ՄԱՐԴ ԵՐԲԵՔ ՄԻՆԱԿ ՉԷ՛…

Մարդ երբեք մինակ չէ՛, որքան ատեն որ Աստուած իրեն հետ է եւ փոխադարձաբար՝ Անոր հետ է մարդ։

Եւ քանի որ Աստուած, ըստ էութեան ամէն տեղ է, ապա ուրեմն ամէն մէկ մարդու հետ է, եւ ասիկա Անոր աստուածային բնութեան մէկ հետեւանքն է։ Այս իսկ պատճառով, Աստուած առանց հրաւէրի՝ Իր ներկայութիւնը կը պարգեւէ անոնց, որոնք «մինակ» են, աւելի ճիշդը՝ իրենք զիրենք մինակ կը զգան։ Մինակ զգալ ինքզինք վատ զգացում մըն է արդարեւ, լքուած աշխարհէ մը՝ որուն սիրտը սառած է։

Աստուծոյ ընկերակցութիւնը, բարեկամութիւնը եւ մտերմութիւնը աւելի քան կը լեցնէ մարդոց ընկերակցութեան պակասը։ Նախ՝ թէ Աստուծոյ բարեկամութիւնը անկե՛ղծ է՝ անշահախնդիր։ Մանաւանդ որ Աստուծոյ հետ կարելի է խօսիլ կեանքի այն խորունկ նիւթերուն եւ հարցերուն մասին, որոնցմէ կը խուսափին ծանծաղամիտ մարդիկ։ Եւ Աստուած ամէն վայրկեան պատրա՛ստ է լսելու մարդը, քանի որ Ան ամենատես եւ անժամանակ է։ Մարդիկ կրնան «կեղծ» ըլլալ, ձեւապաշտ ըլլալ եւ կամ իրենց հոգերէն տարուած՝ կրնան ժամանակ չունենալ լսելու իրենց դիմաց կանգնած բարեկամը եւ կամ, լսել չուզել, որովհետեւ անկեղծ չե՛ն, պարագայի համեմատ կը շարժին եւ իրենց առաջնակարգ դիտաւորութիւնը անձնական շա՛հն է։ Բարեկամներու բարեկամութիւնը, ընդհանրապէս յարաբերական է՝ եթէ շահ մը կ՚ակնկալեն այդ բարեկամութենէն, «բարեկամ» են, եթէ որեւէ ակնկալութիւն չունին՝ օտար են, եթէ ոչ՝ թշնամի։

Մարդոց այս ժամանակէ կախեալ «բարեկամութեան» փոխարէն, Աստուած յաւիտենականութեան մէջ կ՚ապրի՝ անժամանակ է, ժամանակի որեւէ հատուածի հետ կապ չունի եւ մարդն ալ կը ներշնչէ այս ուղղութեամբ, կը շահագրգռէ յաւիտենականութեան խորհուրդներով։ Կեանքին հորիզոնները կ՚ընդարձակէ, եւ մարդը կ՚առնէ եւ «բարձր տեղի մը վրայ կը կեցնէ»։

Աստուծոյ ներկայութիւնը բիւրաւոր մարդոց ներկայութեան տեղն է։

Արդարեւ, «Աստուած» անունին մէջ է Իր մշտնջենաւոր ներկայութեան խորհուրդը։ Ուստի, եթէ հայերէն «Աստուած» բառին ստուգաբանութիւնը կատարենք, արդէն կը տեսնենք անոր «ներկայութեան» բացայայտ իմաստին գոյութիւնը. «Աստ» որ կը նշանակէ՝ «հոս», «այստեղ» եւ «ուած» մասնիկը՝ «կատարուած», անցեալի, ներկայի եւ ապառնիի մէջ, որպէս բայի ժամանակ. ուրեմն՝ Աստ-ուած՝ հոս եղած, հոս գտնուած, ներկա՛յ, որ ներկայ էր անցեալին եւ ներկայ պիտի ըլլայ ապագային։

Հետեւաբար մարդ երբեք մինակ չէ՛, որովհետեւ «Աստ-ուած» Գերագոյն Անձը մի՛շտ հոս ներկա՛յ է։

