ՈՍԿԻ ՊԻԼԷԶԻԿ

Այն ինչ որ անցեալին մարդոց համար անիմաստ կը թուէր ըլլալ՝ այսօր մեր հասարակութեան մէջ կարեւոր, իսկ այն ինչ որ կարեւոր՝ անկարեւոր սկսած է դառնալ, թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական գետնի վրայ:

Այսօր մարդիկ կը կարեւորեն անհատի մը կրթութեան ու գիտութեան մակարդակը, մինչ մինչեւ մօտիկ անցեալ՝ ուսումէն շատ աւելի առաջնահերթ էր արհեստ գիտնալը: Զարթօնքի սերունդի մեր գրողներէն նոյնիսկ կրնանք հասկնալ, որ պոլսահայ կեանքի մէջ եւս մինչեւ որոշ ժամանակ շա՜տ մեծ կարեւորութիւն ունէր մարդուն արհեստը՝ անկախ իր գիտութենէն, որովհետեւ կար այն համոզումը, որ արհեստի մէջ յաջող անձ մը շա՜տ աւելի կ՚արժէ՝ քան զարգացած ու ուսեալ ուսուցիչ կամ մտաւորական մը: Օրինակի համար, այդ սերունդէն Արփիարեան իր «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան 18-րդ գլխուն մէջ արհեստի մասին խօսելով հետեւեալ տողերով կը յայտնէ այդ ժամանակաշրջանի համոզումը.- «ամէն արհեստ իրա՛ւ ոսկի պիլէզիկ է»:

Ցաւ ի սիրտ, վստահ ենք, որ այդ «ոսկի պիլէզիկ»ին համար մեր ազգը ինչքա՜ն մտաւորականներ ու ապագայ խոստացող գրողներ, ուսուցիչներ, երաժիշտներ կորսնցուց, որովհետեւ ներկային հակառակ անցեալի ծնողները իրենց զաւակները կրթութեան առաջնորդելու փոխարէն կը փորձէին փոքր տարիքէն արհեստանոցի մը աշակերտ դարձնել՝ որպէսզի լաւ արհեստաւոր մը ըլլայ: Որպէսզի այդ համոզումը աւելի յստակ ըլլայ, կ՚ուզենք յիշել մտաւորական Շաւարշ Միսաքեանի «Օրեր եւ ժամեր» աշխատութեան երրորդ յօդուածին սկզբնամասը. մտաւորականին հայրը կ՚ըսէ. «Քանի որ ուզած դպրոցդ չես կրնար երթալ եւ Ամերիկա ալ շատ հեռու է, եկուր արհեստ մը սորվէ։ Դերձակի մը քով դնենք. թէ՛ կը սորվիս եւ թէ՛ լաւ դրամ կը վաստկիս». հօրը այս խօսքը կը քաջալերէ մայրը, ըսելով. «Մեր Յակոբը խանի մը անկիւնը գորգ նորոգելով սկսաւ, եւ հիմա խանութ բացած է Ամերիկայի մէջ», ու այս խօսակցութեան որպէս եզրակացութիւն մտաւորականը կը յիշէ, թէ «Երկար ատեն անորոշութեան մատնուելէ վերջ, առտու մը հայրս զիս տարաւ յանձնեց Ս. Դաւթեան գործակալութեան, իբրեւ առժամեայ կարգադրութիւն»:

Շաւարշ Միսաքեան եղած է բախտաւոր այնքանով, որ դերձակի մը մօտ աշակերտ ընդունուելու փոխարէն մուտք կը գործէ թերթի մը խմբագրութիւն՝ որպէս թերթ ծալլող, հասցէները գրող, նամակատուն տանող պատանի, այլապէս հայ ազգը հազարաւոր ուրիշներու կողքին այսօր կրնար չունենալ Շաւարշ Միսաքեան մը եւս:

Անցեալին մարդիկ դժբախտութիւն կը նկատէին իրենց դուստրերը պսակել գրողներու, խմբագիրներու, ուսուցիչներու եւ մտաւորականներու հետ, որովհետեւ նման մարդիկ չէին կրնար գումար աշխատիլ այնքան՝ ինչքան բախտով հարստացած վաճառական մը՝ որուն օրինակը կրնաք տեսնել Աբիսողոմ աղայի մէջ: Մտաւորականութեան եւ մա՛նաւա՛նդ ուսուցիչներու հանդէպ եղած ատելութիւնը գիտնալու համար կրնաք կարդալ Նար-Դոսի «Տանտիրոջս աղջիկը» խորագրեալ վիպակը, ուր հայր մը խստագոյնս կը մերժէ իր աղջիկը տալ վարժապետի մը: Նար-Դոս կ՚ըսէ, որ եթէ հարուստ ըլլար «նրանք երկու ձեռքով կը բռնէին փէշիցս, բայց որովհետեւ ես մի խեղճ վարժապետից աւելի բան չեմ, ուստի արժանի չէի լինի իրենց փեսայ լինելու»:

