ՕՐԻՆԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Մարդիկ, շատ անգամ կը գործածեն բառեր՝ որոնք բոլորովին հականիշ են իրարու, բայց առանց անդրադառնալու որ անոնք հակառակ իմաստներ ունին, կ՚օգտագործեն զանոնք որպէս՝ մերձիմաստ կամ հոմանիշ ըլլային։ Այս տեսակ գործածութեան որպէս օրինակ կարելի է տալ՝ «ճշմարիտ» եւ «իրական» բառերը՝ «ճշմարտութիւն»ը (=verité) եւ «իրականութիւն»ը (=realité), որոնք տարբեր իմաստներ ունին ըստ էութեան։ Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ, իրարու տեղ գործածել սխա՛լ է՝ «աւանդապաշտութիւն»ը եւ «աւանդապահութիւն»ը։ Օրինակները կարելի է բազմացնել, որոնցմէ է նաեւ՝ «օրինապաշտութիւն» բառը եւ «օրինապահութիւն»ը՝ որոնցմէ առաջինը որքան վնասակար, երկրորդն ալ այնքան օգտակա՛ր է եւ նպաստաւո՛ր մարդուս մանաւանդ ընկերային կեանքին բարւոք ընթացքին նկատմամբ։ Արդարեւ, մարդուս ազատութիւնը ծնունդ կ՚առնէ օրինապահութեան շնորհիւ, եւ ո՛չ թէ օրինապաշտութեան միջոցով։

Մովսէս, Աստուծմէ ստացաւ «Տասը Պատուիրաններ»ը, Սինայի լերան վրայ, որ զանոնք փոխանցէ համայն մարդկութեան։ Այս Պատուիրաններուն երրորդը կը պատուիրէ՝ «Աստուծոյ օրը սուրբ պահել»։ Ուստի հրեայ ժողովուրդը, շաբաթ օրը՝ «Տիրոջ նուիրուած օր» ընդունեց։

Տիրոջ նուիրուած եւ սուրբ պահել պատուիրուած օրը սրբացնելու համար, շաբաթ օրը յատկացուեցաւ հասարակաց-հաւաքական աղօթքի մասնակցութեան եւ մանաւանդ դադրիլ ամէն աշխատանքէ եւ գործունէութենէ։

Շաբաթը որպէս աղօթքի օր եւ դադար ընդունելու մասին որեւէ առարկութիւն, դիտողութիւն չկա՛յ։ Ուստի բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներ նոյնը կ՚իրագործեն, եւ «Տիրոջ նուիրուած օր»ը սուրբ կը պահեն, աղօթքի եւ դադարի կը յատկացնեն այդ օրը՝ միջոց տալով աշխարհիկ զբաղումներու, աշխատանքի եւ գործի։

Բնական եւ բանակա՛ն է ասիկա։

Մանաւանդ որ «Տիրոջ նուիրուած օր»ը ամէն քրիստոնեայ կը մասնակցի Ս. Պատարագի։

Սակայն պէտք է նշել, որ քրիստոնեաներու մօտ փոխուած է «Սուրբ օր»ը՝ փոխանակ շաբաթի՝ կիրակի օր ընդունուած է, ուր կը տօնուի «միաշաբաթ»ը՝ կիրակին, այսինքն՝ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան օրը. (ՄԱՏԹ. ԻԸ 1), (ՄԱՐԿ. ԺԶ 1), (ՂՈՒԿ. ԻԴ 1) եւ (ՅՈՎՀ. Ի 1)։

Եւ ահաւասիկ, «օրինապահութեան» եւ «օրինապաշտութեան» տարբերութիւնը եւ անոր բնական արդիւնքները՝ ի՛նչ որ արդար զայրոյթին պատճառ կ՚ըլլայ Յիսուսի։ Դէպքը սա է, թէ՝ հրեաներ այս պատուիրանին կու տան այնպիսի արժէք եւ հանգամանք, իբրեւ թէ ան եղած ըլլար պատուիրաններու առաջնակարգը եւ մեծագոյնը։ Ահաւասիկ, «օրինապաշտութեան» յայտնի օրինա՛կ մը։

Ուր որ ալ երթայ Յիսուս, ինչ ալ ընէ, միշտ պատրա՛ստ են իր հակառակորդները զԻնք քննադատելու, հակաճառելով թէ շաբաթ օրով՝ նոյնիսկ հիւանդ մը բուժէ, եւ կամ մէկու մը օգտակար դառնայ՝ անոր ծառայութիւն մը մատուցանելով, կամ թէ՝ ինչպէս ցոյց կու տայ յիշեալ դէպքը՝ հասկ փրցնէ ուտելու համար, այս ամէնը յանցա՛նք կը նկատուի, քանի որ «շաբաթ օրուայ հանգստեան պատուիրան»ը ոտնակո՛խ եղած կ՚ըլլայ։ Այս հետեւանք է օրինապաշտութեան կամ օրէնքին բոլորովին տառացի մեկնաբանութեան եւ ըմբռնումին։

