ԱՂՕԹՔԻՆ ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Աղօթքը՝ շնորհքի պարգեւ է, իսկ մեր կողմէն վճռական փոխադարձութիւն մը։ Աղօթքը միշտ կ՚ենթադրէ ճի՛գ մը։ Ասիկա, աղօթքին պայքա՛րն է։
Քրիստոսէ առաջ ապրած Հին ուխտի մեծ աղօթաւորները, ինչպէս նաեւ Աստուածամայրը եւ սուրբերը Քրիստոսի հետ կը սորվեցնեն մեզի, թէ աղօթքը «պայքար» մըն է։ Բայց որո՞ւն դէմ։ Մեր իսկ անձին դէմ եւ ընդդէմ «փորձիչ»ին նենգամտութեան՝ որ ամէն ինչ կ՚ընէ շեղեցնելու համար մեզ աղօթքէն՝ Աստուծոյ հետ մեր միութենէն։
Արդարեւ, մարդ կ՚աղօթէ ինչպէս որ կ՚ապրի, որովհետեւ կ՚ապրի ինչպէս որ կ՚աղօթէ։
Եթէ մարդ չուզէ սովորաբար գործել ըստ Քրիստոսի Հոգիին, ո՛չ ալ կրնայ սովորաբար աղօթել Անոր անունով։ Ուստի, քրիստոնեային «նոր կեանք»ը, ըստ էութեան, անոր «հոգեւոր պայքար»ը անբաժան է աղօթքին պայքարէն։
Աղօթքին պայքարին մէջ, մենք կոչուած ենք մեր մէջ եւ մեր շուրջը՝ «աղօթքի մասին թիւր մտայղացումներ» դիմակայել։
Ոմանք աղօթքին մէջ կը տեսնեն հոգեխօսական պարզ գործողութիւն մը. ուրիշներ՝ ճիգ մը կեդրոնացումի, հասնելու համար «մտային պարապութեան»։ Կան ալ որ զայն կը դասեն որոշ կեցուածքներու եւ ծիսական խորհրդաւոր խօսքերու շարքին։
Շատ մը քրիստոնեաներու անգիտակիցին, կամ ըսենք՝ ենթագիտակցութեան մէջ, աղօթելը զբաղում մըն է, կամ վարժութիւն մը, որ անհաշտ է իրենց բազմազբաղ վիճակին հետ, ուստի եւ աղօթելու ժամանակ չունին։
Իսկ անոնք որ աղօթքի ճամբով Աստուած կը փնտռեն, շուտով կը վհատին, կը յուսալքուին, որովհետեւ կ՚անգիտանան, թէ աղօթքը կու գայ նաեւ Սուրբ Հոգիէն եւ ո՛չ թէ միայն իրենցմէ։
Ունինք նաեւ դիմակալելիք այս աշխարհի մտայնութիւնները. անոնք կը թափանցեն մեր մէջ, եթէ արթուն չըլլանք։ Զոր օրինակ, ճշմարիտը, կ՚ըսեն, միայն այն է՝ որ ստուգուած է բանականութեամբ եւ գիտութեամբ. արդ աղօթել, կ՚ըսեն, խորհուրդ մըն է, որ կը գլէ կ՚անցնի մեր գիտակցութեան եւ անգիտակցութեան սահմանը։
Իսկական արժէքները, կ՚ըսեն, անոնք են՝ որոնք արտադրողական եւ արդիւնաբերական են, եւ այս իմաստով, աղօթքը արտադրաբեր չէ, եւ ուրեմն անօգուտ է նիւթապաշտ եւ աշխարհասէր կարգ մը մարդոց։ Զգայնապաշտութիւնը եւ դիւրակեցութիւնը, կ՚ըսեն, չափանիշներն են «ճշմարիտ»ին, «բարի»ին եւ «գեղեցիկ»ին, արդ աղօթքը «Գեղեցիկին սէրը» ըլլալով, սիրահարուիլ է կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուծոյ փառքին։ Որպէս հակադարձութիւն գործօնութեան, աղօթքը կը ներկայացնեն իբրեւ «փախուստ» մը աշխարհէն։ Բայց քրիստոնեայ աղօթքը պատմութենէն դուրս գալ մը չէ՝ ուրանալ եւ մերժել ներկան, ո՛չ ալ հեռացում եւ անջատում կեանքէն։
Վերջապէս, մեր պայքարը պարտի նաեւ դիմակալել ինչ որ մենք կը նկատենք իբր մեր ձախողութիւնները աղօթքի պահուն. վհատութիւնը՝ մեր սրտի ցամաքումին դիմաց. տխրութիւնը՝ որ մենք մեզ լման չենք նուիրեր Տիրոջ, քանի որ մենք ալ «մեծահարուստ ենք». (ՄԱՐԿ. Ժ 22), յուսախաբութիւնը՝ որ մեր ուզածը չենք ստացած ըստ մեր բաղձանքին. մեր հպարտութեան խոցը՝ որ կ՚ընդվզի մեղաւորի մեր անարժանութեան դիմաց. տարզգայնութիւնը աղօթքին ձրիութեան դիմաց, եւ այլն։
Եզրակացութիւնը կ՚ըլլայ միշտ նոյնը. ուրեմն ի՞նչ բանի համար աղօթել։
Յաղթահարելու համար այս արգելքներուն, հարկ է պայքա՛ր մղել խոնարհութիւն, վստահութիւն եւ յարատեւութիւն ձեռք ձգելու համար։ Արդարեւ, մեր աղօթքին սովորական դժուարութիւնը մեր «մտացրում»ն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 10, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/10/2025
- 02/10/2025