Որոշ ժամանակ ետք սակայն, մարդիկ սկսան աւելի կարեւորութիւն տալ ուսումին, որովհետեւ սկսաւ յստակ ու երեւելի տարբերութիւն մը ստեղծուիլ ուսեալ եւ անուս մարդուն միջեւ եւ աւելի բարձր երեւցող արհեստաւորը իր տեղը զիջեց ուսեալ մարդուն, որովհետեւ արհեստաւորը դպրոցէն եւ կրթութենէն հեռու մնալով մնաց իր խաւարամիտ համոզումներուն ու ապրելակերպին մէջ, մինչ գիտութեան եւ կրթութեան յառաջդիմութեամբ ստեղծուեցաւ միւսներէն աւելի բարձր թուացող զարգացածներու դասակարգ մը եւ արհեստը մէկ կողմ ձգելով մարդոց ուշադրութիւնը թեքուեցաւ այդ կողմ. իրենց զաւակները վարժապետներու եւ ուսեալներու փոխարէն արհեստաւորներու տալը նախապատուութիւն նկատողներուն յաջորդող սերունդները սկսան կարեւորել ուսումը:

Մեր հասարակութեան մէջ այսօր ընտանիքները կը նախընտրեն իրենց դուստրերը տալ ուսուցիչներու, երաժիշտներու եւ համալսարանաւարտներու՝ քան արհեստաւորներու, սակայն այս մէկը չի՛ նշանակեր, թէ անոնք կ՚անտեսեն կամ կ՚արհամարեն արհեստը:

Հակառակ այս վիճակին, ինչպէս ամէն երեւոյթներու պարագային, այստեղ եւս կան հին դպրոցին հետեւողները։ Մօտաւորապէս տասը առաջ ինքնավստահութեամբ աղջկայ մը հօրը հետ ծանօթանալու գացի. հայրը անցեալիս ու կեանքիս մասին որոշ տեղեկութիւններ ունենալէ ետք հարցուց, չէ ինչ գործով կը զբաղուիմ. այդ տարիներուն ես թերթի մը մէջ յօդուածագիր էր, միաժամանակ թերթի ներքին էջերը կը խմբագրէի եւ քաղաքական լուրերը կը գրէի. նոյն ատեն աւելի քան հարիւր տարուան կեանք մը ունեցող հայկական կազմակերպութեան մը արխիւներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած էի, սակայն այդ մէկը բաւարար չէր հօրը ուշադրութիւնը գրաւելու. խօսքը պարզ ու յստակ էր. «հայերուն մէջ աշխատելով ընտանիք չես կրնար պահել»:

Պէտք է ընդունիլ, որ ընտանիք մը լաւ պահելու եւ ուրախ ապրելու համար ուսումը կամ արհեստը չէ՛ անհրաժեշտ եղողը, որովհետեւ արհեստն ու ուսումը պարզապէս գիրքի մը կողքը կրնան կազմել. մարդ կրնայ շա՜տ յաջողակ արհեստաւոր մը ըլլալ, սակայն ձեր զաւակներուն դժոխային կեանք մը ապրեցնել եւ նոյնպէս անձ մը կրնայ ամենէն բարձր կրթութիւնը ունենալ՝ սակայն նկարագրով շարունակէ մնալ անդաստիարակ:

Այսօր աշխարհը լեցուն է համեստ արհեստաւորներով՝ որոնք կրթուածներէն շա՜տ շատ աւելի լաւ կենցաղով ու նկարագրով կ՚ապրին, իսկ անդին շա՜տ են ուսեալները՝ որոնք անմարդկային նկարագրով կը շարունակեն ապրիլ. հետեւաբար կեանքի մէջ լաւ կամ երջանիկ ապրելու համար հին կամ նոր դպրոց գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որովհետեւ մարդը իր պաշտօնէն ու իր հանգամանքէն առաջ՝ պէտք է որպէս ՄԱՐԴ ընդունիլ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -141-

Եկեղեցական եղած ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը որոշեց զիս համալսարան ուսումի ղրկել: Տարիքս դասարանցիներուս համեմատ քիչ մը մեծ էր. ես 24-25 տարեկան էին, մինչ դասարանակիցներս հազիւ 18 տարեկան երիտասարդ-երիտասարդուհիներ էին:

Տարիքային անհամեմատութիւնը քիչ մը անդունդ կը ստեղծէր իմ եւ իրենց միջեւ. վերջապէս եկեղեցական մըն էի եւ որոշ յարգանք մը գոյութիւն ունէր: Զարմանալին սակայն ուսուցիչներն էին... երբեւէ պատկերացուցա՞ծ էք աշակերտը դասարան մուտք գործէ եւ ուսուցիչը առ ի յարգանք ոտքի կանգնի. վիճակը այդպէս էր. ուսուցիչները 55-60 տարեկաններու միջեւ էին եւ գրեթէ բոլորն ալ դասարան երբ մտնէի կամ դուրս գայի, ոտքի կը կանգնէին, ինչ որ որոշ ամօթխածութիւն մը կը ստեղծէր մէջս:

Պատահեցաւ որ օր մը պէտք է կանուխ դուրս գայի դասարանէն. առ ի յարգանք ուզեցի տեղեկացնել եւ ուսուցիչին արտօնութիւնը խնդրել. «երբ ուզէք կրնաք մտնել կամ դուրս գալ... առանց հարցնելու»: 

Հաւանաբար այս մթնոլորտն էր, որ ձգեց ինքզինքս որպէս աշակերտ չզգալ եւ մի քանի ամիս դասընթացքներու հետեւելէ ետք որոշեցի դուրս գալ համալսարանէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023