Ուստի, եւ սիրելի՜ բարեկամներ, չկա՛յ մինակութիւն եթէ մարդուս հոգին ինքն իր մէջ չառանձնանայ եւ իր բոլոր կապերը չխզէ եւ չկղզիանայ այն բոլոր աղբիւրներէն՝ որոնք կեանքը առատ եւ բեղուն, արդիւնալի կը պահեն հոգեւորապէս, իմացականապէս, եւ իր լայն իմաստով՝ նաեւ ընկերապէս։

Խորհեցէ՛ք պարտէզ մը՝ որուն մէջ կայ ուռի մը, որ հասակ նետած է եւ կը տիրապետէ մարգագետնին եւ գաճաճ մացառին վրայ։ Իր «միայնութեան» մէջ սակայն շա՜տ հպարտ է։ Միւս ծառերը իրեն հասակակից չեն, սակայն այցելուները շատ են։ Սիրոյ կապեր հաստատած է գետինը տարածուող եւ պատերու վրայ մագլցող բաղեղին հետ, որ իր տամուկ տերեւներովը փաթթուած, զարդարած է անոր բունը։ Բաղեղին յանկերգն է.- բայց ես քեզ կը սիրեմ։

Սկիւռները իրարու հետ աչք կապուկ կը խաղան անոր ճիւղերուն վրայ եւ իրարու հետ կը շաղակրատեն օրն ի բուն։

Թռչնոց բոլոր երգահանդէսներուն թատերաբեմն է ուռին (սէօյիւդ)։ Մեղուները, պիծակները, թիթեռնիկները կը մտնեն, կ՚ելլեն անոր տերեւալից քղանցքներէն ներս-դուրս։ Ուռենին ալ՝ իր միայնութեան մէջ վայելքէ եւ ուրախութենէ զուրկ չէ բնաւ։ Թէեւ ան մինակ կ՚երեւի, բայց ան ունի ընկերներ, բարեկամներ անկեղծ եւ հաւատարիմ, որ յաճախ կ՚այցելեն իրեն եւ լռելեայն կ՚ըսեն անոր.- Մի՛ մտահոգուիր, մինակ չե՛ս, մինակ չես, որովհետեւ մենք քու բարեկամներդ ենք։

Արդարեւ, ան որ անկեղծ հաւատարիմ եւ վստահելի բարեկամներ ունի, ան երբեք մինակ չէ՛…։

Ուռենիէն՝ բնութենէն տուինք օրինակը… այն աշխարհէն՝ ուր չեն խօսիր, չեն մտածեր, ըսենք «անբան» են եւ «անասուն», բայց գործնականապէս՝ բանաւոր եւ ասո՛ւն։ Անոնք՝ որ բնութեան մէջ, իրենց չափանիշներով «ընկերային» կեանք մը կը վայելեն, չեն զգար մինակութիւն, եւ չեն զգացներ մինակութիւն, այլ՝ միութիւն, իրերօգնութիւն, հաւատարմութիւն, անկեղծութիւն, հոգածութիւն, որոնք յաճախ կը պակսին «բանաւոր» եւ «ասուն» էակէն՝ մարդէն, եւ բարոյապէս կ՚առաջնորդուին մինակութեան։

Չէ՞ք կարծեր սիրելի՜ բարեկամներ. մարդ բազմութեան մէջ ալ կարելի է որ ինքզինք մինակ զգայ, եթէ մտաւոր եւ հոգեւոր կապ մը չունի այդ բազմութեան հետ…։

Այո՛, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդ ծառէ մը բազմապատիկ աւելի՛ լաւ է, գիտակից իր կոչումին, խղճի տէր եւ սիրոյ ազնիւ զգացումով օժտուած, քանի որ ան «մա՛րդ» է ստեղծուած։

Կեանքը՝ այս աշխարհի վրայ, ժամանակաւոր կեանքը՝ իր բանաստեղծութեան, իր երաժշտութեան, իր նուագին, խորհուրդներուն եւ արդիւնաւորութեամբը, իր մտքին եւ հոգիին լիութեամբը՝ ե՛ւ Աստուծմով՝ որեւէ լիութեան լիութիւնը մարդուս է, ապա եւ ուրեմն, մարդ ինչպէ՞ս մինակ զգայ ինքզինք։

Մինակ չենք երբե՛ք, վայելե՛նք իրարու բարեկամութիւնը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 14 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023