ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԶ.)

ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Անկասկած, ամուսնալուծութեան մեծագոյն պատճառներէն մին զոյգերու իրարու հանդէպ ի գործ դրած դաւաճանութիւնն է, սակայն դաւաճանութենէն շատ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր խնդիր մը գոյութիւն ունի, որովհետեւ դաւաճանութիւնը պատճառն է այլ հիմնական հարցերու, որոնք զոյգերը կ՚առաջնորդէ նման յոռի որոշումներու: Դաւաճանութիւնը արդիւնքն է բազմաթիւ այլ սխալներու, որովհետեւ դաւաճանելու երեւոյթը արդիւնքն է այլ հարցերու եւ մարտահրաւէրներու: Հոն ուր կայ դաւաճանութիւն, կը նշանակէ չկայ նաեւ վստահութիւն, հաւատարմութիւն, նուիրուածութիւն եւ այլ արժէքներ, որոնք ընտանիքը կանգուն կը պահեն:

Յաճախ կը կարծուի, թէ դաւաճանութիւնը ծնունդ կ՚առնէ կիրքի, սեռական յարաբերութեան մոլութեան եւ հակառակ սեռի հանդէպ ունեցած ծայրայեղ հետաքրքրութենէն, սակայն իրականութեան մէջ դաւաճանութեան գաղափարը այս բոլորէն շատ աւելի վեր ու կարեւոր պատճառներ կ՚ենթադրէ. կը հաւատանք, որ դաւաճանութիւնը մարմնապէս ըլլալէ շա՜տ աւելի առաջ հոգեպէս կը սկսի եւ ժամանակի ընթացքին կը վերածուի մարմնականի:

Դաւաճանութեան մայր պատճառներէն մէկը կարելի է նկատել զոյգերու միջեւ գոյացած ոչ-առողջ հաղորդակցութիւնը, որովհետեւ դաւաճանողներուն մեծամասնութիւնը որպէս պատճառ կը ներկայացնեն կողակիցի կողմէ անտեսումը, հաղորդակցութեան ու համաձայնութեան պակասը, զգացական կապի ու կապուածութեան բացակայութիւնը, ինչ որ ժամանակ մը ետք մարդուն մէջ ուռճանալով նոր փնտռտուքներու կ՚առաջնորդէ:

Մարդուն համար, ան ի՛նչ տարիքի եւ կամ սեռի ալ պատկանի, կարեւոր է ուշադրութիւնը եւ այսօր ամէն բանէ աւելի զոյգեր իրարմէ այդ ուշադրութիւնը կ՚ակնկալեն. ուշադրութիւնը իր մէջ մէկէ աւելի արժէքներ կը ներառէ. ինչպէս՝ վստահութիւնը, սէրը, հոգեկան ու զգացական կապուածութիւնը:

Այս բոլորի կողքին վստահաբար իր տեղը ունի նաեւ սեռական յարաբերութիւնը, սակայն պատճառը դարձեալ վերոյիշեալներն են, որովհետեւ անուշադրութիւնը, անվստահութիւնը եւ կապուածութեան պակասը զոյգերու մէջ հոգեկան ապրումներու կողքին կը մեռցնէ նաեւ սեռական հետաքրքրութիւնը միմեանց հանդէպ թէ՛ հոգեպէս եւ թէ մարմնապէս կը հեռացնէ զանոնք: Նման պայմաններու մէջ ապրող զոյգեր դուրսէն տեսած ուշադրութեան դիմաց կրնան գրաւուիլ, որովհետեւ մարդուն եսը կը պահանջէ այդ ինքնասիրութեան շոյանքը եւ սովորական թուացող ուշադրութիւնը անգամ ժամանակ մը ետք կը վերածուի կարծեցեալ սիրոյ, դաւաճանութեան եւ վերջապէս ամուսնալուծութեան։ Վարդագոյն երազներով պսակուող զոյգերը դժոխքէն դուրս գալու մը զգացումով հեռանալու ճամբաները կը փնտռեն:

Հաղորդակցութիւնը կը կարեւորենք, որովհետեւ կողակիցի ակնկալիքները, յուզական աշխարհն ու սպասումները կրնանք գիտնալ միայն առողջ հաղորդակցութեան ճամբով. չգիտնալու եւ այդ կարիքները չբաւարարելու ժամանակ (թէ՛ հոգեպէս եւ թէ մարմնապէս) զիրենք պիտի առաջնորդէ փնտռտուքի եւ որպէս կողակից ձեզմէ չգտած ջերմութիւնը պիտի փորձէ գտնել ուրիշներու մէջ: Հետեւաբար այս լոյսին տակ, դաւաճանութիւնը մարմնական սեռական յարաբերութիւն նկատելէ աւելի կը նկատենք զոյգերու անյաջողութիւն: Այդ անյաջողութենէն խուսափելու համար նորապսակ, ինչպէս նաեւ աւելի երկար տարիներ պսակուող զոյգերուն կը յորդորենք մի՛շտ աչքէ անցընել կեանքի առաջնահերթութիւնները եւ փորձել ընտանիքը, կողակիցը ամէ՛ն բանէ վեր դասել:

Յաճախ կը տեսնենք, թէ տղամարդիկ առաջնահերթութիւնը աշխատանքի ու նիւթական ապահովութեան տալով կը թերանան իրենց ընտանեկան պարտականութիւններուն մէջ. ընտանիքի մը հօր ցուցաբերած սէրը, ուշադրութիւնը, շատ աւելի կ՚արժէ, քան մեծ հարստութիւն ապահովող տան մը հայրը, որովհետեւ մարդկային կեանքի մէջ նիւթականը ինչքան ալ կարեւոր նկատուի, ժամանակ մը ետք հոգեկան պէտքերը աւելիով կ՚իշխէ ու մարդս կ՚առաջնորդէ նիւթականէն անդին, հոգեկան պակասները լրացնելու պէտքին:

Դժբախտաբար համաշխարհայնացման քաղաքականութիւնը որպէս սխալ ընդունելով հանդերձ դաւաճանութիւնը, պատճառ դարձաւ, որպէսզի մարդիկ աւելի ազատ ձեւով ի գործ դնեն միմեանց հանդէպ իրենց դաւաճանութիւնները. անցեալին դաւաճանելը աւելի վախ կը պատճառէր, սակայն այսօր վերացած կը տեսնենք այդ վախը, որովհետեւ արդի արհեստագիտութիւնը մարդոց աւելիով առիթ տուաւ իրենց անձնական կեանքը աւելի գաղտնի ձեւով ապրելու՝ քան առաջ:

Շատեր կը կարծեն, թէ դաւաճանութիւնը միայն մարմնական յարաբերութեան ճամբով կը կատարուի. կը կարծեն, թէ սովորական բան մըն է համացանցի վրայ ունենալ հակառակ սեռը ներկայացնող ընկերներ ու բարեկամներ, ունենան խօսակցութիւններ: Իրականութեան մէջ այդ բոլորը եւս դաւաճանութեան մաս կը կազմեն, որովհետեւ մերօրեայ մարդը իր ակնկալիքները կը փորձէ նման ճամբով բաւարարել եւ այդ մէկը ինքնին ընտնաիքին մէջ ոչ-առողջ երեւոյթի մը գոյութիւնը ցոյց կու տայ:

Այս է պատճառը մեր այն յորդորին, որ նո՛յն հետաքրքրութիւնները, նոյն երազներն ու իտէալները բաժնող զոյգեր իրարու հետ պսակուին, որովհետեւ այդ բոլորին ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալը ժամանակ մը ետք անոնց համար ձանձրանալի պիտի ըլլայ եւ մեծապէս պիտի զգան հոգեկան պակաս մը:

Վիճակագրութիւններ կը պարզեն, որ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ամուսնալութիւններու մօտաւորապէս 50 առ հարիւրը տեղի կ՚ունենայ ամուսնալուծութեան պատճառով:

Դաւաճանութիւնը եւ ամուսնալուծութիւնը իրականութեան մէջ այդքան ալ դժուար հարց չէ՝ երբ չկայ զաւակ. սակայն պարագան ամբողջութեամբ տարբեր է, երբ զոյգեր զաւակ ունենալով հանդերձ կը «զբաղուին» դաւաճանութեամբ: Դաւաճանութեան եւ ամուսնալուծութեան ազդեցութիւնը զաւակներուն համար շատ աւելի բարդ խնդիր է՝ քան զոյգերուն: Մեր յաջորդ նիւթը պիտի ըլլայ զաւակներ՝ ի դիմաց իրենց ծնողներու դաւաճանութեան եւ ամուսնալուծութեան:

•շարունակելի

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում - Մէկ ծառէն քանի՞ թուղթ կարելի է ունենալ։

Պատասխան - Մէկ ծառէն արտադրուող թուղթերու քանակը կրնայ տարբերիլ, նկատի ունենալով ծառին չափը, տեսակը եւ պատրաստման գործընթացը։ Միջին հաշուով հասուն ծառ մը կրնայ տալ 8 հազարէն մինչեւ 10 հազար թուղթ։ Կարեւոր է նշել, որ թուղթի վերամշակումը զգալիօրէն կրնայ նուազեցնել թուղթի արտադրութեան մէջ նոր ծառերու պահանջարկը։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023