ԵՐԱՆԻ՜ ՍԻՐՈՂՆԵՐՈՒՆ

Տարեցներու բերնէն յաճախ լսած եմ «ամէ՜ն բան փոխուած է հիմա» արտայայտութիւնը. անոնց աչքին աշխարհը ո՛չ միայն նիւթապէս ու արտաքնապէս, այլ էապէս եւ բարոյապէս կատարուած է այդ փոփոխութիւնը: Նորերը սկսած են հիներու «համն ու հոտը» չտալ:

Անցեալէն ներկայ փոխուած է ամէ՛ն բան. առաջնահերթութիւնները, յոյզերը, ըմբռնումները, նպատակները եւ հաւատքը. մարդը փոխուած է ամբողջութեամբ:

Սակայն առեղծուած է սիրոյ փոփոխութիւնը, որովհետեւ շատերու մօտ այդ մէկը եւս կրած է ամբողջական փոփոխութիւն, իսկ ուրիշներու մօտ կրցած է պահել հարազատութիւնը սիրոյ հասկացողութեան: Որպէս տեսք ընդամէնը երեք տառ, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ հազարամեակներու ամբողջ պատմութիւն մը:

Այնպէս ինչպէս հազարամեակներ առաջ սիրոյ ինչութիւնը աղօտ ու անյստակ էր, այսօր եւս իր մէջ կը բովանդակէ այդ խորհրդաւորութիւնը. բազմատասնեակ հատորներ կը գրուին, սակայն բացայայտ ու վերջին սահմանում մը չեն կրնար տալ:

Բազմաթիւ պատերազմներու, աւերածութիւններու եւ ողբերգութեանց շարժառիթ եղած է եռատառ սէրը մարդկային պատմութեան մէջ: Մարդիկ յանձն առած են կատարել սպանութիւններ, ինքնասպանութիւններ, ենթարկուիլ չարչարանքներու, մինչեւ իսկ բանտարկութեան՝ սակայն ձեռք չքաշել սէր կոչուած առեղծուածէն: Նոյնիսկ այսօր, երբ ընդհանրապէս սէրը ամբողջութեամբ փոխած է իր իմաստը, տակաւին ունի իր հաւատարիմ զոհերը:

Անցեալները կը կարդայի հին մատենագիրերն ու հին համաշխարհային գրականութիւնը սիրոյ ինչութեան մասին գաղափար ունենալու համար: Պրպտումներուս ընթացքին հանդիպեցայ Կոմս Գաբրիէլ Միրապոնի կեանքին (1750-ական թուականներ), որ հակառակ ամուսնացած ըլլալուն սիրած էր 16 ամեայ երիտասարդ աղջնակ մը, որուն պարտադրաբար ամուսնացուցած էին 70 ամեայ ծերունիի մը հետ: Կոմսը քաղաքական պատճառներով կը բանտարկուի Վենսենեան ամրոցին մէջ, սակայն ոստիկանապետ Լենուարի ճամբով կը յաջողի նամակներ ղրկել իր սիրուհիին:

Կոմսի գրած նամակներէն մի քանին, որպէս սիրոյ վառ օրինակ ու «ինչութեան» բացատրական, պահուած են: Անոնք գոհարներ են՝ որոնք ցոյց կու տան սիրոյ մարդու ներաշխարհէն ներս ունեցած ներգործութեան մասին:

Կոմսի չորեքշաբթի 9 յունուար 1778-ի նամակը սկիզբ կ՚առնէ զգացական տողերով. «Արդէն երեք ամիսէ քեզմէ հեռու կ՚ապրիմ, երեք ամիսէ դուն ինծի չես պատկանիր եւ հետեւաբար իմ երջանկութիւնը վերջ գտած է: Յամենայնդէպս, ամէն առտու քեզ կը փնտռեմ եւ ինձ կը թուի, թէ իմ կէսս չկայ եւ այդ մէկը ճշմարտութիւն է: Օրուայ ընթացքին քսան անգամ ես ինձ հարց կու տամ, թէ ո՞ւր ես... պատրանքները ինչքա՜ն դաժան են: Մեր սիրտերուն մէջ սէրը կ՚ապրի, հետեւաբար պիտի սգանք: Կեանքի մէջ կան կորուստներ, որոնց հետ երբեք չես կրնար հաշտուիլ: Մարդ երբ սիրոյ մէջ երջանկութիւն չի գտներ, այդ մէկը կը փնտռէ եւ կը ցանկայ գտնել տառապանքին մէջ:

«Ճշմարտութիւնը այն է, որ երբ սիրահարին, այդ անձը կը սիրեն սեփական անձէն աւելի. աշխարհի վրայ կարելի է զոհել ամէ՛ն բան, բացի սիրածի զգացումներէն: Իսկ եթէ գտնուի անձ մը, որ տարբեր մտածէ, վստահ եղիր, որ ինք չէ՛ կրցած սիրել այնքան՝ ինչքան ես:

«Եթէ գիտնայի անգամ, որ իմ մահը անհրաժեշտ է քու երջանկութեանդ համար, գիտնայի, որ իմ մահուան գնով դուն կ՚ունենաս այդ մէկը, առանց վայրկեան մը տատանելու կը սպաննէի ես ինձ. ես այդ մէկը կ՚ընէի մե՜ծ ուրախութեամբ: Ես այդ մէկը կ՚ընէի առանց ափսոսանքի: Նոյնիսկ գիտնայի, որ ինձ կ՚ատես, միեւնոյնն է. չէի կրնար ապաքինիլ սիրոյ ցաւէն, որովհետեւ այն օրը որ քեզ ճանչցայ, բռնակալի պէս գրաւեցիր սիրտս:

«Սկիզբները կը փորձէի ես ինձ համոզել. կը մտածէի, թէ ինչքա՜ն կիներ տեսած եմ, ինչքա՜ն սիրուհիներ ունեցած եմ. ան դեռ երեխայ է, փոքր է. ինչպէ՞ս պիտի յաղթէ ինծի. սակայն յաղթուեցայ: Ես սէրը մի՛շտ ալ հպարտութենէն վեր դասած եմ եւ իմ երջանկութեան տունը կառուցած եմ քեզմով...»:

Մեզմէ ո՞վ իր կեանքին մէջ երբեւէ չէ՛ զգացած այդ բոլոր ապրումները՝ որ Կոմսը զգացած ու ապրած էր իր բանտի խուցէն ներս. շատ անգամ մենք բանտարկեալներ չե՛նք եղած, սակայն առեղծուածային սէրը իւրաքանչիւրս բանտարկած ու առած է իր ճիրաններէն ներս: Սիրոյ բանտը շատ աւելի ահաւոր է, քան աշխարհի ամենախիստ ու դաժան բանտերը, ուր ցաւ պատճառողն ու հարուածողը յստակ է, մինչ սիրոյ մէջ անյայտ են անոնք՝ անժամանակ ու անխիղճ:

Հաւանաբար այդ առեղծուածային սիրոյ զօրութիւնն էր Արա Գեղեցիկը Շամիրամ Թագուհիէն հեռու պահողը. Շամիրամ՝ ժամանակուայ ամենէն հեղինակաւոր դէմքերէն մին, տէր աշխարհի հարստութեան, սակայն Արայի համար սէրը աւելի վեհ էր քան այդ բոլորը:

Այսօր մեր շուրջ բազմաթի՜ւ են սիրոյ կեղծ «մունետիկ»ները, որոնք սէրը վաճառքի եւ աւելին՝ աճուրդի կը հանեն: Մարդու սիրոյ մասին մտածումներն ու ըմբռնումներն են, որ կը փոխուին, սակայն սէրը մշտնջենաւորապէս կը մնայ նոյնը:

Երանի անոր, որ գէթ մէկ անգամ սիրած է, նոյնի՛սկ տառապանքի ճիրաններուն մէջ յայտնուելու գնով:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԱՏԹԷՈՍ Բ. ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ
(1845-1910)

Մեր թուականէն 111 տարիներ առաջ՝ 11 դեկտեմբեր 1910-ին, Վաղարշապատի մէջ վախճանած է եկեղեցական գործիչ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 126-րդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան (աւազանի անունով՝ Սիմէոն Իզմիրլեան՝ ծանօթ նաեւ որպէս Կոստանդնուպոլսեցի անունով):

Իզմիրլեան ծնած է 22 փետրուար 1845-ին, Պոլսոյ մէջ: Ծննդավայրի մէջ նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք ստացած է կրօնական ուսում եւ սարկաւագ ձեռնադրուած է 1864-ին, որմէ հինգ տարիներ ետք՝ 1869-ին օծուած է կուսակրօն քահանայ, ստանալով Մատթէոս անունը: Օծումէն ետք Իզմիրլեան եղած է Խրիմեան Հայրիկի քարտուղարը: Ապա 1872 թուականին ընտրուած է Պոլսոյ կրօնական ժողովի անդամ եւ ատենադպիր, իսկ տարի մը ետք՝ 1873-ին ստացած ծայրագոյն վարդապետի աստիճան: Իզմիրլեան եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1876 թուականին: Այնուհետեւ եղած է Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ՝ 1886-1890 թուականներու միջեւ: Առաջնորդութեան պաշտօնէն չորս տարիներ ետք՝ 1894 թուականին ընտրուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք, ուր բողոքի ձայն բարձրացուցած է 1894-1896 թուականներուն կատարուած հայկական կոտորածներուն դէմ, որուն համար ժողովուրդի կողմէ կոչուած է «Երկաթեայ Պատրիարք»: Այդ բողոքներու պատճառով իշխանութեան կողմէ պաշտօնանկ ըլլալով 1896 թուականին աքսորուած է Երուսաղէմ: Իզմիրլեան Պոլիս վերադարձած ու անցած է պատրիարքական պաշտօնի գլուխ 1908 թուականի յեղաշրջումէն ետք, որմէ կարճ ժամանակ ետք ընտրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, յաջորդելով Խրիմեան Հայրիկին:

Մատթէոս Կաթողիկոս եկեղեցական գործունէութեան կողքին զբաղուած է նաեւ գրականութեամբ. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է անոր «Հայրապետութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ Աղթամար ու Սիս» աշխատութիւնը, իսկ Գահիրէի մէջ «Նամականի»ն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2021