ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Մեծ պահքի շրջանի երկրորդ Կիրակին կը կոչուի՝ «Արտաքսման Կիրակի»։ Այս երկրորդ Կիրակիի օրհնութեան շարականին մէջ կը նկարագրուին «կորսուած դրախտին կամ եղծուած երջանիկ կեանքին հակադրութիւնները»։
Ուստի «արտաքսման» իմաստը լաւ ըմ-բըռնելու համար պէտք է նախ հասկնանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «Դրախտ»։
Դրախտը իր ներքին իմաստով մերձիմաստ է երջանկութեան։ Բայց երջանկութիւնը նոյն ձեւով չ՚ըմբռնուիր մարդոց կողմէ. ուրիշ խօսքով՝ երջանկութիւնը նոյնը չէ ամէն անհատի համար։ Կարելի է ըսել, թէ որքան անհատ կայ, նոյնքան ալ տարբեր ըմբռնումներ կան երջանկութեան մասին։ Լայն եւ ընդհանուր բացատրութեամբ մը՝ փափաքներու, ըղձանքներու, ակնկալութիւններու գոհացումը եւ իրականացումն է երջանկութիւնը։ Բայց եւ դժբախ-տաբար այս սահմանումը շատ գոհացուցիչ չէ՛ երջանկութիւնը ամբողջովին բացատրելու, իմաստին մէջ խորանալու, քանի որ մարդկային փափաքներ, ըղձանքներ եւ ակնկալութիւններ փոփոխական են եւ մանաւա՛նդ յարաբերական։ Եւ եթէ նոյնիսկ փոփոխական եւ յարաբերական չըլլան ոմանց համար, յափրացումը կու գայ եւ այլեւս անոնք ալ երջանիկ չեն զգար իրենք զիրենք։
Արտաքսման այս Կիրակի օրը, վերյիշելով նախամարդն Ադամի դրախտէն արտաքսումը, անոր անհնազանդութեան ու կամքի թուլութեան պատճառած տկարութիւնը՝ կը նկատենք միանգամայն պահեցողութեան եւ ժուժկալութեան կարեւորութիւնը մեր հոգեւոր կեանքին մէջ։
Եւ պահեցողութեամբ՝ ժուժկալ ըլլալ փորձելով մենք կը փորձենք վերադառնալ Ադամի կորսնցուցած երանական կեանքը։ Ահաւասիկ, քառասնօրեայ պահքի շրջանը այս «վերադարձ»ի առիթը կու տայ մեզի՝ զօրանալով հոգեպէս, մէկ կողմ թողլով կամքի թուլութիւնը՝ որ պատճառ եղաւ Ադամին դրախտէն արտաքսումին։
Ուստի այս քառասնօրեայ շրջանը պէտք է յատկապէս նուիրուած ըլլայ աղօթքի, ապաշխարութեան, ինքնաքննութեան, ներհայեցութեան՝ որոնք կը պահանջեն յատկապէս ինքնամփոփում թէ՛ մտապէս, թէ՛ հոգեպէս, որոնց կը յաջորդէ մարմնապէս ժուժկալութիւնը բնականաբար։
Գիտենք, որ դրախտի բոլոր վայելքները ունեցող նախամարդն Ադամ անհնազանդութեան պատճառով մեղանչեց եւ զրկուեցաւ անոնցմէ, եւ այդ պահէն արդէն սկսաւ մարդուս տառապանքը երկրի վրայ։
Ի՞նչ բանի հետեւանք է անհնազանդութիւնը։
Անհնազանդութիւնը արդիւնքն է թոյլ կամքի, տկար նկարագրի. իսկ թոյլ կամքը եւ տկար նկարագիրը կը զօրանայ՝ ժուժկալութեամբ, պահեցողութեամբ՝ իր ընդհանուր իմաստով։ Եւ ահաւասիկ, Մեծ պահքի իմաստը կ՚ամփոփուի այս իրողութեան վրայ։ Պահեցողութիւնը փորձ մը, վարժութիւն մըն է թոյլ կամքը ամրացնելու եւ տկար նկարագիրը զօրացնելու։ Արդարեւ պահեցողութեան մէջ կայ՝ համբերատարութիւն, հանդուրժողութիւն, կամքի ուժ, տոկունութիւն, եւ ուրեմն այն, որ կ՚ուզէ հոգեպէս զօրանալ, կամքի տէր ըլլալ, կրնայ փորձել օգտուիլ պահեցողութենէ, հետզհետէ վարժութիւն ձեռք ձգելու համար այս մասին։
Ուրեմն պահեցողութիւնը, պահքը թէ՛ մարմնական եւ թէ հոգեւոր մարզանք մը, վարժութիւն մըն է եւ այդ իսկ պատճառով կ՚օգտագործուի նաեւ կրօնքի կողմէ։ Ուրիշ խօսքով՝ պահքը սոսկ կրօնական երեւոյթ մը չէ՛, այլ կրօնքի կողմէ ալ օգտագործուող իրողութիւն մը։
Այս կը նշանակէ, որ պահեցողութեան միայն կրօնական նկարագիր մը վերագրել, միայն կրօնական հանգամանքը նկատի առնել սխա՛լ է, քանի որ ան կրօնքի առարկաներէն, միջոցներէն մին է՝ որուն սկզբնաւորութիւնը ընդհանուր մարդկային կեանքի պայմաններէն կը բխի։
