ԱՊՐԻԼ ԲԱՅՑ ՆԱԵՒ՝ ԱՊՐԵՑՆԵ՛Լ
Մարդ իրեն համար՝ նպատակ մը չէ՛։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդիկ իրենց համար չեն ապրիր։ Մարդուն ապրելու նպատակը ապրեցնե՛լն է։ Եթէ անցաւոր պահու մը համար դեղ եւ դարման չըլլայ մարդ հիւանդ մարդկութեան, եթէ ան չհասնի մարդկութեան օգտակար ըլլալու, նպաստ մը բերելու, հապա ինչո՞ւ կ՚ապրի։
Արդարեւ, մարդ կայ՝ որովհետեւ իր նմանները կան, գոյութիւն ունի, քանի որ ուրիշներ կան։
Պահ մը խորհինք. եթէ մարդ մինակ ըլլար այս աշխարհի վրայ, ապրելու նպատակ մը գոյութիւն պիտի ունենա՞ր։ Եւ կամ եթէ չըլլար «ուրիշ»ներ, մարդ պիտի կարենա՞ր պահպանել եւ տեւականացնել իր էութիւնը։
Միայնակութիւն՝ իր տառացի իմաստով մա՛հ է. որովհետեւ «դադարում» կը նշանակէ, կամ ամլութիւն, անդամալուծութիւն մտածումի, զգացումի, երեւակայութեան, տեսութեան, իմացողութեան, արտայայտութեան, եւ մարդկային բոլոր արարքներուն։
Ո՛ւր որ է մարդ՝ Աստուած ալ իր հետ է։
Սաղմոսերգուին փորձառական վկայութիւնը փորձառութիւն մըն է նաեւ իւրաքանչիւր անհատի համար. «Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ, եւ ծովուն հեռաւորագոյն եզերքները բնակիմ. Դուն հոն ես, եւ Քու Հոգիդ ինծի հետ է…»։ Այսպէս, ուրեմն, միս մինակ՝ երեւութապէս, բայց հաղորդակցութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Աստուծոյ, որուն գիտակից է մարդ իր սրտին մէջ, սրտին խորութիւններուն մէջ կը քալէ «կեանք» կոչուած ճամբուն տամուկ խոտերուն վրայէն եւ իրեն այնպէս կը թուի, թէ Բնութեան մէկ նուիրական եւ խորհրդաւոր գործողութեան միջամուխ կ՚ըլլայ անպատկառօրէն։
Առաւօտ կանուխ ժամերուն շաղ կ՚իջնայ երկինքէն եւ կը մաքրագործէ դաշտերու խոստերը, եւ «մկրտութեան» լուացումի, մաքրագործութեան այս խորհրդաւոր պահուն՝ խոտերուն վրայէն կոխելով անցնող մարդ մը «սրբապղծութիւն» կը համարէ իր այդ անպատկառ ընթացքը, եւ կանգ կ՚առնէ անգիտակցաբար, ընդհատելով իր պտոյտը եւ կը սկսի խորհիլ, խոր մտածել, յաւիտենական խորհուրդի մի քանի կածկլտուք քաղել իր աներեւոյթ բայց միշտ ներկայ ընկերակիցին՝ Աստուծոյ միտքէն։ Եւ մարդ շատ աւելի մօտ, շատ աւելի մտերիմ կ՚ըլլայ Աստուծոյ հետ՝ միայնակութեան մէջ, քանի որ զինք անհանգստացնող, միջամտող, զբաղեցնող ո՛չինչ կայ իր շուրջ. ան առանձի՛ն է Աստուծոյ մտերմութեան մէջ, անընդմիջական եւ անարգել հաղորդակցութեա՛մբ։
Միայն ինքզինքին համար ապրիլ կարելի չէ, քանի որ ասիկա մարդկային բնութեան հակառակ է, մարդ կ՚ապրի, կը գործէ, կ՚արտադրէ, այո իր գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար, բայց նաեւ եւ մանաւանդ «ուրիշ»ին համար, քանի որ մէկուն կեանքը կախում ունի միշտ «ուրիշ»ի մը կամ ուրիշներուն կեանքէն։ Եթէ մարդ միայն ինք ըլլար, հապա ինչո՞ւ ըլլար սերունդներ, մարդկային սերունդի յաջորդականութիւն, մարդկային կեանքի երկա՜ր շղթայ մը՝ որուն ամէն մէկ օղակը սերունդ մըն է։ Սերունդը մարդկութեան ապագան է՝ անոր տեւականացումը, շարունակականութիւնը։ Եթէ մարդ «մինակ» ըլլար, եթէ մարդուն համար միայնակութիւնը բնական ըլլար, կարելի՞ էր որ հաւաքականութիւն, ընկերութիւն, ժողովուրդ գոյութիւն ունենար, եւ դարձեալ, կարելի՞ էր որ մարդկութիւնը սերունդէ սերունդ շարունակէր իր գոյութիւնը, իր կենդանութիւնը…։
Բնութեան երեսին վրայ յայտարարուած մշտնջենաւոր սկզբունքն է ո՛չ թէ միայնակութիւն, այլ՝ միասնակութիւն։ Բնութեան մէջ ամէն ինչ իրար կը լրացնէ, բնութեան մէջ ամէն տարր ամբողջի մը անհրաժեշտ մասնիկն է. այնպէս որ եթէ մէկը չըլլայ՝ միւսը գոյութիւն չ՚ունենար կամ գոյութիւնը չի կրնար տեւականցնել։ Բնութեան այս անայլելի սկզբունքը կիրարկելի է նաեւ մարդուն, քանի որ մարդն ալ Բնութեան մէկ մասն է՝ Բնութեան օրէնքներուն հպատակ եւ ենթակա՛յ։
Ստեղծագործութիւնը այս միասնակութեան մէջ, ամէն օր կը վերստեղծուի, ուրիշ խօսքով ստեղծագործութիւնը կը շարունակուի եւ հետզհետէ կը կատարելագործուի եւ անշուշտ ասիկա կ՚իրականանայ բնութեան ամէն մէկ տարրին, նաեւ եւ բնականաբար մարդուն հաւաքաբար աշխատութեամբ, միասնաբար իրար լրացնելով, զօրութիւնները եւ ուժերը միացնելով՝ հասարակաց ուժ մը, զօրութիւն մը ստեղծելով։ Ստեղծագործութիւնը այս միասնակութեան մէջ ընթացք մըն է՝ իրականացնելու համար աստուածային ծրագիրը, որուն համար անհրաժեշտ է ուժերու եւ զօրութիւններու միութիւնը։ Ստեղծագործութիւնը բարեփոխութիւններու, փոփոխութիւններու ընթացք մըն է, ուր անհրաժեշտ է ուժերու միասին շարժիլը, գործելը։
Եւ ամէն ուժ, ամէն զօրութիւն, իւրաքանչիւր արարած անցաւոր դեր մը կը կատարէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ՝ ստեղծագործութեան ծրագրին իրականացման, նպատակին հասնելու համար, որուն համար չի բաւեր «ապրիլ», այլ պէ՛տք է նաեւ «ապրեցնե՛լ»։ Արդարեւ, Աստուծոյ ծրագրին մէջ տեւական պայքար մը կայ՝ յաղթահարելու համար ամէն դժուարութիւն, ամէն արգելք որ կը խափանեն ընթացքը։ Եւ շատ բացայայտ է, որ այս պայքարը պէտք է ըլլայ միասնակութեան մէջ եւ ո՛չ երբեք միայնակութեան խաբէութեամբ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 27, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024