ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՀԱԶԱՆԳ
Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի լուրջ արշաւ մը, չէզոքացնելու եւ անզօրութեան մատնելու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, եւ այդ մէկը կը կատարուի լաւապէս ուսումնասիրուած ու խոհեմ ձեւով: Այս ամօթի արշաւը մի քանի անհատներէ, ինչպէս նաեւ պետութենէն վեր՝ յստակ քաղաքականութիւնն է համաշխարհայնացման հակող կազմակերպութիւններու, որոնք կը յաջողին ոչխար ժողովուրդիս կեանքը կառավարել ու անոր ազատութիւնը «խլել»:
Սակայն մեզ սպաննողը՝ դարձեալ ինչպէս միշտ մեր ունեցած անտարբերութիւնն է, որովհետեւ չունինք կարողութիւնը գիտակցելու կատարուած ամօթալի իրողութիւններուն: Աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ Նոր տարուան շեմին կատարուած ամօթը եւս այդ հսկայական ծրագիրին մաս կը կազմէ, որովհետեւ այսօր ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որպէսզի եկեղեցին վարկաբեկեն ու մրոտեն:
Այս պիղծ ու գարշելի ծրագիրը յաջողեցնելու համար ի գործ կը դրուի հիմնական մի քանի աղաւաղող ծրագիր.
Ա.- Ամէն ձեւով կ՚ուզեն խզել պետութիւն-եկեղեցի կապը, որովհետեւ պետական մակարդակի վրայ Հայ Եկեղեցւոյ ունեցած կարեւորութիւնը կը խանգարէ իրագործելու այդ պիղծ ծրագիրը: Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը յիշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ, հետեւեալ ձեւով.
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, որպէս ազգային եկեղեցւոյ բացառիկ առաքելութիւն հայ ժողմվուրդի հոգեւոր կեանքին, ինչպէս նաեւ ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանիչ»:
Բնականաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ նման յօդուած մը կը խանգարէ եկեղեցին անզօրութեան մատնելու պիղծ նպատակները, այդ իսկ պատճառով անոնք առաջին հերթին կ՚ուզեն խզել պետութիւն-եկեղեցի կապը եւ լաւապէս գիտակցելով, որ մէկ անգամէն չեն կրնար ընել այդ մէկը, տակաւ առ տակաւ կը փորձեն այդ մէկը իրագործել, եկեղեցին վերջանականապէս «ազատելու» պետական հովանաւորութենէն, որովհետեւ պետութեան «անաստուած» ըլլալը կը դիւրացնէ եւ աւելիով կը յաջողեցնէ իրենց պիղծ ծրագիրներու իրագործումը:
Եւ ըսենք, որ այս պիղծ միտքերով առաջնորդուողները իրենց այս միտքը ծածուկ կերպով չէ՛ որ կ՚ընեն։ «Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնման ուղղուած անհրաժեշտ բարեփոխումներու հայեցակարգ» խորագրեալ յօդուածի մը մէջ կը գրեն. «Պետութեան աշխարհիկ հիմքերն ու կրօնի եւ դաւանանքի ազատութեան սկզբունքը զգալիօրէն խաթարուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շնորհուած փաստացի եւ խտրական արտօնութիւններու եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նախաձեռնած միջամտողական դիրքորոշումներու հետեւանքով»:
Վերոյիշեալ տողով հետեւեալը ըսել կ՚ուզեն. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը կ՚ըսէ «Իւրաքանչիւր անձ ունի միտքի, խղճի եւ կրօնի ազատութեան իրաւունք». Իւրաքանչիւր մարդ ազատ է հետեւելու այն կրօնին՝ որուն հանդէպ հաւատ ու վստահութիւն ունի, սակայն այս պարագային մենաշնորհ մը կը տրուի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, ճանչցուած ըլլալով «Ազգային Եկեղեցի»՝ ազգի՛ն եկեղեցին: Այդ իսկ պատճառով եկեղեցւոյ գոյութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանդրութենէն դուրս հանելու համար իրենց հիմնական նպատակները կը փորձեն պահել, սքօղել «խտրականութիւն» բառին տակ: Իրենց այս նպատակը իրագործելու համար «արդարութեան» մարտիկներ դարձած կը պնդեն, որ պէտք է վերացնել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տրուած այս մենաշնորհը՝ որպէսզի նախ եկեղեցին չվտանգէ պետականութեան աշխարհիկ բնոյթը եւ ապա ի դիմաց միւս կրօնական հաստատութիւններու, պետական մակարդակով տարբերութիւն մը չունենան: Վերջապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցին որպէս ազգին եկեղեցին ճանչցող պետութիւն մը դժուար թէ ընդունի միասեռական ըմբռնումները: Վերոյիշեալ պիղծ մարդիկ այս բոլորը «կարգաւորելու» համար կարգ մը առաջարկներ կը կատարեն, որոնց մէկ կէտը կը վերաբերի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ առաջնորդուող «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան, պահանջելով «վերացնել Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան հոգեւորմշակութային հանրային հեռուստաալիքի տիրապետման խտրականութիւնը»:
Բ.- Անդունդ մը ստեղծել Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի միջեւ. այս մէկը իրագործելու լաւագոյն ձեւը ատելութեան սերմանումն է: Սակայն այդ մէկը կը կատարուի շատ խելացի հաշուարկներու լոյսի տակ. նկատի ունենալով որ եկեղեցին ժողովուրդին համար ատելի դարձնելը դիւրին բան մը չէ, անոնք կը փորձեն ատելի դարձնել եկեղեցւոյ հոգեւորականութիւնն ու եկեղեցին առաջնորդող Կաթողիկոսը, լաւապէս գիտակցելով, որ անոնց հանդէպ ստեղծուած ատելութիւն մը քիչ-քիչ կ՚առաջնորդէ նաեւ եկեղեցին ատելու՝ ինչ որ իրենց ծրագիրի հիմնական նպատակը կը կազմէ:
Անոնք կը փորձեն ժողովուրդին մէջ սերմանել այն գաղափարը, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականութեան մէջ հոգեւոր ո՛չ մէկ արժէք կը գտնուի. անոնք պարզապէս ժողովուրդի կրօնամոլութիւնը շահագործող անձեր են, որոնք հոգեւոր կեանքը կը շահագործեն սեփական փառքի եւ հարստութեան համար: Անոնք առիթ բաց չեն ձգեր բարձրաձայնելու համար այս կամ այն եկեղեցականի «սայթաքում»ները, ժողովուրդին ցոյց տալու համար հոգեւորականութեան պիղծ ընթացքը: Եւ ինչպէս մի՛շտ... կը գտնուին մարդիկ, որոնք ոչխարի մը պէս կ՚իյնան այս պիղծ ծրագիրներու ծուղակը. նման անձեր օրհնութիւն են նման պիղծ ծրագիրներ ունեցող մարդոց համար, որովհետեւ անոնց ծրագիրի իրագործումը կը հիմնուի նման անձերու գոյութեան վրայ:
Բացէ՛ք մամուլը եւ համացանցը եւ տեսէ՛ք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ անոր հոգեւորականութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող ատելութիւնը: Իր ըրածը չհասկցող, բանականութենէ զուրկ հասարակութեան մը կողմէ նոյն հան յանկերգը պիտի լսէ՛ք. «Կաթողիկոսը կին ունի», «Կաթողիկոսը այսքան գումար ունի»... եւ նման հազար ու մէկ չփաստուած սուտեր: Հաւատացէ՛ք որ այս մարդիկ ո՛չ մէկ խնդիր ունին Գարեգին Կաթողիկոսի հետ. անոնց հիմնական խնդիրը եկեղեցւոյ վայելած տեղն է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ. անոնք եկեղեցականներու ճամբով պարզապէս եկեղեցին կ՚ուզեն չէզոքացնել:
Այս բոլորը ի միտի ունենալով պէտք է այս մէկը ընդունիլ որպէս համազգային ահազանգ, որովհետեւ եթէ շարունակենք մնալ անտարբեր, անոնք պիտի յաջողին իրականացնել իրենց պիղծ ծրագիրները եւ պիտի գայ, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին դուրս դրուի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութենէն. եթէ օր գայ ու պատահի այդ մէկը, լաւապէս գիտցէ՛ք, որ յաջողութեամբ կ՚ընթանայ մեր ազգային արժէքներուն ու ազգը ամբողջութեամբ չէզոքացնելու պիղծ ծրագիրը: Վերջապէս ժողովուրդ մը արժանի է այն բոլորին՝ որ կը հանդուրժէ եւ եթէ մնանք անտարբեր, պիտի գայ օր որ կորսնցնենք ո՛չ միայն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, այլ ամէն արժէք՝ որ սրբազան ու ազնիւ է մեզի համար:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհիս վրայ քանի՞ տեսակ երաժշտական գործիք գոյութիւն ունի:
Պատասխան. Դժուար է գոյութիւն ունեցող երաժշտական գործիքներուն ճշգրիտ թիւը ճշդել, որովհետեւ տարբեր մշակոյթներ տարբեր երաժշտական գործիքներ ունեցած են եւ ունին: Հիմնականին մէջ ստեղծուած է երաժշտական գործիքներու մի քանի բաժանում. ինչպէս օրինակ, լարային գործիքներ, փողային գործիքներ, հարուածային գործիքներ, ելեկտրական գործիքներ, որոնք իրենց մէջ ունին բազմաթիւ տեսակներ:
Լայնօրէն ճանչցուած են աւանդական գործիքները, ինչպէս օրինակ, կիթառը, դաշնամուրը, ջութակը, թմբուկը, շեփորը եւ այլ մի քանի գործիքներ, սակայն կան շատ շատ աւելի քիչ տարածում ունեցող եւ որոշ մշակոյթներու պատկանող գործիքներ: Երաժշտական գործիքներու ընդհանուր թիւը ժամանակի ընթացքին կ՚ընդլայնուի, որովհետեւ ի յայտ կու գան նոր գործիքներ եւ շատ անգամ եղածները կը կրեն փոփոխութիւններ:
Պէտք է նշել, որ երաժշտական գործիքներու բազմազանութիւնը մարդկային մշակոյթի հարստութիւնը ցոյց կու տայ, որ արտացոլացումն է հասարակութիւններու ստեղծագործական պատմութեան ընթացքին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024