ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

«Բարոյական Օրէնք»ը աստուածային Իմաստութեան գործը եւ արդի՛ւնքն է։ Ուստի, իւրաքանչիւր անհատի սրտին մէջ Աստուծոյ կողմէ դրոշմուած է «բարոյական-բնական օրէնք»ը՝ որ մասնակցութիւնն է Իր իմաստութեան եւ բարութեան։

«Աստուած, Օրէնքի տախտակներուն վրայ դրոշմեց ի՛նչ որ մարդիկ չէին կրնար կարդալ իրենց սրտերուն մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։

Բարոյական օրէնքը, մարդուն կը հրահանգէ «հպատակիլ» եւ «հնազանդիլ» այն օրէնքներուն՝ որոնք զինք կ՚առաջնորդեն երանութեան եւ արգե՛լք կը հանդիսանան այն ամէն բանին՝ որոնք զինք կը հեռացնեն Աստուծմէ։ Ան արտայայտութիւնն է բարոյական սկզբնական զգայնութեան՝ որ մարդուն առիթ կու տայ իր իսկ իմացականութեամբ զանազանելու «բարի»ն եւ «չար»ը։ Այս իմաստով՝ բարոյական բնական օրէնքը տիեզերական է՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւո՛ր։ Ան չի՛ փոխուիր ժամանակներու տեւողութեան եւ կը տիրապետէ ամէնուրեք։

Բարոյական բնական օրէնքը նախահիմը եւ սկզբնակէտն է մարդկային անձին էական իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ պարտաւորութիւններուն՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքապէս, մինչեւ իսկ քաղաքացիական օրէնքին։

Արդարեւ, մարդուս սկզբնական մեղքին պատճառով, բնական օրէնքը, անմիջականութեամբ եւ պայծառատեսութեամբ կարելի չ՚ըլլար ըմբռնուիլ եւ ընդունուիլ։ Ան միշտ պակաս կողմ մը ունի մարդուս աչքին, քանի որ մարդկային թերութիւնները եւ տկարութիւնը արգելք կը հանդիսանան զայն ամբողջութեամբ տեսնելու։

Յայտնուած Օրէնքին առաջին հանգրուանն է՝ Հին Օրէնքը։ Ան կը պարունակէ բազմաթիւ ճշմարտութիւններ՝ որոնք բնական ճամբով կը պատշաճին իմացականութեան եւ այս կերպով՝ կատարելութեա՛ն, որոնք Ուխտերու միջոցով հաստատուած եւ վաւերացուած են։

Ուստի, «Տասնաբանեայ»ին մէջ՝ Տասը Պատուիրաններով համառօտուած բարոյական հրահանգները կը դնեն մարդուն կոչումին հիմերը։ Անոնք արգե՛լք կը հանդիսանան այն ամէն բանի, որ Աստուծոյ եւ մարդու սիրոյն հակառակ է, եւ կը հրահանգեն ի՛նչ որ անոնց էութեան համար կենսական է եւ պատշա՛ճ։

Հին Օրէնքը առիթ կ՚ընծայէ ճանչնալու եւ հասկնալու իմացականութեան պատշաճող բոլոր ճշմարտութիւնները։ Ան ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել կամ չընել, ինչպէ՛ս շարժիլ կամ չգործել, եւ յատկապէս «իմաստուն դաստիարակ»ի մը պէս՝ մարդս «հոգեփոխում»ի կը պատրաստէ։ Հին Օրէնքը կամ Հին Ուխտը՝ մարդս Աւետարանի ընդունելութեան կը տրամադրէ։ Այս իմաստով Հին Ուխտը, Նոր Ուխտին նախապատրաստութի՛ւնն է։

Բայց Հին Ուխտը կամ Հին Օրէնքը՝ հոգեւոր, լաւ եւ սուրբ օրէնք ըլլալով հանդերձ, տակաւին անկատար եւ անզօր կը մնայ, քանի որ զայն գործադրելու համար անհրաժեշտ ուժը եւ Սուրբ Հոգիին շնորհքը ինքնիրմէ չի՛ կրնար տալ։ Արդարեւ, Սուրբ Հոգին է որ գործնականի կը վերածէ «Օրէնք»ը։

