կրնանք արդարանալ, ի՞նչ է անոր ճամբան…»։ Ահաւասիկ, այս հարցումները ունին մէկ պատասխան եւ միա՛յն մէկ բառ. «Ապաշխարեցէ՛ք»։ Ապաշխարելու համար մարդ կը պարտի նախ «փոխել իր ընթացքը» (ԳՈՐԾ. Բ 38) եւ հետեւաբար «ապաշխարիլ եւ Աստուծոյ դառնալ, որպէսզի մեղքերը ջնջէ» (ԳՈՐԾ. Գ 19)։

«Ապաշխարել», ամենալայն իմաստով, կը նշանակէ «մեղքը ընդունիլ, մեղքը լալ եւ զղջալ, խղճմտալ»։

Ապաշխարութիւնը կը սկսի սխալը ընդունելո՛վ։

Ուստի, ճշմարիտ եւ անկեղծ ապաշխարութիւնը կը պարունակէ մեղքի համար ցաւ եւ անկէ դարձի լուրջ մտադրութիւն։ Մեղքէ, մարդ պիտի չկարենայ հրաժարիլ մշտնջենաւորապէս՝ մինչեւ որ նա՛խ չանդրադառնայ եւ չտեսնէ իր մեղապարտութիւնը, մինչեւ չդառնայ անկէ, եւ միշտ պիտի մնայ մեղապա՛րտ։ Եւ այն որ անկեղծ ապաշխարութեամբ չի հրաժարիր իր մեղքերէն՝ իր կեանքին ընթացքին մէջ իրական բարեփոխութիւն մը յառաջ պիտի չգայ։ Ընդհանրապէս մարդիկ չեն հասկնար եւ կամ հասկնալ չեն ուզեր ապաշխարութեան ճշմարիտ եւ բարեբեր բնութիւնը։ Ուրիշներ ալ՝ կը ցաւին, որ մեղանչած են, եւ նոյնիսկ արցունք կը թափեն, եւ արտաքնապէս կը բարեփոխուին՝ քանի որ չար գործերուն աղիտաբեր հետեւանքներէն «կը վախնա՛ն»։

Հոս պէտք է նշել, որ վախը պարտադրանք մըն է, ստիպողական վիճակ մը կը ստեղծէ մեղաւորին, եւ այդ պատճառով կը զղջայ, մինչդեռ իրական եւ անկեղծ զղջումը պէտք է ըլլայ բոլորովին ազատ կամքով, առանց որեւէ արտաքին ազդեցութեան եւ պարտադրութեան։

Ուրեմն, «ներքին ապաշխարութիւն»ը՝ այն թա՛փն է «սրտաբեկ հոգիին» (ՍԱՂՄ. ԾԱ 17), որ աստուածային շնորհքէն հրաժարուած՝ կ՚ընդառաջէ Աստուծոյ բարեգութ եւ ներող սիրոյն։

Ապաշխարութիւնը, այս իսկակա՛ն իմաստով իր մէջ կը կրէ ցաւ եւ խորշում՝ գործուած մեղքին հանդէպ, հաստատ առաջադրութիւն՝ այլեւս չմեղանչելու եւ վստահութիւն՝ Աստուծոյ օգնութեան վրայ եւ կը սնանի աստուածային բարեգթութեան յոյսով։ Ապաշխարութիւնը կ՚արտայայտուի բազմաթիւ ձեւերով, յատկապէ՛ս պահք բռնելով, աղօթելով եւ ողորմութիւն ընելով։

Ապաշխարութեան այս եւ միւս միջոցները քրիստոնեան կրնայ իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ գործադրել, իսկ յատուկ կերպով Մեծ Պահքի շրջանին, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը՝ որոնք Յիսուսի մատնութեան եւ խաչելութեան օրերն են, որոնք ապաշխարութեան օրեր են։

Ապաշխարութիւնը նախաքա՛յլն է Աստուծոյ հետ «հաշտութիւն» հաստատելու, որ կը բաղկանայ երկու տարրերէ. նախ՝ Սուրբ Հոգիին ներշնչումով զղջացած մեղաւորին կատարած գործերէն, յետոյ՝ քահանայ հօր տուած արձակումէն։ Քահանայ հայրը Քրիստոսի անունով ներո՛ւմ կը շնորհէ եւ հատուցման պայմանները կը սահմանէ։