Եւ եթէ պահքի այս աչքով նայինք, ան շատ աւելի հասկնալի եւ օգտագործելի կը դառնայ, աւելի լա՜յն հատուածներու մէջ եւ լայն շրջանակներու մօտ։
Ամէն մարդ, որ մեղաւոր է, պէ՛տք ունի զղջման եւ ամէն մեղաւոր պէ՛տք ունի ապաշխարութեան, ինչպէս ամէն տկար մարդ պահանջքը ունի զօրանալու, եւ ամէն թերի՝ կատարելագործուելու։ Եւ կեանքի մէջ ապաշխարութեան ինչպիսի՜ առիթներ կը ներկայանայ մարդոց, եւ շատ անգամ կ՚անտեսուին անոնք պարզապէս մարդկային անտարբերութեան պատճառով, ինչպէս ուրիշ արժէքներ…։
Եւ քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը մարդուս համար անդրադարձի շրջան մըն է։ Բացի պահեցողութենէ, նաեւ անդրադարձի՛, որ մեղքերէ կարողանայ ձերբազատուիլ եւ Աստուծոյ արքայութիւնը՝ որմէ արտաքսուած էր, դարձեալ ձգտի իր կեանքի ներկայ օրերուն։ Ուրեմն «արտաքսման» եւ «ապաշխարութեան», «անհնազանդութեան» եւ «պահեցողութեան» միջեւ զօրաւո՛ր կապ մը կայ, որ կը նսեմացնէ մէկը՝ միւսին ազդեցութիւնը։ Ուստի Արտաքսման Կիրակի օրուան խորհուրդը պիտի մղէ մեզ դէպի փառաւոր լոյսը, փայլը դառնալու մարդկութեան արարչութեան առաջին օրուան եւ ասոր համար ալ պէտք է ողորմած ըլլալ, գթասիրտ ըլլալ, չբամբասել, չհայհոյել, անկեղծ ըլլալ եւ ամէն տեսակ մոլութիւններէ հեռո՛ւ մնալու պատրաստակամութիւնը ունենալ՝ որպէսզի կարողանանք արժանի ըլլալ այն հրաշալի՜ վերադարձին հոն՝ ուրկէ արտաքսուեցան մեր նախահայրն ու նախամայրը։ Եւ ամէն մարդու նպատակը պէտք է ըլլայ այս՝ վերադառնալ իր երկնային երջանիկ ու երանելի՜ կեանքին։ Ո՜վ չ՚ուզեր երանելի՜ կեանք մը, քանի որ տառապանքներով լեցուն է սա ժամանակաւոր աշխարհը։ Այս ըլլալու է կեանքին իմաստը…։
Արդարեւ անհատը՝ մա՛րդը ստեղծուած է երջանիկ ըլլալու համար եւ ո՛չ թէ տառապելու, չարչարուելու համար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անպայմա՛ն օր մը՝ ժամանակի ընթացքին մէջ պիտի երջանկանայ եւ պիտի վերադառնայ իր նախապէս արտաքսուած երկիրը՝ դրա՛խտը։ Սակայն, դժբախտաբար մարդ արարածը իր աւելորդ բաղձանքներով եւ իր չափազանց հետաքրքրութիւններով խանգարած է իր երջանկութիւնը։ Այսօր եւս, մարդ աւելորդ եւ չափազանց զբաղումներու հոսանքին տարուելով՝ արգելք կը հանդիսանայ իր իսկ երջանկութեան, կը խափանէ երջանկութեան պայմանները։ Սա ալ ըսենք, որ այդ աւելորդութիւնները եւ չափազանցութիւնները համազօր եւ մերձիմաստ են անհնազանդութեան եւ պատուիրանազանցութեան։
Իսկ պատուիրանազանցութիւնը կամ օրինազանցութիւնը կ՚ենթադրէ ազատութեան կորուստ, ստրուկ ըլլալ կիրքերու եւ կախեալ մնալ մոլութիւններու։
Մարդ, դժբախտաբար ո՛չ միայն պարզութեան, չափաւորութեան արդար հասկացողութիւնը մէկդի դրած է, այլ նաեւ չարաչար գործածած, շահագործած է իր աստուածային կարողութիւնները, աստուածանման ընդունակութիւնները։
Արդարեւ մարդ ո՛րքան հեռանայ արդարութեան ըմբռնումէն եւ արդա՛ր ըմբըռ-նումէն, այնչափ նեղութիւն կը զգայ եւ այս զգացումին յաղթելու համար քարէ՜ քար կը զարնէ ինքզինք։ Արդ, դրախտի պատմութեան մէջ, Աստուած, արդարութեան միա՛կ անձնաւորութիւնը, նոյն ինքն «բացարձակ արդարութիւն»ը, յայտնուեցաւ նախամարդոց, եւ ցո՛րչափ անոնք արդարութեան կապուած էին ու կը տպաւորուէին անոր լուսեղէն ճառագայթներով՝ երջանիկ էին եւ մարդ այսօր, ահաւասիկ ա՛յդ երջանկութիւնն է որ կը փնտռէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 2, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024