Իսկ Նոր Օրէնքը կամ Նոր Ուխտը՝ Աւետարանական Օրէնքը՝ որ հռչակուած եւ գործադրուած է Քրիստոսի կողմէ, բարոյական բնական եւ յայտնուած աստուա-ծային Օրէնքին կատարումը եւ լրո՛ւմն է։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ Յիսուս կ՚ըսէ, թէ՝ Ինք չէ՛ եկած Հին Օրէնքը ջնջելու, այլ՝ կատարելագործե՛լու։

Այս իմաստով Աւետարանը ամփոփումն է զԱստուած եւ մա՛րդը սիրելու, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի մեզ սիրածին պէս՝ զիրար սիրելու պատուիրանին։

Նոր Ուխտը սիրոյ արտայայտութի՛ւնն է։

Աւետարանը մարդուն նկատմամբ «ներքին իրականութիւն» մըն ալ է. Սուրբ Հոգիին շնորհքի իրականացումն է, որ նման «սէր» մը հնարաւոր կը դարձնէ։ Աւետարանը, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ, «ազատութեան օրէնքն է» (ԳԱՂ. Ա 25), քանի որ մարդս կը մղէ, կ՚առաջնորդէ ինքնաբերաբա՛ր գործելու սիրոյ դրդումին տակ։ Եւ այս իր իմաստը կը գտնէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի սա բանաձեւին մէջ, թէ՝ «Նոր Օրէնքը գլխաւորաբար Սուրբ Հոգիին շնորհքն է, որ տրուած է Քրիստոսի հաւատացողներուն»։ Այս «Նոր Օրէնք»ը կը գտնուի Քրիստոսի ամբողջ կեանքին եւ քարոզութեան մէջ, ապա առաքեալներուն բարոյական-հոգեւոր կրօնուսուցման մէջ։ Աւետարանի Լերան Քարոզը (ՄԱՏԹ. Ե) անոր գլխաւոր արտադրութիւնն է։

Արդարեւ, Աստուծոյ սիրոյն առաջնակարգ եւ պատուականագոյն ներգործութիւնն է՝ արդարացո՛ւմը։

Ան Աստուծոյ բարեգութ եւ ձրի արարքն է, որ կը ջնջէ մարդուս մեղքերը եւ զինք իր ամբողջ էութեամբ սուրբ եւ արդա՛ր կը դարձնէ։

Ասիկա կ՚իրագործուի Ս. Հոգիին շնորհքով եւ ներգործութեամբ՝ որուն արժանացած է մարդը Քրիստոսի չարչարանքներով եւ ըս-տացած՝ Մկրտութեան խորհուրդին միջոցով։

Արդարացումը ճամբայ կը բանայ՝ մարդուն տալիք «ազատ պատասխան»ին, այսինքն Քրիստոսի հանդէպ հաստատ հաւատքին եւ Ս. Հոգիին հետ անմիջական գործակցութեան։

Արդարացնող շնորհքը Աստուծոյ ձրի պարգե՛ւն է, զոր Աստուած կու տայ մարդուն, որպէսզի զայն Ամենասուրբ Երրորդութեան կեանքին մասնակից դարձնէ, ինչպէս նաեւ զայն կարող դարձնէ Իր անսահման սիրոյն համար գործելու՝ գործակից ընելու։ Ան է որ մարդը կը սրբացնէ եւ կ՚աստուածացնէ՝ աստուածամերձ կը դարձնէ։ Ան կը գերազանցէ մարդուն իմացականութեան եւ կարողութեան, զօրութեան սահմանները։ Հետեւաբար ան մարդուն փորձառութենէն բոլորովին դուրս կը գործէ։

Շնորհքը՝ մարդուն «ազատ պատասխան»ին ընդառաջ կ՚երթայ՝ զայն կը պատրաստէ։ Ան մարդկային ազատութեան խորունկ ձգտումներուն կ՚ընդառաջէ, զայն գործակցութեան կը հրաւիրէ եւ իր կատարելութեա՛ն կը հասցնէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 5, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018