Ապաշխարող մէկը նա՛խ պէտք է խղճի լուրջ քննութիւն մը կատարէ՝ ներհայեցողութեամբ, յետոյ՝ պէտք է ընդունի եւ զղջայ իր մեղքը։ Զղջումը անկեղծ եւ կատարեալ է, եթէ Աստուծոյ դէմ սէրէն դրդուած է։ Իսկ թերի է եւ անկատար, եթէ ուրիշ պատճառներով եւ տարբեր պատճառներու վրայ հիմնուած է բայց կը պարունակէ կրկին անգամ չմեղանչելու առաջադրանքը, երրորդ՝ ապաշխարանքը պէտք է անկե՛ղծ «խոստովանանք» ըլլայ, այսինքն՝ քահանայ հօր առջեւ յայտնէ իր մեղքերը, վերջապէս՝ պէտք է «հատուցում» ընէ, այսինքն՝ ապաշխարանքի կարգ մը արարքներ եւ գործեր կատարէ, զորս խստովանահայրը մեղքին հասցուցած վնասին համեմատ՝ ապաշխարած մեղաւորին վրայ կը սահմանէ։

Պէտք է խոստովանիլ բոլոր ծանր մեղքերը՝ որոնք տակաւին չեն խոստովանուած եւ զորս կը յիշուին՝ խղճի լուրջ քննութենէ մը ետք։ Ուստի, խոստովանանքը ծանր մեղքերուն ներումին սովորական միակ միջոցն է։ Ամէն չափահաս հաւատացեալ պարտաւոր է իր «ծանր մեղք»երը տարին գէթ մէկ անգամ խոստովանիլ եւ ամէն անգամ՝ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալէ առաջ։

Խոստովանութեան հարցին, խոստովանահօր նկատմամբ կարեւոր հարց մըն ալ սա է, թէ՝ ան պարտաւոր եւ պատասխանատո՛ւ է իրեն խոստովանուած մեղքերը գաղտնի պահելու եւ ո՛չ մէկուն խօսելու այդ մասին։ Նկատի առնելով այս հոգեւոր պաշտօնին նուրբ եւ պատասխանատուութիւն պահանջող հանգամանքը՝ վսեմութիւնը եւ անձերու հանդէպ յարգանքը, իւրաքանչիւր խոստովանահայր պարտաւոր է եւ պատասխանատո՛ւ Սուրբ Խորհուրդին գաղտնիքը պահել առանց բացառութեան եւ շատ ծանր պատիժի ներքեւ, այսինքն՝ խոստովանանքի ընթացքին լսած մեղքերուն մասին բացարձակ գաղտնապահութիւն պահել։

Ապաշխարութեան եւ խոստովանութեան բնական արդիւնքներն են. «Հաշտութիւն Աստուծոյ հետ», որ կ՚ենթադրէ մեղքերու ներում եւ «Հաշտութիւն Եկեղեցիի հետ», որ կ՚ենթադրէ վերադարձ շնորհքի վիճակին՝ եթէ զայն կորսնցուցած է մեղաւորը։ Եւ ճշմարիտ ապաշխարանքը եւ խոստովանութիւնը միայն կը հասնի իր նպատակին՝ փրկութեա՛ն։

Յուդա Իսկարիովտացի, իր Տէրը մատնելէ վերջ՝ աղաղակեց. «Մեղա՛յ որ անմեղ արիւն մատնեցի» (ՄԱՏԹ. ԻԷ 4)։ Այս խոստովանութիւնը իր մեղապարտ հոգիին խորէն դուրս ելաւ՝ իր դատապարտութեանը ահաւոր զգացումէն եւ Աստուծոյ դատաստանին զարհուրելի ակնկալութենէն։ Իր գլխուն գալիք աղէտները ահուդողի մատնեցին զինք. սակայն իր հոգիին մէջ խորին եւ սրտաբեկ կսկիծը չունէր թէ Աստուծոյ անարատ Որդին էր մատնած, եւ ուրացա՛ծ։

Ուստի, ապաշխարանքը եւ խոստովանութիւնը պէտք է ըլլայ բոլորովին ազատ կամքով եւ անկեղծ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 4, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2017