ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ…

Խոնարհութիւնը քրիստոսաւանդ առաքինութիւն է։

Արդարեւ, խոնարհութիւնը բոլոր առաքինութիւններէն առաջ է, իսկ փառասիրութիւնը, մեծամտութիւնը՝ բոլոր ուխտերուն առաջինը։ Առաքինութեան՝ բոլոր բարի գործերուն գլուխը սէ՛րն է։ Իսկ ախտերու գլուխը՝ ինքզինք արդարացնելը, անմեղ ցոյց տալը։ Այս ուղղութեամբ Աստուծոյ երկիւղը, ակնածանքը կը հալածէ, բոլոր մեղքերը, իսկ ծուլութիւնը կը հալածէ Աստուծոյ երկիւղը։ «Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ». (Ա ՊԵՏՐ. Ե 5)։ Նոյնպէս, անհաւատարմութիւնը կը հալածէ անձի մը առաքինութիւնը։ Անհաւատարիմ եւ անհնազանդ մարդը կը հակասէ իր իսկ «Ես»ին…

Գլխաւոր չորս առաքինութիւններ կան. լռութիւն, խոնարհութիւն, Աստուծոյ պատուիրաններու պահպանում՝ հաւատարմութիւն, հնազանդութիւն եւ վերջապէս՝ նեղութիւն, որ է հանդուրժողութիւն, համբերութի՛ւն։

Իսկ անձը պահող չորս առաքինութիւններ կան՝ բոլորին ողորմութիւն ընել, չբարկանալ, համբերել եւ մոռացութենէ զգուշանալ՝ երախտագէտ ըլլալ, բարիքի փոխարէն երախտապարտ մնալ։

Երախտապարտութեան զգացումը մարդը երբեք չի նուաստացներ, ընդհակառակը կը բարձացնէ, առաքինի մարդու կը վերածէ։ Արդարեւ, բոլոր առաքինութիւնները միշտ պէտք են մարդուս՝ մարդավայել կեանք մը վարելու երջանկութեանը հասնելու համար։ Ուստի, պէ՛տք է անդադար եւ սրտովին Աստուծոյ առջեւ իյնալ ինքզինք «մեղաւոր» նկատել եւ ուրիշները չդատե՛լ. այդ պահուն կը դադրին բոլոր չար խորհուրդները եւ մարդ կ՚անդրադառնայ իր իսկ ինքնութեան։ Եւ ո՜րքան դժուար է մարդուս համար անդրադառնալ իր ինքնութեան՝ ընդունիլ եւ խոստովանիլ իր սխալները, թերութիւնները եւ տկարութիւնը։ Մարդ «անկատար» արարած մըն է եւ պէտք է ընդունի ասիկա, եւ երբ ընդունի, ահաւասիկ, «կատարեալ» ըլլալու համար արդէն առաջին քայլը նետած կ՚ըլլայ։

Հոգեւորականի օգտակար հանդիսացող չորս առաքինութիւններ կան. տեւապէս Սուրբ Գիրքի մասին խոկալ, խորհրդածել, ճիգ եւ հոգեւոր աշխատանք կատարել, հլու հնազանդ ըլլալ աստուածային ճշմարտութիւններուն եւ վերջապէս՝ ո՛չ մէկ տեղ եւ ո՛չ մէկ բանի մէջ ինքզինք առաջ նետել։ Արդարեւ, «աչքերը խոնարհ չպահել» կը պղծէ հոգին։ Մինչ դատարկախօսութիւնը եւ մարմնախօսութիւնը կը մոլորեցնեն մարդը։

Մարդուս միտքը կը խաւարի չորս պատճառներով. ընկերը ստելով, նեղութիւն պատճառելով, ընկերը արհամարհելով, նախատելով եւ ընկերոջ մասին չարախօսելով, բամբասելով։ Արդարեւ, չարախօսութիւնը հակառա՛կ է անկեղծութեան եւ մտերմութեան։

Չորս բաներ ալ կան՝ որոնք անպտուղ եւ խոպան կը դարձնեն հոգիները. տունը հանգիստ չընել, անգործ եւ անաշխատ մնալ, զբաղմունքը սիրել մարդու չափ եւ սիրել նաեւ երկրի նիւթը եւ ագահութիւնը։ Մէկ խօսքով՝ հոգեւոր կեանքը անտեսել։

Կան չորս բաներ՝ որոնց միջոցով բարկութիւնը կ՚արծարծուի, կը հրահրուի եւ կը յառաջանայ. կամքի տկարութիւն, հակառակութիւն, ուրիշներու սորվեցնելու ցանկութենէն, որ տեսակ մը ինքնահաւանութիւն կարելի է նկատել ասիկա, եւ ինքզինք ուրիշ մարդոցմէ աւելի իմաստուն, աւելի բարձր համարելէ։

Կան նաեւ չորս առաքինութիւններ՝ որոնք ստանալ եւ պահել դժուար է, միշտ սգալ, միշտ յոռետես ըլլալ, տեւապէս դժգոհիլ եւ գանգատիլ, բողոք բարձրացնել ամէն բանի, միշտ եւ միայն իր սխալներուն նայիլ, անբաւարար ըլլալ, ուրիշները արդար կերպով չդատել, ինքզինք միշտ մեղաւորներու շարքին դնել եւ միշտ մահը աչքի առջեւ ունենալ՝ անտեսել կեանքի գեղեցկութիւնները։

Այն որ առաքինի կեանք կ՚ապրի, Աստուած իր զօրաւոր ձեռքը կ՚երկարէ անոր եւ կը պահէ զայն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023