Այստեղ, կա՛մ օրէնքը ծո՛ւռ է մեկնաբանուած կամ թէ պատրուակ կը փնտռուի անմեղ մը դատապարտելու համար։ Մինչդեռ, հոն՝ ո՛ւր յետին նպատակ կայ, հոն չկա՛յ արդարութիւն, ճշմարտութիւն եւ ուղղամտութիւն։

Յիսուս լա՛ւ հասկցած էր այս իրողութիւնը եւ այս իսկ պատճառով՝ դպիրները եւ փարիսեցիները կ՚որակէ եւ կ՚անուանէ որպէս «կեղծաւոր մարդիկ», «երկերես մարդի՛կ»։ Անոնք Օրէնքը կը մեկնաբանեն ինչպէս որ իրենք կ՚ուզեն եւ նկատի չեն առներ օրէնսդրի նպատակը՝ օրէնքին ոգին նոյն օրէնքի հաստատման մէջ։ Մինչդեռ օրէնքի մեկնաբանութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ օրէնքի հաստատման պատճառները, նպատակը եւ օրէնքին ոգի՛ն։ Դպիրներու եւ փարիսեցիներու ըրածը աւելի՛ ծանր է, քանի որ անմեղ մարդոց խղճմտանքին եւ արժանապատուութեան հետ կը խաղան՝ անոնց վրայ բեռցնելով անիրական, սուտ յանցանքներ, եւ զանոնք մեղադրելով որպէս օրինազանց եւ յանցապարտ ընկերութեան առջեւ՝ ինչ որ շատ դիւրին է…։

Այո՛, դժբախտաբար, շատ դիւրին է դատապարտել իր ընկերը, իր մերձաւորը, որեւէ գործի համար, ըլլա՛յ ան իրապէս յանցաւոր կամ թէ պարզապէս անմեղ։ Եթէ ուրիշը դատելէ առաջ՝ նախ մե՛նք մեր յանցանքները, թերութիւնները եւ տկարութիւնները տեսնել փորձէինք եւ սկսէինք նա՛խ մեր անձը դատել եւ դատապարտել, աւելի շիտակ, աւելի ուղիղ եւ շինիչ գործ մը ըրած պիտի ըլլայինք։ Ուստի քար չնետենք ուրիշին վրայ եթէ իսկապէս, բառին բուն իմաստով՝ անմեղ չենք նախ մե՛նք։

Ուրեմն, չթողո՛ւնք որ օրէնքը իշխէ մեր մտքին եւ դատողութեան վրայ եւ տէր տիրական դառնայ մեր խղճին, մեր բանականութեան ամէն բանի մէջ, քանի որ օրէնքէն անդին կա՛յ սէրը, եղբայրսիրութիւնը, յարգանքը դիմացինին եւ բարի տրամադրութիւնը բոլորին հանդէպ։ Արդարեւ, Աստուծոյ խօսքը կ՚ըսէ. «Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ». (ՄԱՏԹ. Թ 13)։ Սէրը պէտք է իշխէ ամէնուն վրայ եւ իսկական սէրը օրէնքէն շատ աւելի բա՛րձր է։ Սէրը Աստուած է, քանի որ Աստուած սէ՛ր է. արդ ինչպէս որ սէրը կ՚իշխէ օրէնքին վրայ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին տէ՛րն է շաբաթ օրուան եւ այդ օրուան վերաբերեալ բոլոր օրէնքներուն։

Քրիստոսի միջամտութեամբ՝ շաբաթ օրուայ հանգիստի օրէնքը կը գրաւէ իր իսկական տեղը, հաւանաբար Աստուծոյ կողմէ դրուած օրէնքներուն վերջին կարգը։

Այնուհետեւ քրիստոնեան չի կրնար կիրակի օրուայ ո՛չ թէ միայն հանգիստի այլ նաեւ Ս. Պատարագի մասնակցելու օրէնքը յարգել, առանց նախ գործադրելու եղբայրսիրութեա՛ն օրէնքը։ Արդարեւ, Յիսուս կ՚ըսէ. «Երբ զոհ մատուցանես եւ անդրադառնաս որ գժտուած ես ընկերոջդ հետ, նա՛խ գնա եւ հաշտուէ հետը, ապա եկուր զոհդ կատարէ»։

Սրտի ողորմածութիւնը աւելի՛ արժէք ունի քան որեւէ զոհ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 24, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 12, 2019